ԳՆԱՀԱՏԵԼԻ ՋԱՆՔԵՐ

Հա­յաս­տա­նի բժշկա­կան շրջա­նակ­նե­րը այս շրջա­նին դար­ձեալ բարձր գնա­հա­տան­քով կ՚անդ­րա­դառ­նան նախ­կին պոլ­սա­հայ, այժմ ֆրան­սաբ­նակ բժիշկ Գէորգ Աբ­գա­րեա­նի կող­մէ երկ­րին բե­րուած լուրջ նպաս­տին։ «news.am» կայ­քէ­ջի հա­ղոր­դում­նե­րով, իր ջան­քե­րով Հա­յաս­տա­նի մէջ քի­միա­թե­րա­փիի կեդ­րոն մը հիմ­նուած է, ինչ որ կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւ­նով բժշկա­կան հաս­տա­տու­թիւն մըն է։ Քի­միա­թե­րա­փիի այս կեդ­րո­նին հիմ­նուի­լը ե­ղած է Գէորգ Աբ­գա­րեա­նի վա­ղա­մե­ռիկ կնոջ՝ Թա­մա­րա Աբ­գա­րեա­նի վեր­ջին փա­փա­քը։ 2012 թուա­կա­նին քաղց­կե­ղի հե­տե­ւան­քով մա­հա­ցած Թա­մա­րա Աբ­գա­րեա­նի վեր­ջին ցան­կու­թիւ­նը ի­րա­կա­նու­թիւն դար­ձաւ շնոր­հիւ Գէորգ Աբ­գա­րեա­նի եւ իր վա­ղե­մի բա­րե­կա­մին՝ Հա­յաս­տա­նի նախ­կին ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան նա­խա­րար Յա­րու­թիւն Քուշ­կեա­նի ջան­քե­րուն։ Ա­նոնց նա­խա­ձեռ­նու­թեան շնոր­հիւ ստեղ­ծուե­ցաւ նոր ծա­ռա­յու­թիւն մը։ Ե­րե­ւա­նի «Նա­յի­րի» բժշկա­կան կեդ­րո­նէն ներս հաս­տա­տուե­ցաւ քի­միա­թե­րա­փիի բա­ժան­մունք մը, ո­րու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ար­դէն սկսած է։

Գէորգ Աբ­գա­րեան, որ վեր­ջերս հեր­թա­կան ան­գամ Ֆրան­սա­յէն Հա­յաս­տան այ­ցե­լեց, ար­դէն ա­կա­նա­տես ե­ղաւ իր վա­ղա­մե­ռիկ կո­ղակ­ցի ե­րա­զան­քի ի­րա­կա­նաց­ման։ Այդ ա­ռու­մով իր այ­ցե­լու­թիւ­նը դար­ձաւ ար­տա­սո­վոր։

Այս կեդ­րո­նի հաս­տատ­ման հա­մար ծա­ւա­լուե­ցան անհ­րա­ժեշտ բո­լոր աշ­խա­տանք­նե­րը։ Սոյն բա­ժան­մուն­քին հա­մար ա­ռանձ­նա­ցուած տա­րած­քէ մը ներս յա­տուկ պայ­ման­ներ ստեղ­ծուած են՝ մաս­նա­գի­տա­կան օգ­նու­թիւն տրա­մադ­րե­լու նպա­տա­կով։ Մաս­նա­գէտ­ներն ալ վե­րա­պատ­րաս­տու­թեան հա­մար մեկ­նե­ցան Եւ­րո­պա։

«Նա­յի­րի» բժշկա­կան կեդ­րո­նի քի­միա­թե­րա­փիի բա­ժան­մուն­քի ղե­կա­վար նշա­նա­կուած է ե­րի­տա­սարդ բժիշկ Լե­ւոն Պա­տա­լեան։ Այս բա­ժան­մուն­քը կը հա­մա­գոր­ծակ­ցի Փա­րի­զի Hôpital Privé Nord Parisien-ի հետ, ո­րու թմրա­քու­նի եւ վե­րա­կեն­դա­նաց­ման բա­ժան­մուն­քի ղե­կա­վարն է Գէորգ Աբ­գա­րեան։ Ե­րե­ւա­նէն ու­ղար­կուած տուեալ­նե­րուն հի­ման վրայ Փա­րի­զի մէջ մաս­նա­գէտ­նե­րը կը կա­տա­րեն խորհր­դակ­ցու­թիւն­ներ ու իւ­րա­քան­չիւր հի­ւան­դի պա­րա­գա­յին կը ճշդուի բուժ­ման ճա­նա­պարհ մը։ Այս ձե­ւը կը կի­րա­ռուի միայն բարդ եւ խնդրա­յա­րոյց պա­րա­գա­նե­րու։ Ներ­կա­յիս բա­ժան­մուն­քի ստեղ­ծուե­լէն չորս տա­րի վերջ՝ Գէորգ Աբ­գա­րեան վստա­հու­թեամբ կը փաս­տէ, որ Լե­ւոն Պա­տա­լեան որ­պէս ինք­նու­րոյն բժիշկ կը դրսե­ւո­րէ մաս­նա­գի­տա­կան բարձր ո­րակ։

Գէորգ Աբ­գա­րեան ցա­ւով կ՚ար­ձա­նագ­րէ, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ հի­ւանդ­նե­րը բժիշ­կի կը դի­մեն քաղց­կե­ղի ուշ փու­լե­րուն, սա­կայն նոյ­նիսկ այդ պա­րա­գա­յին բա­ւա­կան լաւ ար­դիւնք­ներ կ՚ար­ձա­նագ­րուին «Նա­յի­րի» բժշկա­կան կեդ­րո­նին մէջ։

Գէորգ Աբ­գա­րեա­նի հա­մոզ­մամբ, նման խնդիր­նե­րու լուծ­ման հա­մար պե­տու­թիւ­նը պէտք է հան­դէս գայ զա­նա­զան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րով։ Ար­դա­րեւ, Հա­յաս­տա­նի տե­սա­կէ­տէ ա­ռաջ­նա­հերթ խնդիր կը հա­մա­րուի բժշկա­կան ա­պա­հո­վագ­րու­թեան հա­մա­կար­գի լիար­ժէք կա­յա­ցու­մը։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 3, 2016