Ռոպէր Կետիկեան ԴատակազմԻ Նախագահ

Վե­նե­տի­կի 73-րդ շար­ժա­պատ­կե­րի փա­ռա­տօ­նի ե­րեք մի­ջազ­գա­յին դա­տա­կազ­մե­րը ար­դէն ձե­ւա­ւո­րուած են: Ըստ «Կի­նօաշ­խարհ»ի, հիմ­նա­կան մրցոյ­թի դա­տա­կազ­մը պի­տի գլխա­ւո­րէ բրի­տա­նա­ցի բե­մադ­րիչ Սեմ Մեն­տէս, որ ա­ռա­ջին ժա­պա­ւէ­նին հա­մար «Օս­քար»ի ար­ժա­նա­ցած աշ­խար­հի վեց բե­մադ­րիչ­նե­րէն մէկն է:

Փա­ռա­տօ­նի «Հո­րի­զոն­ներ» բաժ­նի դա­տա­կազ­մի նա­խա­գահն է ֆրան­սա­հայ բե­մադ­րիչ Ռո­պէր Կե­տի­կեան, որ ան­ցեալ տա­րի «Ոս­կէ ծի­րան» փա­ռա­տօ­նի հիմ­նա­կան մրցոյ­թի դա­տա­կազ­մի նա­խա­գահն էր եւ ա­նոր «Խեն­թի պատ­մու­թիւն» ժա­պա­ւէ­նով բա­ցուե­ցաւ փա­ռա­տօ­նը:

Մինչ այդ, «Հո­րի­զոն­ներ» բաժ­նին մէջ կը ներ­կա­յա­ցուին այն ժա­պա­ւէն­նե­րը, ո­րոնք նոր մի­տում­ներ կը բե­րեն հա­մաշ­խար­հա­յին շար­ժա­պատ­կե­րի ա­րուես­տին մէջ:

«Հո­րի­զոն­ներ» բաժ­նի դա­տա­կազ­մին մաս կը կազ­մեն` ա­մե­րի­կա­ցի քննա­դատ եւ շար­ժա­պատ­կե­րի ա­րուես­տի պատ­մա­բան, շար­ժա­պատ­կե­րի մա­սին տաս­նե­րեք գիր­քե­րու հե­ղի­նակ Ճիմ Հա­պըր­ման, ե­գիպ­տա­ցի դե­րա­սա­նու­հի, Գա­հի­րէի եւ Ա­րա­բա­կան շար­ժա­պատ­կե­րի փա­ռա­տօ­նե­րու մրցա­նա­կա­կիր Նել­լի Քա­րիմ, ի­տա­լա­ցի նշա­նա­ւոր դե­րա­սա­նու­հի Վա­լեն­թի­նա Լո­տո­վի­նի, քո­րէա­ցի դե­րա­սա­նու­հի եւ բե­մադ­րիչ Մուն Սոյ-Ռի եւ հնդիկ բե­մադ­րիչ Ճայ­թա­նիա Թամ­հա­նէ:

Վե­նե­տի­կի «Ա­ռա­ջին շար­ժա­պատ­կեր»ին հա­մար «Լուի­ճի տէ Լո­րեն­թի­սի» մրցա­նա­կի՝ «Ա­պա­գա­յի ա­ռիւծ»ի դա­տա­կազ­մի նա­խա­գահն է ի­տա­լա­ցի դե­րա­սան, «Տա­ւիտ տի Տո­նա­թել­լօ» մրցա­նա­կը շա­հած Քիմ Ռո­սի Սթիուըրթ:

Վե­նե­տի­կի 73-րդ շար­ժա­պատ­կե­րի փա­ռա­տօ­նը պի­տի կա­յա­նայ 31 Օ­գոս­տոս-10 Սեպ­տեմ­բեր թուա­կան­նե­րուն մի­ջեւ:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 3, 2016