THE INDIAN EXPRESSE ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԱՒ ԿԱԼԿԱԹԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱՑ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ
The Indian Express թերթը վերջերս անդրադարձաւ Կալկաթայի հայոց Մարդասիրաց ճեմարանի գործունէութեան։ Այս վարժարանը, որ միեւնոյն ժամանակ բարեգործական ակադեմիա մըն է՝ թերթին կողմէ որակուած է Կալկաթայի երբեմնի ծաղկուն հայ համայնքի թագի թանկարժէք քարը։
Հնդկական պարբերականը մատնանշած է, որ այնտեղ տղաքը վառ գոյնի համազգեստով ֆութպոլ կը խաղան։ Միջանցքներուն մէջ աղջիկները գեղեցիկ շրջազգեստներով կը շտապեն դասի հասնիլ։ Զբօսանքի ժամանակ բոլորը հերթի կը կանգնին ճաշարանի մէջ։ Սակայն այս դպրոցը կը տարբերի երկրի միւս բոլոր դպրոցներէն։
Ճեմարանի տեսուչ Հայր Զաւէն Եազըճեան հնդկական պարբերականին պատմած է, որ երկու դար շարունակ աշխարհի տարբեր երկիրներէն հայ պատանիներ Կալկաթա մեկնած են՝ ձգտելով յաջողութիւններու ուսման մէջ։ Վերջերս այս դպրոցը նշեց իր հիմնադրութեան 195-ամեակը։ Շուրջ հարիւր հոգի մասնակցեցաւ յոբելենական ձեռնարկին։ Անոնցմէ վաթսունը Կալկաթայի մէջ բնակութիւն հաստատած Հնդկաստանի առաջին հայերու վերջին ներկայացուցիչներն են։ «Հայերը միշտ բաց եղած են զանազան մշակոյթներու համար։ Ահա, թէ ինչու մենք կարողացանք հազար տարուան ընթացքին գոյատեւել Հնդկաստանի մէջ», ըսած է Հայր Եազըճեան։
1940-ական թուականներուն շուրջ երկու հազար հոգիէ բաղկացած էր Կալկաթայի հայ համայնքը։ Ներկայիս վաթսուն հայ ընտրող արձանագրուած է։ Հնդկաստանի մէջ հայոց պատմութիւնը կապ չունի անգլիացներու, մոնղոլներու կամ նոյնիսկ փորթուգալցիներու նուաճումներուն հետ։ Հայերը արեւմտեան Ասիայէն Հնդկաստան մեկնած են միայն առեւտուրի նպատակով։ «Մենք գաղութարար չէինք։ Մենք այստեղ տեղափոխուած ենք մոնղոլներէն շատ առաջ», պատմած է Հայր Եազըճեան։
Բացի հայկական վարժարանէն եւ բարեգործական ակադեմիայէն, երկու վայրկեանի հեռաւորութեամբ, ըստ նոյն թերթին, քաղաքին մէջ գոյութիւն ունի նաեւ տեսարժան վայր մը եւս. Թագաւորական առանձնատունը, որ կը գտնուի «Փարք» պողոտային վրայ։ Կոթական ոճով կառուցուած է այդ շէնքին ճակատը, որ կարծես կը յիշեցնէ Կալկաթայի բրիտանական շրջանի անցեալը։ Բայց պատմութիւնը կ՚ապացուցանէ այլ հանգամանք մը։ Շէնքը իրականութեան մէջ Գալուստեաններու առանձնատունը եղած է։ Կառուցուած է քաղաքի յայտնի հայ ընտանիքներէն Գալուստեաններուն կողմէ։ Անցեալի մէջ անոնք եղած են հարուստ գործարարներ։
Կալկաթայի մէջ հանրայայտ տեսարժան վայրերու շարքին է նաեւ The Grand Hotel-ը (ներկայիս՝ Oberoi Grand), որ անցեալի մէջ կառուցուած է հայ գործարար Յարութիւն Ստեփանի կողմէ։
Կալկաթայի Հայոց Մարդասիրաց ճեմարանը վերջին տարիներուն կայուն վերելք կ՚ապրի բոլոր ուղղութիւններով՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հովանաւորութեան ներքեւ։
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024