ՄԱՆՈՒԿՆԵՐԸ ԿԵԱՆՔԻ ԱՂԲԻՒՐ
Տակաւին լոյս աշխարհ չեկած քու անունդ յայտնի էր: Չէ՞ որ դուն կայիր, գոյութիւն ունէիր: Մարդուն կեանքը կը սկսի ո՛չ թէ ծնունդէն, այլեւ արարման օրէն: Բոլորը քեզ կը սիրէին ու անհամբեր կը սպասէին գալուստիդ: Այդ սէրը կը խառնուէր մայրիկիդ սիրոյն ու երակներով կը հասնէր քեզ:
Ահաւասիկ վրայ հասաւ բաղձալի օրը: Հիւանդասենեակը լուսաւորուեցաւ: Քու շունչդ կը մաքրագործէր շուրջբոլորը: Առաջին քսանվեց ժամը հեռու մնացիր մայրիկէդ: Տասնեակ ընկերակիցներուդ հետ կը պառկէիր յատուկ սենեակի մը մէջ ու երջանկութենէն կը վխտային հրեշտակները: Բարութիւնն ու մաքրութիւնը այդ սենեակին մէջ այնքան շատ էին, որ նոյնիսկ մեղսագործները շեմին յայտնուելու ատեն կը մաքրագործուէին:
Քսանվեց ժամուան մէջ անգամ մը, քանի մը վայրկեանով հանդիպեցար մայրիկիդ: Երջանկութեան ակնթարթներ էին: Ազատ հիւանդասենեակի բացակայութիւնը կը բաժնէր մեզ: Իւրաքանչիւր ժամը առանց քեզի՝ տարի մըն էր մայրիկիդ համար: Հազիւհազ գլորուող ժամերու հոլովոյթին քեզ կեանք պարգեւողի աչքերը տամկեցան: Արցունքներն ու յոյզերը այլեւս ի զօրու չէին ենթարկուելու՝ դուրս ցայտեցան:
Ժամեր անց քու մայրիկիդ գիրկն էիր: Ո՜հ, ինչպիսի երանութիւն: Աշխարհ սպասէ, պահ մը կեցիր, մենք երջանիկ ենք՝ իջնել կ՚ուզենք: Եւ կամ շարունակէ ընթացքդ, մենք պիտի վայելենք այս աստուածատուր բերկրանքը:
Չորեքշաբթի, հինգշաբթի, ուրբաթ՝ երեք օր մնացինք հիւանդանոցի մէջ: Շաբաթ օրը բարետես ու բարեհամբոյր բժիշկը տուն երթալու հրաման տուաւ մեզ: Երկու ժամուան մէջ հաւաքուեցանք ու շտապեցինք տուն: Հիւանդանոցի մէջ ալ ինքզինքնիս լաւ կը զգայինք: Հարկաւ, ո՞վ կ՚ունենայ այդպիսի գեղեցիկ հիւանդասենեակ՝ տունի պէս յարդարուած եւ զինքը հիանալի չզգար: Թէպէտ ձմեռ էր, օրուան առաջին կէսին արեգակի շողերը հիւր կու գային մեզի ու ժամեր շարունակ չէին լքեր: Անոնք շատ կը սիրէին խաղալ քեզի հետ: Ամէնուր կը հետապնդէին քեզ, իսկ մայրիկդ քու հանգիստ քունը պաշտպանելու համար, անդադար, հիւանդասենեակի մէկ անկիւնէն միւսը կը փոխադրէր:
Քու կեանքի առաջին երեք օրը պառկեցար հիւանդանոցի քնարանի մէջ: Տուն հասնելուն պէս գոցեցիր այդ նիւթը. «Ես այլեւս պիտի պառկիմ մայրիկիս քովը»: Առաջին իսկ վայրկեանէն հրաժարեցար օրօրոցէդ: Աշխարհի ամենատաքուկ, անվտանգ ու խաղաղ անկիւնը չփոխեցիր ոսկեզօծ օրօրոցով: Մայրիկդ ալ հակառակը չպնդեց: Իրականութեան մէջ վերջինիս սրտով ալ ամէն վայրկեան քեզ տեսած էր իր քովը: Հիմա ան չի կրնար քեզմէ զատուիլ, հեռու ննջել: Քու օրինակիդ հետեւեցաւ մեծ եղբայրդ. լքեց իր սենեակը: Հայրիկին հետ դաշինք կնքեց. հայրը ղրկեց իր սենեակը, իսկ ինքը շտապեց մայրիկին մօտ: Ամիսներէ ի վեր երեքով կը պառկինք ու կ՚արթննանք:
Երկուքդ ալ սիրոյ աղբիւր էք՝ ցայտաղբիւր: Ձեր մայրիկն ալ թոյլ կու տայ, որպէսզի այդ սէրը միշտ ու անվերջ հոսի. երբեք չի գոցեր սիրոյ ծորակը: Կը ձգէ, որ ցանկացողը արբենայ, լիանայ, ըմբոշխնէ ձեր սէրը: Այդ աստուածատուր պարգեւը միմիայն ինքզինքին համար չի պահեր, ընդհակառակն, կը ձգէ, որ շռայլէք: Այդպիսով Աստուած ալ աւելի կ՚աւելցնէ զայն:
Մանուկի մը նկատմամբ սէրը կ՚արտայայտուի ջերմութեամբ: Ջերմութիւնը կը փոխանցուի հպումով, համբոյրներով, գրկախառնութեամբ, անկեղծ ժպիտներով ու քաղցրահամ խօսքերով:
Երկու արեւ, երկու լոյս ու բիւր երջանկութիւն: Օրէ օր կը մեծնաք ու ժամ առ ժամ կը լեցուիք սիրով: Սէրը ամէնուր կը հետապնդէ ձեզ: Կաթիլ-կաթիլ կ՚աւելնայ: Այս անյատակ սէրը տեսանելի է ձեր ծով աչքերուն մէջ: Այո, ձեր հոգիներու ջերմութիւնը այնքան շատ է, որ կը տաքցնէ ծանօթ-անծանօթը: Սիրոյ պաշար ամբարելով՝ օրէ օր կը գեղեցկանաք, կը մեծնաք: Ամենակարեւորը՝ օրէ օր աւելի կը մօտենաք Աստուծոյ:
Իւրաքանչիւր մանուկ կեանքի նոր էջ մըն է՝ անբիծ ու մաքուր: Եւ այդ տետրակի մաքրութիւնն ու գեղեցկութիւնը կախեալ է միմիայն ծնողէն: Պէտք չէ այդ տետրակին մէջ խզբզել, փորձեր ընել: Այդ մաքուր տետրակին մէջ արժէ ստեղծագործել, արարել, ինքնակատարելագործուիլ: Այդ մաքուր էջերը զերծ պահել սեփական սխալներէ: Իւրաքանչիւր սրբագրում հետեւանք պիտի ունենայ տետրակի ընդհանուր տեսքին վրայ: Չնչին սրբագրումն անգամ պիտի աղաղակէ: Երեխաները կը նմանին նաեւ հայելիի, որ կը ցոլացնէ իր ծնողքի տեսքը: Կը կրկնեմ՝ անդաստիարակ, անփոյթ ու անխիղճ երեխայ չկայ աշխարհի վրայ, կան այդպիսի ծնողներ:
Իրականութեան մէջ մեծիկները պզտիկներէն աւելի շատ բան ունին սորվելու: Երեխան հասցնելու ատեն պէտք է փորձել հնարաւորինս շատ բան քաղել անոնցմէ: Ամենամեծ ուսուցիչը կեանքն է ու մանուկները:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ