ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՀԻՄՆԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՓԱՍՏԸ՝ ՀԻՒՍՈՒԱԾ ՀՐԱՇՔՆԵՐՈՎ
Հայ գրականութեան դասականներէն Աւետիք Իսահակեանի մէկ յօդուածը երկար տարիներ մնացած էր Մայր Աթոռի արխիւին մէջ:
Գրողը զայն գրած էր 1955 թուականին եւ խորագրած՝ «Էջմիածնի պատմական դերը»: Երկար տարիներ արխիւին մէջ մնալէ յետոյ, վերջապէս, «Էջմիածին» հանդէսը կը տպագրէ այդ գրութիւնը 1983 թուականին եւ պատմութեան կը յանձնուի մեծ գրողին եւս մէկ յօդուածը, որ ան նուիրուած է ազգային հարցերուն:
Յառաջիկայ ամիսներուն մեծ շուքով պիտի վերաբացուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Մայր տաճարը, եւ Էջմիածինը անգամ մը եւս աշխարհի բոլոր ծայրերէն իր գիրկը կը հաւաքէ հաւատացեալներ: Իր աւելի քան 1700-ամեայ պատմութեան մէջ Մայր տաճարը առաջին անգամ խոշոր ծաւալով կը վերանորոգուի։
Եւ քանի որ Մայր տաճարը ընդգրկուած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ, շինարարական աշխատանքներու սկզբնական՝ նախագծային փուլին նաեւ դուրսէն մասնագէտներ մասնակցած են, հիմնականը՝ ճաբոնցի, իտալացի, ֆրանսացի փորձագէտներ, որոնց հարուստ փորձառութիւնը, հայ մասնագէտներու գիտելիքներուն եւ փորձին հետ, տուած է իր արդիւնքը: Էջմիածին այցելողը դուրսէն որեւէ փոփոխութիւն նկատելու չէ, որովհետեւ ջանք գործադրուած է պահպանել տաճարին արտաքին տեսքը, փոխարէնը ամրացուած է ամբողջ կառոյցը, նորոգուած են որմնանկարները, փոխուած է յատակը եւ կատարուած է հիմնովին աշխատանք:
Մայր տաճարին վերաբացումը տօն պիտի դառնայ հայութեան կեանքին մէջ, եւ գուցէ նաեւ նոր սկիզբ՝ ազգային օրհասական այս օրերը յաղթահարելու ճանապարհին:
Կը թուայնացնենք Էջմիածնի մասին Աւետիք Իսահակեանի յօդուածը, որուն մէջ գրողը, իր տեսանկիւնէն, կը վերլուծէ Էջմիածնին պատմական դերը: Յօդուածը փոխադրած ենք նաեւ արեւմտահայերէնի:
ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԴԵՐԸ
ԱՒԵՏԻՔ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ
301 թուին Ապոստոլ Գրիգոր Պարթեւի քարոզներով հայոց Տրդատ թագաւորը ընդունեց եւ հռչակեց քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօն եւ բովանդակ հայ ժողովուրդին հետ մկրտուեցաւ:
Այդ ժամանակ, 303 թուին հիմնուեցաւ Էջմիածնի տաճարը եւ կաթողիկոսութիւնը՝ Արշակունիներու մայրաքաղաք Վաղարշապատին մէջ:
Ապոստոլ Գրիգորը կոչուեցաւ Հայաստան աշխարհի «Սուրբ Լուսաւորիչ» եւ եղաւ առաջին կաթողիկոսը, քահանայապետը, Եկեղեցւոյ բարձրագոյն իշխանը: Էջմիածինի հիմնարկութեան պատմական փաստը հիւսուած է հրաշքներով, առասպելներով (լեգենտա) եւ ժողովրդական աւանդութիւններով:
Դեռ չորրորդ դարուն ստեղծուած աւանդութեան համաձայն, Լուսաւորիչը իր տեսիլքին մէջ կը տեսնէ, որ Քրիստոս, Աստուծոյ միակ որդին, Միածինը, կ՚իջնէ երկինքէն եւ անոր ցոյց կու տայ այն վայրը, ուր պիտի կառուցուի տաճարը եւ լոյսերու մէջ գծուած տաճարին կաղապարը (մոտէլ): Այդտեղէն կը ծագի տաճարին անունը՝ Էջմիածին, այսինքն՝ Միածինը իջաւ:
Ժողովուրդի աւանդութեամբ, Քրիստոս նշեց շինել տաճարը այն վայրին վրայ, ուր Նոյ Նահապետը ջրհեղեղէն յետոյ՝ Արարատ լեռնէն իջնելով շնորհակալութեան զոհ մատուցանեց Աստուծոյ:
Դարձեալ ժողովուրդի աւանդութեամբ, Տրդատ արքան, որ հսկայ մարդ էր, իր ուսերուն դրած բերաւ Արարատ լեռնէն ահագին ժայռեր, որոնք կազմեցին տաճարի անսասան հիմքերը:
Հնութեան հմայքով օծուած, հրաշքներով, աւանդութիւններով նուիրականացած Էջմիածինը դարձաւ հայ ժողովուրդի համար ազգային ամենաառաջին սրբավայրը: Հայ ժողովուրդը հաւատաց անոր հրաշագործ զօրութեանը, երկինքէն ղրկուած անոր էութեանը:
Եւ այսպիսով, ան ներքնապէս ամրացած՝ կարողացաւ դիմանալ բախտի հարուածներուն ու յարատեւեց դարեր ու դարեր:
Էջմիածինը կոչուեցաւ «Կաթողիկէ Եկեղեցի, Մայր Եկեղեցի, Մայր Աթոռ, Սուրբ Էջմիածին»:
Սակայն Էջմիածնի պատմական դերը, անոր գոյութեան իմաստն ու իրաւունքը անհամեմատ աւելի հզօրացաւ եւ անհրաժեշտ դարձաւ հայ ժողովուրդի համար այն դժբախտ օրէն, երբ մենք 14-րդ դարուն կորսնցուցինք մեր պետականութիւնը:
Այդ ժամանակէն հայ եկեղեցին փոխարինեց հայ պետութեան, ան դարձաւ եւ կոչուեցաւ հոգեւոր իշխանութիւն, հոգեւոր կառավարութիւն: Եկեղեցւոյ պետը ունէր իր գահը, հրամաններ կ՚արձակէր, կոնդակներ կը ղրկէր, կը բանադրէր, կը պատժէր կրօնազանցները, ազգուրացները, անբարոյականները:
Հայ պետութեան անկումով՝ հայ ժողովուրդը մնաց ամբողջապէս իսլամական ժողովուրդներու ծովին մէջ, ենթարկուած՝ անընդհատ արշաւանքներուն, աւերածութիւններուն եւ կոտորածներուն, բռնակալներու հարստահարութիւններուն եւ կրօնական մոլեռանդ հալածանքներուն, միակ ուժը, զօրութիւնը եւ պաշտպանութիւնը որ կար, որուն կ՚ընդունէին առաւել կամ նուազ չափերով իսլամ պետութիւնները, ատիկա Էջմիածինն էր, կաթողիկոսութիւնը: Անոր ձեռքին կեդրոնացուած էին ազգային ներքին գործերը, հոգեկան-մշակութային բովանդակ կեանքը՝ կրօն, լեզու, բազմաթիւ վանքերը, ուր կային դպրոցներ, ուր կը մշակուէր գրականութիւնը:
Ատոնք ազգային գոյութեան վառարաններն էին, որոնք թշնամիի աչքէն վրիպած, արտաքնապէս մոխիրով ծածկուած կրակի մէջ մշտապէս կը կայծէին ժողովուրդի ազատութեան բաղձանքները, լուսաւոր ապագայի հաւատն ու յոյսերը:
Այս հզօր ազդակները դարերու իրենց ներուժը գործով պաշտպանեցին հայ ժողովուրդը՝ մահմետական դառնալէն, փրկեցին ձուլուելէն, իբրեւ ինքնուրոյն ազգութիւն ի սպառ ոչնչանալէն:
Հայ պետականութեան ժամանակ կաթողիկոսը կ՚ընտրուէր հայ թագաւորներուն, նախարարներուն եւ հոգեւորականներուն կողմէ, անոնցմէ յետոյ կաթողիկոսը կ՚ընտրուէր բովանդակ հայ ժողովուրդի եւ հոգեւորականներու կողմէ, որով ան կը կոչուէր Ամենայն հայոց կաթողիկոս, բոլոր հայերու կողմէ ընտրուած:
Այս իմաստով՝ Հայ Եկեղեցին ժողովրդավարական եւ ժողովրդական Եկեղեցւոյ բնոյթ ստացաւ: Անոր կը հնազանդէր հայրենիքի եւ պատմութեան բերումով ամբողջ երկրագունդի վրայ ցրուած հայութիւնը՝ իր մշակութային-հոգեկան-ազգային բոլոր խնդիրներու ժամանակ:
Այսպիսով՝ ցրուած հայութիւնը յանձին Էջմիածնի, իր ազգային միութիւնը ունէր, իր հեղինակաւոր պետն ու առաջնորդը:
Ժողովուրդը նեղ օրերուն կը դիմէր իր եկեղեցւոյ պետին, կ՚ապաստանէր իշխողներու հալածանքներէն եւ հարստահարութիւններէն պաշտպանուելու համար, շատ եւ շատ անգամ կաթողիկոսի միջամտութիւնը, աղերսները եւ թանկ նուէրները դադրեցուցած են հալածանքները, կաթողիկոսները մեծ յարգ ունէին իշխողներուն քով, յաճախ խորհրդատու էին անոնց, հաշտութեան միջնորդներ էին իրարու հետ կռուող իշխողներուն միջեւ:
Նատիր պարսից շահի թագադրման հանդէսին մեծ շուքով ներկայ էր կաթողիկոսը, որ օրհնեց շահի թուրը եւ կապեց անոր մէջքին:
Սուլթաններն ու շահերը Հայ Եկեղեցւոյ պետին հետ կը բանակցէին հայերու վերաբերեալ ընդհանուր գործերու առումով:
Հայ քաղաքականութի՛ւնը կը վարէր ան:
Երբ ռուսական ցարերը սկսան իջնել հարաւ եւ կռիւ կը մղէին թուրքերու եւ պարսիկներու դէմ, անմիջապէս ուշադրութիւն դարձուցին Էջմիածնի վրայ, որ տակաւին կը գտնուէր պարսկական իշխանութեան տակ: Ռուսաստանի մէջ ցրուած հայերու անունէն միջամտեցին Էջմիածնի ներքին գործերուն, դիւանագիտական ճանապարհներով յաջողեցան իրենց թեկնածուն դնել կաթողիկոսական գահին վրայ: Էջմիածնի համակրանքը, ուրեմն, բովանդակ հայութեան համակրանքը, դարձաւ Ռուսաստանի կողմը, եւ, ի հարկէ, պակաս չէին հայերը ազատագրելու ցարական խոստումները: Եւ նոյնիսկ Ներսէս կաթողիկոսը հայ կամաւորներուն գլուխը անցած, ռուս բանակի մէջ, կը կռուէր Պարսկաստանի դէմ:
Եւ առհասարակ կաթողիկոսութիւնը միշտ ալ նպաստած է հայ ազատագրական շարժումներուն թէ՛ միջին դարերուն եւ թէ՛ նոր դարերուն. օրինակ՝ 18-րդ դարուն Սիւնեաց Դաւիթ Բէկի ապստամբութեանը եւ ազատութեան պայքարին՝ պարսիկ պետութեան դէմ:
Այնքան քաղաքական կշիռ ունէր Էջմիածինը, որ ռուս-պարսկական առաջին պատերազմին, 1804 թուին կռուող կողմերը չէզոք գօտի ճանչցան Էջմիածնի տաճարը եւ անոր շուրջը: Հայութիւնը, ուր որ գտնուելու ըլլար, սիրտով եւ հոգիով կապուած էր Էջմիածնի հետ, օտարութեան մէջ անոր կարօտը կը քաշէր:
1605 թուին պարսից Շահ-Աբաս արքան, աւերելով Արարատեան նահանգը՝ բազմահազար հայեր գաղթի ենթարկեց Պարսկաստան՝ առեւտուրը եւ արհեստները իր պետութեան մէջ զարգացնելու նպատակով: Սպահանի մօտ Նոր քաղաք (Նոր Ջուղա) շինեց անոնց համար՝ տալով զանազան արտօնութիւններ, սակայն անոնք փարթամութեան մէջ առանց Էջմիածնի իրենք զիրենք դժբախտ կը զգային: Շահը մտադրուեցաւ քանդել Էջմիածինը եւ անոր քարն ու հողը բերելով՝ նոր Էջմիածին կառուցել Սպահանի մէջ, բայց հայերու թախանձանքով հրաժարեցաւ այդ չար միտքէն եւ միայն 15 քար տաճարէն տեղափոխեց Սպահան, որ նոր եկեղեցւոյ պատերուն մէջ դրին, որոնց առջեւ նորջուղայեցի հայերը կ՚աղօթէին, ուխտի կու գային, կը սփոփուէին իրենց կարօտէն ու վիշտէն: Ժողովուրդներու պատմութեան մէջ կրօնական հաստատութեան մը այսպիսի նշանակութիւն ունենալը հազուագիւտ երեւոյթ է, սակայն՝ միանգամայն հասկնալի:
Օտար, դաժան պետութիւններու քմահաճոյքներուն ենթարկուած հայ ժողովուրդի համար Էջմիածինը՝ եկեղեցիներուն մայրը, հայրապետական Աթոռը, այս ծանր ու տանջալից դարերու ընթացքին, միակ ազգային հաստատութիւնն էր, որ տակաւին կը յարատեւէր մնալ հայութեան ձեռքը: Ան ազգային գոյութեան խարիսխն էր, ազգային միութեան խորհրդանիշը, հայ ժողովուրդի զսպուած հայրենասիրական զգացմունքը ելք կը գտնէր անոր մէջ:
Կրօն եւ ազգութիւն հոմանիշներ դարձած էին:
Ստրկացած ժողովուրդը իր մարդկային իրաւունքները, յոյսերը, երազանքները մարմնացուցած էր անոր մէջ: Ատոր համար հայերը բոլոր սիրտով կը գուրգուրային անոր, նախանձախնդիր էին անոր գոյութեան եւ փառքին: Հեռաւոր տեղերէ ուխտի կու գային, անոր հարուստ նուէրներ կը ղրկէին, գումարներ եւ ինչքեր կը կտակէին: Անոր տօնը ազգային ամենափառաւոր տօնն էր ամէնուրեք, ուր որ հայ կար: Հին եւ նոր բանաստեղծները, գուսաններն ու աշուղները բազմաթիւ երգեր, գովքեր նուիրած են անոր: Բոլոր հանդէսներու եւ խնճոյքներու ժամանակ առաջին բաժակը Էջմիածնի համար կը բարձրացնէին եւ ոտքի վրայ կ՚երգէին հինաւուրց երգերը անոր ձօնուած:
-Էջմիածինը Հօրմէ է (Աստուծմէ է, Աստուծոյ կողմէ):
Եւ փառքին լոյսը անոր հետ է:
-Միշտ անշարժ պահէ Աթոռն հայկազնեայ (հայոց ազգի):
Հայերը Էջմիածնի անունով կ՚երդուէին, եւ այդ երդումը հաւասար էր Աստուծոյ անունով երդումին:
Եւ վերջապէս, երբ Էջմիածնին վտանգ կը սպառնար, հայերը ինչքան ալ որ ընկճուած ըլլային, զէնքով կը կանգնէին անոր պաշտպան, ինչպէս եղաւ, օրինակի համար, 1903 թուին, երբ ցարական կառավարութիւնը գրաւեց եկեղեցւոյ կալուածքները, ժողովուրդը զէնքի դիմեց, արիւն թափուեցաւ երկու կողմէն, եւ կառավարութիւնը ստիպուած զիջեց եւ վերադարձուց կալուածները՝ խաղաղեցնելու համար ըմբոստացած ժողովուրդը:
Հայ ժողովուրդը բոլոր դարերուն միշտ ալ, անընդհատ, իր ազգային գոյութեան համար, անոր սկզբունքներու՝ պետութեան, հողի, լեզուի, կրօնի, մշակոյթի պահպանութեան համար կռիւ մղած է եւ որովհետեւ պետութիւնը կորսնցնելէ յետոյ ան ազգային գոյութեան սկզբունքները ամփոփած էր եկեղեցւոյ մէջ, ուստի եկեղեցիի պաշտպանութեան համար մղուած կռիւը ան նկատած է ազգային գոյութեան պաշտպանութեան կռիւ:
Գրութիւնս լրացնելու համար քանի մը խօսք ալ Էջմիածնի կատարած գրական-կրթական դերին մասին:
Շատ մեծ է եւ անգնահատելի անոր դերը այդ բնագաւառին մէջ: Առաջին տպարանը հայ հողին վրայ իր թուղթերու գործարանով միասին բացուեցաւ Էջմիածնի մէջ, 18-րդ դարուն:
Շատ կրօնական, պատմական, գիտական, քաղաքական գիրքեր լոյս տեսան այդ տպարանէն:
Էջմիածինը ունեցաւ իր ամսագիրը, որ տեւեց երկար տարիներ: Ունեցաւ իր հոգեւոր դպրոցը եւ ապա՝ Գէորգեան ճեմարանը, որոնք մատակարարեցին ժողովուրդին՝ ընտիր ուսուցիչներ, եկեղեցականներ, գրողներ եւ գործիչներ: Օրինակի համար, մեր նոր գրականութեան հիմնադիրը՝ Խաչատուր Աբովեանը, հոգեւոր դպրոցի ուսումնաւարտ էր:
Էջմիածնի նշանաւոր գործերէն մէկը, որուն յաւիտեան շնորհակալ պիտի ըլլանք, այն էր, որ ան հաւաքեց եւ պահեց իր ամուր պատերուն մէջ. փրկելով վերջնական կորուստէն, մեր դարերու հոգեկան գանձը՝ 10 հազար հին ձեռագիրներ՝ մագաղաթեայ ու թուղթեայ, որոնք տեղափոխուած են Երեւան եւ կը պահուին աշխարհին յայտնի հայ պետական Մատենադարանին մէջ:
Մեր պետութեան անկումէն յետոյ՝ Էջմիածնի պատմութիւնը մեր վեց դարերու հայոց ժողովուրդի պատմութիւնն է, անբաժան՝ մէկը միւսէն:
Էջմիածինը, իբրեւ հոգեւոր իշխանութիւն, նկատի առնելով խաւար ու բռնակալ դարերուն հանգամանքները եւ կարելիութիւնները, թերեւս իր կարողացածէն աւելի պատուով կատարեց իր ազգապաշտպան դերը մինչեւ Խորհրդային Հայաստանի ստեղծումը:
Հոկտեմբերեան խորհրդային մեծ յեղափոխութեան յաղթանակով հայ ժողովուրդը վերստին ձեռք բերաւ իր կորսնցուցած պետականութիւնը, տէր դարձաւ իր հողին, իրաւունքներուն, ճակատագրին, եւ իր մշակութային-տնտեսական բոլոր գործառոյթները մտան բնականոն զարգացման ուղիներու մէջ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան