ՀՈԳԵՒՈՐ ՄԵԾ ՀՐՃՈՒԱՆՔ
Հայաշխարհը կը պատրաստուի մասնակցելու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ 27 Սեպտեմբերին տեղի ունենալիք հոգեւոր կարեւորագոյն իրադարձութեան՝ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան արարողութեան, որու նախապատրաստութիւնները արդէն սկսած են Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:
Ձիթաիւղով լի արծաթէ կաթսան զե-տեղուած է Մայր Տաճարի Աւագ Խորանին առջեւ եւ անոր վրան շղարշէ ծածկոց մը դրուած է։
Միւռոնօրհնութեան խորհուրդի, նախապատրաստութիւններու եւ անոր առընչուող այլ հարցերու շուրջ յաւելեալ պարզաբանումներ ստանալու համար ԺԱՄԱՆԱԿ դիմեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Տ. Զաքարիա Վարդապետ Բաղումեանին: Ան ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին սիրով տրամադրեց նիւթեր եւ տեղեկութիւններ, որոնք մանրամասն քննութեան կ՚առնեն միւռօրհնութեան խորհուրդը, մանրամասները եւ պատմութիւնը՝ զանազան տեսանկիւններէ:
«Միւռոն» յունարէն բառ մըն է, որ կը նշանակէ «հոտաւէտ իւղ» կամ «բոյսէ հոսող հիւթ»: Հին ժամանակ ձիթենիի իւղ կը գործածէին արեւելեան ազգերը եւ մանաւանդ՝ հրեաները իրենց աստուածպաշտութեան մէջ: Աստուած Մովսէսին պատուիրեց պատրաստման ձեւը օծման իւղին, որով զանազան առարկաներ կ՚օծէին: Օծումէն յետոյ անոնք կը դառնային սրբագործուած, կը զանազանուէին միւսներէն եւ կը գործածուէին ծիսական արարողութիւններու ժամանակ:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ Տ. Զաքարիա Վարդապետ Բաղումեան, օծման նշանակութիւնը վերաիմաստաւորուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի գալստեամբ: Յունարէն «Քրիստոս» բառը կը նշանակէ «Օծեալ»: Եւ արդէն Նախնի Եկեղեցիին մէջ, ինչպէս կը հաստատէ Զաքարիա Վարդապետ Բաղումեան, կը հանդիպինք իւղերով օծելու զանազան դէպքերու:
Տ. Զաքարիա Վարդապետ Բաղումեան կ՚ըսէ, որ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւնը նուիրական արարողութիւն մըն է ամէն հայու համար։ «Ան միաւորիչ ուժն է աշխարհասփիւռ հայութեան եւ շաղախող զօրաւոր ուժը՝ մեր «փոքր ածուի» անցեալի եւ ներկայի: Ս. Միւռոնը մշտապէս կը յիշեցնէ բոլորիս, որ մենք՝ իբրեւ քրիստոնեաներ, մկրտուած եւ ծնած ենք Հայոց Եկեղեցւոյ Ս. Աւազանէն՝ մեր ճակտին կրելով Ս. Հոգւոյ խորհրդանիշ Ս. Միւռոնի կնիքը: Այս խորհուրդով եւ հոգեւոր գիտակցութեամբ ապրած ենք եւ կը շարունակենք կեանքի մեր ընթացքը՝ Սուրբ Էջմիածնի օրհնութեան ներքոյ: Սրբալոյս Միւռոնը իր ճակատին կրող իւրաքանչիւր հայորդիի համար զայն դարձած է նաեւ սրբութեան եւ ազգային դրոշմի խորհրդանիշ, որ իր արտացոլումը գտած է նաեւ մեր ժողովուրդի հոգեբանութեան եւ մտածողութեան մէջ», ըսաւ ան:
Տ. Զաքարիա Վարդապետ Բաղումեան այս առումով յիշեցուց, թէ պատահական չէ, որ Ս. Միւռոնին նուիրուած են կարգ մը մեկնաբանական երկեր, քարոզներ եւ չափածոյ ստեղծագործութիւններ: Միւռոնին ընծայուած բացառիկ սիրոյ եւ նշանակութեան մասին ակնյայտօրէն կը վկայէ նաեւ հայկական ընտանիքներուն մէջ կըն-քահօր՝ քաւորին, ընծայուող խոր յարգանքն ու պատիւը: Չէ՞ որ այդ Միւռոնի շնորհիւ անոնք իրարու հետ հարազատ կը դառնան եւ կ՚ուխտեն՝ իրենց ողջ կեանքին մէջ հաւատարիմ ըլլալ այդ սուրբ օծութեան:
Տ. Զաքարիա Վարդապետ Բաղումեան յիշեցուց, որ հայոց եկեղեցւոյ մէջ Ս. Միւռոնի գործածութիւնը կու գայ տակաւին առաքելական ժամանակներէն: Ըստ ազգային աւանդութեան, որ մէջբերուած է ԺԳ. դարու նշանաւոր աստուածաբան, մեկնիչ, տոմարագէտ, մանկավարժ եւ պատմագիր Վանական Վարդապետի «Հայ ազգի գովեստը» աշխատութեան մէջ, Քրիստոսի օրհնած իւղը Հայաստան բերած է Հայոց աշխարհի առաջին լուսաւորիչը՝ Ս. Թադէոս առաքեալը: Այս մասին կը նշէ նաեւ Վարդան Արեւելցին՝ իր «Աշխարհացոյց»ին մէջ: Հայաստան գալով՝ ան իր հետ բերած սրբազան իւղով կ՚օծէ հիւանդ Աբգար թագաւորը ու կը բժշկէ զայն: Այնուհետեւ առաքեալը կը մեկնի Տարօն, ուր մշտադալար եղերդենիի տակ կը թաղէ շիշով բերած իր իւղը: Այնտեղ իջած լոյսով եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչին երեւացած տեսիլքի շնորհիւ Հայոց առաջին Հայրապետը կը գտնէ առաքեալի թաղած սուրբ իւղը եւ կը խառնէ իր օրհնած Միւռոնին: Հետագային Ս. Գր. Լուսաւորիչ այդ վայրին մէջ կը կառուցէ Ս. Յովհաննէս Մկրիտչի անունով եկեղեցի մը, որ հայ մատենագրութեան մէջ անուանուած է նաեւ «Եղրդուտի վանք» կամ «Ս. Շիշ իւղի վանք»: Եւ այսպէս, ինչպէս կը նշէ Զաքարիա Վարդապետ Բաղումեան, ամէն անգամ, երբ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսները նոր Միւռոն կ՚օրհնեն, անոնց կ՚աւելցնեն նաեւ լուսաւորչաւանդ Ս. Միւռոնը, որպէսզի հինին մէջ բնակուող սրբալոյս Շնորհը փոխանցուի նորին: Այս քայլով մեր Եկեղեցին ո՛չ միայն կ՚ապահովէ դարէ դար փոխանցուող Միւռոնի յաջորդականութիւնը, այլ նաեւ՝ անգամ մը եւս կը շեշտէ Սրբազան Աւանդութեան հանդէպ իր հաւատարմութիւնը:
Ինչպէս կը նշէ Տ. Զաքարիա Վարդապետ Բաղումեան, Հայոց Եկեղեցիին մէջ կը կատարուին շարք մը ծէսեր եւ կանոններ, որոնց ժամանակ կը գործածուի Ս. Միւռոնը: Տ. Զաքարիա Վարդապետ Բաղումեան, յառաջիկայ միւռոնօրհնութեան առթիւ թուարկեց հետեւեալները.
ԾԷՍԵՐ ԵՒ ԿԱՆՈՆՆԵՐ
Ա.- Ս. Դրոշմի խորհուրդը, որ կը յաջորդէ անմիջապէս Ս. Մկրտութեան: Արարողութեան ժամանակ քահանայական աստիճան ունեցող հոգեւորականը Ս. Միւռոնով կ՚օծէ մկրտեալի մարմնի ինն մասերը՝ անոր փոխանցելով Ս. Հոգիին շնորհները:
Բ.- Ս. Միւռոնով կը կատարուին քահանայական, եպիսկոպոսական եւ կաթողիկոսական օծումները: Քահանայական օծման ժամանակ ձեռնադրող եպիսկոպոսը կ՚օծէ ընծայացուի ճակատը եւ երկու ձեռքերը, եպիսկոպոս ձեռնադրելու ժամանակ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կ՚օծէ ապագայ եպիսկոպոսին ճակատը եւ աջ բթամատը՝ իշխանութիւն տալով անոր՝ ձեռնադրութիւններ կատարելու, եկեղեցիներ օծելու եւայլն: Մեր Եկեղեցիին մէջ կ՚օծուի նաեւ Հայոց Հայրապետը: Ս. Միւռոնը կը հեղ-ւի անոր գլխուն՝ որպէս Հայոց Եկեղեցւոյ ընդհանրական հայրապետի եւ Լուսաւորչի հօտի միութիւնը պահպանողի: Միւռոնով օծուիլն է պատճառը, որ հայ հաւատացեալը կը համբուրէ օծուած հոգեւորականի աջը, իսկ ձեռնադրութենէն յետոյ՝ օծուած ճակատը: Հին ժամանակ Միւռոնով օծուած են նաեւ հայ թագաւորները:
Գ.- Միւռոնով կ՚օծուին նորակառոյց եկեղեցւոյ հիմքի խաչապատկեր քարէ սալիկները, գմբէթի խաչը, եկեղեցւոյ նաւակատիքին՝ Ս. Խորանը, Յիսուս մանկան հետ Տիրամօր նկարը եւ եկեղեցւոյ սիւները: Եւ միայն օծուելէ յետոյ է, որ եկեղեցիին մէջ կը մատուցուի Ս. Պատարագ, քանզի ան արդէն սրբագործուած է եւ մաքուր է:
Դ.- Ամէն տարի 6 Յունուարին՝ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին, Ս. Պատարագէն յետոյ կատարուող ջրօրհնէքի ժամանակ Ս. Միւռոնը կը հեղուի Յորդանան գետը խորհրդանշող աւազանին մէջ՝ ի յիշատակ մկրտութեան ժամանակ Յորդանանի մէջ Յիսուսի վրայ Ս. Հոգիի էջքին:
ԱՐԾԱԹԵԱՅ ԿԱԹՍԱՆ
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Տ. Զաքարիա Վարդապետ Բաղումեան տեղեկացուց, որ արդէն շուրջ հարիւր քսան տարիէ ի վեր Մայր Աթոռի մէջ կը գործածուի Միւռոնի արծաթէ այս կաթսան, որ 1895 թուականի 1 Յունուարին Սուրբ Էջմիածնին նուիրաբերած է Նոր Նախիջեւանի վաճառականներէն Աղա Գասպար Յարութիւնեան Կարապետօղլեան: Ան պատրաստուած է Մոսկուայի մէջ՝ Պ. Օվչիննիկովի արհեստանոցը:
Կաթսայի վրայ պատկերուած են Քրիստոսի մկրտութիւնը՝ Յովհաննէս Մկրտիչի ձեռքով, Աբգար արքայի մկրտութիւնը՝ Ս. Թադէոս առաքեալի կողմէ, արքայական ընտանիքի մկրտութիւնը՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի ձեռամբ, Միածին Որդիի էջքը, Մայր Տաճարը եւ Հոգեգալուստը: Կաթսայի գծագրութեան ծախսերը, ինչպէս աւելցուց Տ. Զաքարիա Վարդապետ Բաղումեան, հոգացած է Յարութիւն Եզեանց, իսկ կաթսայի վրայի ձուլածոյ կաղապարները պատրաստուած են Սերովբէ Յարութիւնեանի տպարան-գործարանին մէջ:
Առաջին անգամ այս կաթսային մէջ Ս. Միւռոն օրհնած է Խրիմեան Հայրիկը՝ 1897 թուականի 14 Սեպտեմբերին:
ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատարը տեղեկացուց, որ ամիսներ առաջ Մայր Աթոռին մէջ արդէն սկսած են Միւռոնօրհնութեան նախապատրաստութիւնները, երբ աշխարհի զանազան վայրերէն Մայր Աթոռ բերուած են անհրաժեշտ բոլոր նիւթերը:
Սրբալոյս Միւռոնը ունի երկու էական բաղադրիչ՝ ձիթաիւղ եւ բալասան, որոնց կը խառնուի քառասունէ աւելի զանազան հոտաւէտ խունկերու, ծաղիկներու, անուշահոտ բոյսերու արմատներու, ծաղկաջրերու, իւղային հիւթերու եւ տերեւներու միաշաղախուած հեղուկը: Ան տեղեկացուց, որ վերոնշեալ նիւթերը, որոշակի պատրաստութենէ անցնելով, աղօթքներէ, հոգեւոր համապատասխան արարողութիւններէ յետոյ կը լեցուին Միւռոնի կաթսային մէջ:
Վեհափառ Հայրապետի ձեռամբ կ՚օրհ-նըւին Միւռոնի անհրաժեշտ բոլոր նիւթերը, կը լեցուին մեծ կաթսային մեջ, որոնք երեք օր շարունակ կրակի վրայ կ՚եփուին: Կրակի վրայէ վերցնելէ յետոյ, տեղեկացուց Հայր Սուրբը, կը թողուն քանի մը օր, որպէսզի չլուծուած ամբողջ նիւթերը յատակը իջնէ եւ մնայ պարզուած մաքուր հեղուկը, զոր կը քամեն մաքուր կտաւով եւ կը պահեն մինչեւ Միւռոնօրհնութեան օրը:
ԲԱՑԱՌԻԿ ԻՐԱՒՈՒՆՔ
Ինչպէս անգամ մը եւս հաստատեց Տ Զաքարի Վարդապետ Բաղումեան, մեր եկեղեցւոյ մէջ Միւռոնօրհնութեան բացառիկ իրաւունքը վերապահուած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին: Ըստ աւանդութեան՝ Միւռոնը կ՚օրհնուի հինգ-եօթ տարին անգամ մը, բայց այս կարգը կրնայ նաեւ փոխուիլ անհրաժեշտութեան պարագային. «Անկասկած երջանիկ է այն Կաթողիկոսը, որ իր գահակալութեան ընթացքին կը կարողանայ գէթ մէկ անգամ միւռոն օրհնել եւ իր հայրապետական օրհնութիւը բաշխել հաւատացեալներուն»:
Ցաւօք, ինչպէս յիշեցուց Տ. Զաքարիա Վարդապետ Բաղումեան, պատմութեան ընթացքին ունեցած ենք նաեւ այնպիսի հայրապետներ, որոնք իրենց գահակալութեան շրջանին չեն կրցած կատարել սրբազան այս արարողութիւնը: Օրինակ՝ Մատթէոս Բ. Կոստանդնուպոլսեցի Իզմիրլեան Կաթողիկոսը (1908-1910) իր կարճ գահակալութեան ընթացքին չկրցաւ Միւռոն օրհնել, քանզի 1909 թուականին նշանակուած արարողութիւնը յետաձգուեցաւ Կովկասի մէջ ծայր տուած ժանտախտի պատճառով: Նոյն բախտին արժանացան նաեւ երջանկայիշատակ Խորէն Ա. Մուրադբէկեան (1932-1938) եւ Գէորգ Զ. Չէօրէքճեան (1945-1954), որոնք չկրցան Միւռոնօրհնէք կատարել քաղաքական դրդապատճառներով եւ խորհրդային իշխանութեան արգելքի պատճառով:
Պատմական փաստերը վերյիշելով, Տ. Զաքարիա Վարդապետ Բաղումեան նշեց, որ քսանինն տարուան դադարէ յետոյ 1955 թուականի 8 Հոկտեմբերին իր առաջին միւռոնօրհնութիւնը կատարեց նորընտիր Վազգէն Ա. Պալճեան Հայրապետը (1955-1994): Իսկ մեր օրերուն՝ 1996 թուականին Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռէն ներս կատարեց իր առաջին Միւռոնի օրհնութիւնը, բայց յաջորդը տեղի ունեցաւ ոչ թէ եօթ տարի յետոյ, այլ, ինչպէս կը յիշեցնէ Տ. Զաքարիա Վարդապետ Բաղումեան հինգ տարի յետոյ, այսինքն՝ 2001 թուականին, երբ ազգովին կը նշէինք հայոց մեծ դարձի 1700-ամեակը: Այլ խօսքով, ան կը նշէ, որ նմանատիպ ազգային-եկեղեցական տարեթիւերու եւ Միւռոնի պակասութեան ժամանակ Վեհափառ Հայրապետը կրնայ Միւռոնօրհնէք կատարել:
ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
Անդրադառնալով այս գեղեցիկ արարողութեան մանրամասներուն, Տ. Զաքարիա Վարդապետ Բաղումեան ըսաւ, որ Միւռոնօրհնութեան ժամանակ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կը վերցնէ ծաղիկներէ պատրաստուած խտանիւթը եւ կը լեցնէ ձիթաիւղին մէջ, իսկ յետոյ նոյն ձեւով, նաեւ՝ բալասանը: Այնուհետեւ ան հին Միւռոնը կը լեցնէ նորին մէջ, որմէ յետոյ կ՚երգուի «Առաքելոյ աղաւնոյ» շարականը: Ապա Հայոց Հայրապետը կը տեառնագրէ եւ կը խառնէ Միւռոնը՝ Հայոց Եկեղեցւոյ աւանդական երեք նուիրական սրբութիւններով՝ Տիրոջ խաչափայտի մասունքով, Կենաց Խաչով, աստուածամուխ Ս. Գեղարդով եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Աջով՝ երեք անգամ ըսելով. «Թող օրհնուի եւ սրբուի Մեռոնս այս Ս. Խաչի նշանով, այս Ս. Աւետարանով, Ս. Աջովս (կամ Գեղարդովս) եւ օրուան խորհուրդով Հօր, Որդւոյ եւ Ս. Հոգւոյ անունով...»: Հայրապետական այս օրհնութիւններէն յետոյ կաթսան կրկին կը ծածկուի նուրբ շղարշով:
Այնուհետեւ տեղի կ՚ունենայ Միւռոնի օրհնութեան սրբազան արարողութիւնը, որու մանրամասները նոյնպէս, Տ. Զաքարիա Վարդապետ Բաղումեանի ուղեկցութեամբ կը ներկայացնենք յառաջիկայ օրերուն:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024