«3 ՇԱԲԱԹ ԵՐԵՒԱՆՈՒՄ»ԻՆ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ
«Արփա» հիմնարկին կազմակերպութեամբ, Վահէ Պէրպէրեանի եւ Վահիկ Փիրհամզէիի բեմադրած «3 շաբաթ Երեւանում» ժապաւէնը Միացեալ Նահանգներու մէջ առաջին անգամ ըլլալով պիտի ցուցադրուի յառաջիկայ Սեպտեմբերի 14-ին, Չորեքշաբթի, Հոլիվուտի «Egyptian Theatre»ի մէջ: Ժապաւէնի ներկայացումէն ետք հարցազրոյց մը տեղի պիտի ունենայ երեք կեդրոնական դերասաններուն՝ Վահէ Պէրպէրեանի (հեղինակ, բեմադրիչ), Վահիկ Փիրհամզէիի (արտադրիչ, բեմադրիչ) եւ Հրանդ Թոխաթեանի հետ: Իսկ Սեպտեմբերի 16-էն սկսեալ, շարժապատկերը պիտի ցուցադրուի Էնսինոյի եւ Փասատինայի «Laemmle» սրահներուն, ինչպէս նաեւ Կլենտէյլի «MGN Five Star Cinemas»ի մէջ:
Հայերէնով պատրաստուած (անգլերէն ենթագիրներով) շարժապատկերը կը պատմէ, թէ ինչպէ՛ս երկու ընկերներ, մէկը՝ լիբանանահայ, միւսը՝ իրանահայ, Երեւան կ՚երթան իրենց հայաստանցի գործակիցին հետ ժապաւէն մը պատրաստելու համար, բայց շուտով կ՚անդրադառնան, որ ոչինչ պիտի ընթանայ իրենց ակնկալածին պէս:
Վահէ Պէրպէրեանի բեմագրութիւնը, որ հիմնուած է Նարբէ Նազարեանի հեղինակած պատմութեան վրայ, կը ներկայացնէ ազնիւ եւ հաճելի պատմութիւն մը, որ հարուստ է հոյակապ կերպարներով: Կերպարներ, զորս կը մարմնաւորեն Աշոտ Ղազարեանի, Նարեկ Տուրեանի, Խորէն Լեւոնեանի եւ Լեւոն Յարութիւնեանի նման տաղանդաւոր դերասաններ: Անոնց կողքին, իրենց ընկերներուն նեցուկ կանգնելու համար, մանր դերերով իրենց հաճելի մասնակցութիւնը բերած են նաեւ ծանօթ երգիչներ Թաթա Սիմոնեան, Նունէ Եսայեան, Ինգա եւ Անուշ, Էրիք, Քրիսթինէ Բէբէլեան, Շուշան Պետրոսեան, Արամօ եւ շարք մը այլ տաղանդներ:
«3 շաբաթ Երեւանում» ֆիլմին փրէօմիրէրը պիտի կատարուի Չորեքշաբթի երեկոյեան, ժամը 7-ին՝ քոքթէյլով, իսկ ֆիլմը պիտի ներկայացուի ժամը 8-ին եւ անկէ ետք տեղի պիտի ունենայ հարցազրոյցը:
Տոմսերը սահմանափակ են։
«Շատ կարեւոր է, որ բացման առաջին շաբաթը շարժապատկերին բոլոր ցուցադրութիւնները, մանաւանդ՝ matinee-ները, անպայմա՛ն լեցուին, որպէսզի շարժանկարի սրահները շարունակեն ցուցադրել շարժապատկերը», կ՚ըսէ արտադրիչ Վահիկ Փիրհամզէի, աւելցնելով, որ հանդիսատեսին կողմէ առաջին շաբաթը ցուցաբերուած հետաքրքրութիւնը կ՚որոշէ շարժապատկերին ճակատագիրը, եւ նկատի առնելով, որ ան միայն հայ հասարակութեան համար պատրաստուած չէ, որքա՛ն երկար ցուցադրուի՝ այնքա՛ն աւելի օտարներ առիթ պիտի ունենան դիտելու»:
Լոս Անճելըսէն ետք, շարժապատկերը պիտի սկսի ցուցադրուիլ Միացեալ Նահանգներու, ապա նաեւ Սփիւռքի հայաշատ քաղաքներուն մէջ:
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024