ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻ ԿՈՐՈՒՍՏ
Երեւանէն այս առաւօտ հասաւ տխուր լուր մը։ Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երկարատեւ ու ծանր հիւանդութենէ վերջ իր մահկանացուն կնքած է Մատենադարանի տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեան։ Հեղինակաւոր գիտնականը մահացած է Երեւանի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» հիւանդանոցին մէջ, ուր կը դարմանուէր վերջին շրջանին։
Հրաչեայ Թամրազեանի կորուստը լուրջ նշանակութիւն ունի հայկական գիտական աշխարհին տեսակէտէ։ Իր մահը ցնցիչ է, որովհետեւ վրայ հասած է անժամանակ։ Այդ ցնցումը առաւել եւս կը խորանայ՝ հաշուի առնելով, որ Հրաչեայ Թամրազեան գերմարդկային ջանքերով յաջողած էր վերջին տարիներուն Մատենադարանի գործունէթիւնը դնել կայուն վերելքի հունի մէջ։ Որպէս նուիրեալ գիտնական՝ ան թէ՛ վարչական եւ թէ մասնագիտական հմտութիւնները շռայլօրէն ի գործ կը դնէր Մատենադարանի վերելքին համար։
Հրաչեայ Թամրազեան ծնած էր 1953 թուականին Երեւանի մէջ։ 1976-ին աւարտած էր Երեւանի Պետական համալսարանի Բանասիրական ֆաքիւլթէն։ Տարի մը վերջ աշխատանքի անցած էր Մատենադարանի մէջ։ 1990-ական թուականներու սկիզբին եղած էր տնօրէնը «Նայիրի» հրատարակչութեան։ 2007 թուականին նշանակուած էր Մատենադարանի տնօրէն։ Կ՚անդամակցէր նաեւ Հայաստանի Գրողներու միութեան եւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ թղթակից անդամն էր։ Ան հեղինակած էր բազմաթիւ մենագրութիւններ եւ գիտական յօդուածներ, ինչպէս նաեւ ուսումնասիրութիւններ։ Իր ուսումնասիրութիւնները, ըստ էութեան, կը վերաբերին միջնադարագիտութեան, մասնաւորապէս՝ Նարեկացիագիտութեան բնագաւառին։
Հրաչեայ Թամրազեան որդին էր անուանի գիտնականի մը՝ Հրանդ Թամրազեանի։
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024