ՄԱՀ՝ ԱՐԱՄ ԿԻՒԼԵԻՒԶԻ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքած է շարժանկարի յայտնի բեմադրիչ Արամ Կիւլեիւզ։ Թրքական շարժանկարի աշխարհէն ներս կարեւոր գործունէութիւն ծաւալած եւ համբաւ ձեռք բերած արուեստագէտ մըն էր Արամ Կիւլեիւզ, որու բեմադրութեամբ արտադրուած բազում ժապաւէնները արդէն իրենց ուրոյն տեղը ունին թրքական շարժանկարի աշխարհի պատմութեան մէջ։ Իր մահը մեծ ցաւ յառաջացուցած է շարժանկարի շրջանակներուն մօտ։ Բազմաթիւ դերասաններ եւ այլ արուեստագէտներ կը սգան Արամ Կիւլեիւզի մահը։

Ինչպէս ծանօթ է, վերջին տարիներուն Արամ Կիւլեիւզի վերաբերեալ քանի մը ձեռնարկներ կազմակերպուած էին նաեւ մեր համայնքային կեանքէն ներս։

Արամ Կիւլեիւզ ծնած էր 1931 թուականին Իսթանպուլի մէջ։ 89 տարեկան հասակին մահացած արուեստագէտը բեմադրած էր աւելի քան 200 ժապաւէն։ Ունէր որդի մը։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2018