ԴԱՇՆԱԿԱՀԱՐՈՒՀԻ ԱՂԱՒՆԻ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆԻ ՅՈՒՇԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

Կրկին՝ Կոմիտաս: Կոմիտասը անսպառ ակնաղբիւր մըն է, որմէ երբեք չես յագենար: Մշտահոս սիրոյ ակունք է ան: Եթէ տարուան ամէն օրն ալ անդրադարձ կատարես Կոմիտասին՝ տակաւին նիւթ կայ իր մասին: Կը կարդաս եւ կը հասկնաս, որ անհատնում ոսկեգանձ մըն է Կոմիտասը, որ միշտ ներկայ է մեր կեանքէն ներս, բայց նաեւ թաքնուած է խորախորհուրդ հեռուները, որուն հասնելու համար անընդհատ պէտք է քալել եւ մօտենալ… Իր փայլքը յաւերժ է՝ մօտէն եւ հեռուէն...

Հայ երաժիշտներէն Կոմիտասի եզակիներէն է, որուն մասին գրուած են ամենաշատ յուշերը: Այդ յուշերը լոյս տեսած են թէ՛ իր կենդանութեան օրերուն եւ թէ մահէն յետոյ եւ մինչեւ այսօր ալ կը վերահրատարակուի Կոմիտասի մասին յուշագրութիւնը:

Պոլսահայ դաշնակահարուհի Աղաւնի Մեսրոպեանին յուշերը հրատարակուածներէն կը մեկուսացուին ինքնատիպութեամբ, քանի որ դաշնակահարուհին Կոմիտասը տեսած է Փարիզի եւ Պոլսոյ մէջ եւ նկարագրած է երաժշիտին այդ շրջաններուն կեանքը…

1947 թուականին, Երեւանի մէջ, լոյս տեսած են այդ յուշերը, իսկ 1954-ին, կրկին Երեւանի մէջ մահացած է պոլսահայ դաշնակահարուի Աղաւնի Մեսրոպեան: Ան 1891 թուականին Պոլիս ծնած է՝ քահանայի ընտանիքի մէջ: Իր նախնական եւ հիմնական կրթութիւնը ստացած է Էսաեան վարժարանին մէջ, իսկ 1906 թուականին իր ծնողքին հետ փոխադրուած է Լոնտոն, ուր շարունակած է երաժշտական կրթութիւնը, ստացած՝ երաժիշտի բարձրագոյն վկայական, հետեւած է նաեւ նկարչութեան դասերու: Վերադառնալով Պոլիս, Աղաւնի Մեսրոպեան կը նուիրուի երաժշտական-մանկավարժական աշխատանքի՝ դաշնակահար ուսուցչուհի աշխատելով Պոլսոյ հայկական վարժարաններէն ներս, միաժամանակ ինքզինք նուիրելով հասարակական գործունէութեան:

Որպէս երաժիշտ դաշնակահար, Աղաւնի Մեսրոպեանին վրայ մեծ ազդեցութիւն կը ձգէ Կոմիտասին հետ հանդիպումն ու ծանօթութիւնը, յետագային ան յաճախ մասնակցութիւն կը բերէ Պոլսոյ մէջ Կոմիտասի կազմակերպած համերգներուն:

Անցեալ դարու երեսունականներուն պոլսահայ այս արուեստագիտուհին, ընտանեկան հանգամանքներու պատճառով կը ձգէ Պոլիսը, կ՚ամուսնանայ Բագրատ Համբարձումեանին հետ, կը մեկնի Թիֆլիզ, ուր կը բնակի մինչեւ 1931 թուականը, երբ ընտանեօք կը փոխադրուին Երեւան, ուր Աղաւնի Մեսրոպեան կը դառնայ Ձայնասփիւռային կոմիտէի արեւելահայկական երաժշտութեան մենակատար-դաշնակահարուհին եւ մինչեւ իր կեանքին վերջին տարիները կը կատարէ այդ գործը, սակայն նշանակալի մասնակցութիւն կ՚ունենայ նաեւ Հայաստանի հասարակական, մշակութային կեանքին. անոր վատթարացած առողջութիւնը խոչընդոտ չէր նուագելու, նկարելու եւ գրելու: Մանաւանդ գրականութեան ու նկարչութեան նուիրուած էր, երբ սրտի հիւանդութեան պատճառով ստիպուած էր ձգել մանկավարժական, երաժշտական բնագաւառները: Ծանօթ են անոր նկարած «Կոմիտասը», «Թրքուհին», «Սեւանը» եւ այլն: Իսկ յուշերուն մեծ մասը մնացած է անտիպ: Կեանքին ընթացքին Աղաւնի Մեսրոպեան տպագրուած տեսած է Կոմիտասի մասին յուշագրութիւնը: Իր եղբօր՝ պոլսահայ նշանաւոր գրող Լեւոն Մեսրոպի (Մեսրոպեան) միջոցաւ «Լրաբեր»ի էջերուն մէջ Աղաւնի Մեսրոպեան կը տպագրէ «Խաբրիկներ մեր աշխարհէն» նամակներու շարքը. այս նամականին ձեւով մը կամուրջ կը դառնայ սփիւռքի եւ հայրենիքի միջեւ:

Անոր «Յուշեր Կոմիտասի մասին» գիրքէն կարելի է հրաշալի պատկերացում կազմել Կոմիտասի մասին՝ Պոլսոյ եւ Փարիզի մէջ: Մանաւանդ Պոլսոյ մէջ Կոմիտասի ներկայութիւնը մեծ աշխուժութիւն յառաջ բերած էր, եւ Աղաւնիի յուշագրութենէն կ՚երեւի, որ նոյնիսկ թուրք հասարակութիւնը անտարբեր չէ եղած Կոմիտասին եւ հայկական երաժշտութեան հանդէպ: Նոյն թարմութիւնը Կոմիտաս տարած է Փարիզ՝ հետաքրքրութիւն ստեղծելով հայ երգի եւ երաժշտութեան հանդէպ: Մօտէն ծանօթ ըլլալով Կոմիտասին՝ Աղաւնի Մեսրոպեան յաջողած է նկարագրել Կոմիտասի բնաւորութեան գիծերը, յիշել սրտառուչ դէպքեր եւ լիովին արժեւորել մեծն Կոմիտասը։

ԿՈՄԻՏԱՍԻ ՊՈԼՍՈՅ ԲԱՆԿԱԼԹԻԻ ՏՈՒՆԸ

Բերայի Բանկալթի թաղամասին մէջ, գլխաւոր պողոտային վրայ, Ս. Յակոբ ախարեթներ կոչուած տուներէն վերջնոյն մէջ կ՚ապրէր Կոմիտասը, իրեն ընկեր ունենալով յայտնի նկարիչ Փանոս Թերլեմեզեանը:

Կոմիտասի աջակցութեամբ Փանոս Թերլեմեզեանը այդ բնակարանի երրորդ յարկին մէջ հիմնեց իր աշխատանոց-դասարանը՝ բոլոր յարմարութիւններով, նոյնպէս երկրորդ յարկին վրայ վարձեց երկու այլ սենեակներ, ուր ցուցադրուեցան իր նկարները:

Բանկալթիաբնակ ո՞ր հայը իր օրուան երթեւեկին չհանդիպեցաւ Կոմիտասի տունը մտնող-ելլող խումբ-խումբ օտար մարդոց, կամ անոր դրան առջեւ պաշտօնական կառքերով եկող դեսպանական այցելուներուն:

Գալով մեզի՝ Բերայի խումբ մը երիտասարդ նորաւարտ արուեստագիտուհիներուս, թէ՛ երաժշտական եւ թէ՛ նկարչական գործերու պատրուակներով այդ արուեստի օճախը յաճախ մտնելու առիթներ ստեղծեցինք: Մեր խումբի ընկերուհիներէն չորսը Փանոս Թերլեմեզեանի նկարչական դասարանին լաւագոյն աշակերտուհիներն էին,- օրիորդ Ատրինէ Տոնելեան (դուստրը բանաստեղծուհի Սիպիլին), օրիորդներ Էլիզ Ճենտերեճեան, Շուշանիկ Պոշնակեան (ներկայիս նկարչուհի ի Փարիզ) եւ պելճիքացի Ժան-Պերթինիէ:

Շաբաթ կամ հինգշաբթի կէսօրէ վերջերը կը բարձրանայինք իր տան երկրորդ յարկը, փողոցին վրայ նայող լուսաւէտ մեծ սենեակը, որ Կոմիտասի ընդունարան-աշխատանոցն էր:

Կը գտնէինք զինքը սենեակին պատշգամին վրայ, իր լայն բազկաթոռին մէջ, ուր կը կարդար կամ դաշնամուրին եւ կամ ֆիլհարմոնիային առջեւ նուագով կը զբաղէր:

Որքա՜ն պաշտելի էր ան, երբ մեր խնդրանքին վրայ կ՚երգէր երիտասարդական կեանքին խօսող մեր ամենասիրելի երգերէն «Իմ չինարի եարը», «Էս գիշեր լուսնեակ գիշեր»ը, «Քելեր-ցոլերը», որոնք երեքն ալ կոմիտասեան ինքնուրոյն արուեստի նմոյշներ, մեզ կը տանէին դէպի մեր սիրելի հայրենիքը, դէպի Հայաստան, դէպի անոր հիասքանչ բնութիւնը, դէպի հայ շինականի չարքաշ աշխատանքն ու վաստակը:

Մեծ երաժշտագէտը մեր սիրտին եւ հոգւոյն մէջ բացի հայ տոհմային երաժշտութեան սէրն ու ճաշակը ներարկելէն, երբեք չէր մերժեր պելճիքացի օրիորդ Պերթինիէի խնդրանքով երգել Շուպերթի սերենատը գերմաներէն բառերով, Մասընէի ռոմանսը ֆրանսերէնով, Հենտըլի «Ալելուեա»ն, Կունոյի եւ Տիգրան Չուխաճեանի «Աւէ Մարիա»ները իտալերէնով:

Կոմիտաս Վարդապետի աշխատանոցին մէջ յաճախ կը հանդիպէինք պոլսահայութեան քաջ ծանօթ եւրոպացի մեծ երաժիշտներէն Հեկէի, Ֆուրլանիի, Լանկիի, Սելվելի, Կուրպի եւ Սինանեան եղբայրներուն, Էտկար Մանասին եւ շատ շատերուն:

1911-ի ամառէն սկսեալ մինչեւ յաջորդ տարուան վերջը, Կոմիտասի տան մէջ մենք յաճախ հանդիպեցանք համայն հայութեան զոյգ մը սիրելագոյն բանաստեղծներուն՝ Աւետիք Իսահակեանին եւ անոր մտերիմ ընկեր Սիամանթոյին (Ատոմ Եարճեանեան), որոնք նոյնպէս կ՚ապրէին Բանկալթի, մեծ երաժշտագէտի բնակարանին շատ մօտ:

Ահա տասնեակ տարիներէ վերջ ալ, կարելի՞ է նուիրականութեամբ չվերյիշել այն յաւէտ անմոռանալի պատկերները, որոնց առանցքը կը կազմէր հայ ժողովուրդի երգի կոթողը՝ անմահ Կոմիտասը:

ԿՈՄԻՏԱՍԻ ՀԱՅՐԵՆԻ ԱՔԱՂԱՂԸ

1912-ին Պոլսոյ ծովափնեայ Գատը-գիւղը իր գարնանային ամբողջ գեղեցկութեամբ կախարդեց երկու երիտասարդ նկարիչներս՝ Զարեհ Գալֆայեանը եւ զիս:

Իրիկնամուտի մը Գատը-գիւղէն վերջին շոգենաւով մեկնեցանք Պոլիս: Կամրջակին անկիւն մը տեղաւորուած էինք, երբ յանկարծ լսեցինք շոգենաւին ցռուկէն բարձրացող ծանօթ ձայն մը, որ մեզ կը կանչէր: Կոմիտասն էր՝ շրջապատուած իր ամէն ատենուան ուղեկիցներով:

Խումբը բաղկացած էր պոլսահայ յայտնի մտաւորականներէ եւ արուեստագէտներէ, որոնք կը վերադառնային Ֆեներպահչէի Չիֆթէհաւուզ կոչուող զբօսավայրէն:

Իրենց խօսակցութեան նիւթն էր Չիֆթէհաւուզին մէջ գտնուող հազուագիւտ գեղեցկութեամբ «պալատական աքլոր» մը, որուն կանչերէն ազդուած էին: Խումբին երեք յայտնի երաժշտագէտ երգահանները՝ Յարութիւն Սինանեան, Դ. Դաւիթեան եւ Էտկար Մանաս, որոնք պատահմամբ Չիֆթէհաւուզին մէջ կոմիտասեան խումբին էին հանդիպեր, առանձին-առանձին պատկերացուցին օրուան իրենց երաժշտական ներշնչումները, զանոնք կապելով սիրային ռոմանսներու, արեւելեան միսթիցիզմի եւ բնութեան վայելքի տպաւորութեանց հետ:

Կոմիտասը, չժխտելով Չիֆթէհաւուզին «պալատական աքլոր»ին գեղեցկութիւնը, աւելցուց, որ անոր օտարոտի կանչերը հոգւոյն ոչինչ չխօսեցան, միայն արծարծեցին իր հայրենի աքաղաղին անհուն կարօտը: Մեծ երաժշտագէտը իր հայեացքն ուղղելով երեք երաժշտագէտներուն, ըսաւ. «Իմ սիրելի դժբախտ հայ որդիներ, ո՜ւր էր, որ դուք այսօր տեսնէիք ձեր հայրենի աքաղաղը… այն հայրենի աքաղաղը, որ իր քաղցր կանչերով, Էջմիածնայ վաղ ուսանողական տարիներէս հայրենի սիրոյս հիմքը դրաւ: Ո՞ւր է, ո՞ւր է հայրենի հողէն ու ջուրէն սնած իմ աքաղաղը, պիտի տեսնե՞մ, պիտի լսե՞մ դարձեալ զայն… Ա՜խ իմ հայրենի աքաղաղը, որ օրն ի բուն դեգերելով փլատակներու, դարաւոր վանքերու բակերուն մէջ, կամ գլգլացող առուակներու եզերքները, վաղ արշալոյսէն մինչեւ երեկոյ, իր զիլ կանչերով հոգւոյս մէջ ամբարեց հայ ժողովուրդին անհուն ապրումները: Ափսո՜ս, որ ձեր հոգւոյ ականջները տակաւին օտարոտի կանչերով ձեզ կ՚ոգեւորեն…»:

Մթագնած իրիկուն էր, երբ հասանք Կալաթայի կամուրջը: Տասը րոպէ յետոյ Կալաթայի ստորգետնեայ անցուղիէն կոմիտասեան խումբը ուղեւորուեցաւ դէպի Բերայի երկարաձիգ պողոտան, որուն քովնտի փողոցներուն մէջ հետզհետէ ցրուեցան անոնցմէ շատերը:

Իսկ մենք հասանք Թաքսիմի հրապարակը: Երբ Կոմիտասը իր անբաժան ընկերոջ՝ Փանոս Թերլեմեզեանին հետ մեզի հրաժեշտ տուաւ, ի սրտէ մաղթեց, որ մենք արժանի ըլլանք օրին մէկը տեսնելու մեր հայրենի հողը՝ իր հայրենի աքաղաղով:

ԿՈՄԻՏԱՍԸ ԽՈՐԷՆ ԷՖԷՆՏԻ ԽՐԻՄԵԱՆԵՆՑ ՏԱՆ ՄԷՋ

Իմ երաժշտական դասաւանդութեան սկզբնական շրջանին Կոմիտաասի միջնորդութեամբ սկսայ դասաւանդել հօրս Էջմիածնայ վաղեմի մտերիմ՝ Խորէն Էֆէնտի Խրիմեանի երեք օրդիներուն՝ Կարինէին, Սէրինէին եւ Շուշիկին:

Կոմիտաս, իբրեւ Խրիմեան ընտանիքի մէկ հարազատը, մեծ նախանձախնդրութեամբ կը հետեւէր օրիորդ Խրիմեաններուն երաժշտական կրթութեան: Հազիւ տասնհինգ տարեկան Շուշիկ, բացի իր դաշնամուրային շնորհին, ցոյց տուաւ նաեւ հայկական ժողովրդական երգեցողութիւնն ըմբռնելու բնածին ճաշակ: Եւ Կոմիտասի հոգատար ջանքերով քանի մը ամիսէն դեռատի Շուշիկը դարձաւ անոր Պոլսոյ առաջին հրապարակային համերգներուն փնտռուած մեներգչուհին:

Վանեցի Խորէն Էֆէնտի Խրիմեան, եղբօրորդին եւ հոգեւորորդին Խրիմեան հայրիկին, մեծ յարգանք կը վայլելէր պոլսահայութեան լայն խաւերէն:

Անոր Բերա-Բանկալթիի տունը այն նահապետական օճախն էր, որ անեղծ կերպով կը պահպանէր հայ գաւառական կեանքին նիստ ու կացի բարիքներն ու սովորոյթները:

Այդ յարկին տակ ես ծանօթացայ գաւառացի յայտնի գրողներու, հայրենասէրներու, մտաւորականներու, ինչպէս նաեւ՝ Էջմտածնական բանասէր կրօնականներու եւ հայ մեծագոյն արուեստագէտներու, որոնց առանցքը կը կազմէր մեր սիրելի Կոմիտասը:

Կոմիտաս Վարդապետի՝ Պոլսոյ մէջ ունեցած մտերիմ ընտանեկան շրջանակները հարիւրներու կը հասնին, իշխանական, մեծահարուստներու ապարանքներէն սկսեալ, մինչեւ համեստ մտաւորականի եւ արհեստաւորի տուները: Սակայն անոնց մէջ ամենայիշատակելին կը մնայ Խորէն Էֆէնտի Խրիմեանենց տունը, որուն ընտանիքին մեծ ու փոքր անդամները, Էջմիածնէն Կոմիտասի մտերիմներն էին:

Նման առիթներով Խրիմեանենց տունը կը հաւաքուէին իրենց հայրենակիցներէն եւ Կոմիտասի մտերիմներէն Թերլեմեզեան Յովհաննէս եւ Նշան եղբայրները, իրենց ընտանիքի անդամներով, նոյնպէս շատ յաճախ Իսագուլեան եւ Ալեմեան ընտանիքները, ինչպէս նաեւ բժշկական ուսանող վանեցի երիտասարդ Հայկ Գալճեանը, որ Կոմիտասի եւ Խորէնի շատ սիրելին էր: Միշտ ներկայ էր Կոմիտասի անբաժան ընկերը՝ նկարիչ Փանոս Թերլեմեզեանը: Ներկաներն իրենց անցեալ օրերու յուշերը կը պատմէին ճաշի ընթացքին, եւ ես մեծ հետաքրքրութեամբ կը լսէի զանոնք: Այդ յուշերէն մի քանին, որոնք խորապէս տպաւորուած են միտքիս մէջ, գրի պիտի առնեմ իրենց կարեւորութեան պատճառով:

1893-ին Էջմիածնայ մէջ կաթողիկոսական ընտրութիւն կը կատարուէր բազմաթիւ վայրերէ հասած պատգամաւորներու կողմէ: Քանտիտատներն էին Խրիմեան Հայրիկը եւ Օրմանեանը:

Վանքին բակին մէջ, տասնեակ հազարաւոր ժողովուրդ խռնուած, սրտատրոփ կը սպասէր օրուան կարեւոր լուրին...:

Երիտասարդ Կոմիտասը, որ վանքի ներքին պատերուն մէջ փակուած էր, ընտրութեան արդիւնքը լսելով թղթիկի մը վրայ հետեւեալը կը գրէ եւ կը նետէ դուրսը գտնուող ժողովուրդին.

«Էջմիածնի մէջ, եօթանասուն երկու տարեկան հասակին, եօթանասուն երկու քուէով կաթողիկոս ընտրուեցաւ Խրիմեան Հայրիկը, որով կաթողիկոսական հարցը լուծուեցաւ ի նպաստ Հայրիկին...»:

Ժողովուրդին մէջ կ՚իյնայ աննկարագրելի իրարանցում, գոռում գոչում, Օրմանեանականները բռունցքներով եւ գաւազաններով կը յարձակին Խրիմեանականներուն վրայ:

Ուշ երեկոյեան, երբ Օրմանեանական եպիսկոպոս մը կը մտնէ միաբանութեան խուցերը եւ կը սկսի մեղադրել եկեղեցական օրինականութիւնը զանց առնող իրեն անծանօթ միաբանը, երիտասարդ Կոմիտասը, ժպիտը երեսին կը բացագանչէ. «Սրբազան հայր, ժամ առաջ ուզեցի փրկել Խրիմեանականները, որոնք ինծի նման հայ ժողովուրդին ճշմարիտ շահը կը պահանջէին այսօր...»:

Դարձեալ Կոմիտասն էր, որ պատմեց հետեւեալը.

«1903-ին Էջմիածնայ վանքին միաբանութեան նախանձոտ աչքերուն տակ, վեհափառ Հայրիկը առաջարկով, ես շաբաթը երկու անգամ սկսայ երաժշտութիւն դասաւանդել Խորէն Էֆէնտի Խրիմեանի երկու դեռատի աղջիկներուն՝ Կարինէին եւ Սէրինէին»:

«Երկու աշակերտուհիներս քանի մը ամիսներու ընթացքին իրենց ընտանեկան շրջանակին մէջ, սկսան ազատ երգել «Հայաստան, երկիր դրախտավայր» եւ «Ձայն տուր, ո՛վ ծովակ» երգերը, որոնք Խրիմեան Հայրիկի նախընտրած երգերն էին:

Էջմիածնայ վանքին մէջ, երբ ծերունազարդ Խրիմեան Հայրիկը իր ցաւատանջ կեանքին անքուն գիշերներովը կը տառապէր, իր երեք սիրելիները՝ Խորէնը, Թերլեմեզեանը եւ ես հերթով կը հսկէինք իր սնարին քով, երկար ժամեր պատմութիւններ պատմելով, զրոյցներ ընելով կը մեղմացնէինք իր ցաւերը:

«Պատկառելի հայոց Հայրիկը սովորութիւն դարձուց իր անձնական գինիին ամէնօրեայ բաժինը նուիրել մեզի՝ ըսելով. «Որդեակք սիրելիք, մի քաշուիք, իմ տեղն անուշ ըրէք Հայրիկին գինին»:

«Էջմիածնայ վանքի այգիներէն մասնաւորապէս Վեհափառ Հայրիկին համար պատրաստուած մարխոշ կարմրավառ գինին կարճ ժամանակուան մէջ կախարդեց մեր երեք ընկերներուն քիմքերը: Նոյն օրերուն հեռաւոր վայրերէ եկող հիւրերուն համար ճոխ սեղան մը պատրաստուած էր Խրիմեան Հայրիկին մօտ, որուն կը սպասարկէի ես:

«Այդ օրը, ուշ երեկոյեան, երբ, ըստ սովորութեան երիտասարդ նկարիչ Փանոս Թերլեմեզանը մտաւ Վեհափառին սենեակը իր գիշերապահ զրուցողի պաշտօնով, Հայրիկը իր թափանցող աչքերը ուղղելով անոր, ըսաւ. «Ծօ, տղայ, Փանո՛ս, Եւրոպան քեզ աղէկ այլանդակեր է՝ նոր արուեստի մը տէր ընելով...»:

Նկարիչը կը պատասխանէ. «Վեհափառ Տէր, նոր արուեստին իւրացումը Կոմիտասի եւ Խորէնի վարպետութեան կը պարտիմ:

«Երբ ուշ գիշերին լուռ ու մունջ ներս կը մտնէի Հայրիկին սիրած երգը շուրթերուս, ալեզարդ հայրապետը սնարին վրայէն աչքերը դէպի ինձ դարձնելով ըսաւ. «Այ Կոմիտաս, ծօ տնաշէն տղայ, աղուոր գինի ճնկելու արուեստը Պրուսայէ՞ն հետդ բերիր...»:

Այն ատեն ես ալ պատասխանեցի, «Վեհափառ Հայրիկ, Հայաստանի անմահական գինին ընտրելու եւ անուշ ընելու արուեստը իւրացուցի մեր սիրելի Հայրիկէն»:

Յաւէտ անմոռանալի կը մնան նաեւ Խորէն Էֆէնտի Խրիմեանենց բարեկենդանեան ճաշկերոյթներուն յաջորդող այն գեղարուեստական ժամանցները, որոնց մշտական ղեկավարն էր Կոմիտասը:

Այդ մտերիմ շրջանակին մէջ Կոմիտասը կարելի էր ճանչնալ իր ամբողջ էութեամբ: Անոր ծայրայեղ համեստութիւնը, բարեհամբոյր, քաղցր եւ անկեղծ բնաւորութիւնը, մեծ ու փոքրին հանդէպ ցոյց տուած սիրալիութիւնը կը գրաւէին բոլորին սրտերը...

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2019