ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ ԴՊՐՈՑ…

Երբ սեպտեմբեր եկաւ
Մենք պայուսակ բռնեցինք,
Մանկապարտէզն աւարտած՝
Դէպի դպրոց գնացինք:
Երգ ու ծիծաղ միացան
Զանգի անուշ ղօղանջին,
Արեւի պէս մեզ ժպտաց
Մեր ուսուցիչն առաջին:

1997 թուականի սեպտեմբերի 1-ին իմ աչքով տեսայ, որ երբեք մարդամեքենաներ չեն ուսուցիչները, որոնք վերամուտին ընդառաջ քաղաքս կը ժամանեն ուղղաթիռներով, այլ մեզի պէս մարդիկ: Իմ կեանքի մէջ երբեք չէի տեսած ուսուցիչ, այդ իսկ պատճառաւ պատկերացումներս երեւակայական էին: Ի դէպ մանկապարտէզ անգամ չէի յաճախած, գիտէք դժուար տարիներ էին:

Յիշողութեանս մէջ թարմ պահպանուած են դրուագներ՝ իմ առաջին սեպտեմբերի 1-էն, սակայն բնաւ չեմ յիշեր, թէ այդ օրն ինչ կը զգայի: Առաւօտեան սեւ փէշ ու ճերմակ ժանեակաւոր վերնաշապիկ հագուած, փունջ մը ծաղիկ ձեռքիս՝ մայրիկիս ձեռքէն բռնած հատեցի դպրոցի շեմը: Վարժարանի բակը լի էր մանուկներով: Ինչ-որ արարողակարգէ մը վերջ յայտնուեցայ դպրոցական նստարանին: Լաւագոյնս կը յիշեմ, որ չէի ախորժած իմ կողքի նստողէն՝ Միքայէլէն: Մի ամբողջ տարի ստիպուած եղայ իմ կողքին հանդուրժել գանգրահեր, խոշոր աչքերով, թմբլիկ այդ տղային, որ ամէն զբօսանքի կամ իւղոտ կարկանդակ կ՚ուտէր եւ կամ՝ տուրմ: Միքայէլի նկատմամբ իմ տածած հակակրանքը շարունակուեցաւ երկար տարիներ: Քանի մը տարի իրարու հետ չէինք խօսած: Միայն վեցերորդ դասարանին հաշտուեցանք եւ իմ հակակրանքը այլեւս ի չիք դարձաւ: Ինչեւէ...

Իմ առաջին ուսուցչուհին ընկեր Յարութիւնեանը՝ միջին տարիքի, ոսկեգոյն կարճ մազերով, միշտ լուրջ ու խորաթափանց հայեացքով, այդ օրը մեզի մաղթեց բարի գալուստ ու շռայլեց գեղեցիկ բարեմաղթանքներ:

Առաջին Ա դասարանի մէջ աւելի քան երեսունվեց աշակերտ էինք. առաջին իսկ ուսումնական տարուայ երկրորդ քառորդին չհասած այդ թիւը նուազելու սկսաւ:

Իմ սիրելի դպրոցը կարծես հակառակած ըլլար ինծի հետ: Զոր օրինակ, տասն տարի շարունակ զբաղեցուցի վերջին կամ նախավերջին նստարանները, մինչդեռ իմ աչքը միշտ առաջին նստարանի վրայ էր: Սակայն մանկութեան տարիներուն բարձրահասակ ըլլալուս պատճառաւ ան ինծի համար անկատար երազ մըն էր: Քանի որ մեր դասարանը շատ մեծ էր՝ հայերէնի, ռուսերէնի եւ անգլերէնի դասաժամերուն զայն կը բաժնուէր երկու խումբի: Ես միշտ կը յայտնուէի աւելի թոյլ ուսուցիչներու խումբին մէջ: Ասիկա ալ երկրորդ հակառակութիւնը:

Չեմ գիտեր, այդ տարի ես շատ խոցելի էի, անդադար կը զգայի ուշադրութեան ու քնքշանքի կարիք: Մայրիկս կ՚ուզէր, որ ես հնարաւորինս ինքնուրոյն մեծնամ, իսկ ես բնաւ չէի ուզեր մեծնալ: Եւ ներքուստ բաւական ծանր տարի այն փաստը, որ քանի մը ամիս վերջ մայրս զիս դպրոց կը ճամբէր ինձմէ տարիքով մեծ մեր փողոցի երեխաներուն հետ: Իսկ ես կ՚ուզէի, որ ան զիս տանէր դպրոց ու բերէր: Դասարանի մուտքին զիս ամուր գրկէր ու համբուրէր, ըսէր, թէ որքան շատ կը սիրէ զիս, եւ նոյն ձեւով դիմաւորէր դպրոցէն: Երբ տուն հասնէի, միասին ճաշէինք, քիչ մը խաղայինք եւ անցնէինք իմ դասերուն: Սակայն մայրս կ՚աշխատէր ու երեկոյեան վեցին կու գար տուն, իսկ ես դասերս կ՚ընէի տատիկիս հետ:

Ուսուցչուհիէս նոյնպէս գոհ չէի, քանզի կը նկատէի, թէ ան ինչպէս զատողութիւն կ՚ընէր աշակերտներու միջեւ: Իր գործընկերներու, ծանօթներու երեխաներու նկատմամբ առաւել ջերմ եւ ուշադիր էր: Միշտ անոնց շուրջը կը պտտէր, առաջինն անոնց տնային պարտականութիւնները կը ստուգէր: Մատ բարձրացուած ատեն առաջինը կը նկատէր անոնց ձեռքը...

Միքայէլէն զատ բոլոր դասընկերներուս հետ իմ յարաբերութիւնները շատ լաւ էին, բոլորին հետ կը խաղայի ու կը զուարճանայի: Իսկ իմ ամենալաւ ու բարի ընկերը իմ առաջին գիրքն էր՝ այբբենարանը: Մինչեւ այսօր կը յիշեմ անոր ամէն մէկ էջին վրայ պատկերուած վառ նկարները ու մեծ մօրս օգնութեամբ գոց սորված ոտանաւորները: Կարծեմ գրքի հանդէպ սէրը ինծի փոխանցուած է մեծ մօրմէս եւ մինչեւ օրս կ՚ուղեկցի ինծի:

Ահաւասիկ, առաջին դասարանէն վառ մնացած իմ յիշատակները: Յաջորդիւ սեպտեմբերի մէկերը ինծի ու շատերու համար մեծ ուրախութիւն էր: Նոր հագուստներով, նոր պայուսակով ու գրենական պիտոյքներով եւ, ամենակարեւորը՝ դպրոցը, մեր ուսուցիչներուն ու ընկերներուն կարօտցած կը վերադառնայինք գիտելիքներու օրրան: Բաց աստի, սեպտեմբերի 1-ին դաս չէինք ըներ, մեզ գրատախտակի մօտ չէին կանչեր, այլ կը ծանօթանայինք մեր նոր ուսուցիչներու հետ ու կը պատմէինք, թէ ինչպէս անցուցինք մեր ամառնային արձակուրդը:

Սեպտեմբերի 1-ը շատ սիրելու երկրորդ պատճառը՝ սեպտեմբերի 2-ն էր՝ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան օրը: Այդ օրը մենք լիաթոք կը տօնէինք արեան գնով ձեռք բերուած ու շատ բաղձալի մեր տօնը եւ յաջորդ օրը կազմ ու պատրաստ մուտք կը գործէինք նոր ուսումնական տարի:

Գիտելիքի եւ դպրութեան օրը միշտ ինձ մօտ կ՚արթնցնէ ջերմ ու բարի յիշատակներ:

Երանի՜ այդ օրերուն...

Երանի՜ դժուար ու երկար դարձած իմ դպրոցական տարիներուն...

Ինչ ընենք... կեանքի օրէնքն է՝ անցեալը միշտ երանի է, ներկան մշուշոտ, իսկ ապագան՝ բաղձանք մը:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2020