ՇԱՐԺՈՒՄ՝ ՅԱՆՈՒՆ ՄՈԼՈՐԱԿԻ

Օրեր առաջ Գանատայի մէջ աւելի քան 500 հազար մարդ փողոց ելաւ շուէտուհի անչափահաս աղջկայ մը պահանջներուն աջակցութեան համար: Աղջիկը Կրեթա Թունպերկն է, որ մէկ տարուան մէջ աշխարհահռչակ դարձած է:

Տարի մը առաջ շուէտուհի այս դպրոցականը յայտարարեց, որ կը հրաժարի ուրբաթ օրերը դպրոց երթալէ, այնքան ատեն, երբ բոլոր երկիրներու կառավարութիւնները լուրջ ուշադրութիւն դարձնեն աշխարհը պատուհասած բնապահպանական սպառնալիքին:

Աշխարհի մէջ շատեր կ՚աջակցին Կրեթային, բայց ամենէն առաջ իր ընտանիքը՝ մայրը շուէտցի օփերայի երգչուհի Մալենա Էրնմանը եւ հայրը՝ դերասան Սվանտէ Թունպերկը. Կրեթան կրցած է համոզել իր մայրը, որպէսզի ան հրաժարի աշխարհի տարածքին օփերային համերգներ ունենալէ, քանի որ օդանաւային արտանետումները բացասական ազդեցութիւն կ՚ունենան միջավայրին վրայ: Ծնողները իրենց դստեր ազդեցութեամբ բուսակեր դարձած են: Կրեթան նաեւ քոյր մը ունի՝ Պիատան: Անոր ծնողքը իրենց ասպարէզներուն մէջ յաջողութեան հասած արուեստագէտներ են, շատեր Կրեթայի երգչուհի մօր վառ ելոյթը կը յիշեն «Եւրոտեսիլ 2009»ին, սակայն ընտանիքը աւելի յայտնի դարձաւ իր դստեր շնորհիւ: Անոնք աշխոյժ կերպով կ՚օգտագործեն դստեր յայտնի ըլլալը, համատեղ գիրք մը գրած են, կը կատարեն այլ ձեռնարկներ, որոնց մասին տեղեկութիւնը շատ արագ կերպով կը տարածուի:

Խօսելով Կրեթա Թունպերկի գործունէութեան մասին, շատեր չեն մոռնար նշելու, թէ պարմանուհին սովորական մէկը չէ, ան հիւանդ է օթիզմով, կը կրէ Ասպերկներու համախտանիշ: Այս մէկը զարգացման խանգարման հիւանդութիւն մըն է, որ օթիզմի թեթեւ տեսակն է, զայն կրողները կ՚ունենան զգացմունքային, ընկերային եւ կարգ մը խանգարումներ: Կրեթան տեղեակ է իր կրած ախտանիշին մասին եւ ըսած է, թէ ատիկա շատ կ՚օգնէ՝ աշխարհը այլ լոյսի տակ տեսնելու համար:

Վերջերս, ՄԱԿ-ի ամպիոնէն իր ելոյթին ժամանակ, Կրեթային կրած հիւանդութեան ախտանիշները որոշ չափով երեւելի էին: Ելոյթին սկիզբը ան հազիւ կը զսպէր լացը եւ կը ջղաձգուէր խօսելու ժամանակ: Բայց այդ մէկը, անշուշտ, անոր խօսքերը լուրջի չառնելու պատճառ չէին, եւ եղան շատեր, որ ծաղրեցին կամ քննադատեցին աղջնակը: Մինչ ոմանք բացասաբար ընդունեցին անոր խօսքը, շատ-շատերն ալ իրենց աջակցութիւնը կրկին յայտնեցին բնապահպանութիւնը կեանքի նպատակ դարձուցած Կրեթային:

Կրեթան իր ելոյթին մէջ նշած է, որ ինք պարտաւոր չէ գտնուիլ ՄԱԿ-ի համաժողովին, փոխարէնը պէտք է դպրոցը ըլլայ.

«Դուք, ձեր դատարկ խօսքերով, գողցած էք մեր երազանքներն ու մեր մանկութիւնը: Ինչպէ՞ս կը համարձակիք», յուզմունքը հազիւ զսպելով՝ քանի մը անգամ կրկնած է Թունպերկ, ապա ըսած՝ «Նոր սերունդը ամենայն ուշադրութեամբ կը հետեւի իշխանութիւններու քայլերուն եւ երբեք անոնց չի ներեր, եթէ սխալներու երթան»: Կրեթան խօսած է այն մասին, թէ բնապահպանական աղէտներուն հետեւանքով մարդիկ կը տառապին, կը մահանան, բնութեան համակարգեր կ՚ոչնչանան, կենդանական եւ բուսական շատ տեսակներ անհետացման եզրին են:

Պարմանուհին յայտարարած է, թէ այս բոլորին զուգահեռ, միակ բանը, որուն մասին կը մտածեն աշխարհի ղեկավարները, «փողն է եւ հեքիաթները՝ տնտեսական աճի մասին»: Աւելի վաղ ըսած էր. «Կ՚ըսէք, թէ ձեր զաւակները կը սիրէք ամէն բանէ աւելի, եւ հակառակ ասոր, դուք անոնց ապագան կը խլէք անոնց աչքերուն առջեւ»:

Կրեթան ՄԱԿ-ի ամպիոնէն ելոյթ ունենալու արտօնութիւն ստացած է աշխարհի մէջ շատ մեծ թիւով երիտասարդներու եւ անուանի ընկերութիւններու ունեցած աննախադէպ աջակցութեան եւ սատարումին շնորհիւ: Այդ ընկերութիւնները իրենց ձեռնարկներու եւ արտադրութիւններու մէջ մեծ ուշադրութիւն կը դարձնեն բնապահպանութեան ազդակին:

Կրեթան Նիւ Եորք հասած է Ատլանտեան ովկիանոսի վրայով 15-օրեայ, 4.800 քիլօմեթր ճանապարհորդութենէն ետք։ Բնապահպանը դէմ է օդանաւ նստելու, իր նաւարկութեան աղջնակը սկսած է Մեծն Բրիտանոյ Պլեմութէն՝ զերօ արտանետում ունեցող զբօսանաւով՝ նուազագոյնի հասցնելով իր ճանապարհորդութեան ժամանակ ածխածինի արտանետումը:

ՄԱԿ-ի ամպիոնէն Կրեթան առաջին անգամ չէ, որ ելոյթ կ՚ունենայ, ան անցեալ տարի նոյնպէս հոն ելոյթ ունեցած է, ինչպէս նաեւ հանդիպում՝ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարին հետ: Անցեալ տարուան իր ելոյթին ժամանակ ան հարուստ երկիրներուն կոչ ըրած է ածխաթթու կազերուն արտանետումները կրճատել նուազագոյն 15 տոկոսով, որպէսզի երկրագունդի ջերմաստիճանին միջին բարձրացումը պահպանուի 2 ՛C-ի սահմաններուն մէջ: Կրեթա պահանջած է, որ հարուստ երկիրները 6-12 տարուան ընթացքին հասնին ածխաթթու կազի արտանետման զերոյական մակարդակի… Այս տարուան յունուարին Կրեթան մասնակցած է նաեւ Տաւոսի միջազգային համաժողովին՝ Տաւոս հասած է գնացքով, միակողմանի ճանապարհի վրայ ծախսելով 32 ժամ…

ՄԱԿ-ի անոր վերջին ելոյթը ծաղրած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ թուիթըրեան գրառում մը կատարած է ըսելով. «Ան նման է շատ երջանիկ աղջկայ մը, որ լուսաւոր եւ հիանալի ապագայ կը կանխավայելէ: Ի՜նչ հաճելի է այս մէկը տեսնել»: Կրեթայի ելոյթը քննադատած է նաեւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլ, բայց եւ խոստանալով, որ Գերմանիան աւելի աջակցութիւն կը ցուցաբերէ բնապահպանական հարցերուն: Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն նշած է, որ միջազգային կազմակերպութիւնները խոստացած են 500 միլիոն տոլար լրացուցիչ ներդրում կատարել՝ արեւադարձային անտառները պահպանելու համար:

2018 թուականի օգոստոսին, Շուէտի խորհրդարանի շէնքին մօտ Կրեթայի ունեցած միայնակ բողոք-ցոյցին մասին տեղեկութիւնը կայծակնային արագութեամբ տարածուած է աշխարհի մէջ« Անոր «Ուրբաթօրեայ դասադուլներ» շարժումին միացած են աշխարհի զանազան երկիրներէ միլիոնաւոր երիտասարդներ: Գերմանիոյ դպրոցականները, հակառակ միջնակարգ կրթութեան խիստ օրէնքներուն, նոյնպէս միացած են այս շարժումին: Այստեղ միջնակարգ կրթութիւնը պարտադիր է, եւ դպրոցականներու բացակայութիւններուն համար անոնց ծնողքը կը տուգանուի 150 եւրոյով։

Ամենամեծ ուրբաթօրեայ դասադուլը եղաւ այս տարուան մարտ 15-ին. բոլոր աշխարհամասերու՝ 123 երկիրներու մէջ նախօրօք արդէն նախատեսած էին երկու հազար գործողութիւն, ներառեալ Անթարքթիքայի մէջ:

Կրեթա նաեւ «Ուրբաթներ յանուն մոլորակի» շարժումը հիմնած է, որուն անդամ դարձած դպրոցականներն ու երիտասարդները շաբաթը մէկ անգամ փոխանակ դասի երթալու ցոյցի կը մասնակցին։ «Որովհետեւ մեր ղեկավարները մանուկներու նման կը վարուին, մենք պէտք է առնենք այդ պատասխանատուութիւնը, որ անոնք շատոնց պէտք էր առած ըլլային», ըսած է Կրեթա: Մարտ 15-ի գործողութեան ընդառաջ Տիւսելտորֆ քաղաքէն նկարիչ Ժագ Տիլին շարժման նուիրած է թուղթէ պատրաստուած Կրեթային տիկնիկը: Քանդակը կը պատկերէ մռայլ դէմքով Կրեթան, որ օդին մէջ բռնած է երկու հոգիի՝ կնոջ եւ տղամարդու ականջներէն, հետեւեալ գրութեամբ. «Սերունդէ-սերունդ»: Տիկնիկին վրայ գրուած է. «Վերջապէս բան մը պէտք է ընէք եղանակային աղէտին դէմ»: Կրեթայի կերպարը գործածուած է նաեւ ժամանակակից արուեստի, երաժշտութեան մէջ: Անոր վերջին ելոյթը YouTube-ի օգտատէր Ճոն Մոլուսք վերածած է տպաւորիչ ռոքի: Իսկ նկարիչ Տարիօ Կամփարին Իտալիոյ մէջ քարշակի միջոցաւ ստեղծած է Կրեթայի վիթխարի դիմանկարը՝ դաշտին վրայ: 9-10 ժամ՝ առանց ընդմիջումի, ան հողին վրայ վարած է քարշակը, եւ հողի ակօսներուն միջոցով ստացած դիմանկարը: Նկարիչը պարզաբանած է, որ դիմանկարը կատարած է կլիմային նուիրուած գագաթնաժողովին առթիւ, որ կայացած է ՄԱԿ-էն ներս: Աւելի քան տասը տարի նկարիչ Կամփարին այսպիսի ցուցահանդէսներ կը կազմակերպէ հողին վրայ՝ քարշակով նկարելով հողային նկարներ: Իր ստեղծագործութիւնները ան կը նկատէ բնապահպանական, քանի որ ոչ մէկ իր կը փճացնէ:

Մինչ Կրեթա կը մեղադրէ աշխարհի հզօրները՝ անտարբերութեան, դատարկաբանութեամբ զբաղելու ու իր երազանքը գողնալու համար, ՄԱԿ-ի փորձագէտները կը ստուգեն Կրեթայի հնչեցուցած մեղադրանքները եւ թէ արդեօք հնարաւո՞ր է քննարկել կլիմայի փոփոխութեան դէմ պայքարի ժամանակ իշխանութիւններու անգործութեան մասին բողոքները, որոնք ներկայացուցած է Կրեթա Թունպերկը:

Յառաջիկայ դեկտեմբերին Կրեթան կը պատրաստուի մեկնիլ Չիլի՝ մասնակցելու COP25 կլիմայի համաժողովին: Այս անգամ նոյնպէս համաժողովի մասնակիցներուն ուշադրութեան կեդրոնը պիտի ըլլայ լուծումներ գտնել կլիմայական փոփոխութիւններուն համար, նուազեցնել ջերմանոցի ազդեցութիւն ունեցող կազերու արտադրութիւնը եւ կենսոլորտային այլ հարցեր:

Իսկ մինչ այդ, Կրեթա առաջադրուած է Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակի. զայն աշխարհի ամենահեղինակաւոր մրցանակին առաջադրած են Շուէտի եւ Նորվեկիոյ խումբ մը քաղաքական գործիչներ։ «Անշուշտ, շատ պատուաբեր ու հաճելի է ըլլալ նման հրաշալի մրցանակի անուանակարգին մէջ: Ասիկա աներեւակայելի եւ քիչ մըն ալ տարօրինակ զգացում է», ըսած է Կրեթան, որ ամբողջ սերունդի մը անունով անլռելի ճիչ մը արձակած է: Արուեստի աշխարհը նոյնպէս անդրադարձած է ասոր՝ մէջտեղ բերելով նորվեկացի աշխարհահռչակ նկարիչ Էտուըրտ Մունքի «Ճիչը» («Տը Սքրիմ») գեղանկարը: 1893 թուականին նկարուած այդ նկարը շատեր այժմէական կը տեսնեն եւ կը համեմատեն մարդու ճիչին, որ ան կը զգայ կենսոլորտին ապականումը գիտակցելէ ետք: Արուեստագէտներ կը միաւորուին՝ արուեստի միջոցաւ կրկին աշխարհին ահազանգ հնչեցնելու, թէ ինչպէ՛ս բնութիւնը կը փճանայ մարդուն ներգործութեամբ եւ կը վտանգուի մոլորակը: Միջավայրի պաշտպանութեան ճակատամարտին մէջ այսօր շատ կարեւոր կը նկատուի ոչ միայն արուեստագէտներուն, այլ՝ բոլորին պայքարը, բայց արուեստը աւելի ազդեցիկ է, ուստի շատ ակնկալիքներ կան մանաւանդ արուեստագէտներէն՝ երաժիշտներէն, նկարիչներէն, գրողներէն... Անոնցմէ կը պահանջուի արուեստի մնայուն գործեր ստեղծել՝ ընդդէմ պատերազմներու, ահաբեկչութեան, համընդհանուր տաքացումի, կերպընկալէ իրերու արտադրութեան եւ բոլոր այն աղէտներուն դէմ, որոնց զոհ կ՚երթայ մարդկութիւնը:

Բնապահպանութիւնը դարձած է 21-րդ դարու հրամայականը: Ոչ մէկ մեծ կազմակերպութիւն այլեւս ձեռնարկ մը կը կատարէ՝ առանց բնապահպանական վտանգները նկատի առնելու, իսկ եթէ վնաս մը հասնի, ապա ծառեր եւ անտառներ հիմնելու պայմանագրեր կը կնքէ: Մեծ ու կարեւոր համաժողովները, միջոցառումները, նորաձեւութեան ցուցադրութիւնները եւ նման ձեռնարկներ իրենց նոթերու տետրերն ու գրիչները կը պատրաստեն վերամշակուած թուղթով, ուշադրութիւն կը դարձուի ձեռնարկին ընթացքին ածխածինի արտանետումներու քանակին, նախօրօք կը հաշուարկուին վնասներն ու օգուտները…

Մինչ այս պահին մենք Հայաստանի մէջ կը վայելենք ոսկէ աշունը եւ շուտով նաեւ ձմրան հաճելի օրերը վրայ կը հասնին, կարգ մը երկիրներու մէջ եղանակը թշնամի դարձած է մարդուն: Ամէն օր բնակլիմայական աղէտներ տեղի կ՚ունենան, եղանակը պարզապէս անկանխատեսելի եւ անկառավարելի դարձած է… Համընդհանուր տաքացումը, անշուշտ, միայն ջերմաստիճանի բարձրացում չ՚ենթադրեր, եթէ որոշ վայրերու մէջ երաշտ եւ չորութիւն կայ, ապա շատ երկիրներ ալ իրենց ոչ բնորոշ պաղն ու սառնամանիքը կը դիմագրաւեն:

Համընդհանուր տաքացումի մէջ մարդածին գործօնը շատ մեծ է, ուստի Կրեթային եւ անոր հասակակիցներուն ձայնը պէտք է լսելի ըլլայ բոլորին:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2019