ԱՆԶՈՒԳԱԿԱՆ ԳՈՀԱՐ-Ը
ԳՈՀԱՐ-ի աւանդավէպը սկսաւ հիւսուիլ թուականէս շուրջ քսան տարիներ առաջ, երբ 1996 թուականին Տիկին Գոհար Խաչատուրեան այցելեց Հայաստանի հիւսիսային շրջանները, որոնք 1988 թուականի աւերիչ երկրաշարժին պատճառով ենթարկուած էին քանդումի: Տեսնելով շրջանի ժողովուրդին ահաւոր թշուառ վիճակը, ազնուասիրտ հայուհին որոշեց աշխատանքի նոր առիթներ և եկամուտի աղբիւրներ ստեղծել անոնց համար: Այդպէսով անօթեւան մնացածները դուրս պիտի գային իրենց թշուառութենէն, պիտի ունենային բնակարաններ, ապահովութիւն եւ յոյս, գեղատեսիլ շրջապատ ու միջավայր՝ երկրաշարժէն կործանած շրջանին կեդրոնը հանդիսացող Կիւմրի քաղաքին մէջ:
Ի գոհացում իրենց սիրեցեալ մօր փափաքին ու ի յարգանս անոր եւ ի յիշատակ իրենց հօր՝ Արամին, Խաչատուրեան եղբայրները՝ Յարութ, Շահէ եւ Նար, հիմը դրին ԳՈՀԱՐ երաժշտական մեծ հաստատութեան, որ տարիներու ընթացքին աճեցաւ հասնելու իր այսօրուան մակարդակին, որ անվարան կարելի է կոչել միջազգային:
Այն օրէն ի վեր մինչեւ այսօր, ԳՈՀԱՐ-ի միջազգային ելոյթները ամբողջովին կը հոգացուին ու կը ֆինանսաւորուին Խաչատուրեան ընտանիքին իշխանական ներդրումներով, ի մասնաւորի Յարութ Խաչատուրեանի, որ ոչ թէ անոր ելոյթներուն առջեւի աթոռները գրաւող անձնաւորութիւնն է, այլ այն անզուգական մեկենասն է, որ իր ամբողջ եռանդն ու կորովը տրամադրած է՝ ԳՈՀԱՐ-ի տարուէ տարի ինքզինք գերազանցող յաջողութիւններուն սատարող մէն մի մանրամասնութեան վերահսկելու։
Անզուգական ԳՈՀԱՐ-ը 29 Հոկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան «Ֆորում Տը Պէյրութ»ի մէջ մեկնարկեց իր չորսօրեայ համերգներու ծրագիրը: ԳՈՀԱՐ համոյթի 183 արուեստագէտներէ կազմուած արուեստի հսկայական բանակը իր երգչախումբով, պարախումբով, նուագախումբով, մեներգողներով, տնօրէնով եւ խմբավարով, լիբանանահայ երաժշտասէր հանրութեան սկսան մատուցել իւրաքանչիւր հայորդիի մեծ հպարտութիւն պարգեւող՝ հայ երաժշտական արուեստի անկրկնելի 100 գոհարներ, նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին: Երեք տարի բեմական գործունէութեան ընդմիջումէ ետք, ԳՈՀԱՐ-ը ինչպէս երէկ՝ յառաջիկայ օրերուն եւս իր բծախնդրօրէն պատրաստուած ու կազմակերպուած ծրագիրով՝ պիտի բաբախէ Լիբանանի երկնակամարին տակ:
Իր համերգներու ընթացքին ԳՈՀԱՐ համոյթը պիտի հնչեցնէ բոլոր ժամանակներու հայկական սիրուած խորհրդանշական հարիւր ստեղծագործութիւններ՝ իւրաքանչիւր օրը յատուկ ծրագիրով:
Իր առաջին ելոյթին ԳՈՀԱՐ-ի մեկնաբանութեամբ եւ գործիքաւորմամբ՝ հնչեցին հայկական սիրուած հին ու նոր ազգային, հայրենասիրական, ժողովրդային եւ ռազմաշունչ 34 երգեր, առաջին անգամ ըլլալով խմբավարութեամբ մաէսթրօ Նաթալի Գալստեանի, որ իր ցպիկով բեմին վրայ էր՝ արժանաւորապէս շարունակելու մեծ մաէսթրօ Սեպուհ Աբգարեանի աւանդը:
«Մէկ տարի առաջ եղած եմ Լիբանան եւ իրօք ապշած ու հիացած էի, թէ ինչքան հայրենասիրութիւնը շատ է լիբանանահայերուն մօտ», ըսաւ մաէսթրոն: «Մեծ ցանկութիւն ունէի, որ այս համերգը տեղի ունենայ Լիբանանի մէջ եւ այդ մէկը մեծ երազ մըն էր: Անկեղծօրէն ինքզինքս պիտի արտայայտեմ միայն մեր արուեստով, որովհետեւ աւելի չեմ կրնար բան մը ըսել, քանի որ այնքան հզօր է այն երաժշտութիւնը, զոր մենք կը կատարենք, այնքան համախմբող է, որ անկէ աւելին կարելի չէ խօսքով փոխանցել», աւելցուց ան:
Իր կարգին ԳՈՀԱՐ համոյթի գործադիր տնօրէն Սեւակ Սերոբեան վստահեցուց, որ ինչպէս միշտ այս անգամ եւս ԳՈՀԱՐ-ի համերգները պիտի ըլլան աննախադէպ:
«Այս անգամ եւս ԳՈՀԱՐ-ը պիտի հնչեցնէ լիբանանահայութեան, բոլոր ժամանակներու սիրուած հայկական երգերը: Ինչպէս միշտ այս անգամ եւս ընդհանուր աշխատցուած ձեւը, ընդգրկուած այս մեծածաւալ գործունէութիւնը մեծ պատասխանատուութիւն էր մեզի համար: Եղեռնը մեր բոլորին համար իւրայատուկ տեղ ունի մեր սիրտերուն եւ մեր միտքերուն մէջ: Մեր նախահայրերը իրենց ծանր, դաժան օրերը անցընելով կրցան ապրիլ, գոյատեւել, հայ մնալ. իրենք մեզի կրցան աւազի վրայ Այբ-բեն-գիմ սորվեցնել եւ այսօր մենք եկած ենք հարիւր տարիներ ետք՝ մեր ճիտին պարտքը անոնց տալու: ԳՈՀԱՐ-ի անձնակազմը եւ տնօրէնութիւնը ասկէ նուազը չէր կրնար ընել, ատոր համար այս տարուան համերգները իւրայատուկ են, իւրայատուկ պիտի ըլլան եւ անկրկնելի իմ կարծիքովս, որովհետեւ ոչ մէկ ճիգ խնայեցինք, որպէսզի մեր այդ կուտակուած 100 տարիներու զգացումները դրսեւորենք ԳՈՀԱՐ-ի համերգներով», ըսաւ Սեւակ Սերոբեան:
Արդարեւ միայն Կիլիկիոյ թագաւորութեան վայել այս հրաշք համերգը, որուն ոչ միայն համերգային ծրագիրը յատուկ եւ շատ մանրամասն ընտրուած է, այլ նաեւ թեքնիկ առումով ան եզակի է ու գերյագեցած, իր օգտագործած արհեստագիտական միջոցներով՝ ձայնի, լոյսի ու նկարի անզուգական եւ ներդաշնակ հնարաւորութիւններով ու կատարումներով:
ԳՈՀԱՐ շատ բան ունի սորվեցնելիք նոյնիսկ համերգներու դաշտին մէջ ամենաարհեստավարժ ու փորձառու հաստատութիւններուն՝ մեծ հպարտութիւն պատճառելով իւրաքանչիւր հայու, որոնց միտքերն ու հոգին տակաւին շատ երկար տպաւորուած պիտի մնան ԳՈՀԱՐ-ով:
ԳՈՀԱՐ-ի նպատակը ազնիւ, պարզ ու յստակ է: Ըստ անոր պատասխանատուներուն՝ անոր նպատակը. «Հայկական Սփիւռքին ազգային հպարտութիւն, գեղարուեստական հաճոյք պատճառել ու անոր հայկական ոգին տոգորելն է։ ԳՈՀԱՐ-ի ճամբան Ա.Բ.Գ.-ն է։ ԳՈՀԱՐ-ի սատարը հայ ուսուցիչին է։ ԳՈՀԱՐ-ի ծածանած դրօշակը Կիլիկիոյ թագաւորութեան դրօշակն է»։
Կեցցէ ԳՈՀԱՐ-ը ու կեցցեն անոր պահապանները:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ