ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ

ԳՈ­ՀԱՐ սիմ­ֆո­նիք նուա­գա­խումբ-երգ­չա­խում­բի Պէյ­րու­թի մէջ ու­նե­ցած վեր­ջին հա­մեր­գա­շա­րին ար­ձա­գանգ­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Այս մթնո­լոր­տին մէջ, ե­րէկ, ԳՈ­ՀԱՐ-ի շուրջ եր­կու­հա­րիւր ան­դամ-ան­դա­մու­հի­նե­րը այ­ցե­լե­ցին Ան­թի­լիաս, ուր հիւ­րըն­կա­լուե­ցան Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սին կող­մէ։ Խում­բը գլխա­ւո­րեց ԳՈ­ՀԱՐ-ի հիմ­նա­դիր Գո­հար Խա­չա­տու­րեան, ո­րու կող­քին էին իր ե­րեք զա­ւակ­նե­րը՝ Յա­րութ, Շա­հէ եւ Նար Խա­չա­տու­րեան­նե­րը։ Հան­դիպ­ման ներ­կայ գտնուե­ցան նաեւ Լի­բա­նա­նի Խորհր­դա­րա­նի հայ ե­րես­փո­խան­նե­րը։

Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս ող­ջու­նեց ԳՈ­ՀԱՐ նուա­գա­խումբ-երգ­չա­խում­բին ներ­կա­յու­թիւ­նը Ան­թի­լիա­սէ ներս ու բարձր գնա­հա­տեց հայ ե­րաժշ­տու­թեան գո­հար­նե­րը մեր ժո­ղո­վուր­դին տա­նե­լու իր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը կա­տա­րեց ԳՈ­ՀԱՐ երգ­չա­խում­բի ե­լոյթ­նե­րուն ընդ­հա­նուր ար­ժե­ւո­րու­մը, անդ­րա­դար­ձաւ ա­նոր ե­րաժշ­տա­կան բարձր ո­րա­կին ու կանգ ա­ռաւ նաեւ իր գնա­հա­տե­լու ճի­գին վրայ՝ դա­սա­կանն ու ար­դիա­կա­նը, ան­ցեալն ու ներ­կան ներ­դաշ­նա­կօ­րէն ըն­դե­լու­զե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս յա­տուկ գնա­հա­տան­քի ա­ռար­կայ դար­ձուց Խա­չա­տու­րեան ըն­տա­նի­քը, որ ոչ միայն հիմ­նա­դի­րը ե­ղած է ԳՈ­ՀԱՐ նուա­գա­խումբ-երգ­չա­խում­բին, այլ նաեւ կը նպաս­տէ ա­նոր ա­ռա­քե­լու­թեան ա­ռա­ւել ծա­ւալ­ման ու ծաղկ­ման։ Որ­պէս իր սի­րոյ ու գնա­հա­տա­նի­քին շօ­շա­փե­լի ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը՝ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան «Ս. Մես­րոպ Մաշ­տոց» շքան­շա­նով պար­գե­ւատ­րեց Գո­հար Խա­չա­տու­րեա­նը, եւ այս պար­գե­ւատր­ման մի­ջո­ցաւ ար­տա­յայ­տեց նաեւ իր գնա­հա­տան­քը Խա­չա­տու­րեան ըն­տա­նի­քին եւ ԳՈ­ՀԱՐ նուա­գա­խումբ-երգ­չա­խում­բին նկատ­մամբ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 3, 2015