ԵԶԱԿԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ

Վեր­ջերս հայ գիտ­նա­կա­նի, ըն­թեր­ցո­ղի եւ ու­սում­նա­սի­րո­ղի սե­ղա­նին դրուե­ցաւ շատ հե­տաքրք­րա­կան գիրք մը՝ «Ա­րեւմ­տա­հայ մա­մուլն իր պատ­մու­թեան ա­ւար­տին (1900-1922)» խո­րագ­րով, ո­րուն հե­ղի­նա­կը հայ­րե­նի պատ­մա­բան, հա­յա­գէտ, Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միո­յ թղթա­կից-ան­դամ, գիտ­նա­կան, պատ­մա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու տոքթոր, Փրո­ֆ. Ալ­պերթ Խա­ռա­տեանն է: Այս գիր­քով 20-րդ դա­րու ա­ռա­ջին տաս­նա­մեա­կի մա­մու­լը իր պատ­մու­թեան մէջ գի­տա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձած է ա­ռա­ջին ան­գամ: Ալ­պերթ Խա­ռա­տեան նաեւ խմբա­գիրն է Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­մոյ «Լրա­բեր հա­սա­րա­կա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու» ամ­սագ­րին, զոր կը խմբագ­րէ ա­ւե­լի քան քսա­նեօթ տա­րիէ ի վեր:

Ալ­պերթ Ար­մե­նա­կի Խա­ռա­տեա­ն ծ­նած է 1939 թուա­կա­նի Օ­գոս­տո­սի 24-ին, Ե­րե­ւա­նի մէջ: Դպրո­ցը ա­ւար­տե­լէ յե­տոյ, 1959 թուա­կա­նին ըն­դու­նուած է Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի Բա­նա­սի­րա­կան ֆա­քիւլ­թէն, զոր ա­ւար­տած է 1964 թուա­կա­նին եւ մին­չեւ 1966 թուա­կա­նը աշ­խա­տած է Ա­պա­րա­նի շրջա­նի Ծաղ­կա­հո­վիտ, այ­նու­հե­տեւ Էջ­միած­նի շրջա­նի Լե­նու­ղի գիւ­ղե­րուն մէջ՝ որ­պէս միջ­նա­կարգ դպրո­ցի ու­սու­ցիչ:

Ալ­պերթ Խա­ռա­տեան պաշ­տօ­նա­վա­րած է Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ հա­մա­կար­գին մէջ ա­ւե­լի քան քա­ռա­սուն­մէկ տա­րի, ո­րուն քսա­նինն տա­րին՝ Պատ­մու­թեան կա­ճա­ռէն ներս: Այս­պէս, 1967-1972 թուա­կան­նե­րու մի­ջեւ աշ­խա­տած է «Հայ­կա­կան Սո­վե­տա­կան Հան­րա­գի­տա­րա­ն­»ի յա­տուկ գի­տա­կան խմբագ­րու­թեան մէջ, նախ, իբ­րեւ սրբագ­րիչ, ա­պա խմբա­գիր, 1973-1985 թուա­կան­նե­րու մի­ջեւ՝ Սո­վե­տա­կան Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ հա­սա­րա­կա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու գի­տա­կան տե­ղե­կա­տուա­կան կեդ­րո­նին մէջ որ­պէս ա­ւագ գի­տաշ­խա­տող, գի­տա­կան խում­բի ղե­կա­վար: 1985 թուա­կա­նի Ապ­րի­լէն սկսեալ աշ­խա­տան­քի ան­ցած է Պատ­մու­թեան կա­ճա­ռին մէջ՝  որ­պէս ա­ւագ գի­տաշ­խա­տող, իսկ 1992 թուա­կա­նէն սկսեալ ե­ղած է Հայ պար­բե­րա­կան մա­մու­լի եւ հա­սա­րա­կա­կան-քա­ղա­քա­կան մտքի պատ­մու­թեան բաժ­նի վա­րիչ:

1972 թուա­կա­նին Խա­ռա­տեա­ն պաշտ­պա­նած է թեկ­նա­ծուա­կան ա­տե­նա­խօ­սու­թիւն՝ «Զմիւռ­նիո­յ հայ պար­բե­րա­կան մա­մու­լը 19-րդ դա­րու 40-60-ա­կան թթ­.» թե­մա­յով, 1986 թուա­կա­նին տոք­թո­րա­կան ա­տե­նա­խօ­սու­թիւն՝ «Հա­սա­րա­կա­կան միտ­քը Զմիւռ­նիո­յ հայ պար­բե­րա­կան մա­մու­լին մէջ (1840-1900)» թե­մա­յով եւ ստա­ցած է պատ­մա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու տոք­թո­րի աս­տի­ճան: 2009 թուա­կա­նին ստա­ցած է փրո­ֆէ­սէօ­րի աս­տի­ճան:

Խա­ռա­տեա­ն 1988 թուա­կա­նի Յուն­ուա­րէն սկսեալ ստանձ­նած է նաեւ Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միո­յ ա­ւա­գա­գոյն, ար­տերկ­րի մէջ եւս մեծ հե­ղի­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող պար­բե­րա­կա­նի՝ «Լրա­բեր հա­սա­րա­կա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու» ամ­սագրի գլխա­ւոր խմբագ­րի պար­տա­կա­նու­թիւ­նը: Վերջ­ին տա­րի­նե­րուն ե­ւս Խա­ռա­տեա­նի ջ­­ան­քե­րով «Լրա­բեր»ը լուրջ ներդ­րում ու­նի ար­տեր­կրի հ­­այ եւ օտ­ա­րազ­գի հեղ­ին­ակ­նե­րը Հա­յաս­տա­նի գի­տակ­ան հա­նրու­թեան ծա­նօ­թաց­նել­ու գ­­որ­ծին մէջ՝ ռու­սե­րէն ու եւ­րո­պա­կան լեզ­ու­նե­րով տպա­գրե­լով ա­նոնց յօ­դուած­նե­րը: Խա­ռա­տեան «Գի­տու­թեան աշ­խար­հին մէջ» գի­տահ­ան­րա­մատ­չե­լի հան­դէ­սի հիմ­նադ­րմ­­ան օ­րէն՝ 200­5 թուա­կա­նէն, ցայ­սօր կը գլխա­ւո­րէ ա­նոր հա­սա­րա­կա­գիտ­ակ­ան բա­ժի­նը:

Անուա­նի պատ­մաբ­ան­ը հայ պար­բե­րա­կան մ­­ա­մու­լի եւ հա­սա­րա­կա­կան մտ­­քի, հայ գաղ­թօ­ճախն­եր­ու պատ­մու­թեան մեծ մա­սնա­գէտ է՝ գի­տա­հե­տազ­օ­տա­կան աշ­խա­տանք­ներ­ու լայ­ն շր­ջագ­ծով: Ան իր լու­ման ու­նի հայ պա­տմագ­րու­թեան մ­­էջ՝ գիտ­ա­կան ա­ռաջն­ա­կար­գ արժ­էք ու­նե­ցող եւ մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չում վա­յե­լող ու­սում­նա­սիր­ու­թիւն­նե­րով: Խա­ռա­տեա­նի ա­շխ­­ա­տու­թիւն­նե­րը կը վեր­ա­բե­րին տե­սա­կան կար­ե­ւո­րու­թիւ­ն ուն­ե­ցող այնպ­ի­սի հիմ­նահ­ար­ցե­րու, ինչ­պէս՝ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րու լու­սա­ւո­րա­կան շ­­արժ­ու­մը 19-րդ դ­արուն, ա­նոնց Ազ­գա­յին սահ­մա­նադ­րու­թիւն­ը, հա­սա­րա­կա­կան­-քա­ղա­քա­կան հոս­անք­նե­րը հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, ա­րեւմ­տա­հայ մա­մու­լի մտա­ւոր ու մշա­կու­թա­յին արժ­է­քը 1840-1922 թուա­կան­նե­րուն, Պոլ­սոյ եւ Զմիւռ­նիոյ հա­մա­զգա­յին նշա­նա­կու­թիւ­նը: Այս ո­լորտ­նե­րուն վեր­ա­բե­րող եօթ գ­ր­քի, այդ կար­գին՝ չորս մ­­ե­նագ­րու­թեան հե­ղի­նակ է:

Խա­ռատ­եան լ­­այ­ն ճան­ա­չում ուն­ի ո՛չ միայն Հա­յաս­տա­նի­, այ­լեւ ար­տա­սահմ­ա­նի հա­յա­գի­տա­կան շ­րջ­անակնե­րէն ներս։ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու, Ի­տա­լիոյ, Թ­­ուր­քիոյ, Ե­գիպ­տո­սի, Լ­­ի­բա­նա­նի, Ուք­րայ­նոյ մէջ տ­­պագ­րուած ե­ն ա­նոր աշ­խա­տու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ գրա­խօ­սա­կան­նե­րը՝ ա­նոնց վե­րա­բե­րեալ­:

Ա­նու­րա­նա­լի է Խա­ռատեա­նի ն­­եր­դրում­ը ա­րեւմ­տա­հայ հա­սա­րա­կա­կան մ­տ­քի եւ մա­մու­լի ու­սում­նա­սի­րու­թեա­ն բ­նա­գա­ւա­ռին մէջ:

Խա­ռա­տեան մ­­անկ­ա­վար­ժա­կ­­ան­-դա­սա­խօ­սա­կան ա­­շխ­­ա­տա­նքի ա­­ւե­­լի քան 40-­­ա­մեայ կեն­սագ­րու­թիւն ու­նի: 1­97­2 թուա­կա­նէն ի վե­ր ան կը դա­սա­խօ­սէ Հա­յաս­տա­նի հա­մալ­սա­րա­ննե­րուն մէջ: 1986-1999 թուա­կան­նե­րուն դաս­­ա­ւան­դած է Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հ­­ա­մալ­սար­­ան­­ի Լր­­ագր­­ու­թեա­­ն ֆա­քիւլ­թէին մէջ, 2002 թուա­կա­նէն սկսեալ՝ նաեւ Ար­ե­ւե­լա­գի­տու­թեան ֆա­քիւլ­թէի Թ­րք­ագ­ի­տու­թեա­ն բ­աժ­նէն ներս: Երկ­­ար տար­ին­եր դ­­ա­սախ­օ­սած է Ե­րե­ւա­նի «Գա­լիք­» համ­ալ­սար­ա­նի եր­դի­քին տակ, ինչ­պէս նաեւ կ­­ատ­ա­րած է վար­չա­կան ա­շխատ­ա­նք։ Վեր­ջին տա­րի­ներ­ուն Գի­տու­թեան ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ Մի­ջա­զ­գ­ա­յին գի­տակր­թա­կան կ­­եդ­րո­նի լր­­ագր­ու­­թեան ա­մպի­ոն­­ի վա­րիչն է­, Խա­չա­տուր Ա­բո­վեա­նի ա­նուա­­ն հայ­կակ­ան պե­տա­կա­ն մա­նկա­վա­ր­­ժա­կա­ն հ­ա­մալ­ս­­ա­րա­նին մէջ ալ ստանձ­նած է «Հայ գաղ­թօ­ճախ­ներ» ու «Հայ մա­մու­լի ե­ւ հա­սար­ակ­ակ­ան մտ­­քի պատ­մու­­թեա­ն» դա­սը­նթաց­քնե­րը­:

Գիր­քի լոյս ըն­ծայ­ման առ­թիւ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ Ա­կա­դե­միոյ իր աշ­խա­տա­սե­նեա­կին մէջ հան­դի­պե­ցաւ ա­նուա­նի գիտ­նա­կա­նին եւ հա­րցազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ ա­նոր հետ:

-Պա­րոն Խա­ռա­տեան, ո­րո՞նք էին նման աշ­խա­տու­թիւն լոյս ըն­ծա­յե­լու շար­ժա­ռիթ­նե­րը:

-Տա­րի­ներ շա­րու­նակ ես զբա­ղած եմ հայ մա­մու­լի եւ գաղ­թօ­ճախ­նե­րու պատ­մու­թեամբ: Ա­ռան­ձին աշ­խա­տու­թիւն­ներ պատ­րաս­տած եմ՝ նուի­րուած ա­րեւմ­տա­հայ հա­սա­րա­կա­կան մտքի եւ հրա­պա­րա­կա­խօ­սու­թեան պատ­մու­թեա­ն, Օս­մա­նեան գրաքն­նու­թեա­ն եւ ա­րեւմ­տա­հայ մա­մու­լին, Զմիւռ­նիոյ գաղ­թօ­ճա­խին, Պոլ­սոյ հայ գաղ­թօ­ճա­խին՝ զա­նա­զան ժա­մա­նա­կաշր­ջան­նե­րու ա­տեն: Ուս­տի իմ այս աշ­խա­տու­թիւ­նը եր­կար տա­րի­նե­րու ու­րիշ այլ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու ար­դիւն­քին ամ­բող­ջա­ցած աշ­խա­տան­քի ար­գա­սիքն է:

Աշ­խա­տու­թեանս մէջ վե­րար­տադ­րուած են Պոլ­սոյ եւ Զմիւռ­նիոյ մէջ հրա­տա­րա­կուած հայ­կա­կան ոչ-կու­սակ­ցա­կան մա­մու­լի ազ­գա­յին ու հա­սա­րա­կա­կան բո­վան­դա­կու­թեան հիմ­նա­կան կող­մե­րը:

20-րդ դա­րու ա­ռա­ջին քա­ռոր­դի հայ մա­մու­լի պատ­մու­թիւ­նը, ըստ էու­թեան, հա­յոց պատ­մու­թեան անդ­րա­դարձն է հայ պար­բե­րա­կան մա­մու­լի է­ջե­րուն եւ սերտ ա­ղերս­ներ ու­նի ա­նոր ըն­թաց­քին հետ: Իմ դի­տար­կում­նե­րը ե­ղած են մին­չեւ Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թեան հռչա­կու­մը, երբ ար­դէն կա­րե­լի է ը­սել, դադ­րած է ա­րեւմտա­հայ մա­մու­լի պատ­մու­թիւ­նը:

-Ինչ­պէ՞ս կը բնո­րո­շէք ա­րեւմ­տա­հայ մա­մու­լի պատ­մու­թիւ­նը՝ այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին:

-Փա­ռա­ւոր ըն­թացք ու­նե­ցած է հայ մա­մու­լը: Ես կ՚ը­սէի՝ թէ՛ ա­րեւմ­տա­հայ եւ թէ ա­րե­ւե­լա­հայ մա­մու­լը՝ հա­ւա­սա­րա­պէս: Ես մէ­կը միւ­սէն չեմ զա­տեր, ինչ­պէս կ՚ը­սեն՝ մեր ազ­գի զոյգ ծա­ղիկ­ներն են ա­նոնք: Այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի ա­րեւմ­տա­հայ մա­մու­լի է­ջե­րուն մէջ հան­դէս ե­կած են ժա­մա­նա­կի մտա­ւո­րա­կան­նե­րը, ո­րոնց ա­նուն­նե­րը հե­տա­գա­յին դար­ձած են հայ գրա­կա­նու­թեան, հրա­պա­րա­կա­խօ­սու­թեան ե­րե­ւե­լի ու փա­ռա­ւոր ա­նուն­նե­րը: Մաս­նա­ւո­րա­պէս, ա­րեւմ­տա­հայ մա­մու­լին անդ­րա­դա­ռնա­լով, կրնանք նշել ցան­կը այն մտա­ւո­րա­կան­նե­րու, ո­րոնք ի­րենց խո­հե­րը, մտո­րում­նե­րը, հրա­պա­րա­կա­խօ­սա­կան միտ­քե­րը, գրա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը տպագ­րած են ժա­մա­նա­կի մա­մու­լի է­ջե­րուն մէջ: Ա­նոնց­մէ են Մի­սաք Մե­ծա­րենց, Ռու­բէն Զար­դա­րեան, Ար­տա­ւազդ Յա­րու­թիւ­նեան, Թլկա­տին­ցի, Չո­քու­րեան, Չիֆ­թէ-Սա­րաֆ, Դա­նիէլ Վա­րու­ժան, Ռու­բէն Սե­ւակ, Մի­սաք Գօ­չու­նեան, Մա­մու­րեան, Շամ­տա­ժա­նեան եւ ու­րիշ շատ մը այլ ա­նուն­ներ:

Այս մար­դոց յօ­դուած­նե­րը՝ պար­բե­րա­կան մա­մու­լի է­ջե­րուն մէջ, ար­ժա­նի են ա­ռան­ձին հա­տոր­նե­րով լոյս ըն­ծա­յուե­լու: Այդ­պի­սի գոր­ծի մը այ­սօր բա­րե­ջա­նու­թեամբ լծուած է Պոլ­սոյ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թը, ին­չ որ ող­ջու­նե­լի աշ­խա­տանք է:

-Անդ­րա­դար­ձած ու կա­տա­րած էք նաեւ պատ­մու­թեան հայ գաղ­թօ­ճախ­նե­րու, ո­րոնք հիմ­նա­կա­նը կոր­ծա­նած են տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին: Իսկ այ­սօր ինչ­պէ՞ս կը տես­նէք հայ գա­ղթօ­ճախ­նե­րու ա­պա­գան:

-Լա­ւա­տե­սա­կան չեմ կրնար խօ­սիլ այ­սօր աշ­խար­հով մէկ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող հայ գաղ­թօ­ճախ­նե­րու մա­սին: Բո­լոր գաղ­թօ­ճախ­նե­րը այ­սօր կանգ­նած են զա­նա­զան վտանգ­նե­րու առ­ջեւ, ա­մե­նէն մեծ վտան­գը, ան­շուշտ, ձուլ­ման վտանգն է: Կան նաեւ ան­կախ հան­գա­մանք­ներ, ո­րոնք ի­րենց ազ­դե­ցու­թիւ­նը կը ձգեն հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րու վրայ, ինչ­պէս օ­րի­նակ՝ Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մը, ո­րու պատ­ճա­ռով հնա­մե­նի հայ­կա­կան գաղ­թօ­ճա­խը ան­նա­խա­դէպ ցնցում ապ­րե­ցաւ:

Հայ ինք­նու­թեան պահ­պա­նու­թեան միակ վայ­րը, ան­շուշտ, Մայր Հայ­րե­նիքն է, ո­ր այն­քան ու­ժեղ պի­տի ըլ­լայ, որ հա­յու­թիւ­նը փա­փա­քի գալ ու հաս­տա­տուիլ Հա­յաս­տա­նի մէջ: Բայց այ­սօր մենք ու­նինք թոյլ ժո­ղո­վուրդ մը, որ կը մտա­ծէ միայն ա­մե­նօ­րեայ հա­ցը վաս­տ­­կե­լու հա­մար, ու­նինք թոյլ իշ­խա­նու­թիւն, կա­ռա­վա­րու­թիւն, ո­րոնք ի­րենց գոր­ծե­լաո­ճով ոչ մէկ գրա­ւա­կան կրնան դառ­նալ դուր­սը ապ­րող հա­յե­րուն հա­մար:

Կան հա­տու­կենտ հայ­րե­նա­սէր մար­դիկ, ո­րոն­ք վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ե­կած են Հա­յաս­տան, բայց այդ մէ­կը եր­բեք ներ­գաղթ կա­րե­լի չէ նկա­տել, ա­նոնք ե­ղած են ան­հատ­ներ:

-Իսկ այդ մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը հայ գիտ­նա­կա­նին, մաս­նա­ւո­րա­պէս Ձեզ, ի՞նչ չա­փով կը խան­գա­րեն տրա­մադ­րուիլ եւ աշ­խա­տիլ: Չէ՞ որ դիւ­րին չէ աշ­խա­տիլ, երբ երկ­րի մէջ ի­րա­վի­ճա­կը այն­քան ալ յու­սադ­րող չէ:

-Ես իմ գործս կ՚ը­նեմ, պար­զա­պէս չես կրնար չ­­ը­նել, այն, ինչ որ տա­րի­նե­րով քու ու­ղե­կիցդ է, ո­րու հա­մար ա­ռա­քե­լու­թիւն ու­նիս: Ցա­ւօք սիր­տի, մեր՝ գիտ­նա­կան­նե­րուս գոր­ծը չի հա­մընկ­նիր իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու գոր­ծե­րուն: Ցա­ւա­լի վի­ճակ է նաեւ կրթա­կան աս­պա­րէ­զէն ներս: Այ­սօր դա­սա­խօ­սը կը մտնէ լսա­րան եւ ու­սա­նո­ղին հետ ան­մի­ջա­կան շփու­մի փո­խա­րէն ե-նա­մա­կով ա­նոր կ՚ու­ղար­կէ այն, ինչ որ պի­տի սեր­տէ ու­սա­նո­ղը: Այդ ալ կա­րե­ւոր է, բայց ա­ռաջ­նա­յի­նը ու­սա­նո­ղին հետ աշ­խոյժ եւ ան­մի­ջա­կան շփումն է, ինչ որ չկայ այ­սօր: Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ ա­մէն հինգ ու­սա­նո­ղին մէկ դա­սա­խօս բա­ժին կ՚ի­նայ: Ու­սա­նո­ղը այդ դա­սա­խօ­սին հետ ճամ­բայ մը կ՚անց­նի, իսկ մեզ մօտ, այդ մէ­կը ար­դէն չկայ: Մենք ան­ցած ենք պո­լո­նեան կրթա­կան հա­մա­կար­գին, որ եւ­րո­պա­կան հա­մա­կարգ է, բայց միւս կող­մէ ալ մտած ենք Եւ­րոա­սիա­կան տնտե­սա­կան միու­թեան մէջ: Վա­ղը Ռու­սաս­տա­նը պի­տի չըն­դու­նի քու եւ­րո­պա­կան հա­մա­կարգդ: Ին­չո՞ւ այդ­քան դրամ ծախ­սել, թուղ­թեր մրո­տել, ո­րոնք հե­տա­գա­յին պի­տի չ­­ըն­դու­նուին: Ա­սոնք մտա­հո­գու­թիւն­ներ են, ո­րոնք կ՚ու­ղեկ­ցին ին­ծի, ես ալ մարդ եմ, իմ տրա­մադ­րու­թիւնս ալ կը փո­խուի, բայց միւս կող­մէ ալ կը գի­տակ­ցիս, որ կա­տա­րած գործդ այ­սօ­րուան հա­մար չէ, այլ՝ վա­ղուան:

-Նոր սե­րուն­դը կու գա՞յ դէ­պի գի­տու­թիւն:

-Կան ե­րի­տա­սարդ­ներ, ո­րոնց կը հրա­պու­րէ գի­տու­թիւ­նը, բայց քի­չեր են ա­նոնք: Գիտ­նա­կա­նի աշ­խա­տա­վար­ձը այ­սօր հրա­պուրիչ չի կրնար ըլ­լալ ե­րի­տա­սարդ, ըն­տա­նիք պա­հող մար­դու հա­մար: Ան ստի­պուած այլ աս­պա­րէզ­ներ կ՚ընտ­րէ: Եւ գի­տու­թեան մէջ կը մնան քի­չա­թիւ նուի­րեալ­ներ, ո­րոնք ա­ռանց ա­տոր չեն պատ­կե­րաց­ներ ի­րենց կեան­քը: Մա­նա­ւանդ հա­սա­րա­կա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու բնա­գա­ւա­ռը, ո­րու մէջ եմ ես ար­դէն բա­ւա­կան ժա­մա­նա­կէ ի վեր, մէկ օ­րուան մէջ չէ, որ կը ստեղ­ծուի: Այդ գի­տու­թեան հա­մար բա­ւա­կան եր­կար ժա­մա­նակ անհ­րա­ժեշտ է, ուս­տի՝ բա­ւա­կան եր­կար ու տքնա­ջան աշ­խա­տանք: Խորհր­դա­յին Միու­թիւ­նը, իր թե­րու­թիւն­նե­րով հան­դերձ, գի­տու­թեան եր­կիր էր: Մեր այ­սօ­րուան գի­տու­թեան նուա­ճում­նե­րուն հա­մար մենք այդ հզօր երկ­րին պար­տա­կան ենք:

-Պա­րոն Խա­ռա­տեան, եր­կար տա­րի­ներ ու­սում­նա­սի­րած էք հայ մա­մու­լի պատ­մու­թիւ­նը, հայ մա­մու­լի ան­ցած ճա­նա­պար­հը: Ինչ­պէ՞ս կը գնա­հա­տէք Հա­յաս­տա­նի այ­սօ­րուան մա­մու­լը:

-Այ­սօր Հա­յաս­տա­նի մէջ կայ խեղ­ճուկ մա­մուլ՝ քիչ տպա­քա­նա­կով եւ ան­բո­վան­դակ: Քա­ղա­քա­կան ա­նի­մաստ լու­րե­րը, բա­նա­վէ­ճե­րը, ո­րոնք կ՚ըն­թա­նան այ­սօ­րուան մա­մու­լի անհ­րա­պոյր է­ջե­րուն մէջ, վա­ղուան տե­սա­կէ­տէն շա­հե­կան չեն: Ճիշդ է՝ ա­նոնք պատ­մու­թիւն կը դառ­նան, բայց եր­բեք չեն ար­տա­ցո­լեր այ­սօ­րուան Հա­յաս­տա­նի ի­րա­կան պատ­կե­րը եւ վա­ղուան ու­սում­նա­սի­րո­ղը հար­ցա­կան­նե­րու առ­ջեւ պի­տի կանգ­նի: Քիչ թէ շատ այդ ա­ռու­մով յա­ռա­ջա­տար է թուա­յին մա­մու­լը եւ, դա­տե­լով թուա­յին մա­մու­լի այ­սօ­րուան կա­տա­ղի զար­գա­ցու­մէն, կրնանք ը­սել, որ ա­պա­գան թուա­յին մա­մու­լինն է: Այդ ալ կրնայ պատ­մու­թիւն դառ­նալ, եւ ա­պա­գա­յի հա­մար վա­ւե­րագ­րու­թիւն ըլ­լալ այ­սօ­րուան մա­սին:

-Գա­լով Ձեր հրա­տա­րա­կու­թեա­ն, ի՞նչ կ՚ը­սէք զայն ըն­թեր­ցող­նե­րուն: Ի՞նչ կրնան փնտռել աշ­խա­տա­սի­րու­թեան է­ջե­րուն մէջ:

-Գիր­քի է­ջե­րուն մէջ ըն­թեր­ցո­ղը կրնայ գտնել ազ­գա­յին կեան­քի տե­ղա­շար­ժե­րը՝ դա­րաս­կիզ­բէն մին­չեւ Ա­ռա­ջին աշ­խար­հա­մարտ (1900-1914), այ­նու­հե­տեւ՝ Ա­ռա­ջին աշ­խար­հա­մար­տէն մին­չեւ 1915-1918 թուա­կան­նե­րու մի­ջեւ պա­տա­հած դէպ­քե­րը, ինչ­պէս նաեւ՝ ա­րեւմ­տա­հայ մա­մու­լը՝ զի­նա­դա­դա­րէն մին­չեւ Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թեան հռչա­կու­մը (1918-1923): Ըն­թեր­ցո­ղը գիր­քի է­ջե­րուն մէջ կը տես­նէ նշուած բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րուն հայ մա­մու­լի կրած ո­րա­կա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րը՝ կա­պուած հա­մի­տեան բռնա­պե­տու­թեան, Թուր­քիոյ տնտե­սա­կան ու քա­ղա­քա­կան զար­գա­ցում­նե­րու, այ­նու­հե­տեւ՝ ե­րիտ­թուր­քե­րու վա­րած քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հետ: Այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի ա­րեւտմ­տա­հայ մա­մու­լը կա­տա­րած է ո՛չ միայն լրա­տուա­կան ու մշա­կու­թա­յին, այլ նաեւ՝ ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թիւն:

Այս աշ­խա­տու­թեան քիչ մը յո­ռե­տե­սա­կան խո­րա­գի­րը՝ մա­մու­լի ա­ւար­տը, նպա­տակ ու­նի ցոյց տալ, թէ ե­րիտ­թուր­քե­րու գոր­ծու­նէու­թեան ար­դիւն­քին մեծ վնաս­ներ կրած է նաեւ մա­մու­լը: Ան­շուշտ, այս գիր­քը Ե­ղեռ­նի մա­սին չէ, բայց նաեւ 100-ա­մեա­կի տա­րին փա­փա­քե­ցայ հրա­տա­րա­կել, որ­պէս­զի ու­սում­նա­սի­րող­նե­րը շատ հար­ցում­նե­րու պա­տաս­խան­ներ գտնեն գիր­քին մէջ: Օ­րի­նակ, Պոլ­սոյ մէջ 1914 թուա­կա­նի սկիզբ­նե­րուն լոյս տես­նող ա­ւե­լի քան ե­րե­սուն թեր­թե­րէ ու ամ­սագ­րե­րէ նոյն տա­րուան ըն­թաց­քին հրա­տա­րա­կուե­լէ դադ­րե­ցան քսան­հին­գը, ո­ր ոչ այլ ինչ էր, քան՝ լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րու ջարդ: 1910-ա­կան թուա­կան­նե­րէն մին­չեւ պա­տե­րազ­մը, Պոլ­սոյ մէջ կը տպագ­րուէին եօ­թ ա­ռա­ւօ­տեան թեր­թեր՝ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱ­Կ­-ը, «Ա­զա­տա­մար­տ­»ը, «Նոր Աշ­խար­հ­»ը, «Հայ­րե­նի­ք­»ը, «Ման­զու­մէի Էֆք­եա­ր­»ը, «Ա­ռա­ւօ­տ­»ը, «Ա­րե­ւել­ք­»ը եւ եր­կու ե­րե­կո­յեան թեր­թեր, «Բիւ­զան­դիո­ն»ն ու «Բան­բե­ր­»ը՝ (հե­տա­գա­յին «Վեր­ջին Լու­րե­ր»), ինչ­պէս նաեւ՝ կարճ ժա­մա­նակ մը հրա­տա­րա­կուած «Լու­սար­ձա­կ» օ­րա­թեր­թը: Պա­տե­րազ­մէն ա­ռաջ եւ յե­տոյ այդ թեր­թե­րը գե­րա­զան­ցա­պէս փա­կուե­ցան վար­չա­կան ու գրաքն­նու­թիւն­նե­րու պատ­ճա­ռաւ: 1915-1914 թուա­կան­նե­րուն պոլ­սա­հայ թեր­թե­րը ի­րենց հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը շա­րու­նա­կե­ցին, եւ այն ալ՝ կա­տա­րե­լա­պէս զրկուած մա­մու­լի լրա­տուա­կան ու բո­վան­դա­կա­յին յատ­կա­նիշ­նե­րէն, ըն­դա­մէ­նը՝ չոր­սը, ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ը, «Բիւ­զան­դիո­ն­»ը, «Վեր­ջին Լու­րե­ր­»ը եւ հա­յա­տառ թրքե­րէն «Ճե­րի­տէի Շար­գի­յէ»ն: Եւ այդ մա­մու­լը այ­լեւս չենք կրնար կո­չել ա­րեւմ­տա­հայ մա­մուլ, ան պոլ­սա­հայ մա­մուլ է:

Պատ­կե­րը նոյնն էր, բնա­կա­նա­բար, շատ ա­ւե­լի փոք­րա­թիւ թեր­թե­րու առ­կա­յու­թեամբ, Զմիւռ­նիոյ մէջ էր:

Փաս­տօ­րէն, 1922 թուա­կա­նին ա­ւար­տած է ա­րեւ­մտա­հայ մա­մու­լի ա­ռա­ւել քան ութ­սուն տա­րի­նե­րու պատ­մու­թիւ­նը, ո­ր ս­կիզբ կ՚առ­նէ 1823 թուա­կա­նին՝ Պոլ­սոյ «Լրոյ գիր» թեր­թով: 1923 թուա­կա­նէն առ այ­սօր Իս­թան­պու­լի մէջ հրա­տա­րա­կուող հայ մա­մու­լը, ինչ­պէս ըն­դու­նուած է ա­նուա­նել, կը թե­ւա­կո­խէ սփիւռ­քա­հայ մա­մու­լի շրջա­փուլ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 3, 2015