ԱՆԿախութեան Նարեկացին

Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի ա­նուան Մա­տե­նա­դա­րա­նի Ձե­ռագ­րաց հա­ւա­քա­ծո­յին մէջ կը պահ­պա­նուին Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցիի եր­կե­րու, ձե­ռա­գիր մա­տեան­նե­րու եւ հնա­տիպ գիր­քե­րու կա­րե­ւո­րա­գոյն հա­ւա­քա­ծոն՝ զա­նա­զան դա­րե­րէ ե­կած եւ այ­սօ­րուան ու գա­լիք սե­րունդ­նե­րուն հա­մար պահ դրուած: Ա­հա թէ ին­չու պա­տա­հա­կան չէ ա­նոր նուի­րուած գի­տա­ժո­ղո­վի սկզբնա­ւո­րու­մը այս­տեղ՝ հա­յոց գի­տա­կան վայ­րե­րէն մէ­կուն մէջ, որ նաեւ ձե­ւով մը սրբա­վայր է հա­յոց պատ­մու­թեան եւ գրա­կա­նու­թեան ժա­ռան­գու­թեան պահ­պան­ման ա­ռու­մով:

Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցին այն հայ հան­ճար­նե­րէն է, որ իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեամբ ար­դէն դուրս ե­կած է  մեր ըն­կա­լում­նե­րու սահ­ման­նե­րէն եւ դար­ձած՝ հա­մաշ­խար­հա­յին քրիս­տո­նէա­կան  բա­նաս­տեղ­ծու­թեան  հսկա­նե­րէն մին: Ան­ցեալ տա­րի, Հռո­մի Պա­պին կող­մէ, Սուրբ Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցիին Տիե­զե­րա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Վար­դա­պետ հռչա­կու­մը ա­մե­նէն բարձր գա­գա­թին դրաւ այս մեծ հա­յուն հռչա­կը: Տա­րուէ տա­րի աշ­խար­հի մէջ կ­­՚ա­ւել­նան Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցիի գրա­կան, հո­գե­ւոր ժա­ռան­գու­թեամբ հե­տաքրք­րուող­նե­րը եւ զայն ու­սում­նա­սի­րող­նե­րը: Ոչ միայն հա­յեր, այլ նաեւ օ­տար գիտ­նա­կան­ներ  ի­րենց գի­տա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թեան նիւ­թը դար­ձու­ցած են Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցին ու ա­նոր ա­մե­նէն նշա­նա­ւոր գոր­ծը՝ «Մա­տեան ող­բեր­գու­թեա­ն» եր­կը:

Ար­դէն երկ­րորդ ան­գամ ըլ­լա­լով, Հա­յաս­տա­նի մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ «Նա­րե­կա­ցիա­կան ըն­թե­ցում­նե­ր» մի­ջազ­գա­յին գի­տա­ժո­ղո­վը, որ կը հա­մախմ­բէ հայ եւ օ­տար գիտ­նա­կան­ներ, նա­րե­կա­ցիա­գէտ­ներ: 28-29 Հոկ­տեմ­բե­րին, Ե­րե­ւա­նի Մա­տե­նա­դա­րա­նի մէջ կա­յա­ցած երկ­րորդ գի­տա­ժո­ղո­վին նոյն­պէս ներ­կայ էին եւ զե­կոյց­նե­րով հան­դէս ե­կան նա­րե­կա­ցիա­գի­տու­թեան բնա­գա­ւա­ռի  լա­ւա­գոյն մաս­նա­գէտ­ներ, ո­րոնց կար­գին էին Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թե­նէն ներս պա­պա­կան պա­տուի­րակ,  Թուր­քիոյ Հայ Կա­թո­ղի­կէ հա­սա­րա­կու­թեան վի­ճա­կա­ւոր՝ Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեա­ն, Ուք­րա­յնոյ մէջ Սուրբ Ա­թո­ռի ա­ռա­քե­լա­կան նուի­րակ Մոն­սե­նիէօր՝ Քլաու­տիօ Քու­չե­րոթ­թի, ֆրան­սա­ցի նշա­նա­ւոր հա­յա­գէտ, բա­նա­սէր եւ պատ­մա­բան՝ Ժան-Փիէռ Մա­հէ, Օքս­ֆոր­տ հա­մալ­սա­րա­նի «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեա­ն­»ի ա­նուան հա­յա­գի­տու­թեան դա­սա­խօս՝ Թէօ Մաար­տըն Վան Լին­տ, իսկ Հա­յաս­տա­նէն ե­լոյթ­նե­րով  հան­դէս ե­կան Տ. Շա­հէ Ծ. Վրդ. Ա­նա­նեա­ն, Փի­լի­սո­փա­յա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու տոք­թոր, Փրոֆ. Հրա­չիկ Միր­զո­յեա­ն, ա­րուես­տա­գի­տու­թեան թեկ­նա­ծու՝ Ա­րու­սեակ Թամ­րա­զեա­ն:

Գի­տա­ժո­ղո­վի կազ­մա­կերպ­ման ա­ջակ­ցած են Մա­տե­նա­դա­րա­նի Մի­ջազ­գա­յին կա­պե­րու բա­ժի­նը (Վար­դի Քէ­շի­շեա­նի ղե­կա­վա­րու­թեամբ) Մա­տե­նա­դա­րա­նի հրա­տա­րա­կու­թին­նե­րու եւ ժա­ռան­գու­թեան թուայ­նաց­ման գի­ծով պա­տաս­խա­նա­տու Գուր­գէն Գաս­պա­րեա­ն, «Մա­տե­նա­դա­րա­նի բա­րե­կամ­նե­ր» եւ «Մաշ­տո­ց»  հիմ­նադ­րամ­նե­րը, «Նաի­րի» եւ «Ան­տա­րէ­ս» հրա­տա­րակ­չու­թիւն­նե­րը: «Նա­րե­կա­ցիա­կան ըն­թեր­ցում­նե­ր» երկ­րորդ մի­ջազ­գա­յին գի­տա­ժո­ղո­վը ընդգր­կուած է «Ան­կա­խու­թեան Նա­րե­կա­ցի­ն» ծրագ­րի շրջա­նակ­նե­րուն մէջ, որ կ­­՚ի­րա­կա­նաց­նէ «Մա­տե­նա­դա­րա­նի ե­րի­տա­սարդ գի­տաշ­խա­տող­նե­րու միա­ւո­րու­մ» հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը՝ Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հի աշ­խա­տա­կազ­մին կող­մէ հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն տրա­մադ­րուող դրա­մաշ­նոր­հա­յին ծրագ­րին եւ Հա­յաս­տա­նի ե­րի­տա­սար­դա­կան հիմ­նադ­րա­մին յայ­տա­րա­րած մրցոյ­թի շրջա­նակ­նե­րէն ներս:

 

ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ նոյն­պէս ներ­կայ էր «Նա­րե­կա­ցիա­կան ըն­թեր­ցում­ներ» գի­տա­ժո­ղո­վին, ուր հար­ցազ­րոյց­ներ ու­նե­ցանք եւ զե­կոյց­նե­րը ունկնդ­րե­լու մի­ջո­ցաւ ամ­փո­փե­ցինք անց­նող օ­րե­րու թե­րեւս ա­մե­նէն նշա­նա­կա­լի գի­տա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւ­նը, որ կրկին լոյս սփռեց Մեծն Նա­րե­կա­ցիի ա­նուան, գրա­կան ու հո­գե­ւոր հարս­տու­թեան վրայ:

Այս գի­տա­ժո­ղո­վին տա­կա­ւին ան­ցեալ տա­րի նա­խա­ձեռ­նած է ա­նուա­նի նա­րե­կա­ցիա­գէտ, Մա­տե­նա­դա­րա­նի վեր­ջին տնօ­րէն Հրա­չեայ Թամ­րա­զեան, որ այս տա­րուան Սեպ­տեմ­բե­րի 3-ին հի­ւան­դու­թեան պատ­ճա­ռով հե­ռա­ցաւ կեան­քէն, եւ իր նա­խա­ձեռ­նած գի­տա­ժո­ղո­վը այս տա­րի տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­ռանց ի­րեն, ու նուի­րուած էր իր ան­մահ յի­շա­տա­կին:  Մա­տե­նա­դա­րա­նի նոր մաս­նա­շէն­քի նիս­տե­րու դահ­լի­ճի բե­մին վրայ  զե­տե­ղուած էր ա­նոր լու­սան­կա­րը, իսկ դահ­լի­ճի ա­ռա­ջին կար­գին նստած էր Թամ­րա­զեա­նի ըն­տա­նի­քը՝ տի­կի­նը եր­կու դուստ­րե­րուն հետ: Ա­նոնք ակն­յայ­տօ­րէն յու­զուած էին:  Մա­տե­նա­դա­րա­նի մէջ ա­ռա­ջին նշա­նա­կա­լի ձեռ­նարկն էր, որ տե­ղի կ­­՚ու­նե­նար ա­ռանց Հրա­չեայ Թամ­րա­զեա­նին:

Գի­տա­ժո­ղո­վին բա­ցու­մը կա­տա­րե­լով՝ Մա­տե­նա­դա­րա­նի գի­տա­կան քար­տու­ղար Վա­հան Տէր-Ղե­ւոն­դեան ը­սաւ, թէ պա­տա­հա­կան չէ նման գի­տա­ժո­ղով Մա­տե­նա­դա­րա­նին մէջ ի­րա­կա­նաց­նե­լու  նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը, քա­նի որ հոս կու­տա­կուած է մեծ փորձ՝ հայ միջ­նա­դա­րեան գրա­կա­նու­թեան  ու­սում­նա­սիր­ման ծի­րէն ներս եւ ան­ցեա­լի ա­ւան­դոյթ­նե­րը այ­սօր կը շա­րու­նա­կեն ե­րի­տա­սարդ բա­նաս­տեղծ­նե­րը, աս­տուա­ծա­բան­ներն ու նա­րե­կա­ցիա­գէտ­նե­րը: «Հա­կա­ռակ բո­լոր դժուա­րու­թիւն­նե­րուն, երկ­րորդ գի­տա­ժո­ղո­վը, այ­նուա­մե­նայ­նիւ, ի­րա­կա­նու­թիւն դար­ձաւ կեան­քի կո­չե­լով Հրա­չեայ Թամ­րա­զեա­նի փայ­փա­յած այս ծրա­գի­րը, ինչ­պէս նաեւ ա­պա­հո­վե­լով ըն­թեր­ցում­նե­րու շա­րու­նա­կա­կա­նու­թիւնն ու պար­բե­րա­կա­նու­թի­նը: Ան­շուշտ, այս գոր­ծին մէջ վճռա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նէր Հրա­չեայ Թամ­րա­զեան ոչ միայն իբ­րեւ տնօ­րէն, այլ՝ նա­րե­կա­ցիա­գի­տու­թեան բնա­գա­ւա­ռին մէջ լրջա­գոյն վաս­տակ ու­նե­ցող գիտ­նա­կան: Եւ վեր­ջա­պէս, 2015 թուա­կա­նը դար­ձաւ մեկ­նար­կա­յին տա­րի,  Հռո­մի Պա­պին կող­մէ Նա­րե­կա­ցիի հռչա­կու­մը որ­պէս Տիե­զե­րա­կան Վար­դա­պետ, խթան հան­դի­սա­ցաւ, որ­պէս­զի շա­րու­նա­կա­կան ըլ­լայ նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը: Տե­ղին է նշել, որ Սրբա­զան Քա­հա­նա­­յա­պե­տին այս պատ­մա­կան ո­րո­շու­մը ան­նա­խա­դէպ  հե­տաքրք­րու­թիւն յա­ռա­ջա­ցուց աշ­խար­հի մէջ ոչ միայն Նա­րե­կա­ցիի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան, այ­լեւ միջ­նա­դա­րեան ողջ մա­տե­նագ­րու­թեան եւ ընդ­հան­րա­պէս հայ մշա­կոյ­թին հան­դէ­պ», ը­սաւ Վա­հան Տէր-Ղե­ւոն­դեան: 

Նա­րե­կա­ցիի «Մա­տեան Ող­բեր­գու­թեա­ն» եր­կի ֆրան­սե­րէն թարգ­մա­նիչ, ա­նուա­նի հա­յա­գէտ, Փրոֆ. Ժան Փիէռ Մա­հէէն լու­սա­բա­նուե­ցանք, թէ որ­քա­նով ան կը կա­րե­ւո­րէ Նա­րե­կա­ցիին նուի­րուած գի­տա­ժո­ղո­վը, ո­րուն ար­դէն երկ­րորդ ան­գամ ըլ­լա­լով կը մաս­նակ­ցի Ե­րե­ւա­նի մէջ։ «Նա­րե­կա­ցին մարդ­կա­յին ցե­ղի ա­մե­նա­մեծ մխի­թա­րիչ­նե­րէն մէկն է, ան ինք­նա­ճա­նաչ­ման վար­դա­պետ­նե­րէն է, ուս­տի կա­րե­ւոր է ոչ միայն այս, այլ նաեւ այլ գի­տա­ժո­ղով­նե­րու կազ­մա­կեր­պու­մը՝ նուի­րուած ա­նոր ստեղ­ծա­ծին եւ այն ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք կա­տա­րուած են Նա­րե­կա­ցիի ժա­ռան­գու­թեան հի­ման վրայ: Ես ե­րի­տա­սարդ տա­րի­քիս ծա­նօ­թա­ցած եմ Նա­րե­կա­ցիի գոր­ծե­րուն, 1985 թուա­կա­նին թարգ­մա­նած եմ, բայց քա­նի մը տա­րի թարգ­մա­նե­լէ ետք, երբ ձեռքս ան­ցած է Հրա­չեայ Թամ­րա­զեա­նի գիր­քը, իմ ըն­կա­լու­մը Նա­րե­կա­ցիի հան­դէպ ամ­բող­ջո­վին փո­խուած է: Հրա­չեայ Թամ­րա­զեա­նի գիր­քե­րուն շնոր­հիւ շա­տե­րուն մատ­չե­լի դար­ձած է միջ­նա­դա­րեան Հա­յաս­տա­նի գրա­կան եւ հո­գե­ւոր դպրո­ցը եւ նա­րե­կեան դպրո­ցը», ը­սաւ Ժան Փիէռ Մա­հէ։

 

Բե­մէն ար­տա­սա­նուած իր խօս­քին մէջ Ժան Փիէռ Մա­հէ ը­սաւ. «Վեր­ջին յի­սուն տա­րի­նե­րուն քա­նի մը նա­րե­կա­ցիա­գէտ­ներ ե­ղած են, ո­րոնց ա­նուն­նե­րը կա­րօ­տով կ­­՚ո­գե­կո­չենք՝ Պա­րոյր Սե­ւակ, Մկրտիչ Մկրեան,  Վազ­գէն Գէոր­գեան, Լե­ւոն Մկրտչեան, Ար­շա­լոյս Ղա­զի­նեան, Պօ­ղոս Խա­չատ­րեան եւ այլք, բո­լո­րին աշ­խա­տանք­նե­րուն ալ պար­տա­կան կը զգամ իմ նա­րե­կեան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րուս հա­մար, սա­կայն 1980-ա­կան թուա­կան­նե­րուն Թամ­րա­զեա­նի նա­րե­կեան ա­ռա­ջին գրու­թիւն­նե­րը կար­դա­լու ժա­մա­նակ ան­մի­ջա­պէս խան­դա­վա­ռուե­ցայ ու շա­տոնց իմ դրած բո­լոր հար­ցում­նե­րուն յստակ պա­տաս­խան­նե­րը գտայ: Նա­րե­կա­ցին  ոչ միայն հա­յե­րուն, այ­լեւ բո­լոր ազ­գե­րուն բա­նաս­տեղծն է, բո­լոր  հո­ղա­ծին մար­դոց: Ան նպա­տակ ու­նի խոս­տո­վա­նիլ ոչ միայն իր մեղ­քե­րը, այ­լեւ մարդ­կա­յին մեղ­քե­րը՝ Ա­դա­մէն մին­չեւ մեզ­մէ  հա­զա­րա­մեակ­ներ յե­տոյ ապ­րե­լիք սե­րունդ­նե­րուն: Ա­հա այդ­պի­սի նպա­տակ­ներ ու­նե­ցող մա­տեա­նը չի կրնար մէկ վայ­րի եւ մէկ ժա­մա­նա­կի ար­գա­սի­քը հան­դի­սա­նալ:

«Այ­սօր Նա­րե­կա­վան­քը չկայ,  բայց ա­նոր մէջ ստեղ­ծուած հո­գե­ւոր ժա­ռան­գու­թիւ­նը պահ­պա­նուած է Մա­տե­նա­դա­րա­նին մէջ, որ­պէս այն սրբա­վայ­րին, ուր կը վե­րա­կեն­դա­նա­նան հայ հան­ճար­նե­րը»:

Ժան Փիէռ Մա­հէ իր զե­կու­ցու­մը խո­րագ­րած էր «Հրա­չեայ Թամ­րա­զեա­նը եւ Նա­րե­կա­վան­քը. Հայ ժո­ղո­վուր­դի հո­գե­ւոր հան­ճա­րի պատ­մու­թեան նոր էջ մը», ո­րուն մի­ջո­ցաւ հան­գա­մա­նա­լից կեր­պով ներ­կա­յա­ցուց Թամ­րա­զեա­նի բե­րած նո­րու­թիւ­նը՝ նա­րե­կա­ցիա­գի­տու­թեան մէջ:

Ե­լոյթ ու­նե­ցող­նե­րուն մէջ էր մեր լա­ւա­գոյն հո­գե­ւո­րա­կան-գիտ­նա­կան­նե­րէն մին՝ Տ. Շա­հէ Ծ. Վրդ Ա­նա­նեան, որ խօ­սե­ցաւ «Սուրբ Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցին եւ Սո­ղո­մո­նի ա­պաշ­խար­հու­թիւ­նը. Ս. Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցիի կող­մէ սուրբգ­րա­յին ան­վա­ւեր եր­կի օգ­տա­գործ­ման օ­րի­նակ մը»  նիւ­թով:

Խօ­սե­լով «Մա­տեան ող­բեր­գու­թեա­ն­»ի մա­սին, ան ը­սաւ. «Մա­տեա­նեի ու­սում­նա­սի­րու­թիւ­նը, հա­յա­գի­տու­թեան ա­մե­նէն բեղմ­նա­ւոր ո­լորտ­նե­րէն մէկն է։ Նա­րե­կա­ցիի ստեղ­ծած եր­կին անդ­րա­դար­ձած են եւ կը շա­րու­նա­կեն անդ­րա­դառ­նալ թէ՛ աս­տուա­ծա­բան­ներ, թէ՛ փի­լի­սո­փա­ներ, թէ՛ լե­զուա­բան­ներ եւ թէ նոյ­նիսկ բժիշկ-հո­գե­բան­ներ, այս մէ­կը, ի դէպ, բա­ւա­կան նոր ե­րե­ւոյթ մըն է: Բայց հա­կա­ռակ այս­քան ու­սում­նա­սի­րուած ըլ­լա­լուն, «Նա­րե­կ» մա­տեա­նի մէջ կի­րա­ռուած սկզբնաղ­բիւր­նե­րու վեր­հան­ման ա­ռու­մով ար­դի նա­րե­կա­գի­տու­թեան մէջ տա­կա­ւին ը­նե­լիք շատ բան կայ: Այս ի­մաս­տով, ին­ծի հա­մար եւ կը կար­ծեմ շա­տե­րուն հա­մար ան­փո­խա­րի­նե­լի էր «Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցին եւ Նոր պղա­տո­նա­կա­նո­թիւ­նը» եր­կը:  Լու­սա­հո­գի Հրա­չեայ Թամ­րա­զա­նի այս գոր­ծը ես կը նկա­տեմ սկիզբ մը եւս ու մեկ­նա­կէտ՝  Նա­րե­կի ու­սում­նա­սի­րու­թեան հա­մա­ր», ը­սաւ Տ. Շա­հէ Ծ. Վրդ. Ա­նա­նեան:

Գի­տա­ժո­ղո­վի ա­ռա­ջին օ­րը ե­լոյթ ու­նե­ցաւ նաեւ գիտ­նա­կան, նա­րե­կա­ցիա­գէտ, հա­յա­գէտ, Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թե­նէն ներս պա­պա­կան պա­տուի­րակ,  քա­նի մը հա­մալ­սա­րան­նե­րու դա­սա­խօս, «Մա­տեան ող­բեր­գու­թեան» եր­կի ի­տա­լե­րէն թարգ­մա­նիչ Հայր Լե­ւոն Զէ­քիեան, որ զե­կոյց մը ու­նե­ցաւ «Նա­րե­կա­ցին ու մարդ­կա­յին լե­զուի երկ­փեղ­կու­մին ե­զա­կի կի­րա­ռա­դաշ­տը՝ աս­տուա­ծա­բա­նա­կան լե­զուա­հա­մա­կար­գը» խո­րագ­րեալ նիւ­թով եւ խօ­սե­ցաւ Նա­րե­կա­ցիի այն մեծ դե­րին մա­սին, որ այ­սօր կայ աշ­խար­հի մէջ եւ որ տա­կա­ւին ընդ­լայ­նուե­լու տեղ ու­նի: Իր ե­լոյ­թին սկզի­բը ան նոյն­պէս յար­գան­քի խօսք ը­սաւ Հրա­չեայ Թամ­րա­զեան գիտ­նա­կա­նին մա­սին։ «Այս պա­հուս խօ­սիլ այս ընտ­րա­նիի ներ­կա­յու­թեամբ, թէ՛ մեծ պա­տիւ է, թէ՛ ալ մեծ յու­զու­մի ա­ռիթ, քա­նի որ ար­դէն ո­գե­կո­չե­ցինք մեր յոյժ սի­րե­լի Հրա­չեայ Թամ­րա­զեա­նի մեզ­մէ  ֆի­զի­քա­պէս ան­դարձ բա­ժան­ման պա­րա­գան, բայց վստահ եմ, որ իր հո­գին յատ­կա­պէս կը թե­ւա­ծէ այս սրա­հին մէջ, այ­սօր մաս­նա­ւո­րա­պէս մե­զի հետ է, եւ նա­րե­կա­ցիա­գի­տու­թեան բնա­գա­ւա­ռին մէջ իր շատ ինք­նա­տիպ կեր­պով ներդ­րած, ցա­նած սեր­մե­րը ար­դէն սկսած են ծլիլ, բող­բո­ջիլ, եւ այս «Նա­րե­կա­ցիա­կան ըն­թեր­ցում­նե­ր­»ը, իմ կար­ծի­քովս, ա­տոր մե­ծա­գոյն փաս­տե­րէն մէկն է:

«Եր­կու օր ա­ռաջ կը գտնուէի Հռոմ, Մա­րիամ կո­չուած աս­տուա­ծա­բա­նա­կան բա­ժի­նին մէջ հան­դի­սա­ւոր նիստ մը կար եւ այն­տեղ ը­սուե­ցաւ, որ այս շատ մեծ վար­դա­պե­տը պէտք է ա­ւե­լի ճա­նա­չում գտնէ ընդ­հա­նուր քրիս­տո­նէա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ: Ես ը­սի՝ շատ ճիշդ է, բայց նաեւ մենք՝ հա­յերս, պէտք է կա­րե­նանք ա­ւե­լի լաւ ճանչ­նալ, նոյ­նիսկ պի­տի հա­մար­ձա­կէի ը­սել` յայտ­նա­բե­րել մենք մե­զի հա­մար Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցին: Նախ եւ ա­ռաջ, ո­րով­հե­տեւ ան­ծիր ով­կիան մըն է ան, որ­քան ու­սում­նա­սի­րես, այն­քան կը խո­րա­սու­զուիս: Բայց պէտք է ը­սեմ նաեւ, որ այ­սօր, ցաւ ի սիրտ, մեր ժո­ղո­վուր­դի մե­ծա­մաս­նու­թեան հա­մար Նա­րե­կա­ցիին գրե­թէ միայն ա­նու­նը ծա­նօթ է: Ես պի­տի ե­րա­զէի այն օ­րը, երբ Նա­րե­կա­ցիի մա­սին խօ­սուէր ոչ միայն այս գե­ղե­ցիկ դահ­լի­ճին մէջ, այլ Հան­րա­պե­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ, եւ  Հան­րա­պե­տու­թեան հրա­պա­րա­կը յոր­դէր ժո­ղո­վուր­դի բազ­մու­թեամբ: Այն ա­տեն միայն պի­տի կա­րե­նանք ը­սել,  որ Նա­րե­կա­ցին ո­րոշ չա­փով սկսեր ենք իւ­րաց­նել: Սկսեր ենք ի­րա­պէս մե­րը ը­նել: Քիչ ա­ռաջ Փրոֆ. Մա­հէն յի­շեց ֆրան­սա­կան դա­սա­կան գրա­կա­նու­թեան  ու­սուց­ման ա­ւան­դու­թիւ­նը: Դժբախ­տա­բար այ­սօր աշ­խար­հը հո­գե­կան մեծ ա­ղէ­տի մը մէջ է ար­դէն, դա­սա­կան մշա­կոյ­թը գրե­թէ ա­մէն օր  քիչ մը ա­ւե­լի փուլ կու գայ: Ես Ի­տա­լիոյ մէջ կրնամ մար­դուն տա­րի­քը չա­փել Տան­թէէն կա­տա­րած մեջ­բե­րում­նե­րով: Մար­դիկ կան, ո­րոնք բա­ցա­ռիկ են, ե­զա­կի հա­ճոյք կը պատ­ճա­ռեն, երբ կը խօ­սին, գրե­թէ ա­մէն եօ­թ­-ու­թ նա­խա­դա­սու­թեան մէջ Տան­թէէն տող մը կը մէջ­բե­րեն: Այս մար­դի­կը ան­պայ­ման վաթ­սու­նէն, եօ­թա­նա­սուէն վեր մար­դիկ են, բայց կա­մաց-կա­մաց այս յա­ճա­խա­կա­նու­թիւ­նը կը նուա­զի: Իսկ ներ­կայ սե­րուն­դը ար­դէն, կաս­կա­ծե­լի է, որ Տան­թէի ի­տա­լե­րէն բնա­գի­րը կա­րե­նայ կար­դալ եւ լրիւ հասկ­նալ:  Բնա­կա­նա­բար, Նա­րե­կա­ցիի պա­րա­գան քիչ մը տար­բեր է: Ան իր լե­զուա­կան ճո­խու­թեամբ ողջ  հայ ժղո­վուր­դի հո­գին իր մէջ կը պա­րու­րէ,  նաեւ հա­յե­րէն լե­զուի գան­ձա­րանն է մին­չեւ իր ժա­մա­նակ­նե­րը:

«Ա­մէն տա­րի այս ըն­թեր­ցում­նե­րը քայլ մը ա­ւե­լի ա­ռաջ պի­տի տա­նին Նա­րե­կա­ցին:  Եւ նաեւ խոր­հինք, թէ այդ ինչ­պէ՞ս ե­ղաւ, որ  հռո­մէա­կան եւ բիւ­զան­դա­կան քաղ­կե­դո­նա­կան ա­ւան­դու­թեան չպատ­կա­նող սուրբ մը Հռո­մի ե­կե­ղեց­ւոյ կող­մէ  Տիե­զե­րա­կան Վար­դա­պետ հռչա­կուե­ցաւ: Մէ­կու­կէս մի­լիոն կը հա­շուէ Հռո­մի Կա­թո­լիկ ե­կե­ղե­ցին եւ հա­րիւր հա­զա­րա­ւոր սուր­բեր ու­նի, բայց մին­չեւ այ­սօր միայն  36-րդ վար­դա­պետն է տիե­զե­րա­կան: Ա­սի­կա ար­դէն ինք­նին ա­նոր մե­ծու­թեան մա­սին կը խօ­սի... Ես «Նա­րե­կ­»ի ի­տա­լե­րէն թարգ­մա­նու­թիւ­նը ձօ­նած եմ մեր նա­հա­տակ­նե­րուն, ո­րոնք դէ­պի մահ գա­ցին Նա­րեկ մրմնջա­լով, Նա­րեկ ա­ղօ­թե­լո­վ», ը­սաւ Հայր Լե­ւոն Զէ­քիեան:

Օքս­ֆոր­տի հա­մալ­սա­րա­նէն Փրոֆ. Թէօ Մաար­տըն Վան Լին­տի հետ խօ­սե­ցանք ա­նոր մեծ նուի­րու­մին մա­սին, ինչ որ ան ու­նի հայ գրա­կա­նու­թեան եւ հա­յոց լե­զուին հան­դէպ:

Նշա­նա­ւոր հա­յա­գէ­տը նոյն­պէս ար­դի նա­րե­կա­ցիա­գէտ­նե­րէն  է եւ մե­զի պատ­մեց, թէ ինչ­պէս զա­նա­զան հա­մալ­սա­րան­նե­րու մէջ իր դա­սա­խօ­սու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին զրոյց­ներ կ՚ու­նե­նայ Նա­րե­կա­ցիի մա­սին, եւ իր պա­յու­սա­կին մէջ միշտ «Նա­րե­կ­»ը կը պա­հէ, իբ­րեւ ան­փո­խա­րի­նե­լի գանձ մը: Հա­նե­լով պա­յու­սա­կէն՝ Թէօ Մաար­տըն Վան Լինտ ցոյց տուաւ Էջ­միած­նի մէջ հրա­տա­րա­կուած «Նա­րե­կ­»ի մէկ օ­րի­նա­կը եւ ը­սաւ, որ ա­մէ­նուր կ՚ըն­թեր­ցէ, եւ մար­դիկ կը կար­ծեն, թէ Աս­տուա­ծա­շունչ կը կար­դայ: «Բայց ա­սի­կա Նա­րեկն է, որ միշտ իմ հետս է: Երբ մար­դը ոչ միայն հի­ւանդ է, այլ նաեւ՝ մե­ղա­ւոր, իսկ մենք ա­մէնքս մեղք կը կրենք մեր մէջ, Նա­րե­կը կը բու­ժէ ան­շուշտ, կ­­՚օգ­նէ ա­զա­տիլ մեղ­քէն: Շատ կա­րե­ւոր է այ­սօր Նա­րե­կա­ցին ներ­բեռ­նել հա­մաշ­խար­հա­յին խորհր­դա­պաշ­տա­կան գրա­կա­նու­թեան մէջ եւ իմ զե­կոյցս նաեւ այդ մա­սին է:

«Շատ կա­րե­ւոր է, որ այս գի­տա­ժո­ղո­վը Հրա­չեայ Թամ­րա­զեա­նի յի­շա­տա­կին նուի­րուած է: Թամ­րա­զեան լաւ հասկ­ցած է Նա­րե­կա­ցին ու նա­րե­կա­ցիա­գի­տու­թիւ­նը ընդ­հան­րա­պէս հայ ժո­ղո­վուր­դին, հա­մաշ­խար­հա­յին մշա­կոյ­թին հա­մար: Թող ա­մէն տա­րի ի­րա­կա­նա­ցուի այս գի­տա­ժո­ղո­վը եւ շա­րու­նա­կու­թիւն ու­նե­նա­յ», ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի հետ զրոյ­ցին յայտ­նեց Թէօ Մաար­տըն Վան Լինտ:

Գի­տա­ժո­ղո­վին իր զե­կոյ­ցին ըն­թաց­քին ան հա­մե­մա­տու­թիւն­ներ կա­տա­րեց Նա­րե­կա­ցիի  եւ անգ­լիա­ցի բա­նաս­տեղծ Ճոն Տո­նի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ:

Իսկ գի­տա­ժո­ղո­վի ա­ւար­տին ե­լոյթ ու­նե­ցաւ Հրա­չեայ Թամ­րա­զեա­նի դուստ­րը ա­րուես­տա­գի­տու­թեան թեկ­նա­ծու՝ Ա­րու­սեակ Թամ­րա­զեան, որ խօ­սե­ցաւ «Ձայ­նի, ե­րաժշ­տա­կան հնչե­ղու­թեան փո­խա­կեր­պում­նե­րը Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցիի պատ­կե­րա­յին հա­մա­կար­գին մէջ խո­րագ­րո­վ» նիւ­թով եւ իր ե­լոյ­թը նուի­րեց իր հօ­ր պայ­ծառ յի­շա­տա­կին:

«Նա­րե­կա­ցիա­կան  ըն­թեր­ցում­նե­ր» գի­տա­ժո­ղո­վը նշա­նա­ւո­րուե­ցաւ ա­նով, որ մէկ ան­գա­մէն չորս գիր­քի շնոր­հան­դէս տե­ղի ու­նե­ցաւ։

Հայր Լե­ւոն Զէ­քիեա­նի կա­տա­րած «Մա­տեան ող­բեր­գու­թեա­ն» եր­կի ի­տա­լե­րէ­նի թարգ­մա­նու­թեան, Ժան Փիէռ Մա­հէի կող­մէն նոյն գոր­ծի ֆրան­սե­րէն թարգ­մա­նու­թեան, Սէյ­րա­նոյշ Մա­նու­կեա­նի եւ  Դա­ւիթ Ղա­զա­րեա­նի «Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցին հայ ձե­ռագ­րա­կան ա­րուես­տի մէ­ջ» պատ­կե­րա­գիրք-ու­սում­նա­սի­րու­թեան եւ Հրա­չեայ Թամ­րա­զեա­նի «Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցին եւ Նա­րե­կեան դպրո­ցը» գիր­քի հա­մա­տեղ շնոր­հան­դէս­նե­րը: Վեր­ջին ու­սում­նա­սի­րու­թիւ­նը Հրա­չեայ Թամ­րա­զեա­նի վեր­ջին գիրքն է, ո­րու վեր­ջա­կէ­տը ան դրած է մա­հէն մէկ օր ա­ռաջ: Խորհր­դան­շա­կան է, որ մին­չեւ իր կեան­քին վեր­ջին ժա­մե­րը ան ապ­րած է Նա­րե­կա­ցիով եւ ա­նոր մեծ ո­գիի եւ ու­ժի  ներ­քոյ ալ հե­ռա­ցած է կեան­քէն:  

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 3, 2016