ՎԱՐՊԵՏՆԵՐՈՒ ԿԱՏԱՐՈՒՄՆԵՐ

Երեւանի մէջ ներկայիս տեղի կ՚ունենայ ճազի փառատօն մը։ «Երեւան ճազ ֆեստ-2017» կը կոչուի այս փառատօնը, որու ծիրէն ներս կազմակերպուած ելոյթները հաճելի պահեր կը պարգեւեն երաժշտասէրներուն՝ իրենց որակով ու մակարդակով։

Նախընթաց օր, այս փառատօնի շրջանակներէն ներս, Երեւանի Օփերայի համալիրին մէջ ելոյթով մը հանդէս եկաւ յայտնի արուեստագէտ Արթօ Թունչպոյաճեան՝ «Հայկական նաւատորմի նուագախումբ»ին հետ։ Համերգի ծրագրին մաս կազմեցին նաեւ այլ յայտնի արուեստագէտներ՝ Վահագն Հայրապետեան, Արտակ Ներսիսեան, Մարինէ Յակոբեան, ինչպէս նաեւ Պաքօ Սառ։ Արթօ Թունչպոյաճեան հերթական անգամ ունկնդիրներուն վրայ խոր տպաւորութիւն գործեց՝ իր կատարողական վարպետութեամբ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 3, 2017