«ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ՈՒՐ ՈՐ Է ՁԵՐ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՀՈՆ Կ՚ԸԼԼԱՅ ՆԱԵՒ ՁԵՐ ՍԻՐՏԸ» (ՂԿ 12,34)

Որքա՜ն սրտագրաւ նոյնքան ալ պատգամաշեշտ սա խօսքը, հեղ մը եւս կու գայ մեր ուշքը, աշխարհիկ հրապոյրներով գերեվարուած մեր սիրտերը հրաւիրելու դէպի ինքնագիտակցութիւն եւ ինքնազգաստացում։ Խօսք մը, որ դարերու ընթացքին խօսեցաւ կարկամեալ հոգիներու՝ անոնց ողջ էութիւնը յեղաշրջելով։ Խօսք մը, որ բազում աշխարհակեդրոն սիրտեր փոխակերպեց աստուածակեդրոն սիրտերու։ Խօսք մը, որ խաւարակուռ սիրտերը փոխարինեց աստուածազգեաց լոյսով։

Քրիստոս Իր երկրաւոր տնօրինական կեանքի ընթացքին բազմիցս Իր ուսուցումներով, քարոզխօսութեամբ բացորոշ կերպով մարդ արարածին առջեւ գծեց երկու ճանապարհներ, մին՝ դէպի Աստուած առաջնորդող, իսկ միւսը՝ դէպի խորխորատ։ Աստուծոյ տանող ճամբան, մարդկային չափանիշով՝ նոյնինքն այն դժուարալից ճանապարհն է, ուր կան բազմապիսի տուայտանքներ, աղքատութիւն, թշուառութիւն, զոհողութիւն, զրկանք. մինչդեռ իսկութեան մէջ ան միակ ճամբան է, որ մեզ կ՚առաջնորդէ դէպի Աղբիւրը Լոյսին եւ դէպի խաղաղ նաւահանգիստ։ Իսկ ստութեան հօր՝ Բանսարկուին չարանենգ ճանապարհը թէպէտ մակերեսայնօրէն հանգստաւէտ պայմաններով օժտուած է, մարդոց խաբուսիկ հաճոյքներուն «մեծագոյն» ու «միակ» յագուրդ տուող ու հեշտագին պահեր տրամադրող միջոցն է, սակայն խորքին մէջ ան մարդ անհատին հոգին աղաւաղող, աստուածադրոշմ դիմագիծը նսեմացնող, աստուածաճ կեանքէ շեղող, մթաստեղծ գաղափարներ յղացող, ճշմարիտ ճամբէ խոտորող եւ մարդուս կեանքը քայքայող ճանապարհ է։

Վերոյիշեալ աւետարանական համարէն մեկնելով, մեր խորհրդածութեան որպէս նիւթ կը դարձնենք հետեւեալ երկու կէտերը.

Ա) Դրամը միջոց եւ ո՛չ՝ նպատակ. Դրամը առհասարակ ընդունուած է որպէս լուծումը կեանքի հանելուկին, բանալին՝ անոր ամենէն կնճռոտ դժուարութեանց։ Քրիստոնէական բարոյականի պրիսմակէն դիտուած դրամը ուժ մըն է, չի կրնար բնաւ ըմբռնուիլ իբրեւ նպատակ, այլ պէտք է ծառայէ ան իբրեւ միջոց մը, ճամբայ մը՝ որեւէ բարի նպատակի առաջնորդող։ Ըսուած է, թէ «Դրամը չարիք մըն է, երբ նպատակ է, բայց կրնայ ըլլալ բարիք մը, երբ գործածուի իբր միջոց՝ բարի նպատակի համար»։

Հնագոյն դրամներէն մինչեւ ներկայիս գործածութեան դրուած թղթադրամները երկու տարբեր երեսներով կը պատրաստուին, աջ ու ձախ երեսներ կ՚ունենան, կարծէք կ՚արտայայտեն միեւնոյն դրամին երկու տարբեր նկարագիրները։ Միեւնո՛յն դրամն է, որ շատերու անկման եւ այլոց բարձրացման պատճառ կը հանդիսանայ։ Նո՛յն դրամն է, որու «ճկուն» դերակատարութեամբ կեանքեր կը շնորհուին եւ մահավճիռներ կ՚արձակուին։ Դարձեալ նո՛յն դրամն է, որուն շնորհիւ պատիւներ կը ստացուին կամ որուն համար պատիւներ կը վաճառուին։ Եւ ա՛յդ դրամով է, որ մէկ կողմէ բարեսիրական աշխատանքներ խոնարհագոյն ոգիով կ՚իրագործուին, միւս կողմէ մեծ անձնաւորութիւններ կը ստրկանան եւ անոր առջեւ ծունկի կու գան։ Աւելի՛ն. անպատիւին՝ պատուոյ տիտղոս կը պարգեւէ, առանց կարենալու անպատուութեան մուրը ջնջելու անոր ճակտէն։ Տգէտին գլխուն դափնեպսակ կը հիւսէ՝ արհամարհելով անոր մտքի տարողութիւնը… Բարոյալքո՛ղ ազդակ։

Պօղոս առաքեալ իր աշակերտին՝ Տիմոթէոսին ուղղած նամակին մէջ կը թելադրէ ապրիլ ժուժկալ կեանք մը եւ իր անձը հեռու պահել մամոնային ընծայած կեղծուպատիր ու սնամէջ «բարիքներէն». «Արդարեւ, մեզի հետ ոեւէ բան չբերինք աշխարհ, եւ ոեւէ բան պիտի չկարենանք տանիլ մեզի հետ։ Եթէ ուտելիք եւ հագնելիք ունինք՝ անոնցմով բաւարարուինք։ Իսկ անոնք որ հարստանալ կ՚ուզեն՝ փորձութեան եւ թակարդի մէջ կ՚իյնան։ Կը բռնուին շատ մը անմիտ ու վնասակար ցանկութիւններով, որոնք մարդիկը մահուան եւ կորուստի անդունդը կը գլորեն։ Որովհետեւ բոլոր չարիքներու արմատը դրամասիրութիւնն է» (Ա. Տմ 6.7-10)։ Ով որ այս աշխարհին վաղանցուկ հարստութեան կը վստահի, որքան ալ հարուստ ըլլայ՝ իսկական աղքատ մըն է Աստուծոյ աչքին. իսկ ան որ հաւատքով Աստուծոյ կը վստահի, որքան ալ աղքատ ըլլայ՝ իսկական հարուստ մըն է Աստուծոյ աչքին։

Բ) Մեր գանձերը դիզենք երկնքի մէջ. Եթէ երբեք մեզի համար հարստութիւնը Աստուածն ու աստուածայինն է, երկինքն ու երկնայինն է, այդ պարագային մեր սիրտերը այդ բոլորին մասին խորհրդածող, այդ բոլորը ցանկացող, այդ բոլորով սնանող եւ յագեցող սիրտեր պիտի ըլլան։ Յոբ երանելի կ՚ըսէ. «Ամենակարողը քու ոսկիդ է եւ քու թանկագին արծաթդ» (Յոբ 22.25)։ Եթէ մեր երկրաւոր կեանքի ընթացքին ընդունած ենք զԱստուած իբրեւ մեր ոսկին ու թանկագին արծաթը, բնականաբար մեր սիրտերը Անոր կապուած եւ Անոր սիրով ու խաղաղութեամբ լեցուած պիտի ըլլան մեր երկրաւոր թէ երկնաւոր կեանքի ընթացքին։ Երանի՛ անոնց, որոնք կ՚ընդունին որ «աներեւակայելի գանձ մըն է Քրիստոս» (Եփ 3.8)։ Քրիստոս պարզապէս գանձաբաշխ չէ, այլ բաշխուած գանձն իսկ։ Աստուած լոկ հարստացնող մը չէ, այլ հարստութիւնն իսկ։ Ուրեմն, ճշմարիտ հարստութեան ցանկացողը, Աստուծոյ է որ ցանկացած կ՚ըլլայ։

Աստուծոյ յանձնուող սիրտ մը, իր հարստութիւնը դիզած կ՚ըլլայ երկինքի մէջ, ուր ցեցն ու ժանգը չեն կրնար փճացնել զայն, եւ ո՛չ ալ գողերը կրնան պատը քանդելով ներս մտնել եւ գողնալ (Հմմտ Մտ 6.20)։ «Երկինքի մէջ հարստութիւն դիզել» կը նշանակէ զանիկա դիզել Աստուծոյ քով, Անոր տրամադրութեան ներքեւ։ «Երկինքի մէջ հարստութիւն դիզել» կը նշանակէ շահիլ զՔրիստոս իրբեւ պաշտպանը մեր յաւիտենականութեան։ Երկինքի մէջ հարուստ եւ հարըս-տութիւն ունեցող պիտի նկատուին բոլոր անոնք՝ որոնք իրենց կենսընթացին զԱստուած ընդունած են իրբեւ իրենց երկնաւոր Հայրը, եւ իրենց նմանակիցը՝ որպէս իրենց եղբայրն ու քոյրը։

Սիրելի՛ ընթերցող, ո՞ւր է մեր հարստութիւնը, ի՞նչ բանի մէջ կը տեսնենք կամ կը կայանայ մեր հարստութիւնը։ Աստուծո՞յ մէջ, թէ՞ Աստուծոյ պարգեւը եղող երկրաւոր մեր կեանքի պայմաններուն մէջ։ Աստուծմէ եկող փառքի՞ն մէջ, թէ՞ մարդոց կողմէ մեզի համար հիւսուած գեղեցիկ խօսքերուն եւ ծափողջոյններուն մէջ։ Բարձրեալ Աստուծոյ հետ ունեցած մեր յարաբերութեա՞ն մէջ, թէ՞ բարձրադիրք մարդոց հետ ունեցած մեր կապին մէջ։ Մեր իմաստութեան եւ գիտութեա՞ն մէջ, թէ՞ Քրիստոսի մէջ, որուն «մէջ ծածկուած կը գտնուի Աստուծոյ իմաստութեան ու գիտութեան ամբողջ գանձարանը» (Կղ 2.3)։ Նիւթական արժէքները նիւթին հետ կ՚անհետանան, բայց վստահ պէտք է ըլլանք, որ մեր հոգեւոր արժէքները մնայուն ու յաւիտենական են, որոնց համապատասխան պիտի ստանանք մեր վարձատրութիւնը։ Մեր տուները, ստացուածքները, հարստութիւնը, կալուածները այս աշխարհին կը պատկանին։ Փորձենք գա՛նձ դիզել երկնքի մէջ եւ ո՛չ թէ երկրի վրայ։

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 3, 2018