ՍԼԱՑՈՂ ԺԱՄԵՐ

Կանգ առէ՛ք ժամեր,
Այդ ո՞ւր կը շտապէք...
Չէ՞ որ դեռ երէկ
Նոր էջ մը բացուած էր...

Ժամանակը այսօր թռչունի թռիչքէն անգամ արագ կը սլանայ: Դէպի ո՞ւր, յայտնի չէ: Տակաւին երէկ սկսանք նոր կեանքի: Մեր աչքը չթարթած երկու տարին թռաւ-գնաց: Երկու տարի առաջ փոխադրուեցանք Հայաստան: Այն ատեն ամէն բան ուրիշ էր՝ խաղաղ: Մեր նպատակներն ու սպասումները գունեղ էին ու պայծառ եւ մեծաւ մասամբ կապուած մեր ընտանիքին հետ:

Երկու տարի առաջ Արցախը անառիկ էր ու կանգուն, Հայաստանի սահմանները անսասան: Մարդիկ անհոգ ու երջանիկ. միայն կը փնթփնթային առօրեայ հոգերու ծանր լուծէն: Վատ զգացումներ անծանօթ էին մեզի. օրինակ՝ մշտնջենական տխրութիւն, թախիծ, ամէնօրեայ մահ ու վերակենդանացում...

Քանի մը ամիս կրցանք վայելել Հայաստանն ու Արցախը: Երեւանի փողոցներով քայլած ատեն անծայրածիր ուրախութիւն ու հանգստութիւն կը զգայի: Հոգիս ուրախութենէն կը խայտար: Կ՚ուզէի պոռալ՝ քեզ շատ կը սիրեմ իմ հզօր հայրենիք: Իսկ այսօր սրտի դառն կսկիծով, գլխիկոր կը շրջիմ այդ նոյն փողոցներով: Իսկ իմ ամենասիրելի վայրով՝ Հանրապետութեան հրապարակով անցնիլ բնաւ չեմ ուզեր: Այն ժամանակաւորապէս բռնազաւթուած է սրբապիղծ ազգադաւներու կողմէ: Այնտեղ քարերն անգամ կու լան: Չէ՞ որ Երեւանի սրտի մէջ կ՚ընդունուին ու կը ստորագրուին բոլոր հայատեաց որոշումները, որոնց հաշուին հայենիքս օրէ օր կը պզտիկնայ:

Դիւրին չէ մշտնջենական խաւարի մէջ փնտռել լոյս: Վստահաբար այդ լոյսը կայ, սակայն ամէն անգամ մէկը կը գոցէ զայն:

Մանուկներն են Հայաստանի անհոգները: Անոնք են, որոնք կը շարունակեն տեսնել լոյս: Իսկ մեր վիրաւոր հայրենիքին ապաքինումի համար անհրաժեշտ է մանկան մաքրութիւն, ինչ որ դժուար թէ գտնուի:

Պատերազմը կը շարունակուի, այս անգամ առանց հրանօթներու ու կրակոցներու: Առանց պատերազմի երկիրս կարագի պէս կը հալի, իսկ հայու կեանքը կը մարի: Գրեթէ ամէն օր՝ երեսուն, քառասուն, յիսուն մահ: Հրթիռը, փամփուշտը անգամ օրական այսքան շատ մարդկային կեանք չէ խլած, որքան աշխարհակործան, մարդակործան վարակը: Քաղցկեղի պէս ան անարգել կը տարածուի աշխարհի մէջ՝ խլելով միլիոնաւոր մարդկային կեանքեր: Այսպէս դէպի ո՞ւր...

Երկու տարի առաջ վաղուայ օրը պայծառ էր ու տեսանելի, իսկ այսօր այն մշուշոտ է: Հետզհետէ կը քօղարկուի մութ ամպերու մէջ: Կ՚ապրինք այսօրուայ օրով, բնաւ պատկերացում չունենալով, թէ վաղը ի՞նչ կրնայ պատահիլ մեզի: Այս դասը մեզի սերտել ստիպեց պատերազմը եւ թագաժահրը: Վարակը կրկին՝ նոր թափով կը վխտայ երկրիս մէջ: Անհիմն օրէնքներով իբր թէ կը փորձեն պաշտպանել մեզ դաժան հիւանդութենէն: Այսուհետ բացօթեայ տարածքներու մէջ անգամ դիմակի կրումը դարձուցած են պարտադիր: Ըստ Հայաստանի մէջ վերջերս ընդունուած անիմաստ օրէնքներէն մէկուն՝ դիմակ կրելու պարտաւորութիւն չունին խումբ մը բարձրաստիճան պաշտօնեաներ: Թերեւս վարակը անոնց չի դիպնար եւ կամ վարակը վարակէն հեռու կը կենայ:

Մինչ այդ, հասարակ ժողովուրդը պարտաւոր է ամէնուր դիմակ կրելու: Հանրաշարժներու մէջ հազիւ մէկ ոտքի վրայ կենալով, դիմացինիդ բերանի մէջ մտած, շնչառութիւնը զգալով՝ պարտաւոր ես կրել դիմակ: Թէ տուեալ պարագային դիմակը որքանո՞վ պիտի պաշտպանէ քեզ, յայտնի չէ:

Քաոսը կը շարունակի: Իւրաքանչիւր խելամիտ հայ կը կանխատեսէ մօտալուտ ազգային ողբերգութիւնը, սակայն զայն կանխելու համար կ՚ընէ ոչինչ: Աւելի ճիշդ ամէն մարդ իր մտահոգութիւններու մասին կը բարձրաձայնէ դիմատետրի մէջ: Փողոցը պայքարող չկայ, մինչդեռ ընկերային հարթակներու մէջ պայքարը թէժ է: Իրենց համար նախապէս սահմանուած տարածութիւններու մէջ մարդիկ կը փնտռեն փրկութիւն, սակայն ապարդիւն: Գտնուելով մոլորութեան մէջ այլեւս ի զօրու չենք սթափ դատելու եւ թացը չորէն տարբերելու:

Թող որ ըլլայ Տիրոջ կամքը:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 3, 2021