ՄՏՔԵՐՈՎ…

Ես ինծի համար միշտ կը նախընտրեմ նեղ արահետներ, լայն ուղիները ինծի համար չեն: Այդպիսի ճանապարհները զիս կանուխ կը յոգնեցնեն եւ տուրք կու տան իմ մէջ ապրող ծուլութեան:

Պզտիկութենէ կը զգայի՝ ես տունի աղջիկ մը չեմ, աւելի յստակ՝ տունի գործերը ինծի համար չեն: Սակայն կ՚ամչնայի բարձրաձայնել այս մասին: Ամօթ է՝ աղջիկը ծոյլ ըլլայ: Սակայն ես ծոյլ չեմ: Կը սիրեմ աշխատիլ, սակայն ո՛չ տանը, ո՛չ տնային գործերով, եւ այս բնական է: Ոչ մէկը իրարու կը նմանի: Ես ալ մեր ընտանիքի, մեր գերդաստանի ծուռն եմ: Ժամերով կրնամ բանեցնել իմ ուղեղը, դուրսը աշխատիլ: Մասնաւորապէս կը սիրեմ զբաղիլ մտաւոր աշխատանքներով. զոր օրինակ՝ կատարել թարգմանութիւններ, անդադար նոր բան մը սորվիլ, կարդալ գիրքեր, շփուիլ ինձմէ խելացի մարդոց հետ: Ամենէն շատ կը սիրեմ կարդալ առակներ, իմաստուն միտքեր: Ընկեր մը ունիմ, որու հետ շփումը ինծի համար կենսական է: Ան իմ հոգիի արտացոլանքն էր: Մեր կարճատեւ շփումներն անգամ կ՚օգնեն ինծի բացայայտելու ինքզինքս: Ամէն անգամ նոր անկիւնակ մը կը բացայայտեմ իմ հոգիի մէջ:

Իսկ եթէ ինծի հարցնէք, թէ այս կեանքին մէջ ամենէն շատ որո՞ւ կը ցանկանայի հանդիպիլ, տեսնել՝ զինքը: Գիտեմ, իմ փափաքը անիրականանալի է: Սակայն երբեմն այդպիսի ցանկութիւն կ՚ունենամ: Կ՚ուզէի տեսնել ինքզինքս: Ինչպիսի՞ն եմ ես: Ուրախ, տխուր, բարկացած ու զմայլած պահերուն ինչպիսի՞ տեսք կ՚ունենամ: Կ՚ուզէի նայիլ իմ աչքերուն մէջ եւ ընկղմիլ անոնց յատակը: Աւա՜ղ, անհաս երազ մը:

Այս կեանքին մէջ իւրաքանչիւրս կրնանք տեսնել ով որ կը կամենանք, բացի մենք մեզմէ ու Բարձրեալէն: Մենք ալ ստեղուած ենք Տիրոջ նմանութեամբ: Մեր մէջ ալ կ՚ապրի աստուածայինը: Թերեւս այս է պատճառը, որ մենք մեզ տեսնելը կը մնայ անհաս երազ մը:

Ամենէն շատ կը սիրեմ առանձնանալ ինքզինքիս հետ՝ ծածուկ տեղ մը ու լսելի պիտի ըլլայ իմ հոգիի ձայնը: Սակայն վերջին ութ տարիներուն, աւա՜ղ, այդպիսի առիթ չունեցայ: Կը կարօտնամ ինքզինքս: Մասնաւորապէս այս շրջանին, երբ իւրաքանչիւր ժամս կ՚անցնի գերծանրաբեռնուած, կ՚ուզեմ փախչիլ բոլորէն ու ամէն բանէ: Լռութեան կարօտ մնացած եմ: Ամէնուր աղմուկ է ու աճապարանք: Անդադար կը շտապեն բոլորը, ես ալ իրենց հետ: Գիտեմ, անցողիկ շրջան մըն է: Աստուծոյ կամօք պիտի յաղթահարեմ ու հասնիմ իմ բաղձալի հանգստութեան: Այժմ աճապարելու, արագ կողմնորոշուելու ու գործելու շրջանն է: Լիցքաթափուելու համար ժամանակ չկայ: Սակայն մօտ են այդ օրերը:

Միակ շռայլութիւնը որ այս միջոցին կրնամ ինքզինքիս թոյլ տալ՝ հին ընկերներու հետ շփումն է: Այդպիսի հանդիպումները կ՚անցնին ջերմ մթնոլորտի մէջ: Միայն հին ու բարի ընկերներու հետ կարելի է լիաթոք ուրախանալ ու խնդալ: Սաւառնիլ տարինելու վրայ եւ ինքնագոհ ժպտիլ նախկին արտաքինիդ ու մտածումներուդ վրայ:

Ժամանաի հոլովոյթով կը փոխուին մեր աշխարհահայեացքները, աշխարհընկալումները: Իմ մօտ նոյնպէս նկատելի են այդ փոփոխութիւնները: Ուրախութիւն է ինծի համար, որ ես կ՚ապրիմ յղկումի, դէպի դրականը փոխուելու շրջանը:

Մինչեւ պատերազմը չէի հասկնար կեանքին իմաստը: Պատերազմն ու աստուածճանաչութիւնը օգնեցին ինծի բացայայտելու կեանքին գեղեցկութիւնը, կենդանի գոյներն ու իմաստը:

Վերջերս առակ մը կարդացի, որ խօսեցաւ իմ հոգիին: Ան այնքան ճշմարիտ ու արդիական է, որ կ՚ուզեմ կիսուիլ ձեզի հետ։

Անգամ մը ծեր մարդ մը իր թոռնիկին համար յոյժ կարեւոր իմաստութիւն մը բացայայտեց.

-Իրաքանչիւր մարդու ներաշխարհին մէջ կ՚ընթանայ պայքար, որ կը յիշեցնէ երկու գայլերու կռիւը: Գայլերէն մին կը մարմնաւորէ չարիքի բոլոր յատկանիշները՝ նախանձը, ատելութիւնը, խանդը, ժլատութիւնը, եսասիրութիւնը, անտարբերութիւնը, կեղծիքը, ստախօսութիւնը, հայհոյանքը... միւս գայլը կը մարմնաւորէ բարիքի բոլոր յատկանիշները՝ խաղաղութիւնը, սէրը, յոյսը, հաւատքը, առաքինութիւնը, ճշմարտութիւնը, բարութիւնը, հաւատարմութիւնը, աստուածպաշտութիւնը...

Մեծ հօր խօսքերէն ազդուած փոքրիկը խորհեցաւ քանի մը վայրկեան եւ հարցուց.

-Իսկ վերջաւորութեան ո՞ր գայլը կը յաղթէ։

Ծերունին ժպտաց ու պատասխանեց.

-Մշտապէս կը յաղթէ այն գայլը, որ դուն կը կերակրես:

Այս առակը գերարդիական է: Յիրաւի, ամէնքս կը փափաքինք ըլլալ բարի, սակայն իւրաքանչիւր ժամ կը կերակրենք մեր ներսի չար գայլը: Չարի սնուցման լծուած ենք թէ՛ մենք, թէ՛ մեզ շրջապատող աշխարհը:

21-րդ դարը ունի մարդու կարիք: Մարդ եղէ՛ք, մարդի՛կ: Այս դարուն այժմէական է մարդ ըլլալը:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 3, 2022