Աւանդական ուղղագրութեան մէջ «է» եւ «ե» տառերուն տարբերականութեան գլխապտոյտ պատճառող վիճակը ներկայիս

Ա­ւան­դա­կան ուղ­ղագ­րու­թեան մէջ «է» եւ «ե» տա­ռե­րուն տար­բե­րա­կա­նու­թեան գլխապ­տոյտ պատ­ճա­ռող վի­ճա­կը ներ­կա­յիս։ Նիւ­թը շատ շօ­շա­փե­լի եւ մաս­նա­ւոր ըլ­լա­լով, կրնայ պա­տա­հիլ, որ խօսքս դժուար պատ­կե­րաց­նէք, այդ պատ­ճա­ռով ալ բա­նա­լի բա­ռե­րու էջ մը պատ­րաս­տած եմ ու կը բաժ­նեմ ձե­զի հետ։ Մենք այ­սօր ա­ւան­դա­կան ուղ­ղագ­րու­թեան մա­սին կը խօ­սինք։ Ճիշդ է որ աշ­խար­հա­բա­րի կազ­մա­ւոր­ման ա­տեն գրա­բա­րի ուղ­ղագ­րու­թիւ­նը վե­րա­ձե­ւա­ւորուե­ցաւ նոր գրա­կան լե­զուի տար­բե­րակ­նե­րուն՝ ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի եւ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի  հա­մար։ Պէտք է ը­սել, որ ա­րեւմտա­հայ քե­րա­կան­նե­րը, ինչ­պէս 19-րդ դա­րուն, այդ­պէս ալ 20-րդ դա­րուն, գո­նէ մին­չեւ 50-ա­կան թուա­կան­նե­րը ի­րենց բա­րո­յա­կան մե­ծու­թեամբ կրցան ո­րոշ չա­փով հա­մա­կար­գուած վի­ճա­կի մէջ պա­հել ա­ւան­դա­կան ուղ­ղագ­րու­թեան գլխա­ւոր օ­րի­նա­չա­փու­թիւ­նը։ Բայց վեր­ջերս, մօտ քսան տա­րիէ ի վեր մար­դիկ այն­քան մի­ջամ­տու­թիւն­ներ կ՚ը­նեն, որ ոչ թէ եր­կա­ձե­ւու­թիւն­ներ, այլ բազ­մա­ձե­ւու­թիւն­ներ ստեղ­ծուած են միեւ­նոյն տա­ռի գրու­թեան տար­բեր պա­րա­գա­նե­րու մէջ։ Եւ բո­լորն ալ պատ­ճա­ռա­բա­նուած են հնչիւ­նա­կան, բա­ռա­կազ­մա­կան եւ քե­րա­կա­նա­կան օ­րի­նա­չա­փու­թիւն­նե­րով։ Ա­հա­ւա­սիկ ես «է» եւ «ե» տա­ռե­րու այդ պա­րա­գան պի­տի ներ­կա­յաց­նեմ ա­ռանց անդ­րա­դառ­նա­լու «է»ի բա­ռաս­կիզ­բի եւ բա­ռա­վեր­ջի անշ­փո­թե­լի պա­րա­գա­նե­րուն եւ «է»ի՝ միւս ձայ­նա­ւոր­նե­րու հա­մա­տեղ գոր­ծա­ծու­թեան։ Հե­տե­ւա­բար «է» տա­ռը ո՞ւր կը հան­դի­պի բա­ռի փակ դիր­քին մէջ եւ ո՞ւր անշ­փո­թե­լի է։

Մեր փոք­րիկ­նե­րուն հա­մար անշ­փո­թե­լի է «ել» եւ «իլ» խում­բի բա­յե­րու ան­ցեալ ան­կա­տար ժա­մա­նակ­նե­րու վեր­ջա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն մէջ՝ «կը գրէի, կը գրէիր, կը գրէր», եւ հոս «է»ն «ե»ին կը հա­կադ­րուի ներ­կայ եւ ան­ցեալ կա­տա­րեալ ժա­մա­նակ­նե­րու հետ ան­ցեալ ան­կա­տա­րի ու­նե­ցած ի­մաս­տա­յին հա­կադ­րու­թեամբ եւ ա­շա­կերտ­նե­րուն հա­մար շօ­շա­փե­լի կը դառ­նայ եւ ա­նոնք չեն շփո­թիր։

Երկ­րորդ - Յոգ­նա­կի երկ­րորդ դէմք, ներ­կայ ժա­մա­նա­կի բա­յա­ձե­ւե­րուն մէջ «ք» վեր­ջա­ւո­րու­թե­նէն ա­ռաջ «է»ով կը գրուի եւ անշ­փո­թե­լի է։ Ոչ-բա­յա­կան բա­ռե­րու մէջ «է»ն կը հան­դի­պի միայն մէկ բա­ղա­ձայ­նով վեր­ջա­ցող բա­ռե­րու շեշ­տա­կիր դիր­քին մէջ։ Նա­խա­շեշտ դիր­քե­րուն մէջ շատ քիչ կը պա­տա­հի եւ բո­լորն ալ բա­ցատ­րե­լի են։ Շեշ­տա­կիր են շեշ­տա­փո­խու­թեան ժա­մա­նակ, այ­սինքն բա­ռի ա­ծան­ցու­մի եւ բար­դու­մի ա­տեն «է»ն կը վե­րա­ծուի «ի»ի, օ­րի­նակ՝ գէտ-գի­տուն, մինչ­դեռ «ե»ը տո­կուն ձայ­նա­ւոր է, չի հնչիւ­նա­փո­խուիր։ «Ի» փո­փո­խու­թեան ո­լոր­տը կ՚ընդգր­կէ քա­նի մը տաս­նեակ բա­ռեր եւ ե­թէ ա­նոնց­մով կազմուած բար­դու­թիւն­նե­րը եւ ա­ծան­ցում­ներն ալ նկա­տի առ­նենք, այդ թի­ւը կը հաս­նի քա­նի մը հա­րիւր­նե­րու. օ­րի­նակ՝ «ա­պա­ւէն-ա­պա­ւի­նիլ», «կէս-կի­սատ», եւ այլն։ Բա­ռա­կազ­մու­թեան դա­սե­րուն ա­շա­կերտ­նե­րը շատ դիւ­րու­թեամբ պի­տի ճանչ­նան այս ար­մա­տը՝ հնչիւ­նա­փո­խու­թեան խա­ղին մէջ մտնե­լով, եւ պի­տի վար­ժուին այդ բա­ռե­րու ար­մատ­նե­րը «է»ով գրե­լու։ Ա­նոնք այդ ար­մատ­նե­րուն կը հան­դի­պին նաեւ բարդ բա­ռե­րուն մէջ իբ­րեւ վեր­ջին բա­ղադ­րիչ եւ դար­ձեալ դիւ­րու­թեամբ պի­տի ճանչ­նան այդ ար­մատ­նե­րը եւ պի­տի կողմ­նո­րո­շուին։ «Է»ի հնչիւ­նա­փո­խու­թիւ­նը ապ­րող ե­րե­ւոյթ է եւ ա­շա­կեր­տը «է»ին գրա­յին ար­ժէ­քը չի շփո­թեր «ե»ին հետ։ «Է»ի հնչիւ­նա­կան այս կա­նո­նը քա­նի մը պա­րա­գա­նե­րու ո­րոշ խախ­տում­ներ ու­նի. օ­րի­նակ՝ «գէշ-գէ­շու­թիւն», եւ կան այս­պէս տաս­նեակ մը բա­ռեր։ Նման զար­տու­ղու­թիւն­նե­րու ա­ւե­լի շատ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի մէջ կը հան­դի­պինք, ո­րոնք բա­ռի­մաս­տա­յին ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­ներ կը ցու­ցա­բե­րեն. օ­րի­նակ՝ «տնօ­րէն-տնօ­րի­նու­թիւն-տնօ­րէ­նու­թիւն»։ «Է»ն նաեւ ան­փո­փոխ կը մնայ կցա­կան բար­դու­թիւն­նե­րու մէջ. օ­րի­նակ՝ «մէջ-մէջ­տեղ, կէս-կէս­կա­տար»։

­Տար­բե­րա­կա­նու­թեան խնդիր­ներ կը ծա­գին միայն այն բա­ռե­րու պա­րա­գա­յին ո­րոնք «է», «ե» տա­ռա­փո­խու­թեան կ՚են­թար­կուին։ Ա­տի­կա գրա­բա­րէն ե­կած հնչիւ­նա­փո­խա­կան ե­րե­ւոյթ է, բայց ո­րով­հե­տեւ ար­դի հա­յե­րէ­նին մէջ «է» եւ «ե» գի­րե­րու հնչիւ­նա­յին ար­ժէք­նե­րը նոյ­նա­ցած են, այ­լեւս կա­րե­լի չէ խօ­սիլ հնչիւ­նա­փո­խու­թեան մա­սին, այլ սոսկ՝ տա­ռա­փո­խու­թեան։ Եւ այս­պի­սի տաս­նեակ մը բա­ռեր կան ո­րոնք - ինչ­պէս ը­սի - գրա­բա­րէն փո­խան­ցուած են եւ բա­ւա­կան բարդ վի­ճակ մը կը ստեղ­ծեն այ­սօ­րուան ա­ւան­դա­կան ուղ­ղագ­րու­թեան մէջ, ո­րով­հե­տեւ տար­բեր քե­րա­կան­ներ տար­բեր մօ­տե­ցում­նե­րով կը ներ­կա­յաց­նեն այս պա­րա­գան։

«Է» եւ «ե» հնչիւ­նա­փո­խու­թիւ­նը գրա­բա­րի մէջ գոր­ծող օ­րի­նա­չա­փու­թիւն է գլխա­ւո­րա­բար հո­լո­վա­կան, մա­սամբ նաեւ բա­ռա­կազ­մա­կան մա­կար­դակ­նե­րու վրայ. օ­րի­նակ՝ գրա­բա­րի մէջ «պատ­ճէն» բա­ռը «է»ով կը գրուի, բայց հո­լո­վու­մի մէջ՝ կ՚ըլ­լայ «պատ­ճե­նից» եւ «է»ն «ե»ի կը վե­րա­ծուի։ Աշ­խար­հա­բա­րը մեր­ժեց հո­լո­վա­կան հա­մա­կար­գի «է» եւ «ե» տա­ռա­փո­խու­թիւ­նը. օ­րի­նակ՝ «պար­տէզ-պար­տէ­զի-պար­տէ­զով», բայց բար­դու­թեան մէջ ե­թէ բա­ռը կ՚են­թար­կուի «է»-«ե» տա­ռա­փո­խու­թեան, այն ա­տեն կը պա­հենք «ե»ը։

Կարգ մը հե­ղի­նակ­ներ ու­րիշ բան կ՚ա­ռա­ջար­կեն։ Ո­մանք կ՚ը­սեն՝ քա­նի ար­մա­տը «է» է, բո­լոր բար­դու­թիւն­նե­րու մէջ ալ «է» պէտք է ըլ­լայ. օ­րի­նակ՝ «գմբէթ-գմբէ­թա­ւոր»։ Ու­րիշ­ներ հա­կա­ռա­կը կ՚ը­սեն՝ «գմբէթ-գմբե­թա­ւոր»։

­Վեր­ջաց­նե­լու հա­մար ը­սեմ, որ ե­թէ ա­ւան­դա­կան ուղ­ղագ­րու­թիւ­նը յստակ կեր­պա­րանք ստա­նայ, այ­սինքն մեր ա­ծուն մենք մեր մէջ մաք­րենք, այն ա­տեն կա­րե­լի կ՚ըլ­լայ խօ­սիլ եր­կու ուղ­ղագ­րու­թիւն­նե­րու մեր­ձեց­ման մա­սին։ Սա­կայն դժբախ­տա­բար չկայ այն­պի­սի մար­մին մը, որ կա­րո­ղա­նայ հա­մա­կար­գել մեր դպրո­ցա­կան, կրթա­կան, լե­զուա­կան, ուղ­ղագ­րա­կան հար­ցե­րը։ Ը­սեմ նաեւ, որ ա­ւան­դա­կան ուղ­ղագ­րու­թեան մէջ կան շատ օ­րէնք­ներ, ո­րոնք պէտք է պահ­պա­նուին, բայց կան նաեւ բա­ներ ալ, ո­րոնք պէտք է վե­րա­դա­սա­ւո­րուին եւ վերս­տին հա­մա­կար­գուի­ն։

ՅԱ­ԿՈԲ ՉՈ­ԼԱ­ՔԵԱ­Ն

«Նոր Յառաջ»
Փարիզ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 3, 2015