Փնտռելով Փարիզի Մէջ Մտերմիկ Հանգստութիւնը
Փարիզը հարուածած ահաբեկչութենէն ետք, թէեւ երեւութապէս կեանքը վերադարձած է իր բնականոն հունին, սակայն մարդոց հոգիներն ու ամբողջ ներաշխարհը ցնցուած են: Խորքին մէջ մարդոց առօրեան այլեւս դժուար թէ կը վերադառնայ իր նախկին վիճակին: Կարկինը աւելի լայն բանալով՝ տեղին կ՚ըլլայ նշել, որ Հայաստան պատմութեան ընթացքին աւելի ահաբեկչական եւ բարբարոսական յարձակումներու, քանդումներու ենթարկուած է, մանաւանդ զօրակցող, աջակցող չէ ունեցած, այդուհանդերձ գոյատեւած ենք շնորհիւ մեր ներքին տոկունութեան եւ լաւատեսութեան: Այլ ընտրանք կա՞յ: Բազմաթիւ առումներով աշխարհի մայրաքաղաքը նկատուող Փարիզի լաւագոյն արձագանգը վստահաբար կ՚ըլլայ… ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ:
«Պի.Պի.Սի.»ի յօդուածագիր Քեւըն Քոնոլլի Ֆրանսայի մայրաքաղաքէն հետեւեալը կը գրէ.
Նոյեմբերը խորքին մէջ բնաւ յարմար ամիսը չէ Փարիզ այցելութեան համար: Ծննդեան տօնը չէ տակաւին, երբ վաճառատուներու եւ խանութներու, ցուրտ, աղօտ լոյսերը կ՚առկայծեն Դեկտեմբերի խաւարը: Եւ երկար ճամբայ կայ մինչեւ Ապրիլ՝ անոր աւելի ջերմ, երկար երեկոները վայելելու: Տարուան այս պահուն ինկած տերեւները տակաւին կը պառկին հարթավայրի ծառերուն շուրջ, կարծես ակամայ թօթւուած են եկող ձմրան դողէն:
Որոշ բաներ այստեղ երբեք չեն փոխուիր անշուշտ: Իմ հին յարկաբաժինիս շէնքին մօտ գտնուող լաւագոյն ճաշարանին մէջ պատուիրեցէ՛ք խոզի տոտիկներ, եւ ատոնք տակաւին կը հրամցուին ադամանդեայ կաղապարով՝ խորոված, մաշկը կարմրած, կարծես կը կրեն սկովտիական Արճիլ քաղաքի գոյնզգոյն գուլպաները:
Իսկ գետին վրայ եւ փողոցներուն մէջ երթեւեկը նոյն աշխուժութիւնը ունի: Այսպիսի պահերու դուք կը փնտռէք մտերմիկը, հանդարտութիւնը, երբ ամէն ինչ երեւութապէս ծանօթ, նոյնը կը թուի, մինչ իրականութիւնը այն է, որ ատոնք արդէն բոլորովին փոխուած են:
Անցեալ ամիս այս ատեն, Փարիզ մայրաքաղաքն էր երկրի մը, որ ներգրաւուած էր շատ ժամանակակից պատերազմի տեսակի մը մէջ, որուն ընթացքին համակարգիչով կառավարուող շողարձակ հրթիռները հարուածած էին թիրախներ՝ հեռաւոր նախկին գաղութավայր Սուրիոյ մէջ: Այժմ ատիկա ճակատային գիծ է, ժամանակակից տեսքով հակամարտութեան, որուն մէջ եւրոպական կամ ամերիկեան որեւէ քաղաք պատերազմի դաշտ կրնայ դառնալ: Թշնամին տարազ չի հագնիր եւ պատերազմական ոչ մէկ օրէնք կը ճանչնայ: Անոր հետիոտն զինուորները հանրակառքին մէջ կողքիդ նստած, քեզի հետ աշխատող տղամարդը կամ կինը կրնայ ըլլալ, որ մեծցած է լսելով նոյն լուրերը, սորվելով նոյն պատմութեան դասերը, ինչպէս դուն, եւ հասած է վտանգաւոր տարբեր եզրակացութիւններու: Անոնք իբրեւ քնացող իրեր կամ անձեր կրնան ձեր կողքին ապրիլ տարիներ, նախքան անձնասպանութեան գօտին կապելը կամ յարձակումի հրացանը վերցնելը եւ մահացու մտադրութեամբ ընթանալը նոյն փողոցներուն մէջ, ուրկէ ամէն օր կ՚ուղղուին դէպի իրենց աշխատավայրը: Անշուշտ ճշմարտութիւնն այն է, որ ձեր շուրջ նստած տարեկան տոմս ունեցող գրեթէ բոլոր ուղեւորները՝ ձանձրացած, յոգնած կամ երկիւղած տեսքով, ճիշդ այն են, ինչ կը թուին:
Ֆրանսան, ըստ անոր քաղաքական գործիչներուն, պատերազմի մէջ է, բայց ատիկա սպառիչ է, ջիղերը քայքայող տեսակի պատերազմ մը, որուն մէջ ոչինչ կրնայ տեղի ունենալ ամիսներ կամ տարիներ, բայց, ուր վաղը՝ պատերազմի դաշտին քաոսը եւ վախը հաւասարապէս կրնան գալ քաղաքի փողոցները:
Ահաբեկիչները թիրախ կը դարձնեն առօրեայ կեանքի անտարակուսելի փաստերը: Անոնց մեծ մասը քու միտքիդ մէջ վախ տեղադրելն է, նման՝ համակարգչային ժահրի: Արդեօք պայուսակը կռնակին այդ ջղագրգիռ թուացող երիտասարդը անձնասպանական գործողութիւն իրականացնելիք ահաբեկի՞չ է, կամ պարզապէս ջղային ուսանող մը, որ կ՚երթայ քննութեան մասնակցելու: Երբ դէպի դպրոց, հաւաքոյթի կամ համերգի մեկնող ձեր երեխաներուն դուք հրաժեշտ կու տաք, արդեօք «երթաք բարով» կ՚ըսէ՞ք: Ի՛նչ օգուտ ունի ձեր սիրած անձերուն՝ «ուշադիր եղի՛ր» կամ «բարի ճանապարհ» ըսելը, երբ դուք գիտէք, որ որքան ալ ուշադիր ըլլան, բայց եւ այնպէս անոնց ուղեւորութեան, ճամբորդութեան անվտանգութիւնը, իրօք, իրենց հակակշիռին տակ չէ:
Ամբողջ այս շաբթուան ընթացքին փարիզցիները այս բոլոր մտածումներով տարուած էին, իսկ կեանքը հոս ձեւով մը կը հունաւորուի Նոյեմբերի կուտակուող խաւարին մէջ: Բայց եթէ ահաբեկիչին զէնքը վախը եւ ատկէ հոսող անորոշութիւնն է, մենք՝ Փարիզի, Փիթըրհետի, Փիորիայի եւ այլ վայրերու հասարակ քաղաքացիներս, մեր սեփական զէնքը ունինք: Ատիկա կամակոր դիմացկունութիւնն է, որ սոսկալի յարձակումներէն միայն քանի մը օր ետք փարիզեցիները մղած է դուրս՝ կրկին աշխատանքի. հետիոտն զինուորներու ունակութիւնը՝ մարտնչելու խաւարին ընդմէջէն:
Փարիզ ճիշդ հիմա քիչ մը սանձուած է, ոչ այնքան, որքան ես կը յիշեմ: Բայց մարդիկ կ՚ուտեն ճաշարաններուն մէջ, կ՚աշխատին գրասենեակներու եւ գործարաններու մէջ, եւ կը մրմնջան շարքերու, հերթերու մէջ: Կեանքը ընթացած է ո՛չ թէ խրոխտութեան մեծ ցուցադրումով, այլ նաեւ՝ տեսակ մը վճռականութեամբ, որ շատ աւելի տպաւորիչ է եւ կարելի չէ թերագնահատել:
Այնպէս որ, թերեւս ես սխալեցայ՝ ըսելով, որ նոյեմբերը լաւագոյն ժամանակը չէ Փարիզ այցելելու: Քիչ մը մոխրագոյն ու անձրեւոտ է, եւ ապագային մասին վախերն ու անորոշութիւնները բաւարար չափով իրական են… բայց երբ մտածէք անվերջ զգացումներուն մասին, որ հին այս վայրը ապրեցաւ շաբթուան մը ընթացքին, իսկապէս Փարիզ զիս երբեք ասկէ աւելի լաւ չէ տպաւորած:
ՓԱՐԻԶԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐԸ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԸ ՄՂԵՑԻՆ «ԿԱՍԿԱԾԵԼՈՒ» ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԳՈՅՈՒԹԵԱՆ
Քենթըրպըրիի Արքեպիսկոպոս Ճասթին Ուելպի վերջերս տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ Փարիզի սպանութիւններուն իր արձագանգը նախ եղած է ցնցումը, սարսափը, ապա՝ խոր տխրութիւնը:
Արքեպիսկոպոսը ըսաւ.
«Շաբաթ առաւօտեան ես դուրսը կը քալէի, կ՚աղօթէի եւ կ՚ըսէի. «Աստուա՛ծ, ինչո՞ւ, ինչո՞ւ ասիկա կը կատարուի: Ո՞ւր ես Դուն այս բոլորին մէջ»: Ապա կը խօսէի Աստուծոյ հետ: Այո՛, ես կը կասկածիմ»:
Արքեպիսկոպոսը աւելցուց. «Ցնցումը ուժգին էր, որովհետեւ կնոջս հետ հինգ տարի Փարիզ ապրած ենք: Մեր ապրած ամենէն երջանիկ վայրերէն մէկն էր, եւ այդպիսի վայրի մը մէջ այսքա՜ն տառապանք տեսնելը իսկապէս սրտաճմլիկ է»:
Ահաբեկչական յարձակումէն կարճ ժամանակ ետք ֆրանսական օդուժը Սուրիոյ մէջ ԻՇԻՊ-ի դիրքեր ռմբակոծեց, բայց Արքեպիսկոպոսը զգուշացուց հաւանական վնասակար ակնթարթային արձագանգէն: «Երկու անարդարութիւններ մէկ արդարութիւն չեն բերեր: Եթէ մենք սկսինք պատահական կերպով սպաննել անոնք, որոնք սխալ չեն գործած, ատիկա լուծումներ չ՚ապահովեր: Այնպէս որ, կառավարութիւնները պէտք է արդարութեան միջոցները ըլլան», ըսաւ ան:
«Այն եղանակը, ձեւը, որով ԻՇԻՊ-ի զինեալները իրենց հաւատքը կը խեղաթիւրեն, այնպէս մը, որ անոնք կը հաւատան, թէ այդ արարքները կը փառաբանեն իրենց Աստուածը, այսօրուան մեր աշխարհին ամենէն յուսահատական երեւոյթներէն մէկն է», նշեց Արքեպիսկոպոսը:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024