ՆԿԱՐՉՈՒՀԻ ՔՈՒՏՐԷԹ ՏՈՒՐՍՈՒՆԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ
Նկարչուհի Քուտրէթ Տուրսուն շաբաթավերջին Աթագիւղի «Եունուս Էմրէ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ բացաւ իր չորրորդ անհատական ցուցահանդէսը։ «Խօսքը՝ գոյներուն-3» խորագրեալ այս ցուցահանդէսը կ՚ընդգրկէ նկարչուհիի աւելի քան վեց տասնեակ ստեղծագործութիւնները։ Քուտրէթ Տուրսուն վերջին անգամ չորս տարի առաջ բացած էր անհատական ցուցահանդէս մը։ Անցած ժամանակաշրջանին ան ծաւալած է ստեղծագործական բեղուն աշխատանք, որու հիման վրայ արդէն կեանքի կը կոչէ ներկայ ծրագիրը։ Ցուցահանդէսը արժանացաւ համայնքային շրջանակներէ գեղարուեստասէրներու եւ նկարչուհիի համակիրներու անմիջական հետաքրքրութեան։ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանն ալ պատուեց Քուտրէթ Տուրսունի ցուցահանդէսը եւ գնահատեց անոր գործունէութիւնը։
Հարկ է նշել, որ ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ դեկտեմբերի 7-ը։