ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՈՒԺԸ…
Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութեան նախաձեռնութեամբ Իսթանպուլի «Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյ» (CRR) համերգասրահին մէջ կազմակերպուած համերգի արձագանգները տակաւին կը շարունակուին: Ձեռնարկը ձօնուած էր հայ դասական երաժշտութեան ամենայայտնի անուններէն մէկուն՝ Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան 120-ամեակին։ Համերգին իրենց մասնակցութիւնը բերած երեք հայաստանցի երաժիշտներն ալ՝ Անուշ Նիկողոսեանը (ջութակահար), Սօնա Բարսեղեանը (դաշնակահար) եւ Միքայէլ Նաւասարդեանը (թաւջութակահար) միջազգային մրցոյթներու դափնեկիրներ են, մրցանակակիր երաժիշտներ, որոնք կը ջանան հայկական դասական երաժշտութիւնը ներկայացնել Հայաստանի եւ աշխարհի մէջ: Իսթանպուլի մէջ ալ անոնք նոյն նուիրումով ներկայացուցին հայ դասական երաժշտութեան գլուխ գործոցներ, որոնք լաւ ընդունելութիւն գտան: Երեւան վերադառնալէ ետք ԺԱՄԱՆԱԿ հանդիպում մը ունեցաւ երաժիշտներուն հետ, զրուցեց անոնց տպաւորութիւններուն, համերգի մանրամասնութիւններուն եւ իրենց յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին: Օգտուելով առիթէն՝ երեք երաժիշտներն ալ նախ եւ առաջ իրենց շնորհակալութեան եւ գոհունակութեան խօսքերը յղեցին համերգի կազմակերպիչներուն՝ Նաիրի Պետրոսեանին եւ անոր խումբին, աջակիցներուն, հանդիսատեսին՝ յուսալով, որ Իսթանպուլի զանազան շրջանակներուն հետ այս նոր ծանօթութիւնը նո՛ր համերգներու եւ նոր նախագիծերու դուռ կը բանայ:
ՍՕՆԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ. «ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԻՒՆԸ ՍԱՀՄԱՆ ՉԻ ՃԱՆՉՆԱՐ»
-Դուք առաջին անգա՞մ Իսթանպուլ գտնուեցաք:
-Այո՛, առաջին անգամ Իսթանպուլ գացինք եւ վերադարձած ենք խոր տպաւորութիւններով: Մինչեւ մեկնիլը արդէն իսկ զանազան զգացումներ ունէինք, որոնց շարքին ամենակարեւորը՝ մեր առաքելութեան հաւատարիմ մնալն էր: Իսկ մեր առաքելութիւնը մեր երաժշտութիւնը տարածելը, ներկայացնելն է: Եւ մենք, ուր որ ալ ըլլանք, ո՛ր երկրի մէջ ալ ելոյթ ունենանք, միշտ կը ջանանք (եթէ նոյնիսկ համերգային ծրագիրը հայկական երաժշտութեան հետ ընդհանուր առմամբ կապ չունի) հայ երաժշտահանի մը գործը անպայման ներկայացնել, քանի որ այդ մէկը մեծ կարեւորութիւն ունի մեզի համար: Ու ըսեմ, որ ատիկա միշտ մեծ արձագանգներու կ՚արժանանայ եւ միշտ կը մօտենան, ստեղծագործութեան մասին կը հարցնեն, նօթագրութիւնը կ՚ուզեն եւ այլն: Իսթանպուլ շատ մեծ պատասխանատուութեան զգացումով մեկնեցանք եւ բարձր տրամադրութեամբ գացինք ելոյթին։ Մեր համերգը քաղաքի ամենամեծ, կարեւորագոյն համերգասրահներէն մէկուն մէջ էր, ուր դասական երաժշտութեան բազմաթիւ նշանաւոր երաժիշտներ ելոյթ կ՚ունենան: Շատ գեղեցիկ դահլիճ մըն էր, ուր նաեւ ձայնի լսելիութիւնը, հնչականութիւնը շատ լաւն էին, ինչ որ տրամադրող է երաժշտի մը համար: Մօտ հազար հոգինոց դահլիճ էր եւ ըսեմ, որ լեփլեցուն էր, անշուշտ, այս մէկն ալ նոյնպէս ոգեւորութիւն հաղորդեց մեզի: Կազմակերպիչներու հրաւէրով կային հարիւրաւոր ունկնդիրներ, որոնք բոլորն ալ ընդառաջած էին հրաւէրին եւ եկած համերգին, անոնց շարքերէն ներս կային պաշտօնական անձնաւորութիւններ: Նոյնիսկ գիտցանք, որ համերգով հետաքրքրուողները այնքան շատ էին, որ վերջը մուտքը բաց ըրած էին եւ այդպէ՛ս ալ եկողներ շատ եղան: Մէկ խօսքով՝ հանդիսատեսի ներկայութիւնը շատ տպաւորիչ եւ ոգեւորիչ էր: Եւ ըսեմ, որ նոյն հանդիսատեսին հետ աւարտին շփում ալ ունեցանք:
-Իսկ այդ շփումներէն ի՞նչ զգացիք՝ հանդիսատեսը ծանօ՞թ էր Խաչատուրեանին, անոր ստեղծագործութիւններուն:
-Երբ կը նուագէինք Խաչատուրեանի պալէներէն հատուածներ, կը զգայինք հանդիսատեսին ծանօթ ըլլալու արձագանգները, «Սուսերով պարեր»ու ժամանակ՝ բնականաբար սկիզբէն արդէն ծափահարութիւններ կը լսուէին, Խաչատուրեանի «Ատաճիօ» ստեղծագործութեան ժամանակ ալ ես կը լսէի արձագանգներ դահլիճէն: Բայց այդ կապը, ընդունելութիւնը, ստեղծագործութիւնը ծանօթ եւ սիրելի ըլլալը միայն ծափերով չարտայայտուեցան: Երաժիշտ մը բեմէն անպայման կը զգայ այն զգացական կապը, որ ստեղծուած է իր ու դահլիճին միջեւ: Ես համերգի ամենասկիզբէն ալ այդ կապը ստեղծուած տեսայ, իսկ այդ մէկը համերգի ժամանակ առաւել կ՚ոգեշնչէ, ինծի համար ատիկա ամենակարեւորն է, ցաւօք սրտի, բոլոր համերգներուն չ՚ըլլար այդ ոգեշնչումը: Համերգները ընդհանրապէս իրարմէ այս ձեւով կը տարբերուին: Խաչատուրեանը, այո՛, ճանչցուած է. Առնօ Բաբաջանեանի, միւսներու գործերը, ճիշդ է, մեր հայ դասական արուեստի սիւներէն են, բայց կրնան օտարներ չճանչնալ զանոնք, ո՛չ միայն Իսթանպուլի, այլ ամբողջ աշխարհի մէջ անոնք կրնան նորութիւն ըլլալ հանդիսատեսին համար:
-Ի՞նչ ստեղծագործութիւններ ընդգրկուած էին համերգացանկին վրայ:
-Ծրագիրը ամբողջութեամբ հայ երաժշտահաններու գործերէ կազմուած էր՝ նուիրուած մեր մեծագոյն անուններէն մէկու յոբելեանին: Մենք՝ երեքս ալ զատ-զատ կը կատարէինք թէ՛ մենանուագներ եւ թէ միասին, համատեղ գործեր: Համերգը սկսաւ Խաչատուրեանի յայտնի ստեղծագործութիւններէն՝ «Թոքաթա»ով, որու նկատմամբ, բնականաբար, երբեք անտարբեր չենք կրնար ըլլալ եւ պէտք է կատարէինք: Այնուհետեւ կատարեցինք Խաչատուրեանի «Երգ-պոեմ»ը եւ շատ այլ ստեղծագործութիւններ: Համերգացանկին մէջ նաեւ ընդգրկած էինք Ալեքսանտր Յարութիւնեանի ստեղծագործութիւններէն՝ գրուած թաւջութակի եւ դաշնամուրի համար, Կոմիտասի մշակումներէն, Առնօ Բաբաջանեանի հիանալի եռանուագը, Խաչատուրեանի պալէներէն հատուածներ եւ բնականաբար՝ «Սուսերով պար»ը, որ նոյնպէս անհնար էր չընդգրկել ծրագրին մէջ:
-Կարգ մը հայ երաժիշտներ գուցէ կը վարանին Թուրքիա համերգներու երթալ, իսկ դուք այդ վարանո՞ւմը ունցաք:
-Ես կը կարծեմ, որ մշակոյթը այն կարեւորագոյն կամուրջներէն մին է, որ կրնայ միացնել երկիրները, ժողովուրդները, իսկ դուն երբ արդէն արուեստի, երաժշտութեան ասպարէզին մէջ տեղ մը հասած ես՝ բոլորը մէկ են քեզի համար: Անկեղծ ըսած, ես տեսակ մը վստահութիւն ունէի, որ հայ երաժշտութիւնը, ո՛ւր որ ալ կատարուի եւ ներկայացուի, ինք միշտ միացնող յատկութիւն ունի եւ դասական երաժշտութեան միջոցով մենք միշտ ունակ ենք բացուիլ մարդոց, իրենց զգացումները, տեսակ մը սահման չի ճանչնար երաժշտութիւնը: Այո՛, գուցէ սկիզբէն կար մտածում մը՝ այդ երկիր երթալու առումով, բայց շատ ուրախ եմ, որ ամէն ինչ մեր ուզածին պէս եղաւ, մեր ներկայացուցչութիւնը եւ կազմակերպիչները, աջակիցները ջանասիրաբար ամէն ինչ ըրած էին: Եւ ես ալ, բնականաբար, կը տեսնէի, որ այդ ամէն ինչը հոն այնքան ալ դիւրին չէ այդ մարդոց համար ընելը, քանի մը անգամ աւելի բարդ է հոն, քան՝ ուրիշ երկրի մը մէջ:
-Հայ համայնքին հետ կրցա՞ք շփուիլ:
-Համայնքը ներկայ էր իր ներկայացուցիչներով, արուեստասէրներով, համերգէն ետք կը մօտենային, կը շփուէին, նոյնիսկ մարդիկ կային՝ երաժշտական նօթագրութիւնը խնդրեցին: Երաժիշտ մը, որ հայ չէր, նոյնպէս ուզեց եւ ես նուիրեցի նօթագրութիւնը, ըսաւ, որ իր դասատուն ուզած է, որ իրենց դասարանը կատարէ այդ գործը եւ ես սիրով անմիջապէս նուիրեցի եւ այդ մէկը նոյնպէս կարեւոր է երաժիշտի մը համար: Ափսո՜ս, ժամանակը կարճ էր եւ համայնքին հետ շփումն ալ կարճատեւ էր, նաեւ այդ կարճ ընթացքին եղանակն ալ բարենպաստ չէր՝ թէ՛ հայկական տեղեր երթալու, թէ՛ Իսթանպուլը տեսնելու առումով, բայց վստահ եմ, որ կ՚ըլլան ուրիշ առիթներ:
-Իսկ առաջարկներ եղա՞ն կրկին երթալու եւ ուրիշ համերգներ ալ ունենալու այնտեղ:
-Այդ մասին ալ խօսուեցաւ, նոյնիսկ տակաւին մինչեւ համերգը այդ մասին խօսակցութիւն եղաւ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մեր ներկայացուցչին հետ: Յուսանք՝ նոր նախագիծեր կ՚ընենք: Ի հարկէ, տակաւին յստակ չէ, տակաւին կանուխ է, բայց տրամադրուածութիւնը ա՛յդ մասին կը յուշէ:
-Որպէս երաժիշտ, ի՞նչ նշանակութիւն ունի Արամ Խաչատուրեանը ձեզի համար, նկատի ունենալով նաեւ, որ մեծցած էք Արամ Խաչատուրեան տուն-թանգարանի տնօրէնի ընտանիքին մէջ եւ ձեր մայրն ալ Խաչատուրեանի արուեստը աշխարհով մէկ ներկայացնող երաժիշտներէն մէկն է:
-Իմ համերգացանկին մէջ Արամ Խաչատուրեանի ստեղծագործութիւնները, անկախ այն բանէն, թէ ո՛ւր եմ ես, միշտ ներկայ է, ես ու իմ մայրս՝ դաշնակահարուհի Արմինէ Գրիգորեանը՝ Խաչատուրեանի տուն-թանգարանի տնօրէնը, համատեղ դաշնամուրային երկանուագ ունինք՝ Խաչատուրեանի «Սոնէթ Տօ»ն: Մեր այդ կատարումը աւելի քան քսան տարուան պատմութիւն ունի, մենք մեր համերգացանկին մէջ ատիկա միշտ կ՚ընդգրկենք, ինչպէս նաեւ կը կատարենք Խաչատուրեանի պալէներէն հատուածներ: Անցեալ տարի ալ՝ Խաչատուրեանի 120-ամեակի յոբելենական տարուայ ընթացքին ամբողջ աշխարհի մէջ (ԱՄՆ, Յունաստան, Ռուսաստան, Գերմանիա եւ այլուր) մենք միշտ նուագած ենք եւ տօնած ենք Արամ Խաչատուրեանի 120-ամեակը: Եւ տեսէք, նոյնիսկ մէկ տարի անցած է 120-ամեակէն, բայց տակաւին կը նշուի եւ այդ մէկը չի խանգարեր՝ անոր արուեստը կրկին ու կրկին տարածելու:
Արամ Խաչատուրեանը այն երաժիշտն է եւ այն կարեւորագոյն անունն է ընդհանրապէս համաշխարհային երաժշտական արուեստին մէջ, որ չեմ կարծեր՝ միայն ինծի համար, այլ դասական երաժշտութիւն ներկայացնող բոլոր երաժիշտներուն համար մեծ տեղ ունի: Ո՛ւր որ ալ կը խօսիս Արամ Խաչատուրեանի մասին կամ ուր որ ալ կը հնչէ իր ստեղծագործութիւնները, կը զգաս, որ բոլորին համար ան մեծ նշանակութիւն ունի:
Այնպիսի տուեալ մը կայ, որ անոր «Սուսերով պար»ը աշխարհի մէջ ամենաշատ կատարուող ստեղծագործութիւններէն մին է, իսկ օրական դրութեամբ միշտ կը հնչէ, այդ ստեղծագործութիւնը ամէն վայրկեան ներկայ է աշխարհի բոլոր ծայրերը:
-Ի՞նչ նոր ծրագիրներ ունիք յառաջիկայ՝ 2025 թուականին համար:
-Յառաջիկայ տարուայ ընթացքին շատ ընելիքներ, նախագիծեր, համերգներ կան եւ մեծ մասամբ՝ զուգանուագներով: Իսկ այս եռեակը, որ կազմուած էր նոյնինք՝ Իսթանպուլի ծրագրին համար, նոյնպէս ունի նախագիծեր: Ի հարկէ, ես եւ Անուշ Նիկողոսեանը շատ տարիներու ընկերներ, գործընկերներ ենք, միասին բազմաթիւ համերգներ սարքած ենք զանազան երկիրներու մէջ, իսկ այս անգամ ալ եռեակով հանդէս եկանք միասին: Այս ամսուայ մէջ ալ Անուշին հետ համերգներ ունինք: Դեկտեմբերի 25-ին համերգային նոր դահլիճ մը պիտի բացուի Հայաստանի մէջ, այդ առիթով համերգ ունինք, ձեռնարկ մը եւս կայ՝ նուիրուած նորվեկացի նշանաւոր երգահան Էտուարտ Կրիկին եւ յաջորդ տարի Պախի եւ այլ երաժիշտներու յոբելեաններուն հետ կապուած համերգներ կան:
ԱՆՈՒՇ ՆԻԿՈՂՈՍԵԱՆ. «ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՄԲ ՍՆՈՒԱԾ ԵՆՔ ՓՈՔՐ ՏԱՐԻՔԷ»
-Ի՞նչ սպասումներ ունէիք այս համերգի առաջարկը ընդունելէ ետք եւ ինչքանո՞վ իրականացան ձեր սպասումները:
-Անկեղծ ըսեմ՝ հրաւէրը ստանալով՝ առաջին զգացումը ամենահաճելին չէր գուցէ։ Առաջին առթիւ մեր ակնկալիքները այնքան ալ մեծ չէին, բայց, երբ իմացանք, թէ հոն տակաւին անցեալ տարի պիտի նշուէր Խաչատուրեանի 120-ամեակը եւ ինչ-ինչ պատճառներով չեղարկուած էր, քաջալերուեցանք։ Այս հրաւէրին առաջարկը ստացանք վստահելի անձնաւորութենէ մը՝ Արմինէ Գրիգորեանէն, իսկ նկատի ունենալով տուեալ համերգասրահը, այդ բոլորը շարժառիթ եղան, որ մենք համաձայնինք ու մեկնինք: Բնականաբար, համերգի համար լաւ շարժառիթ էր նաեւ ծրագիրը, որ բացառապէս հայ երաժշտութենէ կազմուած էր, իսկ հայ երաժշտութիւնը ներկայացնելը մեր առաքելութիւնն է: Հայ երաժշտութիւնը աշխարհի մէջ ներկայացնելու որեւէ առաջարկէն մենք չենք հրաժարիր կամ ալ զգացական ինչ-ինչ հարցերէ չենք առաջնորդուիր, այլ մեր գործը պէտք է բարձր մակարդակով կատարենք:
Իսկ ակնկալիքները սկսան արդարանալ տակաւին առաջին իսկ օրէն, երբ սկսանք համագործակցիլ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցչի եւ իր անձնակազմին հետ: Առաջին տպաւորութիւնները արդէն կը յուշէին, որ մենք լաւ համագործակցութիւն մը պիտի ունենանք եւ դրական տրամադրուած՝ մեկնեցանք: Շատ ուրախալի է, որ յաջողած էր լեփլեցուն դահլիճ ունենալ, շատ-շատ ջերմ էր ընդունելութիւնը, համերգասրահը արտակարգ լաւն էր՝ թէ՛ հնչողութեամբ եւ թէ միւս չափանիշներով: Մեր ծրագիրն ալ, կը կարծեմ, որ շատ համահունչ էր՝ Խաչատուրեան, Յարութիւնեան, Բաբաջանեան ընտրելով ջանացած էինք այնպէս մը ընել, որ 20-րդ դարու հայկական դասական երաժշտարուեստի մասին փոքր-ինչ պատկերացում տալ: Իմ տպաւորութիւնս շատ դրական է Իսթանպուլի մեր համերգէն, կը կարծեմ՝ հանդիսատեսն ալ այդպէս զգաց:
-Կրնա՞ք վստահօրէն ըսել, որ մանաւանդ Արամ Խաչատուրեանը պատշաճ կերպով ներկայացուեցաւ:
-Իրականութեան մէջ, Արամ Խաչատուրեան այդքան ալ շատ չէ գրած սենեկային երաժշտութիւն, նաեւ դիւրին չէր եռեակով ներկայացնել այն գործերը, որոնք գրուած են նուագախումբի համար, բայց, մենք ջանացինք առաւելագոյն ձեւով ներկայացնել Խաչատուրեանի գործերը, նաեւ միւս հեղինակներու ներգրաւումը ծրագրին մէջ ձեւով մը բացը լրացուց: Շատ ուզեցինք Բաբաջանեանի հանճարեղ եռանուագը ներկայացնել: Այդպիսի ստեղծագործութիւններ ընդհանրապէս քիչ կան, այդ գործը ես նաեւ շատ մը այլ երկիրներու մէջ կատարած եմ եւ գիտեմ, որ ինքը մէկ անգամէն կը դպչի մարդոց սիրտերուն, ազգութիւնը կապ չունի:
-Խաչատուրեանը ի՞նչ նշանակութիւն ունի ձեզի համար, իբրեւ ջութակահար:
-Խաչատուրեանով մենք սնուած ենք պզտիկ տարիքէն: Ես ջութակահար դարձած եմ սիրելով իր «Քոնչերթօ»ն եւ պզտիկ տարիքէն լսելով «Ջութակի քոնչերթօ»ի սկաւառակները, կարծես այդ մէկը իմ ամենամեծ շարժառիթը եղած է ջութակ նուագելու: Խաչատուրեանը միանշանակ արժէք մըն է, մեծութիւն է հայ ժողովուրդի համար, անքննելի է անոր այդ արժէքը: Խաչատուրեանի «Ջութակի քոնչերթօ»ն ես մանաւանդ անցեալ տարի շատ նուագած եմ զանազան երկիրներու մէջ: Այդ մէկը նաեւ ձեւով մը այցեքարտ է: Գիտնալով, որ ջութակահար կ՚երթայ համերգի մը, շատ կը պահանջուի, որ ջութակի համար գրուած հայկական քոնչերթօ մը ըլլայ եւ կրնամ ըսել, որ Խաչատուրեանի այդ գործը ամենայաջողած «Ջութակի քոնչերթօ»ն է, զայն կը գտնուի ո՛չ միայն հայ, այլ նաեւ՝ օտար ջութակահարներու համերգացանկին մէջ:
-Եթէ այլ առիթ ըլլայ, նորէն համերգ կ՚ունենա՞ք Իսթանպուլի մէջ:
-Մեծ յոյս ունիմ, որ համագործակցութիւն կ՚ըլլայ: Մէկ տարիէ ի վեր մենք կը նուագենք «Աւետիս» լարային քառեակին հետ, որ նոր ստեղծած ենք եւ ուր նաեւ մեզի հետ Իսթանպուլ եկած թաւջութակահար Միքայէլ Նաւասարդեանը ընդգրկուած է: Եւ եթէ առաջարկներ ըլլան, նաեւ քառեակին հետ կը պատկերացնենք այդ համագործակցութիւնը:
-Ի՞նչ կ՚ըսէք Իսթանպուլի ձեր համերգին ներկայ հանդիսատեսի մասին:
-Շատ ուրախալի էր, որ համերգէն յետոյ հնարաւորութիւն եղաւ մտնել հանդիսատեսին շարքերը, բազմաթիւներ մօտեցան, խօսեցան, ես նաեւ շատ զարմացայ, որ բաւական տեղեկացուած էին Հայաստանի մշակութային կեանքէն, մեզ ալ կը ճանչնային եւ կարծես, թէ լաւ կապ ունին Հայաստանի հետ՝ յաճախ կ՚երթան, կու գան: Եւ կը կարծեմ, որ նման համերգները աւելի կը նպաստեն, որպէսզի այդ կապը պահուի, նոր կապեր ստեղծուին, շարունակական ըլլան շփումները, քանի յայտնի է, թէ մարդիկ ունին այդ զգացողութիւններու կարիքը: Եւ պայման չէ, որ միշտ հայկական երաժշտութիւն ներկայացնենք յաջորդ համերգներուն, բայց այս անգամ մեր նուագածը շատ տեղին էր:
-Դեկտեմբերը ձեզի համար սկսաւ համերգով, որ ունեցաք Հայաստանի Ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբի երաժիշտներու ընկերակցութեամբ, «Արամ Խաչատուրեան» համերգասրահին մէջ: Ուրիշ ի՞նչ ծրագիրներ ունիք:
-Այո, դեկտեմբերի 1-ին իբրեւ մենակատար հանդէս եկայ համերգով՝ Վիվալտիի «Տարուայ եղանակները» ծրագիրով: Դեկտեմբեր ամիսը շատ յագեցած է համերգներով: Հայ նշանաւոր ջութակահար Պետրոս Հայկազեանի 100-ամեակին նուիրուած համերգ մը կայ: Ան եղած է իմ ուսուցիչս, նաեւ «Սայաթ Նովա» երաժշտական դպրոցի երկարամեայ տնօրէնն էր: Շատ ուրախ եմ, որ իր ծննդեան օրը հնարաւորութիւն ունինք «Աւետիս » լարային քառակին հետ նշանաւորելու համերգով մը՝ նուիրուած իմ սիրելի ուսուցիչիս յոբելեանին։ Այդ մէկը ինծի համար շատ յուզիչ եւ խորհրդանշական է: Մեզի պիտի միանայ նաեւ դաշնակահար Հայկ Մելիքեանը: Համերգներով նոյնպէս յագեցած է յառաջիկայ տարին՝ 2025 թուականը:
ՄԻՔԱՅԷԼ ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆ. «ՄԵՆՔ՝ ԵՐԱԺԻՇՏՆԵՐՍ ՈՒՆԻՆՔ ՄԵՐ ԼԵԶՈՒՆ»
-Իսթանպուլ մեկնելէ առաջ ի՞նչ զգացումներ ունէի՞ք, ի՞նչ զգացումներով մեկնեցաք:
-Երթալէն առաջ ես մտավախութիւն կամ այլ մտահոգութիւն չունէի, քանի որ մենք՝ երաժիշտներս կարծես, թէ ունինք մեր լեզուն: Երաժշտութեան լեզուն միջազգային լեզու մըն է ձեւով մը եւ աշխարհի բոլոր երաժիշտները իրարու հետ այդ լեզուով կը հաղորդակցին, կը շփուին եւ այդ շփումին մէջ հոգիները կը միանան, սահմանները կը չքանան…
Տրամադրութիւնը լաւ էր եւ մինչեւ վայրէջքը արդէն իսկ երաժշտական ծրագիր մը ներկայացուցինք օդանաւին մէջ: Օդանաւային ընկերութեան ղեկավարութեան հետ քննարկելով՝ օդանաւի սրահին մէջ նուագեցինք Կոմիտասի ստեղծագործութիւններէն, թռիչքի ընթացքին ձեւով մը համերգ ունեցանք՝ գեղեցիկ անակնկալ եղաւ: Եւ օդանաւին մէջ ալ յայտարարուեցաւ Իսթանպուլի մեր համերգին մասին, ուղեւորները բոլորը տեղեկացան, որ մեր վայրէջքի յաջորդ օրը համերգ ունինք, նշուեցաւ, որ զայն նուիրուած է Արամ Խաչատուրեանի 120-ամեակին: Ձեւով մը Կոմիտասով սկսանք, Խաչատուրեանով շարունակեցինք…
-Խաչատուրի ոգին որքանո՞վ ընկալուեցաւ եւ փոխանցուեցաւ:
-Գիտէք՝ այնքան լաւ էր ընդունելութիւնը, որ ինծի այնպէս թուեցաւ, թէ ամբողջ դահլիճը լեցուն էր միայն հայերով: Կարծես հարազատներ կ՚ընդունէին եւ մենք ալ այնպէս մը կը զգայինք, որ մեր առջեւ մեր հարազատներն են: Այդ ոգեւորութիւնը, այդ միջավայրը, ծափահարութիւնները մեզ շատ-շատ ոգեւորեցին եւ մենք, ամէն մէկ ստեղծագործութիւնը նուագելէ յետոյ ա՛լ աւելի կ՚ուզէինք ներսի մեր ունեցածը ամբողջութեամբ փոխանցել անոնց: Համերգէն յետոյ շփումն ալ ջերմ էր, նոր ծանօթութիւններ եղան, շատ հաճելի էր:
-Կրկին համերգներ կ՚ունենա՞ք:
-Յուսանք, որ կրկին առաջարկ կը ստանանք ու կրկին առիթ կ՚ըլլայ երթալու եւ ելոյթ ունենալու:
-Որպէս թաւջութակահար բաւական զբաղա՞ծ էք:
-Բաւականին: Ես, որպէս թաւջութակահար հանդէս կու գամ «Աւետիս» լարային քառեակի, «Երեւան» լարային քառեակի, «Ասոնանս» ժամանակակից երաժշտութեան խումբին մէջ, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիքի նուագախումբին հետ: Համերգները բազմաթիւ են, երբեմն նոյնիսկ անոնց օրերը իրարու կը խառնուին, բայց կը հասցնենք, բոլորին սիրով կը պատրաստուինք: Պետրոս Հայկազեանի 100-ամեակի համերգին ես ալ պիտի նուագեմ: 2025-ին ալ շարք մը համերգներ ունինք:
Հայաստանի մէջ դասական երաժշտութիւնը, ինչպէս գիտէք, լաւ գնահատում ունի, գուցէ այն շեմին վրայ չէ, որուն ինք արժանի է, բայց նախկինէն եկած աւանդութիւնները, խորհրդային դպրոցը (մանաւանդ լարային գործիքներու համար) եւ մեր երաժիշտները բարձր կը պահեն դասական երաժշտութիւնը: Սերունդները կը փոխուին, յայտնուած են նոր անուններ, որոնք ամբողջ աշխարհի մէջ Հայաստանի պատիւը բարձր կը պահեն:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան