Ի՞ՆՉ Կ՚ՈՒԶԵՆՔ

Վերջին մի քանի ամիսները մեր համազգային կեանքին մէջ անորոշութեան, հիասթափութեան եւ յուսահատութեան մեծ ալիքներ բարձրացուցին, եւ այսօր մեզմէ շատեր տակաւին չեն կրնար հասկնալ, թէ ի՞նչ պատահեցաւ վերջին մի քանի ամիսներու ընթացքին եւ թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր յետագան: Կը բարձրաձայնուին բազմաթիւ հարցումներ, որոնք շատ յաճախ անպատասխան կը մնան, եւ կամ այս կամ այն կողմէն լղոզուած պատասխաններ կը հնչեն, փորձելով շարունակել խաբել ժողովուրդը եւ մղձաւանջը երկարացնել:

Հազարաւոր զոհեր տուինք քառասունչորս օրերու ընթացքին, հազարաւոր խեղուած երիտասարդներ, հարիւրաւոր գերիներ ու անհետ կորածներ, Արցախի մեծ մասը կորսնցուցինք, հազարաւոր մեր արցախցիները անտուն մնացին, Արցախ վերադաձողները անորոշութեան մէջ են, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ յետագային, թէ ի՞նչ կրնայ պատահիլ:

Մէկ բան յստակ է, որ մեր ժողովուդրը այլեւս այն չէ՛, ինչ որ էր 26 սեպտեմբեր 2020-ին, ինչ որ էր 8 նոյեմբեր 2020-ին: Շուրջ քսանչորս տարիներ մեզ կեղեքեցին, ասպատակեցին մեր իսկ ղեկավարները, յետոյ յայտնուեցան խումբ մը երիտասարդներ, որոնք մեծ-մեծ խոստումներով՝ թէ կամաց-կամաց ամէն բան պիտի փոխուի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին այլեւս աւելի բարօր պիտի ապրի, եկան իշխանութեան ժողովրդային աննախադէպ աջակցութեամբ եւ վստահութեամբ: Դժբախտաբար, սակայն, այդ խումբ մը թրաշամանուկները իրենց խոստումները դրժելով շարունակեցին նախկիններուն քաղաքականութիւնը, եւ սուտի եւ կեղծիքի քօղին տակ շարունակեցին կեղեքել ու ասպատակել իրենց իսկ ընտրած ժողովուրդին: Արդարեւ, վերջին աւելի քան երկու տարիներու հայ իրականութիւնը եթէ ուշադրութեամբ սերտենք, կու գանք այն ահաւոր ու ցաւալի եզրակացութեան, որ մեր հայաստանեան կեանքին մէջ ազգային ու բարոյական արժէքներու ահաւոր անկում արձանագրուած է: Անկում, որու առաջքը եթէ չկարենանք առնել, ազգովին պիտի յայտնուինք փակուղիի մը դիմաց, ուրկէ դուրս գալը եթէ անկարելի չըլլայ, ահաւոր դժուար պիտի ըլլայ:

Վերջին մէկ-երկու տարիներու ընթացքին մեր ազգին հիմքը՝ կորիզը հանդիսացող արժէքները գրեթէ ոտնակոխուեցան ու հեղինակազրկուեցան։ Այսպէս, Հայ Ընտանիքը, Հայկական Բանակը, Հայ Առաքելական Եկեղեցին, Հայ Դպրոցը, Հայ Գրականութիւնը, Հայ Մշակոյթը, այս բոլոր արժէքներուն նկատմամբ ծածուկ կերպով աշխատանք տարուեցաւ՝ զանոնք հեղինակազրկելու եւ ոտնահարելու: Շատեր կրնան չհամաձայնիլ, բայց պահ մը եթէ առանց որեւէ մէկ նախապաշարումի կամ սպիտակ ու սեւ, նախկին ու ներկայ խաղալու, ուսումանսիրենք մեր հայաստանեան իրականութեան վերջին մի քանի տարիները, կը կարծեմ նոյն եզրակացութեան պիտի յանգինք, թէ մեր ազգային արժէքները անկում ապրած են եւ կը շարունակեն ապրիլ:

Վերջին շրջանին յաճախ կը մտածէի գրել այս մասին, սակայն կը դանդաղէի, մտածելով որ չափազանած եմ եզրակացութիւններուս մէջ՝ ինչ բանի պատճառը կրնար ըլլալ զգացական ներաշխարհիս անխաղաղ վիճակը: Սակայն, անցնող շուրջ մէկ ամսուան ընթացքին, համացանցի վրայ տարբեր-տարբեր գրիչներու գրութիւններուն հանդիպելով, ունեցած եզրակացութիւններուս մէջ ալ աւելի խորացայ: Այդ գրութիւններուն գագաթնակէտը երեւի եղաւ Հայաստանի «Մարդկային զարգացման միջազգային կեդրոն»ի նախագահ՝ տիար Թեւան Պօղոսեանի գրութիւնը: Յարգարժան Պօղոսեանը արժէքներու անկումին մասին չի՛ խօսիր, այլ՝ այդ արժէքներու փոխանցումի հրամայականին մասին կ՚անդրադառնայ, ինչ որ սակայն ուղղակի կերպով առընչուած է այդ արժէքներու օճախներու պահպանումին եւ ուժեղացումին, որովհետեւ եթէ չկան այդ օճախները, եթէ հեղինակազրկուած ու արժեզրկուած են այդ օճախները, բնականաբար, ո՛չ մէկ ժառանգութիւն կը փոխանցուի եւ այդ օճախները՝ ընդհակառակը խամրելով կամաց-կամաց անհետացումի ճամբան կը բռնեն: Գրութիւնը հետաքրքրական, այժմէական եւ շատ կարեւոր նկատելով, զայն արեւմտահայերէնի վերածելով, ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնեմ.

Եւ այսպէս.

Անգամ մը անդրադարձած էի այս հարցին, բայց դարձեալ բարձրաձայնեմ:

Ազգային արժէքները որպէս ժառանգութիւն կը փախանցուին: Առողջ արմատներու համար պէտք է կարենալ ապահովել ժառանգութեան փոխանցումի շարունակականութիւնը: Սպայ, հոգեւորական, ուսուցիչ. ահա ազգային արժէքներու պահպանման, հարստացման եւ փոխանցման խողովակները, ժառանգութեան փոխանցման գրաւականը:

Բոլոր մշակոյթներուն մէջ կը խրախուսուի նոր սերունդի մասնագիտական աճի, նաեւ ընտանեկան, ծննդական (genetic) շարունակականութեան հիմքը: Նշանաւոր դիւանագէտներու ընտանիք, նշանաւոր բժիշկներու ընտանիք, նշանաւոր ուսուցիչներու ընտանիք, նշանաւոր ճարտարագէտներու ընտանիք…: Սերունդէ սերունդ այս ընտանիքներուն մէջ մասնագիտական գաղտնիքները ուսանած են: Սեպուած է, որ ժառանգական շարունակականութիւնը իր դրական ազդեցութիւնը կ՚ունենայ ազգային հիւսուածքի ամրութեան վրայ, մասնագիտական շարունակականութիւնը դրականօրէն ազգի զարգացման գործընթացին վրայ կը ներազդէ: Հայերը դարէ դար հաւատարիմ մնացած են շարունակականութեան այս դրսեւորումին՝ նշանաւոր գործարարներու եւ առետրականներու գերդաստաններ, նշանաւոր գիտնականներու եւ արուեստի գործիչներու ընտանիքներ…: Սակայն, ցաւօք, չունենալով պետականութիւն, նշանաւոր պետական գործիչներու կամ կառավարիչներու ընտանիքներ չունեցանք: Թագաւորներն ալ շարունակականութիւնը չապահովեցին:

Խորհրդային ժամանակներուն ալ այն մօտեցումը կը գերակշռէր, որ ո՛չ թէ մասնագիտական աճին վրայ պէտք է հիմնուած ըլլայ անհատին եւ հասարակութեան կապը, այլ՝ պարզապէս պէտք է զաւակին օգնել բարձր դիրք մը զբաղեցնելու, թէեւ անարժան: Մօտեցումը փոխուեցաւ, մարդիկ սկսան շարունակականութիւնը չշեշտել: Սակայն, այս մօտեցումը իր բացասական ազդեցութիւնը ձգեց մեր հասարակութեան հիւսուածքին վրայ եւ ամենէն կարեւոր դաշտերուն մէջ: Տէր-ով սկսող ազգանունները շարունակուեցան, սակայն այդ ընտանիքներուն մէջ, բացի ազգանունի փոխանցումէն, տեղի չունեցաւ այլ, աւելի կարեւոր արժէք մը՝ հոգեւորականութեան փոխանցումը. այդ ընտանիքներուն զաւակները այլեւս չշարունակեցին հաւատքով լեցուն հոգեւորական դառնալ եւ հօտին ծառայելու աւանդոյթը:

Մեր հասարակութեան մէջ ընտանիքները իրենց զաւակներուն համար հոգեւորականի ասպարէզը ընտրեցին, որովհետեւ իրենց զաւակները կա՛մ չկրցան այլ մասնագիտութիւն ձեռք բերել, կա՛մ փորձեցին բանակին մէջ ծառայութենէն խուսափիլ: Նոյնը ռազմական եւ կրթական ոլորտին մէջ. նշանաւոր սպայի, ռազմական արուեստին տիրապետողին զաւակը ուրիշ դաշտ գնաց, կամ եթէ այդ ալ չյաջողեցաւ, ինչպէս այլ կաճառներ նախըտնրած, բայց չյաջողած այլ երիտասարդներ, Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական համալսարան ընդունուեցաւ, ուր ձեւով մը կ՚աւարտէ, եւ, ո՞վ գիտէ, թէ յետագային ինչպէ՞ս հրամանատար կը դառնայ, նուազագոյնը ընտանիք կը պահէ… Բոլորս գիտենք, թէ այսօր ո՛ր շրջանաւարտներն են, որոնք կը նախընտրեն ուսուցիչի մասնագիտութիւնը. ցաւօք, անոնք որոնք միշտ չէ, որ դպրոցին մէջ իրենց գիտելիքներով փայլած են:

Եթէ չսկսինք լաւագոյն գիտելիքներով մեր բալիկները խրախուսել, որ ընտրեն սպայի, հոգեւորականի եւ ուսուցիչի մասնագիտութիւնները, ո՛չ ազգայինը կը պահպանենք, ո՛չ ալ Հայաստանը, քանի որ չենք կարենար մեր արժէքներուն շարունակականութիւնը պահպանել:

Ահաւասիկ շատ պարզ եւ հասկնալի ձեւով բացատրուած այժմէական իրողութիւն մը, պահպանելու համար մեր գոյութիւնն ու շարունակականութիւնը մարդկութեան պատմութեան մեծ գուպարին մէջ:

Վերջին շրջանին ազգային արժէքներու ոտնահարումով շատ աւելի տեղ տրուեցաւ աշխարհիկ մասնագիտութիւններու, այսինքն՝ այնպիսի մասնագիտութիւններու, որոնք կ՚ապահովեն մարդ տեսակի գոյութիւնը, բայց ո՛չ ազգային ինքնութիւնը, ո՛չ Հայրենիքը: Արդարեւ, ի՞նչ կ՚ուզենք, դառնալ աշխարհաքաղաքացի, մոռնալ ազգ եւ ազգութիւն, Հայրենիք եւ հող, հաւատք, մշակոյթ եւ գրականութիւն, թէ՞ այդ բոլորը պահպանելով, այդ արժէքները ա՛լ աւելի ամրապնդելով դառնալ քաղաքակիրթ հայ, որ ինչպէս անցնող դարերուն, ներկայիս եւ ապագային ալ իր ծանրակշիռ մասնակցութիւնն ու դերակատարութիւնը ունենայ մարդկութեան պատմութեան քաղաքակրթութեան կերտումի առաքելութեան մէջ:

Հեռո՛ւ մնանք աշխարհաքաղաքացիութեան մոլուցքէն, այդ մեզի համար միայն վնաս եւ աւեր կը պատճառէ, կառչինք ու պահպանենք մեր արմատները՝ ազգային-եկեղեցական-մշակութային արժէքները, իսկ՝ «առողջ արմատներու համար պէտք է կարենալ ապահովել ժառանգութեան փոխանցումի շարունակականութիւնը»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

25 յունուար 2021, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Յունուար 30, 2021