ՏԱՐՕՐԻՆԱԿ ԴԵՂԱԳԻՐ

Քա­նի մը շա­բաթ ա­ռաջ, ստա­մոք­սի բա­ւա­կան լուրջ ան­հանգս­տու­թիւն զգա­ցի։ Կաս­կած­ներս կը տա­րու­բե­րէին պա­ղա­ռու­թեան եւ ճա­շի հե­տե­ւանք՝ թե­թեւ թու­նա­ւո­րու­մի մի­ջեւ։ Թէյ, տնա­յին դար­մա­նու­մի մի­ջոց­ներ… ար­դիւնք չտուին։ Հե­ռա­ձայ­նե­ցի բժիշ­կիս, որ նոյն օրն իսկ ժա­մադ­րու­թիւն մը ճշդեց։

Հարց ու փորձ, ըն­թա­ցիկ քըն-նու­թիւն­ներ եւ մա­սամբ նո­րին։ Կա­րե­լի չե­ղաւ ախ­տա­ճա­նա­չում ը­նել։ Դէմ­քէն կա­րե­լի էր կռա­հել, որ միտ­քէն գէշ բա­ներ ալ կ՚անց­նէին…։ Ճա­րա­հատ, զիս ղրկեց ի­րեն ծա­նօթ մաս­նա­գէ­տի մը։

Մաս­նա­գէտն ալ քննու­թիւն­նե­րու են­թար­կեց զիս. դար­ձեալ ոչ մէկ յստակ ար­դիւնք։ Գլու­խը շար­ժեց ճա­րա­հա­տի պէս եւ ը­սաւ, որ ստի­պուած է նո­րահ­նար եւ դեռ փոր­ձար­կու­մի մէջ ե­ղող ե­լեկտ­րո­նիկ գոր­ծի­քով մը քննել ստա­մոքսս։ Փո­րիս վրայ, ստա­մոք­սիս չորս բո­լո­րը ամ­րա­ցուց ե­լեկտ­րո­նիկ ինն կո­ճակ­ներ, ո­րոնք բա­րակ թե­լե­րով միա­ցուց յա­տուկ հա­մա­կար­գի­չի մը։ Ու­նէի սրտի քննու­թեան են­թարկուո­ղի տեսք։

Պաս­տա­ռին վրայ ե­րեւ­ցան ա­լի­քա­ւոր գի­ծեր, ո­րոնք գու­նա­ւոր թի­թեռ­նիկ­նե­րու նման կը թռչկո­տէին։ Քիչ ետք, մաս­նա­գէ­տին դէմ­քը պայ­ծա­ռա­ցաւ։

-Բան մը չու­նիս. մտա­հո­գիչ բան չկայ,- ը­սաւ թե­թեւ ժպի­տով մը։

-Բայց… սա ան­հանգս­տու­թեանս պատ­ճա­ռը ի՞նչ է,- հար­ցու­ցի՝ չվա­րա­կուե­լով լա­ւա­տե­սու­թե­նէն։

-Կ՝ե­րե­ւի թէ դուն վեր­ջերս շատ պատ­կե­րաս­փիւռ կը դի­տես…,- ը­սաւ խորհր­դա­ւոր ձայ­նով մը։

-Տա­րի­նե­րէ ի վեր պատ­կե­րաս­փիւ­ռին հետ գլխա­ւոր կապս լու­րերն են,- բա­ցատ­րե­ցի, հասկց­նե­լով, որ ա­տի­կա ան­հան-գըստու­թեանս հետ կապ ու­նե­նա­լու չէ։

-Հա՜… Կաս­կածս ճիշդ է ու­րեմն,- վրայ բե­րաւ յաղ­թա­կան ձայ­նով մը։­
Եւ հար­ցա­կան նա­յուած­քիս՝ տուաւ հե­տե­ւեալ բա­ցատ­րու­թիւ­նը.

-Նա­յէ՛, բա­րե­կամ։ Դե­ղի պէտք չու­նիս, բայց ա­նոր փո­խա­րէն այլ դար­ման մը պի­տի ա­ռա­ջար­կեմ։

Ու գրա­սե­ղա­նին ե­տին անց­նե­լով, հա­մա­կար­գի­չին վրայ ա­րագ-ա­րագ բա­ներ մը գրեց. հի­մա ձե­ռա­գի­րի դա­րը ան­ցած է… բա­րե­բախ­տա­բար. դե­ղա­գոր­ծի պէտք չու­նե­ցայ ին­ծի եր­կա­րած դե­ղա­գի­րը կար­դա­լու հա­մար։ Թուղ­թին վե­րե­ւը գրած էր.-

ՓՈ­ԽԱՆ ԴԵ­ՂԱ­ԳԻ­ՐԻ, իսկ է­ջին վրայ կար տաս­նա­բա­նեա­յի պէս ցանկ մը. կ՚ար­տագ­րեմ քա­նի մը կա­րե­ւոր կէ­տեր.

1.- Պի­տի հրա­ժա­րիս Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գա­հու­թեան թեկ­նա­ծու­նե­րու պատ­կե­րաս­փիւ­ռուող մրցակ­ցու­թիւն­ներն ու տխմար յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը լսե­լէ։ 2.- Պի­տի հրա­ժա­րիս հայ­կա­կան կա­յան­նե­րէ սփռուող կարգ մը սե­րիալ­նե­րէն, ո­րոնք կը ներ­կա­յա­ցուին տե­պիլ դե­րա­սան­նե­րով եւ խնդուք մու­րա­լու նախ­նա­դա­րեան (իր բառն էր փրի­մի­թիւ) «հնարք­նե­րով», նմա­նա­պէս՝ այն ար­տա­ռոց շար­քե­րէն, զորս կը կապ­կեն հայ­կա­կան յի­շեալ շար­քե­րուն ար­տադ­րիչ­նե­րը։ («Հա­յաս­տան­ցի» բա­րե­կամ մը յե­տոյ բա­ցատ­րեց, որ տե­պիլ-ը կը հա­մախմ­բէ տկա­րա­միտ, ա­պուշ, տմպօ, համ­բակ եւ նմա­նօ­րի­նակ յատ­կա­նիշ­ներ)։ 3.- Պի­տի դադ­րիս նաեւ մարդ­կա­յին զան­գուած­նե­րու կեան­քը խա­ղա­լի­քի վե­րա­ծած մե­ծա­պե­տա­կան-աշ­խար­հա­կա­լա­կան խա­ղե­րուն լու­րե­րը լսե­լէ։ 4.- Ընդ­հան­րա­պէս պի­տի չհե­տե­ւիս ա­մե­րի­կեան տա­րա­ծուն կա­յան­նե­րու «լրա­տուու­թեանց», ո­րոնք կա՛մ ո­ճիր­նե­րու-ա­ւա­զա­կու­թիւն­նե­րու մա­սին են, կամ ալ ա­ռեւտ­րա­կան ծա­նու­ցում­նե­րու բնոյթ ու­նին։ (Եւ այս­պէս՝ քա­նի մը կէտ եւս)։
Ցան­կին տա­կը ա­ւել­ցու­ցած էր. «Ա­սոնք են սիրտ-խառ­նու­քիդ պատ­ճառ­նե­րը»։

-Սե­րիալ­ներ չեմ դի­տեր ար­դէն, բայց միւս­նե­րը ա­ռօ­րեա­յիս մաս կը կա­զեն…,- գան­գա­տե­ցայ՝ հաս­կաց­նե­լով, որ ա­նոնք մոր­թիս պէս դար­ձած են ինձ­մէ ան­բա­ժա­նե­լի։

-Ու­րեմն ա­զա­տում չու­նիս. շատ «պի­տի քա­շես»,- բա­ցատ­րեց ճա­րա­հատ։ Յե­տոյ, ա­փով ճա­կա­տը շփեց ու ա­ւել­ցուց.- Նա­յէ՛, ե­թէ այս ը­սած­ներս չը­նես, ան­հանգս­տու­թիւնդ ստա­մոք­սէդ պի­տի բարձ­րա­նայ դէ­պի ու­ղեղդ։ Ա­տի­կա ա­ւե­լի լուրջ պա­րա­գայ է…

Տուն վե­րա­դար­ձայ քիչ մը թե­րա­հա­ւատ. ա­մէն մար­դու ներ­սի­դին Թով­մաս Ա­ռա­քեալ մը նստած կ՚ըլ­լայ, չէ։ Մտա­ծե­ցի՝ փոր­ձեմ մէկ-եր­կու շա­բաթ. ի՞նչ կը կորսնց­նեմ։

Փոր­ձե­ցի, եւ հի­մա, քա­նի մը շա­բաթ ետք, ստա­մոքսս բա­ւա­կան բա­րե­լա­ւուած է։ Մտա­ծե­ցի՝ այս դառն փոր­ձա­ռու­թեանս բաժ­նե­կից դարձ­նեմ նաեւ ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­ներս։ Թե­րե՞ւս մէ­կուն օգ­տա­կար կ՚ըլ­լա­մ…

ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Մարտ 30, 2016