ԿԵՆԴԱՆԱՍԷՐ ԸՆՏԱՆԻՔԸ

Հազիւ տան դռնէն ներս մտած, սպիտակ, վարդագոյն աչուկներով, փոքրիկ նապիկը ձեռքէն վար կը դնէ: Նապիկը սուրալով աջ ու ձախ կը վազվզէ: Տան մանչուկները ուրախ ճիչերով, պոռչտուքով ետեւէն կը վազեն: Է՛, ինչպէ՞ս կարելի է բռնել արագաշարժ նապիկը, որ սենեակին անկիւնները կը չափչփէ, մէյ մը հոս է, մէյ մը՝ հոն: Ցատկելով այս սենեակէն կ՚անցնի միւս սենեակը. թաթիկները չեն իսկ սահիր, նոյնիսկ եթէ սահին՝ իսկոյն ինքզինք կը ժողվէ ու կը շարունակէ վազքը, ետեւէն տան մանչուկները քաշքշելով: Հայրը զանոնք դիտելով կը ժպտի ու մերթ փոքր մանչուկին, մերթ՝ մեծին, ուղղութիւն կու տայ.

-Հո՛ն է, հո՛ն, այդ բազկաթոռին տակը. յոգնեցաւ կ՚երեւի կենդանին, ձագուկ է տակաւին. հիմա, կը կարծեմ, կրնաք բռնել զայն այլեւս: Սարօ՛, դուն բազկաթոռին ետեւը կեցիր, Մինա՛ս, դուն՝ դէմը, ափերդ բաց ու միացուցած սպասէ՛, հիմա դուրս կ՚ելլէ անպիտանը-

-Նապիկս անպիտան չէ, պա՛պ,- կը պատասխանէ փափկասիրտ անդրանիկը՝ Սարօն,- մեղք է, յոգնեցաւ, բռնենք, որ կերակրենք:

-Հա, հա, հա, նապիկը կրիան կը հոտուըտայ: Հիմա եթէ կրիան գլուխը պատեանէն դուրս հանէ, տգեղ դէմքը տեսնելով պիտի փախչի նապիկը: Այսքան արագ վազելուն ինչպէ՞ս կրիան յաղթեր է նապաստակին, չհասկցայ: Հէքեաթ է, գրեր են, եկուր ալ հաւատա,- կը խօսի Մինաս գետինէն բազկաթոռին տակի կենդանիները տեսնելով,- ահա, կը շարժի նապիկը, եկաւ իմ կողմս, պիտի կրնա՞մ բռնել, պա՛պ,- ըսելով իսկոյն նապիկը պոչիկէն կը բռնէ:

-Տեսա՞ր ինչպէս բռնեցիր, կամաց մը ափերուդ մէջ պահէ, բայց գալ անգամ պոչիկէն չբռնե՛ս, եթէ պոչիկը փրթի, կը սատկի կենդանին. նապիկը ականջներէն կը բռնեն,- գոհունակութեամբ ու նպատակին հասածի շեշտով կը բացատրէ հայրը:

Մայրը պոռչտուքը լսելով խոհանոցէն, անձեռոցով ձեռքերը չորցնելով կու գայ:

-Աս ի՞նչ է, այս անգամ ալ նապաստա՞կ պիտի խաղցնենք, խենթացա՞ր Կարօ, այս փոքրիկ յարկաբաժնին մէջ դեռ ի՞նչ կենդանի պիտի բերես: Հասկցանք, որ Զատիկը կը մօտենայ, մի քանի տարի է գունաւոր ճուտիկներ կը բերես, կրիան ու քանարիան մշտական մեր տան բնակիչներն են արդէն, հիմա ալ նապաստա՞կ:

-Հապա, դուն ամէն տարի Զատկուան գունաւոր հաւկիթները նապաստակի ու ճուտիկի նկարներով չե՞ս զարդարեր: Թող իսկական կենդանիներուն ծանօթանան, ո՛չ միայն անոնց նկարներուն: Մի քանի տարիէն ալ շունիկ մը պիտի բերեմ, երբ աւելի մեծնան ձագերը:

-Ամբողջ գիշերը ճուտիկներուն ճչոցէն չեմ քնացած, պատշգամը, տուփին մէջն են ու կը ճչան: Ի՞նչ, շո՛ւն եղեր,- ամուսինին խօսքին վերջին նախադասութեան նոր անդրադարձած կը շարունակէ կինը,- ատ էր պակաս: Նախ պարտէզով տուն մը ունենանք, ետքը ի՞նչ կենդանի կ՚ուզես՝ բեր:

-Նապաստակը ձայն չունի,- կը հանդարտեցնէ ամուսինը:

-Մինա՛ս, տուր այդ կենդանին լուամ, որ խաղաք, ով գիտէ ո՞ւր էր:

-Մեղք է, մա՛մ, ձագուկ է դեռ, ինչպէ՞ս պիտ լուաս:

-Ճուտիկներն ալ հականեխեցի, չե՞ս յիշեր, խոնաւ լաթով ու ալքոլով: Աղտոտ տեղէ բեր-ւած կ՚ըլլայ, չեմ ուզեր որ շոյէք,- այսպէս խօսելով ափերուն մէջ կ՚առնէ նապիկը,- ի՛նչ ալ անուշիկ է, վարդագոյն աչուկներուն նայէ՛...

Պաղ ու տաք ջուրերու ծորակները բանալով գաղջ ջուրին տակ ականջներէն բռնած կը լուայ նապիկը, մէկ ձեռքով ալ մազ լուալու հեղուկը կը հոսեցնէ նապիկին մուշտակին, բայց հեղուկը քիչ մը շատ հոսած ըլլալու է, որ լուալով պղպջակները կը շատնան ու մի քանի վայրկեան ջուրին տակ բռնած կը պահէ նապիկը, որ օճառի հետք չմնայ, ու խեղճ կենդանին կը չարչարուի ջուրին հոսքին տակ, թաթերը կը թափահարէ, գլուխը կը փորձէ աջ-ձախ տանիլ, բայց ականջները բռնող ձեռքէն չի կրնար խոյս տալ: Եթէ լեզու ունենար, պիտի գանգատէր ու ըսէր՝ «ես ձուկ չե՛մ», ու ...կը ճչայ.

-Կարօ՛, չէ՞ որ նապաստակը ձայն չունի,- ջուրին ծորակները գոցելով ու կենդանին անձեռոցի մը մէջ փաթթելով, սարսափահար կը գոչէ կինը:

-Է՛, պիտի խեղդէիր կենդանին, այդքան ջուրին տակը բռնել կ՚ըլլա՞յ:

Ելեկտրական մազ չորցնելու գործիքով լաւ մը կը չորցնեն կենդանին, որ գաղջ ջուրի ազդեցութենէն թմրած, հիմա ալ տաք հովուն հարուածներէն ջերմացած, անձեռոցէն դուրս կը ցատկէ, մարմինը կը ցնցէ, թաթիկներով երեսը լուացողի ձեւեր կ՚ընէ, կը լիզէ մուշտակը սանտրելու պէս ու մաքուր-մաքուր կը սկսի վազվզել, բայց կարծես միտքէն կը դժգոհի տանտիկինին նայելով.

-Տե՛ս, երբ քիչ մը մեծնամ, նախ քո՛ւ հողաթափներդ պիտի կրծեմ, ասանկ լոգցնե՞լ կ՚ըլլայ...

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Մարտ 30, 2018