ԺԱՄԱՆԱԿԸ ԿԱՆԳ ԱՌԱԾ Է…

«Տէյլի Սապահ» նշանաւոր օրաթերթը հրապարակում մը պատրաստած է Եգիպտոսի զարգացման հոլովոյթին մէջ մեծ դեր ունեցած հայ արհեստաւորներուն մասին: Թերթը անդրադարձած է ընտանիքի մը, որ դարէ մը աւելի մայրաքաղաք Գահիրէի մէջ պապենական գործը լուռ ու մունջ առաջ կը տանի, առանց ենթարկուելու քաղաքակրթութեան վնասարարութեան: Այս ընտանիքին համար իսկական քաղաքակրթութիւնը իրենց ժամագործական հաստատութեան մէջ է, ուր ժամանակը կարծես կանգ առած է: Թերթը ճիշդ այդպիսի խորագիր մը ընտրած է իր հրապարակումին համար՝ «Ժամանակը անշարժ է ժամագործներուն դարաւոր խանութէն ներս, Եգիպտոսի մէջ»:

Իրականութեան մէջ ասիկա խանութ մը չէ, այլ պատմական վայր մը, ուր հին ոճով եւ արժէքաւոր ժամացոյցներէն զատ կան գիրքեր, թերթեր, սեւ-ճերմակ լուսանկարներ, ժամագործի խանութին զանազան տարիներու խունացած գովազդները, որոնց մէկ մասը գրուած է ձեռքով: «Ասիկա նման է թանգարանի» բնորոշումով «Տէյլի Սապահ» օրաթերթը կ՚անդրադառնայ հայերուն հիմնած այս հաստատութեան:

Փափազեանններուն ժամացոյցներու խանութը Գահիրէի մէջ հիմնուած է 1903 թուականին եւ 120 տարիէ ի վեր անխափան կը գործէ, կը ջանայ պատմութիւն կերտելէն առաջ պահել ընտանեկան յիշատակը, այժմեան տիրոջ՝ 64 տարեկան Աշոտ Փափազեանին շնորհիւ: Առաջին տէրը եղած է Աշոտին մեծ հայրը՝ Ներսէս, ճանաչուած որպէս Ֆրանսիս, ապա հայրը՝ Սարգիս: Այսօր ան գործը առաջ կը տանի տեղացի գործաւորներու հետ, որոնք անցեալ դարձած այս արհեստը սորված են Փափազեաններու եւ անոնց պէս վարպետներու քով:

Խանութը իր գոյութեան աւելի քան 120 տարուայ ընթացքին դիմակայած է քաղաքական ցնցումներն ու երկրի հասարակարգին փոփոխութիւնները:

Փափազեաններուն խանութը կը գտնուի Գահիրէի «Ալաթապէ» հրապարակին վրայ, որ կը համարուի մայրաքաղաքի ամենէն զեղուն շուկաներէն մէկը, բայց խանութը ձեւով մը պատսպարուած է փողոցին աղմուկէն, անցուցադարձերէն, քանի որ ամէն մարդ ցանկութիւն չունի այս անսովոր վայրը մտնելու, հակառակ որ ան կը գրաւէ անցորդներուն ուշադրութիւնը՝ 19-րդ դարու ֆրանսական ոճով կառուցուած շէնքի գետնայարկը տեղակայուած ըլլալով եւ ցուցափեղկերուն դրուած տեսակաւոր ժամացոյցներով: Ցուցափեղկերէն կ՚երեւին գրպանի եւ սեղանի ժամացոյցներ, հնագոյն ձեռակերտ ապարանջաններով թեւի ժամացոյցներ, յատակի եւ բուխարիի վրայ դրուելիք ժամացոյցներ եւ փայտէ տուփի մէջ սարքուած պատի ժամացոյցներ, որոնց ամուր ճօճանակները կը թուի, թէ տակաւին դար մըն ալ կրնան նոյն հանդարտութեամբ ճօճուիլ:

Փափազեաններուն խանութին մէջ անջատ հաւաքածոյ մը կը կազմեն կուկուով ժամացոյցները, որոնցմէ արձակուող կկուականչը կ՚արհամարհէ աշխարհի բոլոր թուային ձայները եւ ինքզինք կը զգայ բոլոր ժամանակներու տիրական: Հոս կան նաեւ ծանրուկաւոր ժամացոյցներ, կախուած կշռաքարերով պատի ոչ-մեծ պարզեցուած համակարգ մը, որ ճոճանակով ժամացոյցին ուրիշ տարբերակն է, այսօրուայ բնակարաններուն մէջ մոռցուած իր մը:

Խանութին տէրը բազմաթիւ ժամացոյցները հաւաքած է ոչ թէ վաճառելու, այլ ժամացոյցներուն հանդէպ իր կիրքն է, որ մղած է հոսկէ հոնկէ գնել ինչ որ արժէքաւոր նկատած է: Երբեմն մարդիկ խանութ կը բերեն եւ կը վաճառեն իրենց ունեցածը՝ զայն աւելորդ նկատելով այսօրուայ թուային սարքերուն քով: Այժմ խանութը կը նորոգէ պատի եւ ձեռքի հնագոյն ժամացոյցներ, կան պահեստային մասեր, որոնք մնացած են Աշոտ Փափազեանի մեծ հօրմէն:

Խանութին հարիւրամեայ սեղանին դարակներէն ներս պահուող տուփերուն մէջ կարելի է գտնել ժամացոյցի նշանաւոր ընկերութիւններու բնօրինակ պահեստամասեր, որոնք ժամանակին ձեռք կը ձգէին արհեստին տիրապետող վարպետները: Նոյնիսկ դեսպաններ կ՚այցելեն խանութ, գիտնալով, որ կարգ մը երկիրներու մէջ հին ժամացոյց չի նորոգուիր, կը վստահին այս խանութին:

19-րդ դարու սկիզբը Եգիպտոսը գրաւիչ վայր դարձած էր ոսկերչութեան եւ նուրբ ձեռագործ այլ արհեստներու մէջ մասնագիտացած հայերու համար: Երկրին այդ ժամանակուայ բարգաւաճող եւրոպական համայնքի ներկայացուցիչներուն՝ իտալացի, յոյն, հրեայ եւ ֆրանասացիներուն հետ հայերը կերտած են Եգիպտոսի նոր քաղաքակրթութիւնը: Այսօր համայնքը նօսրացած է, բայց ամէնուր կարելի է գտնել հայկական հետքեր: Արհեստաւոր հայերը, դարերու ընթացքին, իրենց վարպետութեամբ ու բծախնդրութեամբ, ուր որ ալ եղած են, վայելած են վստահութիւնը տեղւոյն յաճախորդներուն:

Փափազեաններու խանութին տէրը՝ Աշոտ Փափազեանը, յիշողութիւններ ունի անցեալի հայկական աշխոյժ կեանքէն:

Անոր մեծ հայրը՝ Ներսէս Փափազեանը 1893 թուականին, հեռանալով օսմանեան բանակէն, ինքզինք նետած է առաջին հեռացող նաւուն մէջ, որուն վերջին հանգրուանը նոյնիսկ չէր գիտեր, հասած է Աղեքսանդրիա՝ Եգիպտոսի Միջերկրական ծովու ափ, եւ ընդամէնը տասն տարի ետք, Գահիրէի մէջ յաջողած է հիմնել ժամացոյցի խանութը, որուն ցուցանակը տակաւին իր անունը կը կրէ: Այն վայրը, ուր հիմնած է խանութը, այդ ժամանակ կոչուած է «Ֆարիտա թագուհիի հրապարակ»: 1940 թուականին կը մահանայ Ֆրանսիս Փափազեան, գործը կը շարունակեն իր զաւակները, որոնք յետոյ կը յանձնեն Ֆրանսիսի թոռներուն:

Ըստ Աշոտին, ժամացոյցի խանութը կը յաճախէին Եգիպտոսի շարժապատկերի ոսկեայ շրջանի աստղերը, ինչպէս՝ Եուսէֆ Ուահպէ, Ֆուատ Ալմուհանտէս եւ ուրիշներ, իսկ արքայական ընտանիքը, Եգիպտոսի վերջին միապետ Ֆարուք թագաւորին օրով, զինք պալատ կը կանչէր՝ ժամացոյցներու վերաբերող հարցի մը պարագային, նաեւ արտօնած էր թագաւորական հաւաքածոյէն ժամացոյց մը ընտրել:

Ժամացոյցի նորոգութեան մէջ վարպետ Փափազեանները տեղացիներուն կողմէ կոչուած են «խաուաճա». մակդիր մը, որ կը տրուի անոնց, որոնք յաջողած են փայլուն անուն կրել իրենց ասպարէզին մէջ։

1952-ի յեղափոխեթենէն ետք, նորաստեղծ պետութեան վերնախաւը նոյնպէս ընդունած է Փափազեանը, եւ բազմաթիւ սպաներ, որոնք ժամացոյցներու սիրահարներ էին, բարեկամացած էին Ներսէսի որդիին՝ Սարգիս Փափազեանին հետ, անոնք յաճախ կ՚այցելէին այդ խանութը։

Այսօր ալ խանութը նշանաւոր յաճախորդներ ունի, սակայն «Տէյլի Սապահ»ի հետ զրոյցին ընթացքին Աշոտ Փափազեան ըսած է, որ հաստատութեան ապագան անորոշ է: Անոր երկու որդիները հետաքրքրութիւն չունին գործին հանդէպ: Այս տխուր վերջաբանով կ՚աւարտի անդրադարձը, բայց խանութին ներկայ տէրը ըսած է, որ ինչքան Աստուած կեանք պարգեւէ իրեն, ինք պիտի ընէ այս գործը… եւ յոյս յայտնած է, որ թերեւս օր մը տղաքը կը մտափոխուին եւ կը շարունակեն դարաւոր արհեստը, որ արուեստի վերածուած է այս խանութ-թանգարանին մէջ:

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ

Ըստ պատմական աղբիւրներու, հայերը Եգիպտոսի մէջ յայտնուած են հնագոյն ժամանակներէն (Նախքան Քրիստոս 4-րդ դար): Անոնց թիւը աւելցած է 7-րդ դարու կէսին, երբ Եգիպտոսը նուաճած արաբները չեն խոչընդոտած տեղի հայերուն զօրացման:

Եգիպտահայ գաղութը կազմաւորուած եւ ծաղկում ապրած է Ֆաթիմեաններու դարաշրջանին (969-1171), որ պայմանաւորուած էր եգիպտական քաղաքներու զարգացմամբ եւ քրիստոնեաներու հանդէպ արաբական խալիֆներու բարեացակամ քաղաքականութեամբ: Հայերուն թիւը նաեւ Մամլուքներու օրով աճած է:

11-12-րդ դարերուն Եգիպտոսի մէջ գործած են աւելի քան երեսուն հայկական եկեղեցիներ ու վանքեր, որոնք կը վկայեն հայերուն մեծաթիւ ըլլալուն մասին (համեմատական տուեալներով հայերուն թիւը այդ ժամանակ հասած է շուրջ 100 հազարի):

Եգիպտահայ համայնքը աշխուժացած է 18-րդ դարու կէսին, երբ Եգիպտոսի քաղաքները վերածուած են միջազգային առեւտուրի կեդրոններու, ուր եւրոպացի վաճառականները կ՚օգտուէին մեծ թիւով հայ, յոյն եւ սուրիացի առեւտրականներու միջնորդական ծառայութիւններէն:

19-րդ դարու առաջին կէսին եգիպտահայ գաղութը նոր վերելք ապրած է Եգիպտոսի Մուհամմէտ Ալի փաշայի (1769-1849թթ.) վարած վարչական ու տնտեսական քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ հայերուն նկատմամբ անոր ցուցաբերած կրօնական հանդուրժողականութեան շնորհիւ: Պոլիսէն եւ այլ քաղաքներէ Եգիպտոս հրաւիրուած են 200 հայ հմուտ արհեստաւորներ, հայերուն վստահուած են կարեւոր պաշտօններ: Եգիպտոսի երեք նազիրները եղած են հայեր՝ Պօղոս Եուսուֆեանը, Արթին Չրաքեանը եւ Առաքել Նուպարեանը:

1825 թուականին Եգիպտոսի մէջ հիմնուած է Հայոց թեմ, 1828 թուականին Գահիրէի մէջ բացուած է առաջին հայկական՝ Եղիազարեան դպրոցը, նոյն թուականին կառուցուած է հոգետունը, հիւանդանոցն ու հիւրանոցը:

Հայ համայնքը Եգիպտոսին տուած է բազմաթիւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, հասարակական-քաղաքական գործիչներ:

Եգիպտոսի մէջ պետական պատասխանատու պաշտօններ վարած է եգիպտահայ հասարակական-քաղաքական գործիչ, ազգային բարերար, Փարիզի Խաղաղութեան վեհաժողովին մէջ հայ ազգային պատուիրակութեան ղեկավար, Եգիպտոսի առաջին վարչապետ նաեւ արտաքին գործոց նախարար Նուպար փաշա Նուպարեանը: Աղեքսանդրիոյ մէջ կանգնեցուած է Նուպար փաշայի արձանը (1904թ.), անոր անունով փողոցներ կոչուած են Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ մէջ:

Եգիպտահայ համայնքին մէջ հիմնադրուած են սփիւռքի երկու նշանաւոր համազգային կառոյցները, որոնք ցայսօր կը շարունակեն իրենց ազգանպաստ գործունէութիւնը: Անոնցմէ մէկը 19-րդ դարու 90-ական թուականներու դէպքերուն հետեւանքով, պատմական Հայաստանէն Եգիպտոս գաղթող հայ փախստականներուն օգնելու նպատակով, 15 ապրիլ 1906 թուականին Գահիրէի մէջ Պօղոս Նուպարի նախաձեռնութեամբ հիմնադրուած Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնն (ՀԲԸՄ) է, միւսը՝ 28 մայիս 1928 թուականին կրկին Գահիրէի մէջ հիմնադրուած Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը:

Պօղոս փաշա Նուպարեանի նախաձեռնութեամբ բացուած են նաեւ բազմաթիւ մշակութային կեդրոններ, հրատարակուած են պարբերականներ, օտար երկիրներէ հայրենադարձուող հայերուն տրամադրելու համար գանձատրուած է Երեւանի արուարձանին մէջ գտնուող բնակավայրի կառուցումը, որ ստացած է անոր անունը՝ Նուպարաշէն:

Եգիպտահայ համայնքը Հայաստանին եւ ողջ սփիւռքին նշանաւոր գործիչներ տուած է նաեւ գրականութեան, արուեստի, մշակոյթի եւ այլ ոլորտներու մէջ: Ծագումով եգիպտահայ էր նաեւ Հայաստանի նշանաւոր օփերայի երգչուհի Գոհար Գասպարեան:

1926-1927 թուականներուն Եգիպտոսի մէջ ապրած է շուրջ 25-28 հազար հայ, 1947-1950 թուականներուն՝ 40 հազար, մեծ մասը Գահիրէ եւ Աղեքսանդրիա, նաեւ Զակազիկ, Ասիութ, Կիզա, Փորթ Սաիտ, Ասուան եւ այլ քաղաքներու մէջ:

Մերօրեայ եգիպտահայերը մեծ մասամբ Եգիպտոսի մէջ ծնած ու քաղաքացիութիւն ունեցող հայեր են: Կեդրոնացած են Աղեքսանդրիա եւ Գահիրէ՝ հիմնականօրէն Հելիոպոլիս թաղամասին մէջ:

Կը գործէ համայնքային օրէնսդիր մարմինը՝ Եգիպտահայ թեմական ժողովի համագումարը (Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ թեմական ժողովներ):

Եգիպտահայ համայնքին մէջ կը գործեն Հայ Առաքելական Եկեղեցին՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի հովուապետութեան ներքոյ, Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին: Կան փոքրաթիւ հայեր, որոնք Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներ են:

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Եգիպտոսի թեմը կազմաւորուած է 1825 թուականին եւ ենթակայ է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինին:

Համայնքի ինքնակառավարման առանցքը Ազգային առաջնորդարանն է: Ան կ՚աջակցի հայկական մարզական, մշակութային ակումբներուն, սրահներուն, դպրոցներուն, Եգիպտոսի բարձրագոյն վարժարաններուն մէջ ուսանող հայ երիտասարդներուն: Առաջնորդարանը ունի յատուկ բարեսիրական հիմնադրամ, որուն միջոցաւ կ՚օգնէ հիւանդանոցներու մէջ բուժում ստացող հայերուն:

Համայնքին մէջ կը գործեն Գահիրէի, Աղեքսանդրիոյ Ազգային վարչութիւնները, ՀՅԴ, ՌԱԿ, ՍԴՀԿ կուսակցութիւնները, ՀԲԸՄ-ը, ՀՄԸՄ-ը, ՀՕՄ-ը, Հայ բարեսիրաց միութիւնը, ազգային վարժարանները, մշակութային, բարեգործական եւ մարզական միութիւնները, պարի խմբակներ, երգչախումբեր եւ այլն:

Գահիրէի համալսարանին մէջ 2007 թուականէն ի վեր կը գործէ Հայագիտական կեդրոն:

Ներկայիս Եգիպտոսի մէջ կը գործեն Գալուստեան-Նուպարեան ազգային վարժարանը՝ Գահիրէ եւ Պօղոսեան Ազգային վարժարանը՝ Աղեքսանդրիա:

Կը հրատարակուին «Արեւ»ը եւ «Յուսաբեր»ը, «Արեգ» ամսաթերթը, «Ջահակիր» շաբաթաթերթը, ՀԲԸՄ-ի «Տեղեկատու» ամսագիրը, կը գործէ Հայկական ռատիօժամ: Գաղութի հայերուն թիւը այսօր կը հաշուէ մօտաւորապէս 1000-1500:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Մարտ 30, 2021