ՄԱՆՈՒԿՆԵՐԸ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ

Աստուածաշունչ կարդալը խրթին է: Ամէն ոք չի կրնար ընթեռնել Սուրբ Գիրքը եւ ընկալել Տիրոջ խօսքը: Ընթերցանութեան հոլովոյթին բազմաթիւ հարցականներ կը յառաջանան: Եւ այդ հարցականները կրնան մեկնաբանել հոգեւորականները:

Աստուածաշունչը պէտք է ըլլայ մեր սեղանի գիրքը: Պէտք է Այն ընթերցել ու վերընթերցել: Պահոց շրջանն ալ լաւագոյն ժամանակամիջոցն է Սուրբ Գիրքի ամենօրեայ ընթերցանութեան համար: Ստորեւ պիտի կարդաք Աստուածաշունչի մէջ տեղ գտած զաւակներու մասին գլուխներէն.

«Ով կը սիրէ իր որդին, պէտք է յաճախակի պատժէ զայն, որպէսզի վերջը ըլլայ ուրախ:

Ով կը խրատէ իր որդին, անկէ օգուտ պիտի տեսնէ եւ ծանօթներու մէջ անով պիտի պարծենայ:

Ով կ՚ուսուցանէ իր որդին, կը շարժէ թշնամիի նախանձը եւ բարեկամներու դիմաց պիտի պարծենայ անով:

Երբ անոր հայրը վախճանի, կարծես թէ չէ մահացած, քանզի իրմէ ետք կը ձգէ իր նմանը:

Հայրը զայն տեսաւ իր կեանքին մէջ եւ ուրախացաւ եւ չտրտմեցաւ իր վախճանի մասին:

Թշնամիներու դիմաց վրիժառու ձգեց զայն եւ բարեկամներու դիմաց՝ շնորհներ հատուցող:

Ով կը գուրգուրայ իր որդիին, կը կապէ անոր վէրքերը, եւ անոր ամէն մէկ ճիչին հետ կը գալարուին անոր աղիքները:

Անվարժ ձին կ՚ըլլայ կամակոր, եւ քմահաճ որդին՝ լկտի:

Գգուէ՛ որդիդ, եւ ան քեզ պիտի վախցնէ, խաղա՛ անոր հետ, եւ ան քեզ պիտի տրտմեցնէ:

Մի՛ խնդար անոր հետ, որպէսզի ցաւ չպատճառէ քեզի, եւ յետոյ ակռաներդ չառնեն դառնութենէն:

Մանկութեան ատեն իշխանութիւն մի՛ տար անոր, քանի դեռ տղայ է, ջարդէ անոր կողերը, որպէսզի չըլլայ թէ երբեւէ յամառելով չհնազանդի քեզի:

Խրատէ քու որդին եւ գործի դիր զայն, որպէսզի չիյնաս խայտառակութեան մէջ» (Սիրաքի գիրք, գլուխ 30):

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԶԱՒԱԿԻ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

«Եթէ տղամարդ մը երկու կին ունենայ, որոնցմէ մին ըլլայ սիրելի, իսկ միւսը՝ ատելի, եւ անոնք՝ սիրելի ու ատելի այդ կանայք, անոր համար ծնանին որդիներ, եւ անդրանիկը ըլլայ ատելի կնոջ որդին, ու երբ վրայ հասնի իր ունեցուածքը որդիներուն ժառանգութիւն տալու օրը, ապա այդ մարդը անտես ընելով ատելի կնոջ անդրանիկ որդին՝ իրաւունք չունի անդրանիկի իրաւունքը տալ իր սիրելի կնոջ որդիին: Ան պարտաւոր է անդրանիկ ճանչնալ ատելի կնոջ որդին եւ իր ունեցածէն անոր հասանելիք բաժնի կրկնապատիկը տալ, քանզի ան է անոր անդրանիկ որդին, եւ անդրանիկութեան իրաւունքը կը պատկանի անոր», (Բ. օրէնք, գիրք 21):

ԱՆՀՆԱԶԱՆԴ ԶԱՒԱԿԻ ՄԱՍԻՆ

Եթէ մէկը ունի անառակ ու անզգամ որդի մը, որ մտիկ չ՚ըներ իր հօրն ու մօրը, որուն կը խրատեն, սակայն ան չ՚անսար, ապա անոր հայրն ու մայրը ան թող տանին իրենց քաղաքի ծերերու մօտ, իրենց հրապարակի դարպասին դիմաց, եւ ըսեն իրենց քաղաքի մարդոց. «Մեր այս որդին անառակ է ու ազգամ. ան մեր ըսածը մտիկ չ՚ըներ, որկրամոլ է ու արբեցող»: Այն ատեն այդ քաղաքի մարդիկ քարկոծելով թող սպաննեն զայն: Այդպիսով դուք չարը վերցուցած պիտի ըլլաք ձեր մէջէն, իսկ ուրիշները այդ լսելով՝ պիտի վախնան», (Երկրորդ օրէնք, գիրք 21):

Ո՛վ մեծ Աստուած, որ տուած ես մեզի
Բարի հայր ու սիրող մայր,
Տուր մեզ շնորհք, ընենք աղօթք,
Ըլլանք անհոգ, ապրինք խելօք,
Պարկեշտ ու հեզ,
Ու սիրենք Քեզ. ամէն:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Մարտ 30, 2023