ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԱԶԳԱՅԻՆ ՈՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ՊԱՀԱՊԱՆ՝ ՀՈԳՇ. Տ. ՏԱՃԱՏ Ծ. ՎՐԴ. ԵԱՐՏԸՄԵԱՆԻ ՀԵՏ

Յա­ճախ կը հան­դի­պէի ի­րեն՝ այս ձեռ­նար­կին, կամ այդ դա­սա­խօ­սու­թեան։ Սա­կայն, ա­ւե­լի մօ­տի­կէն ճանչ­ցայ զինք, երբ սկսայ հե­տե­ւիլ Լարք երաժշ­տա­նո­ցի մէջ իր դա­սա­ւան­դած Գրա­բա­րի դա­սըն­թացք­նե­րուն։ Ա­մէն Շա­բաթ ա­ռա­ւօտ ժա­մը ու­թին, ա­մէն գործ լքե­լով կը վա­զեմ ունկնդ­րե­լու Հայր Տա­ճա­տին հե­տաքրք­րա­կան գի­տե­լիք­նե­րով եւ ա­նակն­կալ­նե­րով լե­ցուն գրա­բա­րեան աշ­խար­հին։ Հայր Տա­ճատ Եար­տը­մեան՝ գի­տե­լիք­նե­րու եւ սկզբունք­նե­րու տի­րա­պե­տող հա­ճե­լի եւ ըն­կե­րա­յին, կա­տա­կա­սէր եւ նա­խան­ձախն­դիր անձն է, որ հեշ­տօ­րէն կը գրա­ւէ իւ­րա­քան­չիւ­րիս նե­րաշ­խար­հը իր մտեր­միկ, սա­կայն հզօր ձայ­նով, ճշմա­րիտ եւ ան­կեղծ, ի­րա­ւա­ցի եւ ճշգրիտ կե­ցուած­քով։ «Walking Encyclopedia» խօս­քը հե­ռու չէ Հայր Տա­ճա­տէն։ Ի­րա­պէս, հա­յե­րէն լե­զուի, պատ­մու­թեան, կրօն­քի եւ ա­րուես­տի բո­լոր հար­ցում­նե­րուն պա­տաս­խան­նե­րը կը գտնուին Հայր Տա­ճա­տին քով։

Հո­գեշ­նորհ Տէր Տա­ճատ Ծայ­րա­գոյն Վար­դա­պետ Եար­տը­մեան ծնած է Պէյ­րութ։ 1959-ին, հա­զիւ տասնչորս տա­րե­կան, ան­ցած է Վե­նե­տի­կի (Ի­տա­լիա) Մխի­թա­րեան մայ­րա­վանք։ Կու­սակ­րօն ձեռ­նադ­րուած եւ օ­ծուած է Դեկ­տեմ­բեր 1971-ին։ Փետ­րուար 2004-էն սկսեալ միա­բան է Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի։ Հա­յա­գէտ, դաս­տիա­րակ եւ փնտռուած դա­սա­խօս։ Հե­ղի­նակ է բազ­մա­թիւ յօ­դուած­նե­րու, հա­յա­գի­տա­կան «Բազ­մա­վէպ» պաշ­տօ­նա­թեր­թի խմ­­բա­գիր (Վե­նե­տիկ), եւ հե­ղի­նակ ե­կե­ղե­ցա­կան, կրօ­նա­կան, աս­տուա­ծա­բա­նա­կան եւ մշա­կու­թա­յին ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու։ Պաշ­տօ­նա­վա­րած է Վե­նե­տիկ, Պէյ­րութ եւ Լոս Ան­ճե­լըս։ Փետ­րուա­րին  նշուեցաւ ա­նոր ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քի քա­ռաս­նա­մեակ­ը։

Հայր Տա­ճատ ա­րուես­տի մարդ է։ Բա­նաս­տեղծ եւ քան­դա­կա­գործ։ Ան միշտ սի­րած է հե­տե­ւիլ կեան­քի հան­դէ­սին՝ «ա­րուես­տի ճ­­ամ­բով»։ Ա­րուես­տի կ­­եան­քին մէջ նա­խընտ­րած է ու­նե­նալ իր յ­­ա­տուկ ո­ճը, որ միշտ չէ որ կը հա­մա­ձայ­նե­ցուի հա­սա­րա­կու­թեան կար­ծի­քին հետ։ Ան միշտ կը ձգտի նո­րա­րա­րու­թեան։ Կեան­քը եւ մար­դը պատ­մե­լու նոր տա­րա­ծու­թիւն­ներ կ­­ը ստ­­եղ­ծէ ոչ միայն բա­նաս­տեղ­ծա­կան աս­պա­րէ­զէն ներս, այլ նաեւ իր փայ­տէ քան­դակ­նե­րով, ո­րոնք կ՚ար­տա­ցո­լեն իր անձ­նա­կան փի­լի­սո­փա­յա­կան կե­ցուած­քը կամ հա­մո­զու­մը, կեան­քի ե­լե­ւէջ­նե­րու խ­­իտ ու խո­հուն գի­տակ­ցու­թիւն­ը եւ մարդ­կա­յին գ­­ո­յա­վի­ճա­կը։ Յ­­ա­ճախ կը փնտռէ եւ կը ձգտի ծա­ռա­յել տա­ռա­պող մարդ­կու­թեան։ Մարդ­կա­յի­նին թա­փան­ցու­մը իր գլխա­ւոր ն­­պա­տակ­նե­րէն մէկն է։ Նուի­րուա­ծու­թեամբ կը փնտռէ մթու­թեան են­թար­կուած ան­թա­փանց կէ­տեր եւ բծախնդ­րու­թեամբ կը ձեռ­նար­կէ գի­տա­կան եւ հմտա­կան ծանր աշ­խա­տանք­ներ։ Իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը ո­գեշն­չուած են կեան­քի կա­րօ­տի եւ կսկիծ­նե­րու ապ­րում­նե­րու հ­­ա­մով։ Ան հա­մո­զուած է, որ իս­կա­կան Ա­րուես­տը եւ տա­ղան­դը կը գտնուի ա­րուես­տա­գէ­տի մը ներ­քին խ­­ո­րու­թեան մէջ՝ մին­չեւ են­թա­գի­տակ­ցու­թիւն եւ այդ նե­րաշ­խար­հը թա­փան­ցե­լով է, որ կը յա­ջո­ղի ներգ­րա­ւել եւ նոյն­պէս ար­տա­յայ­տել կար­դա­ցո­ղին կ­­ամ դի­տո­ղին նե­րաշ­խար­հը։

Ազ­դուած է եւ խո­րա­պէս ծա­նօթ՝ իր հօր եւ մօր, եւ ընդ­հան­րա­պէս Եղեռնի հե­տե­ւանք­նե­րը ապ­րող ա­ռա­ջին ս­­ե­րուն­դին, որ­բու­թեան եւ զրկուա­ծու­թեան ցա­ւին, որ միշտ թա­քուն, սա­կայն թար­մու­թեամբ կը վա­զէ իր ա­րեան բջիջ­նե­րուն մէջ։ Ու­նե­ցած է լուռ ման­կու­թիւն եւ չապ­րած պա­տա­նե­կու­թիւն, կեան­քի զա­նա­զան դժուա­րու­թիւն­ներ եւ տա­ռա­պանք­ներ, ո­րոնք ըստ Հայր Տա­ճա­տին ծնունդ կու տան մար­դոց պակ­սող ու­ժե­րուն։

-Հայր Սուրբ, այ­սօ­րուան սփիւռ­քա­հա­յու­թիւ­նը մտա­հո­գիչ վի­ճա­կի մը մատ­նուած է, լե­զուին ան­կու­մը կը խո­րա­նայ։ Հա­յե­րէ­նը կը նա­հան­ջէ։ Հի­ւան­դը բու­ժե­լու հա­մար պէտք է ախ­տո­րո­շել եւ հե­տապն­դել հի­ւան­դու­թեան պատ­ճառ­նե­րը։ Ի՞նչն է պատ­ճա­ռը ձեր կար­ծի­քով։

-Եր­կու հիմ­նա­կան եւ ծա­ւա­լուն հար­ցեր կան սե­ւե­ռու­մի են­թար­կե­լիք, ա) հա­յե­րէն լե­զուի խօ­սակ­ցու­թեան եղ­ծա­նու­մը (օ­տար լե­զու­նե­րու օգ­տա­գոր­ծու­մով) եւ բ) ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի պահ­պա­նու­թեան հար­ցը։ Մե­զի հա­մար եր­կուքն ալ հա­ւա­սա­րա­պէս մտա­հո­գիչ եւ բարդ հար­ցեր են։ Յա­ճախ ձա­խէն-ա­ջէն կը լսուի, թէ հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րը այ­լեւս հա­յե­րէն լաւ չեն սոր­վեց­ներ։ Յան­ցա­ւո­րը միշտ կամ վար­ժա­րանն է եւ կամ հա­յե­րէն լե­զուի ու­սու­ցիչ-ու­սուց­չու­հին։

Ես հա­մո­զուած եմ, թէ այս­պի­սի մե­ղադ­րանք ո՛չ թէ վար­ժա­րան­նե­րուն եւ ու­սու­ցիչ­նե­րուն պէտք է ուղ­ղուի, այլ ուղ­ղա­կի ու­սա­նող­նե­րու ըն­տա­նի­քին կամ ծնող­նե­րուն։ Այս ո­լոր­տէն ներս ծնող­նե­րու գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը կամ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը կրթա­կան հաս­տա­տու­թե­նէն ներս ա­ւե­լի քան անհ­րա­ժեշտ է։ Լա­ւա­տե­ղեակ եմ հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րու մէջ տի­րող տհաճ վի­ճակ­նե­րուն։

Կրթա­կան աս­պա­րէզ­նե­րու մէջ ծա­ռա­յող բո­լոր պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը նկա­տի ու­նե­նա­լու են, որ լե­զու մը իր մէջ կը խտաց­նէ ժո­ղո­վուր­դի մը ամ­բողջ մշա­կոյ­թին ներ­քին թէ ար­տա­քին տուեալ­նե­րը։ Սե­փա­կան լե­զուի գոր­ծա­ծու­թիւն, հա­ւատք, կեն­ցաղ, ե­րաժշ­տու­թիւն, եր­գեր, պա­րեր, ծէս եւ ա­ղօթք­ներ, կեն­ցա­ղա­յին ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ, ա­րուեստ եւ ամ­բողջ գիր ու գրա­կա­նու­թիւն։

Հար­ցում մը. ի՞նչ կը մնայ մեր լե­զուէն՝ ե­թէ պար­պենք այս բո­լո­րէն…։

Կաս­կած չկայ թէ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին լե­զուն, երբ չգոր­ծա­ծուի հետզ­հե­տէ կը տկա­րա­նայ, կը հիւ­ծի, կը զրկուի կեան­քէն եւ կը դա­տա­պար­տուի եղ­ծու­մի, մշա­կու­մի եւ մշա­կոյ­թին հետ կը դա­տա­պար­տուի լռու­թեան եւ ան­հե­տա­ցու­մի…։ Ժո­ղո­վուր­դի մը մշա­կոյ­թին մեծ մա­սը լե­զուին մէջ է եւ լե­զուով է, որ կ՚ար­տա­յայ­տուի։ Ու­րեմն, շեշ­տը դնե­լու ենք լե­զուի կեն­դա­նու­թեան եւ մշա­կոյ­թի հետ կա­ռու­ցուած­քա­յին կա­պի վրայ։ Եւ ա­սի­կա կը պա­հան­ջէ գի­տակ­ցու­թիւն եւ հե­տե­ւո­ղա­կան հե­տապն­դում։ Իսկ մշա­կոյ­թը մար­դուս եւ հա­ւա­քա­կա­նու­թեան մը ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան ար­տա­յայ­տու­թիւնն է։ Միւս կող­մէ, հայ վար­ժա­րան­նե­րու աշ­խա­տան­քին նպա­տա­կը յատ­կա­պէս պէտք է «բա­ցա­յայ­տու­մի աշ­խա­տանք» մը ըլ­լայ՝ հայ ար­մատ­նե­րը գտնե­լու, ճանչ­նա­լու եւ ճանչց­նե­լու, սի­րե­լու… եւ այդ ինք­նու­թեամբ ապ­րե­լու։  Դժբախ­տա­բար, ծնող­նե­րը տե­ղեակ չ­­են այս կա­րե­ւոր ի­րա­կա­նու­թեան ծալ­քե­րուն։ Կ՚ակ­նար­կեմ գլխա­ւո­րա­բար ն­­որ ժա­մա­նակ­նե­րու ըն­կե­րա­յին եւ բա­րո­յա­կան մշա­կոյ­թի դաշ­տե­րուն, ո­րոնք կը վտան­գեն մեր ակն­կա­լու­թիւն­նե­րը։ Ինք­նու­թեան յղաց­քը եւ ա­նոր ըմբռ­նու­մը, ա­մե­նէն ա­ռաջ,  հա­յե­րէն լե­զուի գոր­ծա­ծու­թեան մ­­էջ է, որ ինք­զին­քը կ՚ի­րա­գոր­ծէ եւ կը մնայ իբր մշա­կու­թա­յին ինք­նու­թեան գլխա­ւոր ազ­դակ։ Դժբախ­տա­բար, օ­տա­րը կ՚ապ­րի մեր մէջ… եւ օ­տա­րը մեր­ժումն է հայ ինք­նու­թեան։ Օ­տա­րը մեր սե­մին է, կը սպա­ռէ մեզ, կը քա­մէ ա­րիւ­նը…։

-Որ­քա՞ն կա­րե­ւոր է հայ ինք­նու­թեան փնտռտու­քը, ա­նոր իւ­րա­ցու­մը եւ ապ­րու­մը։

-Ա­մէնքս ալ գի­տենք, թէ «Դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը» ապ­րե­լա­կերպ է, իսկ ու­սու­մը կամ «Գի­տե­լիք­նե­րու ամ­բա­րու­մը» ինք­զին­քը կա­տա­րե­լա­գոր­ծե­լու եւ ի­րա­գոր­ծե­լու գոր­ծիք։ Ա­մե­նէն ա­ռաջ, աշ­խար­հին նոր բա­ցուող մա­նու­կին հետ խօ­սիլ, «կա­պուիլ» ՀԱ­ՅԵ­ՐԷ­Նով։ Յա­ջոր­դա­բար եւ հեր­թա­բար խօ­սիլ եւ սոր­վեց­նել հայ­կա­կան պատ­կա­նե­լիու­թեան եւ հայ­կա­կան ինք­նու­թիւ­նը պահ­պա­նե­լու եւ ապ­րե­լու մա­սին։ Ձ­­րիօ­րէն ո՛չ ինք­նու­թիւն կը պահ­պա­նուի, ո՛չ լե­զու, ո՛չ ալ հայ­րե­նիք։

Դժ­­բախ­տա­բար, այ­սօր կանգ­նած ենք «ազ­գա­յին զի­ջում»ի դի­մաց…։

Կ՚ու­զեմ յի­շեց­նել, որ տա­կա­ւին եր­կու սե­րունդ ա­ռաջ, մեր լե­զուն, հա­յե­րէն լե­զուն, նկա­տուած էր հա­յու­թեան փր­­կու­թեան լաս­տը։ Լաւ կը յի­շեմ հա­յե­րէ­նի յար­գե­լի ու­սու­ցի­չի մը սա ու­ժեղ հաս­տա­տու­մը. «Ա­ռանց հա­յե­րէն լե­զուի ու­սու­ցու­մին եւ գոր­ծա­ծու­թեան ց­­նորք է հա­ւա­տալ ազ­գա­յին գո­յա­տե­ւու­մին»։ Կը խոր­հիմ, թէ լե­զուն կորսնց­նող­նե­րը ի­րենք ալ ընդ­հան­րա­պէս կոր­սուած են…։ Լե­զուն ե­թէ չփո­խան­ցուի, ե­թէ չգոր­ծա­ծուի, յան­ցա­ւո­րը ո՛չ լե­զուն է, ո՛չ ալ մա­նու­կը կամ պա­տա­նին։

Ա­մէնքս ալ ա­կա­նա­տես ենք, որ հա­յա­խօ­սու­թեան եւ հա­յե­րէն լե­զուով ըն­թեր­ցող­նե­րու թի­ւը յա­րա­տե­ւօ­րէն կը նուա­զի եւ ա­րա­գօ­րէն։ Կեան­քը ապ­րիլ եւ ի վեր­ջոյ այդ ալ թան­գա­րա­նի մը մէ՞ջ թա­ղել։ Ան­ցեալ ա­միս­նե­րուն հայ խմբա­գիր մը սրտցա­ւօ­րէն կը գրէր. «Մա­շի՞լ թէ նո­րո­գուիլ…»։

-Ին­չո՞ւ հա­մար շու­քի մէջ կը մնայ դա­սա­կան ուղ­ղագ­րու­թիւ­նը։ Քե­րա­կա­նա­կան օ­րէնք­նե­րը անհ­րա­ժեշտ չե՞ն այ­լեւս, թէ՝ հա­կա­ռա­կը։

-Լե­զուա­քե­րա­կա­նա­կան տե­սա­կէ­տէ՝ դա­սա­կան ուղ­ղագ­րու­թեան հար­ցը շատ լուրջ հարց մըն է ներ­կա­յիս։ Ինչ որ «Ա­բե­ղեա­նա­կան ուղ­ղագ­րու­թիւն» կո­չուե­ցաւ՝ կը հե­տապն­դէր թա­քուն եւ քա­ղա­քա­կան վնա­սա­կար նպա­տակ։ Քա­ղա­քա­կան վե­րին ղե­կա­վար­նե­րուն եւ հե­տապն­դող­նե­րուն ա­նուն­նե­րը, ծրա­գիր­նե­րը եւ գոր­ծե­րը ծա­նօթ են։ Դա­սա­կան քե­րա­կա­նու­թեան եւ ուղ­ղագ­րա­կան սկզբունք­նե­րը փո­փո­խե­լու եւ զա­նոնք «դիւ­րաց­նե­լու» «կեղծ դի­տա­ւո­րու­թիւ­նը» չքմե­ղանք մըն էր եւ այ­սօր՝ ա­նըն­դու­նե­լի։ Իսկ դա­սա­կան ուղ­ղագ­րու­թիւ­նը փո­փո­խե­լու հե­տե­ւան­քով յա­ռա­ջա­ցած լե­զուա­քե­րա­կա­նա­կան դժուա­րու­թիւն­նե­րը հս­­կա­յա­կան ար­գելք­նե­րու դի­մաց դրին սե­րունդ­նե­րը ն­­աեւ ուղ­ղա­խօ­սա­կան տե­սա­կէ­տէ։ Պարզ օ­րի­նակ մը, «Եօ­թե­րորդ­»ը եւ «Եօթ­նե­րոր­դը»ը կամ «Տաս»ը եւ «Տաս­նե­րորդ­»ը ի­րար­մէ տար­բե­րա­կե­լու հա­մար՝ դա­սա­կան հա­յե­րէ­նը մեզ կ՚ա­ռաջ­նոր­դէ դէ­պի ճ­­իշ­դը («ն» տա­ռով)։ Կամ «Հայտ­նի» եւ «Յայտ­նի», «Բա­ցա­հայտ», «Բա­ցա­յայտ» եւ «Հու­շար­ձան» կամ «Յու­շար­ձան» եզ­րե­րու ուղ­ղագ­րա­կան տար­բե­րակ­նե­րու վե­րա­ծու­մը հե­ռա­ցու­ցած է բա­ռա­կազ­մա­կան եւ լե­զուա­քե­րա­կա­նա­կան տրա­մա­բա­նու­թե­նէն։ Քե­րա­կա­նու­թիւ­նը լե­զուի մ­­ը տրա­մա­բա­նու­թիւնն է։ Երբ կը խան­գա­րենք ու կը խառ­նա­կենք քե­րա­կա­նու­թիւ­նը՝ այ­լեւս կը դադ­րի լե­զուա­կան կա­ռոյ­ցին տր­­ա­մա­բա­նու­թիւ­նը եւ կը տի­րէ ա­նո­րո­շու­թիւն, անյս­տա­կու­թիւն եւ «ա­նըմբռ­նո­ղու­թիւն…»։ Կաս­կած չկայ թէ պէտք է վե­րա­դառ­նալ դէ­պի «Դա­սա­կան ուղ­ղագ­րու­թիւն»՝ մեր ժո­ղո­վուր­դը ի­րա­րու մեր­ձեց­նե­լով եւ միաց­նե­լով։

-Հա­յե­րէ­նը կորսնց­նե­լու դէմ կը պայ­քա­րինք, պէտք չէ մոռ­նանք, որ ար­դէն գրա­բա­րը կո­րուս­տի են­թար­կուե­ցաւ դա­րե­րու ըն­թաց­քին եւ գրե­թէ չի գոր­ծա­ծուիր։ Որ­քա­նո՞վ անհ­րա­ժեշտ է ներ­կա­յիս գրա­բա­րի ծա­նօ­թու­թիւ­նը։

-Աշ­խար­հա­բա­րի (ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նին եւ ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նին) լաւ ծա­նօ­թու­թիւն մը անհ­րա­ժեշտ կեր­պով կը պա­հան­ջէ դա­սա­կան հա­յե­րէ­նին կամ գրա­բա­րին ծա­նօ­թու­թիւ­նը եւ գի­տու­թիւ­նը։ Աշ­խար­հա­բա­րը քե­րա­կա­նօ­րէն լաւ հասկ­նա­լու հա­մար՝ գրա­բա­րը անհ­րա­ժեշտ է։ Դժբախ­տա­բար, հայ ի­րա­կա­նու­թեան մ­­էջ, գրե­թէ դադ­րած է դա­սա­կան հա­յե­րէ­նի ու­սու­ցու­մը։ Մե­նաշ­նորհ մնա­ցած է միայն Հա­յաս­տա­նի ո­րոշ հա­մալ­սա­րան­նե­րուն։ Բա­րե­բախ­տա­բար, սփիւռ­քի մէջ պար­բե­րա­բար ա­ռիթ կը ստեղ­ծուի գրա­բա­րի դա­սըն­թացք­ներու սկսե­լու։ Սա­կայն, քի­չեր կը հե­տաքրք­րուին եւ քի­չեր կը հե­տե­ւին։ Եր­կար տա­րի­ներ դա­սա­ւան­դած եմ գ­­րա­բար եւ աշ­խար­հա­բար լե­զու­նե­րը եւ գործ­նա­կա­նա­պէս տե­սած եմ գ­­րա­բա­րին մեծ օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը՝ ա­ւե­լի լաւ հասկ­նա­լու եւ ըմբռ­նե­լու ժա­մա­նա­կա­կից հա­յե­րէ­նի լե­զուա­քե­րա­կա­նա­կան ճշգրտու­թիւն­նե­րը, ուղ­ղագ­րու­թիւ­նը, քե­րա­կա­նա­կան յստա­կու­թիւն­նե­րը եւ լու­ծում­նե­րը։

-Եր­կար ա­տե­նէ ի վեր կը զբա­ղիք Հա­յե­րէն Լե­զուի Ժա­մա­նա­կա­կից բա­ռա­րա­նով, ինչ­պէ՞ս ե­ղաւ որ այս քայ­լին ձեռ­նար­կե­ցիք եւ ին­չո՞վ պի­տի տար­բե­րուի այս նա­խորդ բա­ռա­րան­նե­րէն։

-Պա­տա­նե­կու­թե­նէս հե­տաքրք­րուած եմ հա­յե­րէն լե­զուի այժ­մէա­կան-ժա­մա­նա­կա­կից բա­ռա­րա­նով մը։ Դա­սա­կան հա­յե­րէ­նի (գրա­բա­րի) ու­սում­նա­ռու­թեանս կող­քին, ընտ­րե­լիք աս­պա­րէ­զիս բե­րու­մով, կա­րիք կը զգա­յի աշ­խար­հա­բա­րի մէջ ալ զար­գա­նա­լու եւ հմտա­նա­լու։ Դեռ տաս­նեօ­թը տա­րե­կան, սկսայ հե­տաքրք­րուիլ եւ այդ ուղ­ղու­թեամբ հե­տապն­դե­ցի աշ­խա­տանք­ներս՝ Բա­ռա­րա­նա­յին նիւ­թեր քա­ղե­լով, ընտ­րե­լով, ժա­մա­նա­կա­կից լե­զուամ­տա­ծո­ղու­թեամբ ստեղ­ծուած յար­մար եւ յա­ջող եզ­րեր հա­ւա­քե­լով, բա­ռա­րան­ներ սրբագ­րե­լով, բար­բա­ռա­յին կամ գա­ւա­ռա­կան եզ­րեր մէկ կողմ դնե­լով, ե­ւայլն։ Այդ աշ­խա­տան­քը կը կա­տա­րէի անձ­նա­կան զար­գաց­ման իբր ու­ղի եւ նպա­տակ։ Բա­ռա­րա­նա­յին այդ աշ­խա­տանքս լրիւ յի­սուն տա­րի եւ ե­րեք ա­միս շա­րու­նա­կած եմ մնա­յուն եւ պար­բե­րա­կան կեր­պով։ Հե­տաքրք­րու­թեան հա­մար կ՚ու­զեմ ա­ւելց­նել հե­տե­ւեա­լը, կեն­ցա­ղա­յին, մշա­կու­թա­յին, կեն­դա­նա­կան, բու­սա­բա­նա­կան, բժշկա­կան եզ­րե­րու, թան­կար­ժէք եւ կի­սա­թան­կար­ժէք քա­րե­րու, ինչ­պէս նաեւ ժա­մա­նա­կա­կից գի­տա­կան եւ գի­տա­րուես­տա­կան (technology) եւ այլ կա­րե­ւոր բա­ռե­րու դի­մաց զե­տե­ղած եմ թէ՛ լա­տի­նե­րէն եւ թէ՛ անգ­լե­րէն հա­մար­ժէք եզ­րե­րը, եր­բեմն, երբ հարկ տե­սած եմ, նաեւ ա­րա­բե­րէ­նը կամ թրքե­րէ­նը, որ­պէս­զի բա­ռա­րանս շատ ա­ւե­լի դիւ­րա­հա­ղորդ դարձ­նեմ։ Օգ­տուած եմ նաեւ մաս­նա­գէտ անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու հմտու­թե­նէն (բժիշկ, ոս­կե­րիչ, քա­րե­րու մաս­նա­գէտ ե­ւայլն)։ Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն մտա­ծե­ցի այդ գոր­ծը հրա­տա­րա­կել, ա­նոր լուրջ օգ­տա­կա­րու­թիւ­նը նկա­տե­լով «ժա­մա­նա­կա­կից» հա­յուն հա­մար։ Եւ հա­մո­զուած եմ, որ լրջօ­րէն կրնայ նպաս­տել թէ՛ ու­սա­նո­ղին, թէ՛ հա­մալ­սա­րա­նա­կան­նե­րուն եւ թէ՛ մտա­ւո­րա­կան խա­ւին։ Այ­սօր այս աշ­խա­տան­քը պատ­րաստ է հրա­տա­րա­կու­թեան։ Լուրջ ի­րա­գոր­ծում մը։

Զար­մա­նա­լիօ­րէն այս աշ­խա­տան­քիս «Հա­յե­րէն Լե­զու»ի վե­րա­բե­րող բա­ռա­րա­նիս ա­ւար­տը զու­գա­դի­պե­ցաւ 1915-ի 100-ա­մեա­կին…։ Զար­մա­նա­լի խոր­հուրդ։ Եւ դեռ խոր­հիլ, որ այ­սօր ա­րեւմ­տեան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րէն մէ­կը կամ միւ­սը սկսած է ա­հա­զան­գել եւ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը դա­սել ան­հե­տա­ցող լե­զու­նե­րու կար­գին։

-Հայր Տա­ճատ, խնդրեմ քա­նի մը խօսք նաեւ ձեր միւս աշ­խա­տանք­նե­րուն եւ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րուն մա­սին։

-Ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քիս ըն­թաց­քին եւ ա­նոր ա­ռըն­թեր քա­ռա­սուն­հինգ տա­րի­նե­րէ ի վեր հե­տաքրք­րուած եւ լրջօ­րէն հա­ւա­քած եմ հա­զա­րու­մէկ պատ­մա­կան տե­սա­կի ա­տաղձ եւ ու­սում­նա­սի­րած եմ հայ ե­կե­ղեց­ւոյ պատ­մու­թեան դրուագ­նե­րը, հայ ե­կե­ղեց­ւոյ Աս­տուա­ծա­բա­նու­թեան ո­լոր­տը, հայ վա­նա­կա­նու­թեան պ­­ատ­մու­թիւ­նը, հ­­այ­կա­կան միջ­նա­դա­րեան վան­քե­րը։ Հայ մ­­շա­կոյ­թի պատ­մու­թիւ­նը, հայ ի­մա­ցա­կան պատ­մու­թիւ­նը, հայ վա­նա­կան հո­գե­կա­նու­թիւ­նը (spirituality) ա­ռա­ջին դա­րե­րուն, վար­դա­պե­տը իբր հա­ւատ­քի ու­սու­ցիչ եւ Աս­տուա­ծա­բան, Քե­սու­նի Կար­միր վան­քը, Կա­րի­նի Հն­­ձուց վ­­ան­քը, Որ­դան Կար­միր կամ հայ­կա­կան կար­միր ներկ, Հա­յաս­տա­նի վան­քե­րուն եւ ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մ­­շա­կու­թա­յին կո­րուս­տը, ի՞նչ է քրիս­տո­նէու­թիւ­նը, Աս­տուած եւ ժա­մա­նա­կա­կից գր­­ա­կա­նու­թիւն, Աս­տու­ծոյ փնտռ­­տու­քը, ե­ւայլն, ե­ւայլն։ Ապ­րած եւ հրա­տա­րա­կած եմ վեց հա­տոր բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն, ո­րոնք ար­դիա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով եւ փի­լի­սո­փա­յա­կան խոր­քով կը բա­նան իմ մտա­ծո­ղա­կան եւ ապ­րու­մա­յին շեր­տերս։ Շուրջ վաթ­սուն աշ­խա­տանք­ներ եւ հրա­տա­րա­կու­թիւն­ներ։ Բա­նաս­տեղ­ծու­թեան կող­քին զբա­ղած եմ եւ կը շա­րու­նա­կեմ զ­­բա­ղիլ նաեւ փայ­տէ քան­դա­կա­գոր­ծու­թեամբ, նկա­տե­լով որ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը եւ քան­դա­կա­գոր­ծու­թիւ­նը, ին­ծի հա­մար կը քա­լեն նոյն ապ­րում­նե­րու հու­նէն եւ կ՚ար­տա­յայ­տեն գրե­թէ միեւ­նոյն մտա­ծու­մի եւ ապ­րու­մի հո­գե­յա­տա­կը…։ Մէ­կը միւ­սը ամ­բող­ջաց­նող եւ գե­ղեց­կաց­նող։ Մե­ծա­պէս բա­ւա­րա­րուած եմ։ Հե­տաքրք­րա­կան ե­րե­ւոյթ է չէ՞։ Փոր­ձած եմ այս ուղ­ղու­թեամբ նաեւ ես ինք­զինքս խ­­ո­րա­պէս ու­սում­նա­սի­րել, վեր­լու­ծել եւ մտա­ծու­մի եւ ա­րուես­տի մ­­եկ­նա­բա­նու­թիւն­ներ կա­տա­րել։

-Շնոր­հա­կա­լու­թիւն Հ­­այր Տա­ճատ, որ այս սքան­չե­լի ա­ռի­թը ըն­ծա­յե­ցիք եւ մեր խնդրան­քին ըն­դա­ռա­ջե­ցիք։ Յա­ջո­ղու­թիւն կը մաղ­թենք ձեր գ­­րա­կան, ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան եւ ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քի բո­լոր ծրա­գիր­նե­րը ի­րա­կա­նաց­նե­լու ըն­թաց­քին։

ՍԵ­ՒԱՆ ՊՕ­ՂՈՍ ՏԷՐ-ՊԵՏ­ՐՈ­ՍԵԱՆ

Շաբաթ, Ապրիլ 30, 2016