ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՎԻՐԹԻՒԷՕԶՆԵՐԸ

Մոս­կուա­յի Պե­տա­կան սե­նե­կա­յին նուա­գա­խում­բը, որ կը կո­չուի «Մոս­կուա­յի վիր­թի­ւէօզ­ներ»ը, նա­խըն­թաց օր հա­մեր­գով մը հան­դէս ե­կաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Աշ­խար­հառ­չակ խմբա­վար Վլա­տի­միր Սփի­վա­քո­վի կող­մէ ա­ռաջ­նոր­դուած այս նուա­գա­խում­բը շքեղ հա­մերգ մը սար­քեց Ե­րե­ւա­նի Օ­փե­րա­յի եր­դի­քին տակ։ Ունկն­դի­նե­րը ան­նա­խըն­թաց խան­դա­վա­ռու­թիւն ապ­րե­ցան այս ե­րե­կոյ­թին ըն­թաց­քին, ո­րու պա­տուոյ հիւ­րե­րու շար­քին էին Հա­յաս­տա­նի Ա­ռա­ջին տի­կին Ռի­թա Սարգ­սեան, Մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Յասմ­իկ Պօ­ղո­սեան եւ այլ պաշ­տօ­նա­տար­ներ։

«Մոս­կուա­յի վիր­թի­ւէօզ­ներ»ը յա­ջող կա­տա­րում­նե­րով գրա­ւեց հայ ունկն­դիր­նե­րուն սիր­տը եւ ա­նոնք ջերմ ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րով ող­ջու­նե­ցին խում­բը։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Վլա­տի­միր Սփի­վա­քով հա­մեր­գին առ­թիւ լրագ­րող­նե­րու հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին ը­սաւ. «Ե­կած եմ իմ տունս»։

Շաբաթ, Ապրիլ 30, 2016