ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՇԻՐԱԶ (1915-1984). ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՍԻՐՏԸ ԲԱՑՈՂ ԱՆՄԱՀ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԸ
Ապրիլ 27-ին, 101 տարի առաջ, Մեծ Եղեռնի արհաւիրքին մէջ, նորածինի ճիչ մը կեանքով լեցուց Ալեքսանդրապոլ (Կիւմրիի նախասովետական անունը)՝ Ախուրեան գետի ափին գտնուող կիւմրեցի Թադէոսի եւ կարսեցի Աստղիկի գիւղական խարխուլ տունը։
Լոյս աշխարհ եկաւ Օննիկ Կարապետեան աւազանի անուն-մականունով անոնց զաւակը, որ հասակ նետելով եւ հայ գրականութեան մէջ իր փառաւոր պատուանդանը նուաճելով՝ մեր ժողովուրդի բարձրարժէք եւ մեծանուն ծնունդներու համաստեղութեան մէջ անմահացաւ Յովհաննէս Շիրազ գրչանունով։
Շիրազի օրինակով՝ մեր ժողովուրդը միայն նահատակներ չունեցաւ։
Այո՛, սուրբ նահատակներ ունեցանք… բայց նաեւ հայ ժողովուրդը կրցաւ յարութիւն առնել եւ Հայաստան Աշխարհի թէեւ մէկ փոքր հողակտորին վրայ, այդուհանդերձ ըստ ամենայնի ստեղծեց իր անկախ հայրենիքն ու ազատ պետականութիւնը։
Այդպէ՛ս, մեր ժողովուրդը ծնունդ տուաւ հայորդիներու, որոնք նախախնամութեան կամքով կոչուած էին անլռելի վկաները դառնալու հայոց արհաւիրքին, որուն իւրայատուկ վկան եւ երգիչն է Յովհաննէս Շիրազ։
Հազիւ երեք տարեկան դարձած՝ ան որբացաւ հօրմէ։ Խժդժութեանց հետեւած իրարանցումին մէջ, Օննիկ կորսնցուց մայրը, անպատսպար փողոցները թափառեցաւ՝ հացի եւ օթեւանի կարօտ, մինչեւ որ անտէր լքուած հարիւրաւոր շատ որբերու հետ զինք եւս յանձնեցին Ալեքսանդրապոլի որբանոցի խնամատարութեան։
Դառն ու դաժան մանկութիւն մը անցուց Շիրազ, յաճախակի փախուստ տուաւ որբանոցի ճնշիչ մթնոլորտէն եւ, ինչպէս որ հետագային պիտի գրէր իր ինքնակենսագրութեան մէջ, «որբանոցից շատերն էին փախչում, մեծ մասը դէպի շուկայ, իսկ ես` դէպի Արփաչայի հովիտները` փնտռելու հայրիկիս բոստանը: Եւ մի վայրկեան ծաղիկների ու կակաչների մեջ մոռանում էի, որ որբ եմ…»:
Աւելի ուշ, երբ արդէն թեւակոխած էր պատանեկութեան տարիքը, Օննիկ լրիւ հեռացաւ որբանոցէն եւ բառին բուն իմաստով փողոցի կեանք ապրեցաւ, մինչեւ որ այդ ձախորդ օրերուն մէջ յանկարծ փայլեցաւ «ճակատագրական մի սուրբ վայրկեան»: Փողոցը պատահականօրէն հանդիպեցաւ հացը ձեռքին անցորդ խեղճ կնոջ մը: Սոված Օննիկը փորձեց փախցնել կնոջ հացը, բայց կինը բռնեց զինք եւ… սեղմեց կրծքին: Մայրն էր` Աստղիկը, որ վերջապէս գտած էր իր կորուսեալ որդին: Փաղաքշանքով «գիժ, ջան, գի՜ժ» կրկնելով՝ մայրը որդւոյն տարաւ տուն, որ հին ու կիսափուլ խրճիթ մըն էր: Եւ ճակատագրական այդ օրէն, մօր խօսքը սրբութիւն եւ օրէնք եղաւ Օննիկի համար, իսկ մօր գլխաւոր խորհուրդն էր` «Արհեստ սովորիր… արհեստն է մարդուն ոսկէ բիլազուկ»:
Որբութեան եւ չքաւորութեան այդ տարիները ադամանդի պէս կոփեցին տաղանդը ստեղծագործական երկնատուր շնորհներով օժտուած Օննիկի, որ հայ ժողովուրդի անմահ մեծերու երկնակամարին վրայ անմար աստղի իր տեղը գրաւեց իբրեւ սիրոյ եւ վշտի զգայուն եւ խոհուն երգիչը։
Շիրազ պատանի տարիքէն նետուեցաւ կեանքի ասպարէզ, բախտը փորձեց կօշկիկի եւ հիսուածեղէնի արհեստներուն մէջ, բայց շուտով անդրադարձաւ, որ բանաստեղծութիւնն է իր կեանքի բուն եւ միակ ասպարէզը։ Սկսաւ ստեղծագործել տասնհինգ տարեկանէն եւ իր առաջին քերթուածները լոյս տեսան Լենինականի (Կիւմրիի խորհրդային անուանումը) հիւսուածեղէնի գործարանին գրական հրատարակութեան էջերուն։ 1935-ին առանձին հատորով լոյս տեսաւ իր երախայրիքը՝ «Գարնանամուտ»ը, որ անմիջապէս յափշտակուեցաւ ընթերցողներուն կողմէ եւ արագօրէն մեծ համբաւ ապահովեց քսանամեայ Շիրազին։
Եւ սկսաւ Շիրազի անկասելի վերելքը դէպի հայ քերթողութեան բարձունքը։
Սիրոյ եւ վշտի երգերով յատկանշուեցաւ Շիրազի մուտքը հայ գրականութեան անդաստանէն ներս եւ որքան ժամանակը թաւալեցաւ, այնքան պարզութիւնն ու խոհականութիւնը, գեղարուեստական քնարականութիւնը ու ազգային յուզաշխարհը ադամանդի պէս բիւրեղացան Շիրազի ոճին մէջ։ Ան ինքնուրոյն դպրոց՝ ԵՐԵՒՈՅԹ դարձաւ քսաներորդ դարու երկրորդ կէսին, խորհրդահայ գրականութեան ազգային վերազարթնումին վրայ իր տիրական դրոշմը դնելով։
Պատահական չէ, որ «Շիրազը հայ ժողովրդի վշտի դարաւոր մառախուղից ծագած աստղն է» վկայեց վարպետը՝ Աւետիք Իսահակեան։
Իսկ Ուիլիըմ Սարոյեան պարզապէս արժանին կը մատուցանէր հայուն սիրտը այդպէ՛ս հարազատօրէն, ջերմութեամբ եւ խորութեամբ աշխարհին առջեւ բացող Շիրազին, երբ կը հաստատէր, թէ «Շիրազ մեծ տաղանդ մըն է: Անիկա մեծ, մեծ անուն ունի՝ մենք շատ կը գնահատենք անոր գոյութիւնը… Շիրազ թանկագին հոգի մըն է, ես շատ կը ցանկանամ լուրեր առնել անոր գրութիւններէն, լսել զանոնք: Ան տաղանդ է, մենք պէտք է հպարտ զգանք՝ մեծ պատիւ համարենք անոր հետ ծանօթ ըլլալը»:
Եւ յիրաւի Շիրազ իր կենդանութեան եղաւ ապրող առասպել մը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, ոչ միայն քաղաքամայր Երեւանի համար, ուր գրեթէ ամէնօրեայ իր գրական հաւաքները կ՚ունենար փողոցը՝ Աբովեան, Ամիրեան եւ Տէրեան փողոցներու խաչմերուկներուն, իր երկրպագուներու հետ հանդիպումներով, այլեւ աշխարհասփիւռ հայաշխարհի ափերուն, ուր հայութեան նորահաս սերունդները իր բանաստեղծութիւններով երգեցին սէրը, հայոց վիշտը, մօր պաշտամունքը եւ, մանաւանդ, հայկական հարցը արդար լուծման արժանացնելու պահանջատիրական պայքարը։
Հայաշունչ մթնոլորտի մէջ կազմաւորուած ո՞ր հայը, այսօր, կրնայ մտահան ընել իր պատանեկութեան սորված եւ արտասանած Շիրազի «Ամենայն սրտով»ը, որ մերօրեայ հայութեան ազգային զարթօնքը հունաւորող պատգամը դարձաւ։
Յուշատետրի սիւնակը շատ նեղ կու գայ պարփակելու համար Յովհաննէս Շիրազ երեւոյթը՝ իր մեծութեամբ եւ անմահ պատգամով։
Բայց այսքանը թող յարգանքի մոմ մը վառէ հայ ժողովուրդի սիրտը այդպէս շռայլօրէն բացած ու երգով շնչաւորած անմահ բանաստեղծի յիշատակին։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
(Յապաւուած)