ՍԵՒԱԿ ԱՐԾՐՈՒՆԻ. «ՔՈՎԻՏ-19-Ը՝ ՄՀԵՐԻ ԴՈՒՌԸ»

Հայաստանի մէջ յառաջիկայ ամիսներուն պիտի սկսի «Կառուցէ Հայաստան» նախագիծը, որ գործարար Սեւակ Արծրունիի նախաձեռնութիւնն է գործարար, բարերար Վարդան Սըրմաքէշի համագործակցութեամբ իրականացուելիք: Երկու գործարարները ունին ընդհանուր տեսլական մը, որուն արգասիքն է այս նախագիծը:

Նախագիծին նպատակն է Հայաստանի մէջ ստեղծել առաջին «խելացի-կանաչ» համայնքները: Համայնքներուն հայեցակարգը հիմնուած է հայրենի երկրի բնապահպանական անաղարտութեան եւ երջանիկ ու նորարար քաղաքացիին առողջ ապրելակերպին վրայ:

Համայնքներուն գերխնդիրն է Հայաստանը դարձնել կայուն զարգացման միջազգային կեդրոններէն, իսկ համայն հայութիւնը՝ հայաստանակեդրոն:

Այս առիթով պատրաստուած է նախագիծին գաղափարախօսութիւնը ներկայացնող հարթակը՝ «Մեր հնարաւոր ապագան» խորագրով, ուր լոյս տեսած է Սեւակ Արծրունիի «Մեր հնարաւոր ապագան» խորագրով գիրքը:

Գիրքին խմբագիրն ու գործընկերները հանրութեան կը ներկայացնեն Համայնքներու ստեղծման ուղեգիծը:

Անոնք կը յայտնեն, որ Covid-19 համավարակին ծաւալումով պայմանաւորուած, յետաձգուած են գիրքին տպագիր տարբերակին հրատարակումը եւ հրապարակային ձեռնարկները, սակայն համացանցի վրայ հասանելի են բոլոր նիւթերը: Այդ նիւթերէն մէկը Սեւակ Արծրունիի յօդուածն է՝ «Քովիտ-19-ը՝ Մհերի դուռը» խորագրով: Հեղինակին արտօնութեամբ այդ յօդ-ւածէն բաժիններ, արեւմտահայերէնի վերածելով, կը ներկայացնենք ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընթերցողներուն։

*

Հայոց ցեղասպանութենէն եւ Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, համաշխարհային ցնցումներու հետեւանքով ձեւաւորուեցաւ հայկական պետականութիւն մը, որ անցնող երեսուն տարիներու ընթացքին դիմակայեց դժուար իրավիճակներ: Պատերազմ, շրջափակում, սփիւռքի՝ մասնաւորապէս միջինարեւելեան հայկական համայնքներու կազմալուծում, արժեհամակարգերու փտութիւն, ազգային հարստութեան թալան եւ անհաւասար վերաբաշխում, զանգուածային արտագաղթ...:

Հայկական ճգնաժամը, սակայն, 2020 թուականի մարտ ամսուն յայտնուեցաւ Քովիտ-19 վարակի փոթորիկին մէջ, եւ պարտաւոր է դիմակայելու անոր յաջորդող համաշխարհային քաղաքակրթական ցնցումներն ու փլուզումները:

Քովիտ-19 ժահրի տարածումը սահմանափակելու համար, այս պահուն աշխարհի բնակչութեան մօտաւոր կէսը՝ աւելի քան երեք միլիառ մարդ, փակուած է տուներէն ներս: Փակուած են սահմանները, օդակայանները, կրթական եւ ձեռնարկատիրական հաստատութիւնները: Եւ այս ամէնուն հետեւանքով, փլուզման եզրին հասած են տարբեր պետութիւններ եւ միջազգային տնտեսութիւններ, աննախադէպօրէն կը մեծնան սովի ցուցանիշները: Իսկ 26 մարտին, Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես յայտարարած է, որ մարդկութիւնը վտանգուած է:

Հարիւր միլիոնաւոր աշխատողներ կը զրկուին իրենց աշխատանքէն, հսկայածաւալ կազմակերպութիւններ կը յայտնուին սնանկութեան եզրին: Դրամատուներն ու սակարանային կազմակերպութիւնները կրկին շնչահեղձ կ՚ըլլան թունաւոր վարկերու կուտակումներուն տակ:

…Քաղաքական վերնախաւի նկատմամբ անվստահութիւն կը տիրէ աշխարհի գրեթէ բոլոր ազգերուն մօտ՝ մինչ կառավարման ձեւերը սպառուած կը թուին: Միւս կողմէ, ի հակադրութիւն ասոր, հանրութեան մէջ աւելի կը խորանայ արմատացած նախախնամութիւն/պետութեան հայեցակարգը: Այս հակասական, իբրեւ ինքնայայտ ճշմարտութիւն ընդունուած իրավիճակին մէջ կը բեմադրուի քաղաքակրթական առանցքի արմատական շեղում:

Վախի ու սպառնալիքի պայմաններու մէջ, գլխիվայր կը փոխուին կեանքի առօրեայ ընթացքը, ընտանիքի եւ սեփական կենցաղային ու առողջական վիճակի վերահսկման մօտեցումները, հասարակական կեանքի կառավարման համարեա բոլոր միջոցները: Ստեղծուած ընկերային հոգեբանական ցնցման պայմաններուն մէջ կը փոխուին աշխատանքի, սնուելու, բուժուելու, հանգստանալու, նոյնիսկ ամենամօտ մարդոց հետ հաղորդակցելու առօրեայ սովորոյթները: Պարտադրուող եւ անհարազատ վիճակը կ՚երկարի եւ նոյնիսկ կը փոխէ մարդոց եւ հասարակութեան բնազդային մօտեցումները կեանքի հանդէպ:

Մարդկութիւնը, այո՛, այս անգամ եւս կը գտնէ վերապրելու միջոցներ, սակայն միաժամանակ երկու համաղէտներ՝ մոլորակի գերբնակեցումն ու համաշխարհային տաքացումը, որպէս լիարժէք քաղաքակրթական համակարգեր կը վերապրին միայն այն հասարակութիւնները, որոնք կը կարողանան հաստատակամ մնալ իրենց համայնքային ինքնութեան մէջ եւ միաժամանակ, կը վերահսկեն պարտադրուած փոփոխութեան համամոլորակային ալիքը:

ՅԵՏՀԱՄԱՃԱՐԱԿԱՅԻՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ՊԱՏԿԵՐԸ

Յարափոփոխ աշխարհի հասարակութեանց ինքնակամ փոփոխուելու հակուածութիւնը սկսած է տասնամեակներ առաջ՝ պայմանաւորուած համացանցի/արհեստագիտական յեղափոխութեան եւ ահաբեկչական գործողութիւններու հետեւանքներով:

Այդ հակուածութիւնը կ՚ահագնանայ համաճարակային աշխարհին մէջ, իսկ արմատական փոփոխութիւններու ուրուագիծերը օրէ օր կը յստականան մեր աչքին առջեւ:

Այն, որ այս ամէնը տեղի կ՚ունենայ կարճ ժամանակահատուածի մէջ, որ մարդիկ կը մեռնին ամէն տեղ, որ վարակը ծայր աստիճան վարակիչ է ու հոգեբանական ու տնտեսական ակնառու հետեւանքներ կը դրոշմէ, այս բոլոր պատճառներէն ելլելով, մարդկութեան համար Քովիտ-19 համաճարակը յարմար առիթ է հասկնալու, թէ վերջապէս ո՞ւր հասած է մոլորակի վրայ մարդ արարածի գոյութեան վտանգաւոր եւ վտանգուած ըլլալու աստիճանը:

Համավարակը առաջին իսկ օրերուն քանդեց ժամանակակից առողջապահական համակարգի կառուցուածքը: Մարդակեդրոն բժշկութեան բացակայութիւնը, ախտորոշման կառուցակազմի անհամապատասխանութիւնը, բժիշկներու եւ առողջապահական համակարգի աշխատակիցներու, ինչպէս նաեւ վերականգնողական կեդրոններու եւ մահճակալներու սակաւութիւնը, համաճարակային պայմաններու եւ ընդհանրապէս արտակարգ իրավիճակի հասարակութեան կեանքի կազմակերպման թերզարգացած մօտեցումները ու մարդոց անպատասխանատուութիւնը, առողջապահական ապահովագրութեան թոյլ համակարգերը, աւելի երկար, աւելի մահաբեր եւ աւելի ցաւոտ կը դարձնեն համավարակի ընթացքը, որ հակուած է ժամանակի մէջ երկարելու, որովհետեւ մեկուսացման եւ ընկերային հեռաւորութեան միջոցաւ դանդաղող համաճարակը կրնայ որեւէ պահուն վերսկսիլ, եթէ արտակարգ իրավիճակէն ետք ախտակիր նոյնիսկ մէկ պարագայ վերայայտնուի ազատութեան մէջ։ Եւ այսպէս, մինչեւ բուժման միջոցի ստեղծումը, մինչեւ... յաջորդ վարակի յայտնութիւնը:

$ 58,500,000,000,000․ այս թիւը կը կարդացուի այսպէս, յիսունութուկէս եռիլիոն (trillion) տոլար: Ասիկա այս պահու դրութեամբ՝ միջազգային պարտքի գումարն է: Ահա այսպիսի իրավիճակի մէջ կը յայտնուի աշխարհը Քովիտ-19 համաճարակի պայմաններուն: Եթէ նախորդ տնտեսական ճգնաժամերու ժամանակ անվճարունակ ընտանիքներու պարտքերը կ՚աճէին, այս անգամ, իրենք՝ դրամատուներն ու միջազգային ելեւմտական համակարգը կառավարող տնտեսութիւններն են, որ խրուած են ծանր պարտքերու մէջ:

Մարտ ամսուն վերջաւորութեան, երբ պետութիւնները սկսան հաստատել արտակարգ դրութիւններ ու փակել օդակայանները, հիմնարկները, գործարանները, դադրեցաւ նաեւ շրջանառու նիւթական հոսքերու ընթացքը: Մինչեւ այդ պահը, արդէն հարցականի տակ էին պարտքերու շրջափուլերուն մէջ լողացող «զոմպի» հիմնարկներու վերապրելու հնարաւորութիւնները, եւ որքան որ երկարաձգուի համաճարակը, այնքան կը խորանայ համամոլորակային ճգնաժամի հաւանականութիւնը: Մինչդեռ պերճանքի, ժամանցի եւ փոխադրական ոլորտները արդէն իսկ կը դիմակայեն վնասներու հսկայ ալիքներ, խելայեղ արագութեամբ տարածուող համաճարակը հնարաւորութիւն չի տար պետութիւններուն եւ միջազգային առեւտրական կառոյցներուն, որ զբաղին տնտեսական խորացող ճգնաժամով:

Նման պայմաններուն, ամենադիւրին լուծումը, թէկուզ եւ ամենահեռանկարայինը, իշխանութիւններու կողմէ նոր միջոցներու եւ… նոր վարկերու ներարկումն է անհեռանկար ձեռնարկատիրական գործերու մէջ: Իսկ այդ միջոցառումները ո՛չ միայն անդառնալիօրէն կը բնաջնջեն պարտքերու տակ կքած հիմնարկներու փրկութեան հեռանկարները, այլ նաեւ «կը զոմպիացնեն» համաճարակի հետեւանքով արդէն իսկ տկարացած տնտեսութիւնները: Այս ամէնը, անշուշտ, կ՚ունենայ շղթայական ընթացք, աղքատութեան եւ անգործութեան ձիւնահոսքի տեսքով:

Այս ալիքին մարդկութիւնը կը դժուարանայ դիմակայելու, որովհետեւ ան արդէն կքած է գերբնակեցուածութեան, պատերազմներու, համաշխարհային տաքացման, բնական համաղէտներու հետեւանքով ձեւաւորուած անտէր ու մոռցուած տարածքներու ու անոնցմէ դէպի աւելի հարուստ պետութիւններ անընդհատ հոսող գաղթականներու բեռին տակ: Այդ մոլորուած եւ մոռցուած տարածքները իրենց բանտերով, անել ու ստորին թաղամասերով, գաղթականներու ճամբարներով, անապատացած գիւղական համայնքներով կը ծնին համաճարակներ, բռնութիւն, անհաւասարութիւն:

Թէ՛ տնտեսական, թէ՛ մարդկային կեանքին հասնող վնասի աստիճանով Քովիտ-19 համաճարակը միջին վնասաբերութեան համաղէտ է: Այս պահուն վարակը խլած է մօտ 200 հազար մարդու կեանք։ Որպէս համեմատութիւն նայինք վիճակագրական քանի մը տուեալներու. իւրաքանչիւր տարի ճանապարհային փոխադրական պատահարներէն աշխարհի մէջ կը մահանայ աւելի քան 1.2 միլիոն մարդ, 2019 թուականին աշխարհի մէջ քաղցկեղէն մահացած է աւելի քան 18 միլիոն մարդ, վերջին տարիներուն, ամէն տարի մօտ երեք միլիոն մարդ կը մահանայ թոքաբորբէն, իսկ պարենային, ջուրի ու համաշխարհային տաքացման ճգնաժամերը մոլորակին վրայ ամէն տարի տասնեակ միլիոնաւոր մարդու, յատկապէս՝ երեխաներու կեանք կը խլեն:

Եւ ահաւասիկ այս պատճառով Քովիտ-19 համավարակը մարդկային պատմութեան մէջ պիտի յիշուի ո՛չ թէ որպէս սպաննող համաճարակ, այլ որպէս այն կաթիլը, որմէ սկսաւ աշխարհակուլ ջրհեղեղ:

Որովհետեւ հիմա արդէն մարդկային զանգուածները խաբելը թէ աշխարհի ընթացքը բնականոն կը զարգանայ, պիտի չյաջողի: Առկայ խնդիրները մեղմացնել, շպարել, թաքցնել, պիտի չյաջողի:

Համաշխարհային համաղէտներուն ընդառաջ՝ զանգուածներու զարթնող գիտակցութեան հետ, մոլորակի հարստութիւնները վարչարարող վերնախաւը պարտաւոր պիտի ըլլայ վերաձեւաւորելու համաշխարհային կարգը, նամանաւանդ՝ վերակազմակերպելու միջազգային տնտեսութիւնն ու համամարդկային քաղաքակրթութեան ընթացքը:

Այս համավարակին պիտի յաջորդեն ուրիշ համավարակներ, անցեալ տարիներու համաշխարհային տաքացման երեւոյթները երթալով պիտի ահագնանան, մոլորակի գերբնակեցման հետեւանքները երթալով աւելի կործանարար պիտի դառնան ջուրի, սնունդի եւ կենսուժի սովը, բնական աղէտները, տնտեսական անկառավարելի ցնցումները պիտի ըլլան ամենօրեայ կեանքի սովորական երեւոյթներ, իսկ մենք, այսինքն՝ անոնք, որոնք կը վերապրին համաղէտի իրերայաջորդ ալիքները, պիտի ենթարկուինք փոխուող աշխարհի անդիմադրելի ճնշումներուն: Մենք պիտի յայտնուինք փոփոխուող արժէքներու, կենցաղի, մարդկային յարաբերութիւններու, մտածողութեան եւ նոյնիսկ բնազդներու յարափոփոխ աշխարհին մէջ:

ՄՀԵՐԻ ԴՈՒՌԸ՝ ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ (APOCALYPSE)

Անցած են աշխարհի կործանման եւ ժամանակի վերջաւորութեան յայտնութիւնները, համաղէտներ կանխատեսող եւ ապաշխարութիւն քարոզող մարգարէներու ժամանակները: Արեւային փոթորիկ, երկնաքարի հետ երկրագունդի ընդհարում, երկրաշարժ, ջրհեղեղ, մոլորակի միջոցներու սպառում, համավարակ եւ այլն... Աղէտային յայտնութիւններու գրականութեան մէջ այս ամէնը տարբեր ժամանակներու ընթացքին գործածուած է, բայց ո՛չ մեր օրերուն: Մինչդեռ մոլորակի գերբնակեցուածութեան եւ անոր յառաջացուցած տնտեսաքաղաքական եւ ընկերաբնապահպանական աղէտներուն ու համաշխարհային տաքացումին մասին երկրագունդի բոլոր գիտնականները կը խօսին: Անոնց վրայ մեր ժամանակներուն, կ՚աւելնան նաեւ հիւլէական պատերազմը, համաշխարհային ծաւալի քիմիական կամ կենսաբանական ահաբեկչութիւնը եւ այլն: Այս ամէնը մեծ հաշուով կը հաստատէ, որ եթէ չըլլան շուտափոյթ լուծումներ, ուրեմն մարդկութիւնը իսկապէս պիտի յայտնուի յայտնութենական (ափոքալիփթիք)՝ իրավիճակին մէջ: Այս մասին մենք մանրամասն գրած ենք «Մեր հնարաւոր ապագան» գիրքին մէջ:

Սակայն ժամանակակից մարդկութիւնը եւ անոր մշակութային աշխարհայեացքը չեն ուզեր առընչուիլ աշխարհի վերջաւորութեան յայտնութիւններուն հետ, փոխարէնը նախընտրելով առաջնորդուիլ լաւատես անպատկառութեան լոզունգներով, որովհետեւ ժամանակակից մարդը սովոր է մակերեսային մտածողութեան: Շարժանկարներն ու համացանցային գրութիւնները կը վարժեցնեն զինք չմտածել, չխորանալ բարդ բայց խորիմաստ վերլուծութիւններու մէջ, եւ բաւարարուիլ ամբոխավարական գծապատկերուած տեղեկատուութեամբ, կարճ ու պարզեցուած անքննարկելի եզրակացութիւններով: Այսինքն այսօր, մարդը կ՚ամբարէ գիտելիքը ձեւաւորուած նշանաբաններէն: Իսկ նշանաբանը, որպէս կանոն, ամենաաժան խաբէութեան (մանիփիւլասիոն) ամենաառաջնակարգ գործիքն է:

Մշակութային նման աշխարհայեացքի դիմաց, աղէտալի յայտնութիւնները տհաճ են եւ չեն վայելեր հասարակութիւններուն համակրանքը: Մարդիկ կը նախընտրեն տառապիլ հրդեհներու եւ ջերմային ալիքներու մէջ, կը նախընտրեն մեռնիլ համավարակէ, ջրհեղեղէ, ջուրի ու մթնոլորտի ապականութենէ, սնանկանալ եւ յարաբերական սովի մատնուիլ քաղաքատնտեսական եւ ովկիանոսի մակարդակի շարունակական բարձրացման համաղէտներէն, կը նախընտրեն անապատացումէն ու համաշխարհային տաքացումէն մնացած հետեւանքներէն պարտադրուած գաղթել, սակայն կը շարունակեն ըմբոշխնել հաճոյամոլութեան եւ գնողունակ պահանջարկի մշակութային քնաբեր բաղադրատոմսերը:

Մինչդեռ, համաղէտային յայտնութիւնները մարդիկը կը մղեն պայծառատեսութեան, ինքնագիտակցութեան եւ կրնան ըլլալ փրկարար:

Մենք կ՚ուզենք բանալ Մհերի Դուռը, կը նշանակէ՝ կ՚ուզենք դէմ յանդիման գտնուիլ, աչք աչքի հանդիպիլ վերահաս չոր ողբերգութեան հետ: Բանալ Մհերի Դուռը՝ կը նշանակէ ետ կանգնիլ ինքնախաբէութեան՝ անպատկառութեան (ցինիզմի) կործանարար ժանտախտէն:

Պատասխանատուութեան նախապայմանը մարդկային ողբերգութեան գիտակցումն է:

Մեր մէջ աւանդականօրէն հաստատուած է հաւաքական այն համոզումը, որ մարդ ունի վերերկրային առաքելութիւն մը, որպէս անհատ ինքնամաքրուելու եւ որպէս հասարակութիւն ազնուագոյն քաղաքակրթութիւն կառուցելու:

Զարգացած մշակոյթի տէր մարդը, անցնելով աւանդական կրօնական մեղք/պատիժ պատճառ եւ հետեւանք բարոյագիտական համակարգէն այն կողմ, կը գիտակցի ինքնակործան եւ անհեռատես մարդկային կենցաղը, բայց չի սարսափիր մեղսագործութենէ, այլ կ՚ամչնայ անկէ: Կ՚ամչնայ առաջին հերթին, որովհետեւ ան հասկցած է, որ ինքն ու իր հարազատները կը տառապին, իրենց իսկ գործած սխալներու հետեւանքով:

Ամօթի ծանր զգացողութեան հետեւանքով, հասուն ու ինքնագիտակից անհատը հետզհետէ կ՚ըմբռնէ մարդկային այդ ողբերգութեան փաստը, կը հասկնայ, որ հասարակութիւնը բռնած է ինքնակործանման, քաղաքակրթակործան, հաճոյապաշտութեան, սրընթաց գերսպառման, սեփական կեանքի եւ հաւաքական ճակատագրի նկատմամբ հեգնութեան ընթացքը:

Այսպէսով, քաղաքակրթութեան կառուցման գործընթացի մէջ կարեւորագոյն երեւոյթ կը դառնայ նոյնինքն՝ ամօթի գործօնը, մարդկային ողբերգութեան գիտակցումը եւ այդ գիտակցութիւնը արտայայտելու կամքի հզօր արտայայտութիւնը: Ահա՛ թէ ինչու ամօթի զգացողութիւնը եւ զայն արտայայտելը ստեղծագործական գործընթաց է, քաղաքակրթական, մշակութային գործընթաց: Այսպէս, հասարակութեան հազարամեակներու բնազդային ընթացքը դէպի մշակոյթ, իսկ հաւաքական կեանքի շարունակական բնազդային մաքառումը դէպի քաղաքակրթութիւն, արդիւնք են ողբերգութեան գիտակցութեան եւ ամօթի:

Ողբերգութեան մէջ պատասխանատուութիւն կը կրէ տուեալ հասարակութեան մաս կազմող իւրաքանչիւր անհատ: Այսինքն, նոյնիսկ անոնք, որոնք իրենց անձն ու ընտանիքը զերծ կը պահեն սխալ կենցաղէն, ապահովուած զգալով ընդհանուր ամօթէն, կը դատապարտեն ուրիշներ, նոյնիսկ անոնք չեն տարբերիր գազանաբարոյ մարդոց ճակատագիրէն այն իմաստով, որ մարդկային կեանքին մէջ, անհատն ու հասարակութիւնը միասին կը կրեն հաւաքական սխալի հետեւանքները: Ներկայ ժամանակները ցոյց կու տան, որ մարդկային սխալներուն համար պատասխան պիտի տան բոլոր ապրողները եւ բնութիւնը ամբողջութեամբ՝ վտանգելով նաեւ յետագայ սերունդներու կեանքի պայմաններն ու անվտանգութիւնը:

Ահա այստեղէն ալ կը յառաջանայ կայուն զարգացման տեսութիւնը, որ ունի փիլիսոփայական եւ նոյնիսկ, ես կ՚ըսեմ՝ գիտական ճշգրիտ տրամաբանութիւն:

Մհերի Դուռը քարաժայռ է Վանայ բերդին մօտ։ Ըստ աւանդութեան՝ այնտեղ է փակուած «Սասնայ ծռեր»ու վերջին հերոս Փոքր Մհերը՝ իր ձիուն հետ: Ան այնտեղէն դուրս պիտի գայ կա՛մ այն ժամանակ, երբ աշխարհին թագաւորէ մարդասիրութիւնն ու գաղափարական կեանքը, կա՛մ դուրս պիտի գայ ու վերջնականապէս կործանէ անարդար աշխարհը:

Քովիտ-19 համաղէտը մեզի ընծայուած առիթ մըն է սթափելու՝ մեր եւ մեր գալիք սերունդներու համար ձեւաւորելու կեանքի նոր եւ կայուն պայմաններ:

Կայուն մարդը, ըստ քաղաքակրթական արժեհամակարգին, նախնադարեան «ԱՐԻ»ն է, հին աշխարհի ողբերգութեան հերոսը, գերմարդը, որու շնորհիւ, մարդկային հազարամեայ ժառանգութեան մէջ լուսաւոր գիծի նման մեզի կը հասնի անսխալական ապրող քաղաքակիրթ անհատի, իմա՝ բարեպաշտութեան կերպարը:

Կայուն անհատին մօտ կը գերիշխեն ամօթն ու պատասխանատուութեան զգացողութիւնը, իսկ պատասխանատուութիւնը իրականութեան մէջ կ՚արտայայտուի կարեւորագոյն երկու դրսեւորումներով՝ կանխատեսութիւն (anticipation) եւ կարեկցանք:

«Մեր հնարաւոր ապագան» աշխատութեան նպատակն էր ապացուցել, որ մենք պարտաւոր ենք միակամ համախմբուիլ կայուն զարգացման համաձայնեցուած ծրագիրով, իսկ կայուն զարգացման առաքելութիւնը հնարաւոր է կեանքի կոչել, երբ անհատը կայուն է, կը ձեւաւորէ հասարակութեան կայուն ձեւ եւ այդ ամէնուն համար որպէս փրկութեան տապան՝ կը կազմակերպէ կայուն համայնքի ձեւը:

Ներկայ համաճարակը ափոքալիփսիս է, յայտնութիւն, որ առաջին հերթին փրկութեան հզօր առիթ մըն է: Ան պէտք է առաջնորդէ մեզ դէպի կեանքի պայմաններու կազմակերպման նոր, աւելի պատասխանատու, աւելի գիտակից, աւելի հեռատես աշխարհընկալում, հիմնուած ինքնագիտակցութեան եւ պատասխանատուութեան վրայ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Ապրիլ 30, 2020