ՇԸՆԿԵՐ 1. ԼԵՒՈՆ ՔԵՌԻՆ
Շուները տէրեր չունին. կամ՝ պէտք չէ ունենան։ Շուները ընկեր են. իսկ ընկեր ըսածդ միակողմանի չի կրնար ըլլալ։ Զիրենք պտոյտի հանող, կերակրող, խաղցնող, սիրող, դաստիարակողներն ալ, ուրեմն, ընկեր են՝ միւս ուղղութեամբ։ Այս շարքը, այսպիսով, իմ բնակավայր Երեւանի շընկերներուն մասին է։ Շուն, ընկեր, շան ընկեր, կարճ՝ շընկեր։ Եւ այսպէս՝ Շընկեր 1. Լեւոն քեռին։
*
Մայրաքաղաքի շուներու հովիւն է կարծես պարոն Լեւոնը. տեղացիներու ըսելով՝ Լյով Ձյաձան (Ռուսերէնով՝ Լեւոն քեռի կամ հօբար)։ Երեւան եւ շուն քով-քովի դնես, միտքդ առաջինը ինքը կու գայ։ Իրմէ ալ կը սկսինք ուրեմն։
Երկու շուն ունի Լեւոն քեռին։ Երկուքն ալ բռչոտ-բրդոտ եւ փոքր։ Աւելի մեծը Նիքին է, արու. ճակատէն վար թափող մազերով, որ բոլորովին կը ծածկեն աչքերը իր. կը նայիս, կը փնտռես, չես գտներ։ Աւելի փոքրը, թէ՛ չափով, թէ՛ տարիքով, Միշելն է, էգ։ Սեւ, քառանկիւն գլխով. ուր Նիքին՝ ինքը հոն։ Չափազանց խանդոտ է, թոյլ չի տար, որ այլ շուներու հետ խաղայ Նիքին. կը ցատկէ վիզին, բառիս բուն իմաստով ատամներով կը բռնէ ծոծրակէն ու կը քաշքշէ իր կողմ։
Շընկերն այս հոգեւոր հայրն է քաղաքի շուներուն։ Ոչ միայն անոնցմէ շատերը կը ճանչնայ անունով, բնակութեան վայրով, տարիքով նոյնիսկ ու ցեղատեսակով, այլ կը հաշուէ զանոնք, միտքը կը պահէ։ «Այսօր քիչ ենք», ընդամէնը վեց հոգի. շընկերները չէ, այլ շունե՛րը կը հաշուէ։ Իսկ երբ շատ ըլլան(ք), երջանիկ է եօթանասունն անց քեռին այդ։ Բոլորը հոս են, բոլորը լաւ են, կեանքը լաւ է ըսել է։
Իսկ երբ նորե՜կ մը յայտնուի... Հովիւը վայրկեան մը իսկ չի սպասեր։ Հիւրընկալի դերի մէջ մտած, բարի գալուստ կը մաղթէ անոր եւ շընկերին, կը տեղեկացնէ հանդիպման մշտական վայրի եւ ժամուան մասին, ու կը հասկցնէ, որ նորեկն այլեւս միշտ սպասուած մէկ մասնիկն է իր հօտին։
Մասնագիտութեամբ բժիշկ, իր եւ շուներուն (այսինքն բոլոր, ոչ միայն իր, շուներուն) առողջութեան պահակն է։ Օրը առնուազն երեք անգամ կը քալեն երեքով մէկ ծայրէն միւսը քաղաքի կեդրոնին, ժամուան մը տեւողութեամբ գոնէ։ Երբեմն Միշելն ու Նիքին իրմէ առաջ կը յոգնին, ետեւ կը մնան, բայց ինք կը քալէ, մարմինը՝ ձիգ, նայուածքը՝ գետնին։ Շուները, յաճախ կապաթող, կը հետեւին իրեն։ Միւս շընկերներէն մին իր շան առողջութեան մասին հարցո՞ւմ ունի. հասցէատէրը Լեւոն քեռին է, ուրիշ ո՞վ։ Անասնաբուժութենէ առանձնապէս չի հասկնար, բայց մարդու բժշկութեան իր գիտելիքները կը բանեցնէ, կը յարմարեցնէ շուներու հարցերուն։ Միշտ լաւատես է. «բան չի եղել», «ոչ մի բան էլ չի լինի», «մի քանի օրից կ՚անցնի», եւ անշուշտ, գրեթէ ամէն օր, գրեթէ ամէն մօտէն անցնող ու վախով քաշուողի՝ «մի վախեցէք, բոլոր շներն էլ բարի են», «ձեզ ոչինչ չեն անի, մարդկանցից լաւն են իրենք», եւ այլն...
Եթէ օր մը շանդ հետ Երեւան տեղափոխուիս, ընթերցող շընկեր, անտէր չես մնար. Լեւոն քեռիի հովուապետութենէն, ուզես ալ, փախուստ չունիս։
ԵՐԱՄ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024