ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ԱՇԽԱՐՀԱՄԱՏՐԱՆ ԿԱՆԱՉ ԿԻՐԱԿԻ

Սուրբ Յարութեան յաջորդող երրորդ կիրակին կը կոչուի Աշխարհամատրան կամ Կանաչ կիրակի։

Աշխարհամատուռ բառը կազմուած է երկու բառերէ՝ աշխարհ եւ մատուռ։ Այս բառը կը յիշեցնէ մեզի քրիստոնէութեան առաջին մատուռի մասին, որ ըստ աւանդութեան Առաքեալները հիմնեցին Վերնատան կողքին։ Իսկ կանաչ անուանումը, կարգ մը մեկնիչներու համաձայն կը բացատրուի այսպէս. «Կանաչ կը կոչուի, որովհետեւ Քրիստոս ըլլալով Եկեղեցւոյ Հիմնադիրն ու Միակ Գլուխը Իր արեամբ կանաչցուց եւ ծաղկեցուց Իր եկեղեցին (որ առաջին անգամ մատուռ անուանումը ստացաւ)»։

Կանաչ անուանումը ժողովրդական անուանում մըն է, որ ժողովուրդը տուած է այս կիրակի օրուան, կապուած՝ բնութեան զարթօնքին, կանաչացումին:

Ստեփաննոս Ա. Քհնյ. Մանդինեանց իր՝ «Աստուածպաշտութիւն Հայաստանեայց Ուղղափառ Եկեղեցւոյ» գիրքին մէջ, հարց-պատասխանով այսպէս կը գրէ այս կիրակի օրուան մասին.

«Հարցում. Երրորդ կիրակին ինչո՞ւ Աշխարհամատրան կը կոչուի:

Պատասխան. Աշխարհամատուռ կը նշանկէ երեւելի մատուռ կամ եկեղեցի, ուր զանազան տեղերէ մարդիկ կ՚երթան, ինչպէս էր առաջին կաթուղիկէն, որ Առաքեալները վերնատան մօտ հիմնեցին, եւ բոլոր աւագ եկեղեցիները կամ թագաւորական մատուռները Աշխարհամատուռ կը կոչուին: Այդ կիրակի օրուան հարցը ամբողջութեամբ Եկեղեցւոյ տօնը ցոյց կու տայ: Հայաստանի եկեղեցիներուն մէջ այդ անուան առաջին եւ գլխաւոր տեղը ունի Կաթուղիկէ Էջմիածինը, որպէս թագաւորական կամ հայրապետական Եկեղեցի կամ ամբողջ Հայ ազգին մատուռը. երկրորդականները արքեպիսկոպոսանիստ եկեղեցիներն են, ուր աւելի բազմաթիւ ժողովուրդ կ՚երթայ քան միւս եկեղեցիները:

Հարցում. Լեզուական իմաստով ի՞նչ ծագում ունի Մատուռ բառը:

Պատասխան. Մատուռը յունարէն է, մարտիռիօն, որպէս մարտիրոսանոց, ըստ մեզի Յիսուս Քրիստոսի Աստուածութիւնը խոստովանողներու վկայարան, որովհետեւ նախ առաքեալներուն ժամանակ Երուսաղէմի մէջ շինուեցաւ մարտիրոսներու ընդհանուր Եկեղեցին եւ բոլոր հաւատացեալները անոր անդամ էին, այդ պատճառաւ կոչուեցաւ Աշխարհամատուռ: Ապա, մարտիրոսներու գերեզմաններուն վրայ եւ անոնց անուններով մատուռներ եւ եկեղեցիներ շինուեցան, որոնց նահատակութեան օրերուն ամէն կողմէ ժողովուրդ կու գար պատուելու եւ յարգելու անոնց տօնը» (Ստեփանոս Ա. Քհնյ. Մանդինեանց, «Աստուածպաշտութիւն Հայաստանեայց Ուղղափառ Եկեղեցւոյ», Անթիլիաս, 2010, էջ 253-254):

Վերի բացատրութիւններէն յստակ կը դառնայ, թէ այս կիրակի օրը յիշատակութիւնն է առաջին Եկեղեցւոյ՝ մատուռին, հիմնուած առաքեալներուն կողմէ Երուսաղէմ, վերնատան մը մէջ: Իսկ կանաչ անունն ալ խորհրդանիշն է Եկեղեցւոյ Հիմնադիր՝ Տէր Յիսուսի թափած արեան, որով ոռոգեց եւ ծաղկեցուց եկեղեցին, որ իր հերթին Տիրոջ արեամբ ողողուելով աճեցաւ, բազմացաւ եւ արդիւնաբերեց մէկի փոխարէն երեսուն, յիսուն եւ հարիւր (տե՛ս Մտ 13.1-9):

Այս օրը եկեղեցական արարողութիւններուն ընթացքին կ՚ընթերցուին հատուածներ՝ Առակաց գիրքէն, Եսայիի մարգարէութենէն, Պօղոս առաքեալին Տիմոթէոսին ուղղած առաջին նամակէն, Գործք Առաքելոցէն, Պետրոս առաքեալին Ընդհանրական առաջին նամակէն, ինչպէս նաեւ Մատթէոսի, Մարկոսի, Ղուկասի եւ Յովհաննէսի Աւետարաններէն:

- Առակացին մէջ կը կարդանք. «Տէրը պատուէ քու ստացուածքովդ եւ քու բոլոր բերքերուդ երախայրիներով եւ քու շտեմարաններդ առատութիւնով պիտի լեցուին ու հնձաններէդ նոր գինին դուրս պիտի թափի» (Առ 3.9-10):

Ինչ ունինք՝ այդ բոլորը Տէր Աստուծոյ է, որուն կը պարտինք, որովհետեւ Ի՛նք տուած է մեզի այդ բոլորը:

Արարչագործութեան պատմութեան ընթացքին Տէր Աստուած աւարտելէ ետք Իր ստեղծագործութիւնը, մարդն ալ ստեղծելով, անոր հետեւեալ թելադրութիւնը տուաւ. «Աճեցէք ու շատցէք ու երկիրը լեցուցէք եւ անոր տիրեցէք ու ծովու ձուկերուն ու երկնքի թռչուններուն եւ երկրի վրայ սողացող բոլոր կենդանիներուն իշխեցէք:

Աստուած ըսաւ. “Ահա ձեզի տուի բոլոր երկրի վրայ եղած ամէն սերմ ունեցող խոտ ու ամէն ծառ, որուն մէջ սերմ տուող ծառի պտուղ կայ: Ասոնք ձեզի կերակուր պիտի ըլլան: Ու երկրի բոլոր գազաններուն ու երկնքի բոլոր թռչուններուն եւ երկրի վրայ կենդանութեան շունչ ունեցող բոլոր սողուններուն՝ կերակուրի համար կանաչ խոտ տուի”: Ու այնպէս եղաւ» (Ծն 1.28): Այս թելադրութիւնը, որ թելադրութենէ աւելի իշխանութեան եւ իրաւունքի շնորհում էր մարդուն, մինչեւ մեր օրը տակաւին ի զօրու է եւ ի զօրու պիտի մնայ մինչեւ աշխարհի կատարածը: Այստեղ, հարցը մարդուն ընկալումն է իրեն շնորհուած այս իրաւունքին եւ իշխանութեան, եւ թէ ինչպէս կեանքի կրնայ կոչել այդ իրաւունքն ու իշխանութիւնը, ինչ բանի լաւագոյն օրինակը Առակացի հեղինակը տուաւ վերը մէջբերած մեր համարին մէջ: Տէրը պատուէ՛ քու ունեցուածքով եւ բերքերուդ երախայրիներովը, ինչ բանին ի պատասխան՝ շտեմարաններդ պիտի լեցուին, իսկ հնձաններդ՝ նոր գինիով պիտի յորդին:

- Եսայիի մարգարէութեան մէջ կը կարդանք. «Քանզի Տէրը կրակով ու Իր սուրովը պիտի դատէ ամէն մարմին: Տիրոջմէն սպաննուածները շատ պիտի ըլլան» (Ես 66.16). այս համարը ազդարարութիւն մըն է բոլոր անոնց, որոնք կը հակառակին Աստուծոյ կամքին, կը թերագնահատեն Տէր Յիսուսի թափած արիւնը՝ որով մեզ վերստին արժանացուց որդեգրութեան շնորհին, եւ կը հայհոյեն Սուրբ Հոգիին՝ շնորհները պարգեւողին:

- Պօղոս առաքեալ իր աշակերտ՝ Տիմոթէոսին ուղղած առաջին նամակին մէջ կու տայ նկարագրութիւնը եկեղեցիին եւ մեր հաւատքին մեծ խորհուրդին. «Յոյս ունիմ որ շուտով քովդ կ՚ըլլամ: բայց այս բաները կը գրեմ քեզի, որպէսզի, եթէ ուշանամ, գիտնաս թէ ի՛նչպէս պէտք է շարժիս Աստուծոյ ընտանիքին մէջ, այսինքն՝ կենդանի Աստուծոյ եկեղեցիին մէջ, որ ճշմարտութեան սիւնը եւ խարիսխն է: Եւ անհերքելիօրէն մեծ է աստուածպաշտութեան խորհուրդը, որովհետեւ

Աստուած մարմինով երեւցաւ,
եւ հոգիով արդարացաւ,
հրեշտակներուն յայտնուեցաւ,
ազգերուն մէջ քարոզուեցաւ,
աշխարհի մէջ հաւատացուեցաւ,
փառքով երկինք բարձրացուեցաւ»
(Ա. Տմ 3.14-16):

- Մատթէոսի Աւետարանին 16-րդ գլուխին 13-19 համարներուն մէջ կը կարդանք զրոյց մը, որ տեղի կ՚ունենայ Տէր Յիսուսի եւ Իր աշակերտներուն մասին, թէ մարդիկ ի՞նչ կը խօսին Քրիստոսի մասին, ո՞վ է Ան: Աշակերտները պատասխանելէ ետք այդ հարցումին, Յիսուս այն անգամ իրենց կը հարցնէ, որ իրենք ի՞նչ կը կարծեն, թէ ո՞վ է Ան: Սիմոն Պետրոսը կու տայ հետեւեալ պատասխանը. «Դուն Քրիստոսն ես, կենդանի Աստուծոյ Որդին» (Մտ 16.16): Այս պատասխանին առ ի բացատրութիւն, Տէր Յիսուս կը յայտնէ Պետրոսին, թէ այդ պատասխանը իրենց յայտնողը մարդ մը չէ, այլ՝ Իր Հայրը, որ երկնքի մէջ է: Եւ ապա Պետրոսին կ՚ըսէ, թէ դուն ժայռ ես եւ այդ ժայռին վրայ պիտի կառուցեմ եկեղեցիս, զոր մահն անգամ իր ամբողջ զօրութեամբ պիտի չկրնայ յաղթահարել (Մտ 16.18): Պօղոս առաքեալը գրեց, թէ կենդանի Աստուծոյ եկեղեցին ճշմարտութեան խարիսխն ու սիւնն է, իսկ այստեղ Տէր Յիսուս կու տայ այն անհերքելի փաստը, թէ՝ մահն անգամ իր ամբողջ զօրութեամբ, ի զօրու չէ յաղթահարել Կենդանի Աստուծոյ Եկեղեցին, որ ոռոգուած է Տէր Յիսուսի Ս. Արիւնով:

- Ղուկասի Աւետարանին մէջ կը կարդանք. «Ով որ Ինծի կու գայ եւ խօսքերս լսելով կը գործադրէ զանոնք, ըսեմ ձեզի թէ որո՛ւ կը նմանի: Կը նմանի այն մարդուն, որ տուն շինելու համար հողը խորունկ կը փորէ եւ հիմը ժայռի վրայ կը հաստատէ: Երբ գետը հեղեղներէն յորդելով կը զարնէ տան, չի կրնար զայն խախտել, որովհետեւ տան հիմը ժայռի վրայ հաստատուած է: Իսկ ով որ կը լսէ խօսքերս եւ սակայն չի գործադրեր, կը նմանի այն մարդուն, որ հողի վրայ առանց հիմի տուն կը շինէ, որուն երբ գետը զարնուի՝ անմիջապէս կը քանդուի: Եւ ի՜նչ ահաւոր կ՚ըլլայ այդ տան կործանումը» (Ղկ 6.47-49): Մարդուն ձեռքն է իմաստուն քայլեր որդեգրելով յաջողութեան հասնիլ, եւ հակառակը՝ ո՛չ խելամիտ քայլերով կործանումի հասնիլ: Մէկ բանը յստակ է, սակայն, թէ բոլոր անոնք որոնք իրենց արմատներուն մէջ ունին Քրիստոս Սուրբ Արիւնը, ո՛չ մէկ դժուարութիւն կամ փորձութիւն կրնայ խախտել այդպիսիներուն ամրութիւնը, որովհետեւ անոնց հիմը ՔՐԻՍՏՈՍ ԺԱՅՌԻՆ վրայ դրուած է:

- Գործք Առաքելոցի 9-րդ գլուխին 23-31 համարները կը խօսին Սօղոս/Պօղոս Առաքեալին Դամասկոսէն փախչելուն, Երուսաղէմ գալուն, սկզբնական շրջանին ժողովուրդին իրմէ ունեցած վախին, առաքեալներուն հանդիպելուն, Երուսաղէմի մէջ շրջելուն, եւ համարձակօրէն Տէր Յիսուսի անունով քարոզելուն, եւ այլնի մասին: Իսկ 31-րդ համարին մէջ կը կարդանք. «Եկեղեցին ամբողջ Հրէաստանի, Գալիլիայի եւ Սամարիայի մէջ խաղաղութիւն կը վայելէր  եւ կը զօրանար: Սուրբ Հոգիին օգնութեամբ հաւատացեալները կը բազմանային եւ Տիրոջ երկիւղովը կ՚ապրէին» (Գրծ 9.31):

- Պետրոս առաքեալ իր առաջին նամակին մէջ այսպէս կը գրէ. «Հետեւաբար մէկդի՛ ձգեցէք ամէն տեսակի չար մտածում ու նենգութիւն, կեղծաւորութիւն ու նախանձ եւ ամէն տեսակի չարախօսութիւն: Որպէս հաւատքի նորածին մանուկներ՝ Աստուծոյ խօսքին անխարդախ կաթին փափաքեցէք, որպէսզի անով աճիք եւ փրկութեան հասնիք: “Անգամ մը որ Տիրոջ խօսքին համը առնէք, պիտի տեսնէք թէ քաղցր է ան”: Մօտեցէ՛ք Անոր, Քրիստոսի, որովհետեւ Ի՛նքն է այն կենդանի վէմը, որ թէպէտ մարդոցմէ մերժուած, բայց Աստուծմէ ընտրուած պատուական վէմն է» (Ա. Պտ 2.2-4): Իւրաքանչիւր մարդ, որ Քրիստոսի արեամբ փրկուած է, պարտաւոր է հեռու մնալ ամէն տեսակի չարութիւններէ եւ նենգութիւններէ, կեղծաւորութենէ եւ նախանձէ, որովհետեւ այդ սովորութիւնները յարիր չեն Քրիստոսի արիւնով փրկուածին: Անդին, Առաքեալը կը թելադրէ մեզի փափաքելու Աստուծոյ խօսքին՝ անխարդախ կաթին, որով միայն կարելի է առողջ աճում ունենալ եւ փրկութեան հասնիլ, եւ մէջբերելով Սաղմոսագիրը, կ՚ըսէ թէ անգամ մը որ անոր՝ Աստուծոյ Խօսքին համը առնենք, պիտի տեսնենք, թէ քաղցր է ան: Ինչպէս նաեւ կը թելադրէ կառչելու Քրիստոս-Վէմին, Որուն օգնութեամբ միայն մարդ կրնայ յաղթահարել չարին յարուցած բոլոր արգելքներն ու դժուարութիւնները:

- Յովհաննէսի Աւետարանին 3-րդ գլուխին 1-12 համարներուն մէջ կը կարդանք Տէր Յիսուսի եւ Նիկոդեմոս՝ փարիսեցի մարդուն միջեւ տեղի ունեցող խօսակցութիւնը, վերստին ծնունդի մասին, ուր Տէր Յիսուս կու տայ հետեւեալ յաւիտենական պատգամը, ուղղուած բոլոր անոնց՝ որոնք կը փափաքին ժառանգել Աստուծոյ Արքայութիւնը. «Լաւ գիտցիր, որ եթէ մէկը վերստին չծնի՝ չի կրնար տեսնել Աստուծոյ Արքայութիւնը» (Յհ 3.3):

- Մատթէոսի Աւետարանին 8-րդ գլուխի 18-րդ համարէն 9-րդ գլուխի 8-րդ համարներուն մէջ կը կարդանք ամէն ինչ ձգելու եւ Քրիստոսի հետեւելու, Յիսուսի փոթորիկին խաղաղեցման, երկու դիւահարներու եւ անդամալոյծին բժշկութեան մասին: Վերոյիշեալ դրուագները ապացոյցն են այն բանին, որ Տէր Յիսուս Իր փրկարար եւ բժշկարար ձեռքը բոլորին վրայ կ՚երկարէ անխտիր, յատկապէս անոնց վրայ՝ որոնք Իր Արեամբ կանաչազարդուած են:

- Մարկոսի Աւետարանի 3-րդ գլուխին 6-12 համարներուն մէջ կը կարդանք, թէ ինչպէս փարիսեցիներն ու Հերովդէսի կողմնակիցները կը սկսին մտածել, թէ ի՛նչպէս սպաննեն Յիսուսը, եւ թէ ինչպէս երբ Տէր Յիսուս Իր աշակերտներուն հետ երբ Գալիլիայի լիճին եզերքը կ՚երթայ, բազմութիւն ժողովուրդ մը կը հաւաքուի իր շուրջը, որովհետեւ Ան բազմաթիւ հիւանդներ բժշկած էր, ըստ որում կու գային Իրեն որպէսզի բժշկուին՝ Իրեն դպչելով: Այս համարներուն մէջ կայ հետաքրքրական համար մը, ուր կը կարդանք. «Իսկ չար ոգիները երբ զԻնք կը տեսնէին, կ՚իյնային Իր առջեւ եւ կ՚աղաղակէին. “Դուն Աստուծոյ Որդին ես”» (Մր 3.11). այս համարը մեզմէ իւրաքանչիւրիս յստակ ազդարարութիւն եւ պատգամ մը պէտք է ըլլայ, առ այն, որ եթէ մենք մեզ գերին չդարձնենք չարին՝ սատանային, ապա ան եւ իր արբանեակները ոչինչով կրնան վնասել մեզ, որովհետեւ թէ՛ սատանան եւ թէ՛ իր արբանեակները ո՛չ միայն կ՚իյնան ու կը խոնարհին Տէր Յիսուսի առջեւ, այլեւ՝ կը սարսռան Անկէ, եւ եթէ մենք գիտակցինք, թէ Իր Արեամբ գնուած ու փրկուած ենք, ապա պէտք է վստահ ըլլանք, որ ո՛չ մէկ բան կրնայ մեզ հեռացնել մեր փրկութենէն, եթէ մենք կառչած ու հաւատարիմ մնանք մեր Պսակին՝ Քրիստոսի, որուն փառք յաւիտեանս. ամէն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

26 ապրիլ 2022, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Ապրիլ 30, 2022