ՇԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻԻՆ ՄԵՏԱՅԼ

Հռչա­կա­ւոր դաշ­նա­կա­հար Շա­հան Արծ­րու­նի շա­բա­թա­վեր­ջին պար­գե­ւատ­րուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի պե­տու­թեան «Մով­սէս Խո­րե­նա­ցի» շքան­շա­նով՝ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի կար­գադ­րու­թեամբ։ Մա­յի­սի 28-ի Հան­րա­պե­տու­թեան տօ­նին շրջագ­ծով կա­տա­րուե­ցաւ Շա­հան Արծ­րու­նիի պար­գե­ւատ­րու­մը։ «Մով­սէս Խո­րե­նա­ցի» մե­տայ­լը Հա­յաս­տա­նի բարձ­րա­գոյն պար­գեւ­նե­րէն մին է, որ կը շնոր­հուի մշա­կոյ­թի գոր­ծիչ­նե­րուն։ Ե­րե­ւա­նի մէջ, նա­խա­գա­հա­կան ա­պա­րան­քի եր­դի­քին տակ, Շա­հան Արծ­րու­նիի շքան­շա­նը յանձ­նեց Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի աշ­խա­տա­կազ­մի ղե­կա­վար Վի­գէն Սարգ­սեան։ Այս վեր­ջի­նը ջերմ շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­նե­րով եւ ան­կեղծ գնա­հա­տան­քով յանձ­նեց Արծ­րու­նիին մե­տայ­լը՝ նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ Սերժ Սարգ­սեան այս տա­րի Մա­յի­սի 28-ին մէկ­տե­ղուե­ցաւ բա­ցա­ռա­պէս Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ նա­հա­տա­կուած զի­նուոր­նե­րու ըն­տա­նի­քի­նե­րուն հետ։

Երկուշաբթի, Մայիս 30, 2016