ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԷՆ ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայեց Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամներէն Տ. Ղեւոնդ Վրդ. Յովհաննիսեանի «Ս. Գրիգոր Տաթեւացին եւ իր բարոյախօսութիւնը» ռուսալեզու աշխատութիւնը եւ Սիլվա Պետրոսեանի «Դաւիթ Անյաղթի հոգիի խնամքի իմաստութիւնը եւ արդիականութիւնը» մենագրութիւնը։

Փիլիսոփայական գիտութիւններու տոքթոր Սիլվա Պետրոսեանի մենագրութիւնը նուիրուած է հայ ամենաազդեցիկ իմաստասէր Դաւիթ Անյաղթի փիլիսոփայական մարդաբանութեան եւ անոր շնորհիւ հայոց սեփականութիւնը դարձած հին աշխարհի մեծագոյն նուաճումներէն մէկուն՝ հոգիի խնամքի իմաստասիրական մշակոյթին։ Դաւիթ Անյաղթի ուսմունքը հին յունական քաղաքակրթութեան մէջ բիւրեղացած կարեւորագոյն մարդաստեղծ սկզբունքի՝ հոգիի խնամքի մշակոյթի ժառանգորդն է եւ անոր փոխանցողը հայոց մշակութային աշխարհին։ Դաւիթ Անյաղթ կարողացած է գտնել մարդու հիմնախնդրի այնպիսի համադրական լուծում մը, որ ի զօրու է ծառայելու զանազան մշակութային աշխարհներու պատկանող մարդոց, քանի որ կը պարունակէ խոր հաւատ մարդու վեհանձման եւ ինքնամշակման կարողութեան նկատմամբ։

Երկու աշխատութիւններն ալ հրատարակուած են մեկենասութեամբ «Սարգիս Գաբրիէլեան» հիմնադրամի։

Ուրբաթ, Յունիս 30, 2017