100 Կիներ. Կին Ղեկավարները Կրնա՞ն Բարելաւել Կիներու Կեանքը
«Ես չեմ կրնար հաւատալ, որ մենք տակաւին ամենէն խոր ճեղքը յառաջացուցած ենք ապակեայ առաստաղին վրայ… եթէ հոն կան աղջիկներ, որոնք ամբողջ գիշերը արթուն մնացած են դիտելու, ես կրնամ չդառնալ կին յաջորդ նախագահը, բայց ձեզմէ մէկը յաջորդը պիտի ըլլայ»: Ասոնք Հիլըրի Քլինթընի խօսքերն են, 2016 թուականի յուլիսին, դեմոկրատականներու թեկնածուն դառնալու մասին:
Ի վերջոյ, ան չկրցաւ ճեղքել առաստաղը, սակայն Հիլըրի Քլինթընի կողմէ գիշերային այս վայրի ընտրութիւնը պատահական չէր:
Ճաւից կեդրոնը Նիւ Եորքի մէջ ամենէն մեծ ապակեայ առաստաղը ունէր, եւ կը կարծուէր, որ ատիկա յարմարագոյն վայրը կ՚ըլլայ Հիլըրիի համար՝ դառնալու Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ առաջին կին նախագահը: Սակայն Տիկին Քլինթընի պարտութիւնը զսպեց այդ միտումը:
Վերջին տասնամեակին ընտրութիւններով իշխանութեան հասած կիներու թիւը կրկնապատկուած է:
Այժմ զանազան երկիրներու իշխանութեան ղեկերուն վրայ կան աւելի քան 15 կիներ, որոնցմէ 8-ն իրենց երկիրներու առաջին կին ղեկավարներն են: Բայց ասիկա տակաւին կը նշանակէ, որ կին առաջնորդները ՄԱԿ-ի անդամ 193 պետութիւններէն շուրջ 10 առ հարիւրը կը ներկայացնեն:
Այս ղեկավարները յստակօրէն կը քանդեն խոչընդոտները, բայց արդեօք իրենց երկիրներու կիները իրենց հետ կը տանի՞ն: Հնդկական տեղական ինքնակառավարման համակարգի թիւի սահմանափակումի քաղաքականութիւնը կրնայ կարծիք մը տալ: 1993 թուականէն ի վեր պատահականօրէն ընտրուած հնդկական երեք գիւղերէն մէկէն պահանջուեցաւ գիւղապետի պաշտօնը վերապահել կնոջ մը՝ ստեղծելով բնականոնացած ընկերային փորձ մը: 2012 թուականին պատրաստուած Հնդկաստանի հազարաւոր երեխաներու եւ անոնց ծնողներու մասին ուսումնասիրութիւն մը բացայայտեց, որ կին ղեկավար մը ունենալը գիւղին մէջ աղջիկները խրախուսած է աւելի մեծ ձգտումներ ունենալու:
Երբ անոնց հարցուցած են, թէ ի՞նչ կ՚ուզեն երեխաներուն կրթութեան առումով, երբ անոնք ունենան առաջին երեխան եւ՝ աշխատանքի հեռանկարներ, ծնողները սովորաբար բարձր ձգտում ունեցած են երեխաներուն համար: Բայց երբ գիւղը կին առաջնորդ ունեցած էր երկու ընտրական փուլերու համար, ծնողներու «ձգտման բացը» տղաներու եւ աղջիկներու համար փակուած էր 25 առ հարիւրով, համեմատած՝ այն մարդոց հետ, որոնք երբեք կին ղեկավար չունէին:
Երիտասարդներու համար այդ բացը նեղցած է 32 առ հարիւրով: Տղոց համար ակնկալութիւնները չեն նուազած, երբ պատասխանատու էր կին մը, ուրեմն փոքր բացը ամբողջութեամբ նուազած է աղջիկներու համար աւելի բարձր ձգտումներու:
Հեղինակները նշած են, որ կին առաջնորդները սահմանափակ կարելիութիւններ ունին քաղաքականութեան միջոցով փոխելու կիներու եւ աղջիկներու իրավիճակը: Սակայն անոնց ներկայութիւնը՝ որպէս դրական դերակատարման բնորդի, բաւարար էր բարելաւելու անոնց շուրջը գտնուող երիտասարդ կիներու ձգտումները եւ կրթութիւնը:
2012 թուականի զուիցերական ուսումնասիրութիւնը նոյնպէս կը նշէ, որ կին առաջնորդներու ներկայութիւնը նոյնիսկ որոշ հեռաւորութենէ կ՚ոգեշնչէ կիներու վարքը՝ ղեկավարութեան իրավիճակներու մէջ:
Ուսումնասիրութեան հեղինակները հրաւիրեցին ուսանողներ եւ ուսանողուհիներ՝ խօսք մը ուղղելու վիրչուըլ իրականութեան միջավայրին մէջ, չորս խումբերու մէջ. մէկը Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի նկարը տեսաւ պատին վրայ, մէկը Հիլըրի Քլինթընին (այդ օրերուն՝ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար) նկարը տեսաւ, մէկը տեսաւ Պիլ Քլինթընը, իսկ կառավարող խումբը ոչ մէկ նկար տեսաւ:
«ՖՈՐՊԶ» ՀՐԱՊԱՐԱԿԱԾ Է ԱՇԽԱՐՀԻ 1) Անկելա Մերքէլ (քաղաքականութիւն) |
Կիներ զգալիօրէն երկար կը խօսէին, երբ յաջող կին քաղաքական գործիչի մը նկարը ունէին: Իսկ որքան աւելի երկար կը խօսէին, այնքան աւելի դրական կը գնահատէին իրենց կատարումը:
«Ոչ միայն կին քաղաքական գործիչներու թիւին յաւելումը հաւասարութեան նպատակ է, այլ նոյնպէս ատիկա կրնայ ըլլալ մղիչ շարժիչը, ինչպէս մեր արդիւնքները ատիկա ցոյց կու տան», կ՚ըսեն հեղինակները:Կիներ զգալիօրէն երկար կը խօսէին, երբ յաջող կին քաղաքական գործիչի մը նկարը ունէին: Իսկ որքան աւելի երկար կը խօսէին, այնքան աւելի դրական կը գնահատէին իրենց կատարումը:
Կան տուեալներ, որոնք կը հաստատեն այն գաղափարը, որ կիներուն միայն գոյութիւնը քաղաքական դերերու մէջ կրնայ կապուած ըլլալ առօրեայ կեանքին մէջ աւելի մեծ հաւասարութեան:
Համաշխարհային տնտեսական համաժողովը իր զեկոյցին մէջ աշխարհի երկիրները կը դասակարգէ՝ հիմնուած չորս հիմնական գործօններու վրայ. առողջութեան եւ գոյատեւման, կրթական մակարդակի, տնտեսութեան մէջ ներգրաւուածութեան եւ քաղաքական մասնակցութեամբ:
2016 թուականին, այն երկիրները, որոնք երկու սեռերու միջեւ ամենէն փոքր բացը ունեցած էին (Իզլանտա, Ֆինլանտա եւ Նորվեկիա), նոյնպէս կիներ ունեցած են քաղաքականութեան մէջ: Ատիկա կը հաստատէ, որ կիներ աւելի լաւ արդիւնքներու կը հասնին, աւելի լաւ կը դրսեւորուին այն երկիրներուն մէջ, ուր անոնք քաղաքականապէս ներկայացուած են:
Կին առաջնորդներու եւ կիներու կեանքի որակի բարելաւման միջեւ շօշափելի կապ հաստատելու դժուարութիւններ կան: Ասիկա մասամբ այն պատճառով է, որ հաւասարութիւնը վերջին հարիւրամեակին գրեթէ իւրաքանչիւր երկրի մէջ բարելաւուած է, անկախ անկէ, թէ տուեալ երկրին մէջ կին առաջնորդներ կան կամ ոչ: Բացի ատկէ, բազմաթիւ կիներ կա՛մ վերջերս ընտրուած են, կա՛մ ալ կարճ ժամանակամիջոցի համար ղեկավար դիրքի վրայ են: Դժուար է չափել իրենց քաղաքականութեան ուղղակի ազդեցութիւնը:
Այդուհանդերձ, գոյութիւն ունեցող ապացոյցները կրնան հաստատել, որ կիներ, որոնք կրնան ճեղքել ապակեայ առաստաղը, կը բարձրացնեն իրենց կին քաղաքացիներու ձգտումները, եւ աւելի հաւանական է, որ իրենց երկիրները կիներու համար աւելի որակաւոր կեանք ունենան:
ԿՐՆԱ՞Ն ԿԻՆԵՐԸ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ՄԸ ՄԷՋ ՓՈԽԵԼ ԱՇԽԱՐՀԸ
Բրիտանական «Պի.Պի.Սի.»ն ամէն տարի կը հաղորդէ «100 կիներ» յայտագիրը, որ լուսարձակի տակ կ՚առնէ ամբողջ աշխարհի մէջ կիներու վրայ ազդող հարցերը:
Անվերջանալի պատմութիւնները՝ բռնաբարումներու, անհաւասարութեան, հանրութեան նուազ տեսանելի այլ խնդիրներ, որոնք տառապեցնող են եւ անոնց անհրաժեշտ է վերջ դնել:
«Պի.Պի.Սի.» այս հաղորդաշարով ամէն տարի կը հրապարակէ ազդեցիկ եւ ներշնչող 100 կիներու անուններ, որոնցմէ կը խնդրէ ստեղծել նորարարութիւն մը՝ յաղթահարելու համար վերոնշեալ խնդիրները:
Կարելի է մասնակցիլ Ֆէյսպուքի, Ինսթակրամի եւ #100Women-ի միջոցով, եւ արտայայտել կարծիքներ, առաջարկել միջոցներ:
100 կիներու ցուցակին մէջ գտնուող կիներէն ոմանք տարբեր քաղաքներու մէջ որոշ ժամանակ մը միասնաբար կ՚աշխատին պատրաստելու համար նորարարութիւն մը, որուն նպատակը կ՚ըլլայ օգնել այս խնդիրներէն տուժած անձերու: Ուրիշներ աշխարհի վրայ գտնուած իրենց վայրերէն կը զօրակցին եւ կը քաջալերեն:
Եթէ «100 կիներ» հաղորդաշարը յաջողի յաղթահարել կարգ մը խնդիրներ, ատիկա պիտի ըլլայ շնորհիւ այն կիներուն, որոնք ամբողջ աշխարհի մէջ յաջողած են ձեւաւորել հասկացողութիւն մը, թէ այս խնդիրները ինչպէ՛ս պէտք է լուծել եւ թէ ինչո՛ւ ատոնք հրատապ են:
Այդ կիները իրենց տեսածին մասին գաղափար մը կը բաժնեն: Անոնք կրնան միասնաբար լուծումներ գտնել: Ատիկա միայն գաղափարներու մասին չէ: «100 կիներ» հաղորդաշարով աշխարհի զանազան երկիրներէ կիներ զրոյցներ կ՚ունենան ձայնասփիւռով, պատկերասփիւռով, առցանց եւ ընկերային կայքերու վրայ:
Արծարծուած վերջին հարցերն էին. այսպէս կոչուած՝ ապակեայ առաստաղը, կիներու անգրագիտութիւնը, փողոցային սեռային ոտնձգութիւնը եւ մարմնամարզի սեռային խտրականութիւնը:
Ապակեայ առաստաղի մարտահրաւէրը կը գտնուի Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ, կիներու անգրագիտութեան մարտահրաւէրը՝ Տելհիի, փողոցային սեռային ոտնձգութեան մարտահրաւէրը՝ Լոնտոնի, Նայրոպիէն խումբի մը օգնութեամբ, իսկ մարմնամարզի սեռային խտրականութիւնը՝ Ռիոյի մէջ: Բայց անոնց շուրջը զրոյցը տեղի կ՚ունենայ ամբողջ աշխարհի մէջ:
«2015 թուականին կիները ունեցան 150 բանավէճեր՝ 10 լեզուներով եւ 30 երկիրներէ: 2016-ին մարդիկ Ուքիփետիայի մէջ աւելցուցին 450 արժանի, բայց անտեսուած կիներ: 2017-ին մասնակցութիւնը անհամեմատ աւելի բարձր մակարդակի հասաւ», կ՚ըսէ «100 կիներ» հաղորդաշարի խմբագիր Ֆիոնա Քրաքը: «Հետաքրքրական պիտի ըլլայ տեսնել, թէ տաղանդաւոր նոր 100 կիները ի՛նչ նորարարութիւններ պիտի ստեղծեն, եւ մարդիկ որքան դրական պիտի արձագանգեն», աւելցուց Քրաք:
Ուրախալի եւ խանդավառ երեւոյթ է տեսնելը, որ բազմաթիւ բաներ հնարուած են կիներու կողմէ, մինչ շատեր ատոր անտեղեակ են:
Պարզապէս նայեցէ՛ք կիներու շնորհիւ յաղթահար-ւած համաշխարհային շարք մը խնդիրներու, կիներու առողջապահութեան եւ ապահովութեան վերաբերող հարցերու մէջ:
Ուրեմն կապի մէջ եղէք. Ֆէյսպուքի, Ինսթակրամի եւ #100Women-ի միջոցով:
՝ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
«Ազդակ», Լիբանան