ԱՆՍՊԱՍԵԼԻ ՀԻՒՐԵՐ. ԵՐԿՐԻՆ ՄՕՏԵՑՈՂ ԱՍՏՂԱԿԵՐՊԵՐ
Այսօր աշխարհը կը նշէ աստղակերպերու միջազգային օրը, որ տօն դարձած է 2016 թուականին՝ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովին ընթացքին: Հակառակ որ այս օրը իր մէջ զգուշական երանգ ունի, սակայն մասնագէտները օրը տօնի կը վերածեն եւ կը նշեն մշակութային եւ այլ յիշարժան ձեռնարկներով:
Օրը ընտրուած է ի նշան 1908 թուականի յունիս 30-ին Երկիր մոլորակին շատ մօտեցած Թունկուսեան երնկնաքարին, որ յանգեցուցած է աստղակերպային մեծ աղէտի: Ամէն տարի յունիս 30-ին աշխարհի գիտական հանրութիւնը, նշելով այս օրը, նպատակ ունի մարդկութեան յիշեցնելու աստղակերպային վտանգներուն մասին եւ ձեռնակելու Երկիր մոլորակին հետ աստղակերպերու բախումները կանխելու միջոցներ:
Աստղակերպի օրուան նախաձեռնողներն են միջազգային ճանաչում ունեցող գիտնականներ, մշակոյթի գործիչներ, հանրային եւ այլ դէմքեր, այդ կարգին՝ բրիտանական «Քուին» խումբի կիթառահար եւ աստղաբնագէտ Պրայն Մէյ։ Վերջինս 2014 թուականին երաժշտութիւն գրած էր Երկրին վրայ ինկող մեծ աստղակերպի մը մասին պատմող երեւակայական շարժանկարի մը համար, որուն յաջորդած էր շարժանկարին տարածումն ու օրուան գաղափարին հիմնումը:
Աստղակերպի օրուան հռչակագիրը ստորագրած են բազմաթիւ գիտնականներ, մշակոյթի եւ քաղաքական գործիչներ, գործարարներ: Այն կը կոչուի «100X հռչակագիր», որ կոչ կ՚ընէ՝ գիտնականներուն, աշխարհի գերտէրութիւններու ղեկավարներուն եւ միջազգային կառոյցներուն՝ աջակցելու Երկիրը աստղակերպերու սպասուող բախումներէն փրկելու գաղափարին։ Հռչակագիրը բաց է եւ կրնան ստորագրել ո՛չ միայն մասնագէտները, այլ նաեւ ոեւէ անձ, որուն կը յուզէ այս հարցը: Այս հռչակագրին մէջ ներկայացուած երեք հիմնական նպատակներէն մէկն ալ այն է, որ գիտական հանրութիւնը յաջողի կառավարութիւնները, մասնաւոր եւ բարեսիրական կազմակերպութիւնները ներգրաւել եւ ժամանակակից միջոցները գործի դնելով յայտնաբերել եւ վերահսկել Երկրի բնակչութեան համար վտանգ ներկայացնող աստղակերպերը: Հռչակագրով նպատակ դրուած է նաեւ յայտնաբերուած աստղակերպերուն թիւը տասը տարուան ընթացքին հարիւապատկել եւ նորանոր աստղակերպեր գտնել եւ արձանագրել աստղակերպերու միջազգային ցանկին վրայ: Արեգակնային դրութեան համեմատաբար փոքր երկնային այս մարմինները, որ պտոյտ կը գործեն Արեգակի շուրջը, «աստղակերպ» կը կոչուին, որովհետեւ դիտարկումներու ժամանակ կ՚երեւին որպէս աստղեր՝ ի տարբերութիւն մոլորակներու, որոնք աստղադիտակով դիտարկման ժամանակ կ՚երեւին սկաւառակի նման: «Աստղակերպ»ը, անշուշտ, պայմանական անուանում մըն է, այս երկնային մարմիններուն ճշգրիտ սահմանումը մինչեւ հիմա չէ տրուած: Անոնց, որոնց տրամագիծը մեծ է 30 մեթրէն, կը կոչուին աստղակերպ, ատկէ փոքր մարմինները արդէն աստղաքարերն են՝ ասուպները:
Երկրին մօտեցող աստղակերպերը վտանգ կը ներկայացնեն յատուկ աստղագիտական չափումներով, որոնք հասու են գիտնականներուն: Անոնք աստղագիտական միաւորներով կը չափեն Երկրին մօտեցող աստղակերպերու սպառնալիքին աստիճանը եւ որոշ միաւորներով կը գնահատեն վտանգը՝ կախեալ աստղակերպերու չափերէն, Երկրին մօտենալու նուազագոյն հեռաւորութենէն եւ անոր հետ ընդհարելու հաւանականութենէն:
Այսօր ընդհանուր առմամբ տիեզերքին մէջ արձանագրուած են շուրջ 6200 մարմիններ, որոնք կը մօտենան Երկրին մինչեւ 1.3 աստղագիտական միաւոր հեռաւորութեան վրայ։ Տիեզերական հսկայ մարմինները, որոնց տրամագիծը կը կազմէ աւելի քան մէկ քիլօմեթր, Երկրին հետ ընդհարման պարագային կը սպառնան մարդկութեան որպէս բացայայտ համընդհանուր աղէտ։ Ատկէ աւելի փոքր աստղակերպերը կրնան յառաջացնել գրեթէ նոյն տեսակի լրջագոյն հետեւանքներ։ Դատելով երկրաբանական տուեալներէն (որ կազմուած է մի քանի հարիւր հարուածային խառնարաններու հետազօտութիւններէ), մեր մոլորակի պատմութեան մէջ երկնային հսկայ մարմիններու հետ ընդհարումներ եղած են ոչ մէկ անգամ։ Որոշ գիտնականներ այսպիսի մարմնի մը անկման հետ կը կապեն կենդանի օրկանիզմներու զանգուածային անհետացումը՝ շուրջ 250 միլիոն տարի առաջ։
Ամերիկացի բնագէտ, Նոպէլեան մրցանակակիր Ուոլթըր Ալվարէսի տեսութեան համաձայն, այլ մարմին մը բերած է հոյամողէզներու անհետացման։ Ըստ այդ տեսութեան, մօտաւորապէս 66 միլիոն տարի առաջ լերան չափ աստղակերպը հարուածած է Մեքսիկոյի Եուկատան թերակղզիի ափը՝ ստեղծելով Չիքսուլուպ խառնարանը: Ազդեցութիւնը եւ վնասը փոխած են կեանքը Երկրի վրայ եւ, ինչպէս կ՚ենթադրուի, այդ ալ նպաստած է հոյամողէզներու անհետացման:
Համեմատաբար փոքր մարմինները նոյնպէս Երկրին համար լուրջ վտանգ կը ներկայացնեն, քանի որ անոնց պայթումները բնակելի վայրերու մօտակայքը, կրնան բերել զգալի աւերածութիւններու, որոնք համեմատելի են կորիզային պայթումի հետեւանքներուն հետ։
ԹՈՒՆԿՈՒՍԵԱՆ ՊԱՏԱՀԱՐԸ
1908 թուականի յունիս 30-ին Ռուսաստանի Ենիսէյ գետը թափող Փոթաքամեննայա Թունկուսքա գետին մերձակայքը ինկած երկնաքարը, միայն պատահաբար յայտնուելով բնակավայրերէն հեռու տեղ մը՝ այդպիսի աղէտ մը չբերաւ: Թունկուսեան երկնաքարի պայթումին հզօրութիւնը գնահատուած է 40-50 մեկաթոն, որ կը համապատասխանէ պատմութեան մէջ պայթեցուած ամենահզօր ջրածնային ռումբի հզօրութեան հետ։ Տեղի ժամանակով առաւօտեան ժամը 7-ին Ենիսէյ գետի աւազանի տարածքին, հարաւ-արեւելքէն հիւսիս-արեւմուտք մեծ արագութեամբ անցած է կրակէ մեծ գունդը, որ պայթած է 7-10 քիլօմեթր բարձրութեան վրայ՝ մօրուտի (թայկա) անմարդաբնակ շրջանին մէջ: Պայթումին ալիքը արձանագրուած է ամբողջ աշխարհի աստղադիտարաններուն կողմէ, այդ կարգին նաեւ՝ Արեւմտեան կիսագունդին մէջ։ Պայթումին հետեւանքով աւելի քան 2000 քառակուսի քիլօմեթր տարածութեան վրայ արմատախիլ եղած են միլիոնաւոր ծառեր, պայթումին կեդրոնէն հարիւրաւոր քիլօմեթրերու վրայ կոտրած են բնակավայրերուն պատուհանները։ Մի քանի օրուան ընթացքին Ատլանտեան ովկիանոսէն մինչեւ կեդրոնական Սիպերիա ինկած տարածքին դիտուած են երկինքի ուժգին ճառագում եւ արծաթափայլ ամպեր։
Աղէտի գօտի ղրկուած են մի քանի հետազօտական արշաւախումբեր։ Ենթադրեալ Թունկուսեան երկնաքարի մասնիկներ մեծ քանակութեամբ չեն յայտնաբերուած, սակայն յայտնաբերուած են մանրադիտուած կայծքարեր եւ երկաթքարերու գնդիկներ, ինչպէս նաեւ միջավայրին մէջ առկայ եղած է որոշ տարրերու բարձր պարունակութիւն, որոնք կը վկայեն հնարաւոր տիեզերական ծագման նիւթերու գոյութեան մասին։
Թունկուսեան աղէտի հետազօտութեան արդիւնքները 2013 թուականին հրապարակուած են «Planetary and Space Science» ամսագրին մէջ. այդ հետազօտութիւնը կը կապուի ուքրանացի, գերմանացի եւ ամերիկացի գիտնականներու անուններուն հետ: Հաստատուած է, որ եթէ Թունկուսեան երկնաքարը իյնար 4-5 ժամ աւելի ուշ, ապա Երկիր մոլորակը՝ իր առանցքին շուրջ դառնալուն հետեւանքով, ամբողջութեամբ կ՚ոչնչացնէր մօտակայ Վիպորկ քաղաքը եւ բաւական մեծ աւերածութիւններ կը յառաջացնէր Սեն Փեթերսպուրկի մէջ:
Թունկուսեան աղէտը հետաքննողները կը նշեն, որ իրադարձութիւններէն երեք օր առաջ՝ 1908 թուականի յունիս 27-ին, Եւրոպայի տարածքին, Ռուսաստանի եւրոպական մասը եւ արեւմտեան Սիպերիոյ մէջ սկսած են դիտուիլ տարօրինակ մթնոլորտային երեւոյթներ՝ արծաթափայլ ամպեր, վառ մթնշաղ, արեւային ճաճանչապսակ:
Բրիտանացի աստղագէտ Ուիլիըմ Տենինկ կը գրէ, որ յունիս 30-ի գիշերը անգլիական Պրիսթոլ քաղաքին երկինքը տարօրինակ կերպով լուսաւոր էր:
1908 թուականի յունիս 30-ին կեդրոնական Սիպերիոյ երկինքին մէջ մեծ արագութեամբ դէպի հիւսիս սլացած երկնային մարմինը տեսանելի էր այդ շրջանի բազմաթիւ բնակավայրերէն, լսուած են ամպրոպանման ձայներ։ Երկնային մարմնին ձեւը նկարագրուած է կլոր, գնդաձեւ կամ գլանաձեւ, գոյնը՝ կարմիր, դեղին կամ ճերմակ, ծխային հետքը բացակայած է, սակայն որոշ վկաներու նկարագրութեամբ եղած են ծիածանային գիծեր: Տեղական ժամով առաւօտեան ժամը 7.14-ին Փոթքամեննայա Թունկուսկա գետին մօտակայքը գտնուող Հարաւային ճահիճի երկինքին վրայ երկնային մարմինը պայթած է։
Թունկուսեան երկնաքարին մասին գրուած են գիրքեր, նկարահանուած են շարժանկարներ, մինչեւ հիմա գիտնականներու ուսումնասիրութեան նիւթն է այդ տարօրինակ աղէտը՝ 1908-ի յունիս 30-ին, որուն շնորհիւ աստղակերպերը՝ այդ չձեւաւորուած փոքր մոլորակները, ունեցան իրենց առանձնայատուկ օրը՝ մարդկութեան պատմութեան մէջ:
ՏԻԵԶԵՐՔԸ ՄԵԾ Է
Բարեբախտաբար, Երկիր մտնող աստղակերպերուն ճնշող մեծամասնութիւնը չափազանց փոքր է՝ որեւէ վնաս պատճառելու համար, աւելին՝ տիեզերքը այնքան մեծ է, որ աստղակերպերուն մեծ մասը երբեք չի մօտենար մեր փոքրիկ մոլորակին:
Ըստ ՆԱՍԱ-ի (Ամերիկեան օդագնացութեան եւ տիեզերական տարածութեան հետազօտութիւններու ազգային գործակալութիւն) տարին մէկ անգամ ինքնաշարժի մը չափ աստղակերպ մը կը մտնէ մեր մթնոլորտ, բայց սովորաբար կ՚այրի՝ մինչեւ հասնի գետին:
Աստղակերպերը, ըստ բաղադրութեան, կը բաժնուին երեք խումբի:
Ամենատարածուածը անոնք են, որոնք կը պարունակեն մեծ քանակութեամբ ածխածին, անոնք արձանագրուած աստղակերպերու մօտաւորապէս 75 առ հարիւրը կը կազմեն: Այս մոխրագոյն աստղակերպերը սովորաբար կազմուած են կաւով, հանքանիւթերով եւ կայծքարային ապարներով: Միւս տեսակները կը պարունակեն մեծ քանակութեամբ մետաղներ՝ երկաթ եւ նիկելաբեր, որ ամենայն հաւանականութեամբ, կը նպաստէ անոնց կարմիր գոյնին:
Երրորդ տեսակը կրնայ տարբեր ըլլալ՝ կարմիրէն մինչեւ կանաչ եւ հիմնականօրէն կազմուած է կայծքարային նիւթերով, ինչպէս նաեւ երկաթով եւ նիկելով:
Նշանաւոր աստղակերպերուն մեծ մասը կը գտնուի աստղակերպերու գօտիին մէջ՝ Մարս (Հրատ) եւ Լուսնթագ մոլորակներու ուղեծիրերու միջեւ։ ՆԱՍԱ-ի տուեալներով՝ ներկայիս յայտնի աստղակերպերու թիւը կը գերազանցէ 1.1 միլիոնը։ Հակառակ այն հանգամանքին, որ աստղակերպերու գօտիին մէջ կան միլիոնաւոր (եթէ ոչ աւելի) աստղակերպեր, անոնք իրարմէ բաւական հեռու են, այդ պատճառով տիեզերանաւերը կրնան թռչիլ գօտիին մէջէն՝ առանց որեւէ աստղակերպի բախելու։
ԱՄԵՆԱՄԵԾ ԱՍՏՂԱԿԵՐՊԸ
Այսօր գիտնականներուն կողմէ արձանագրուած ամենամեծ աստղակերպը կը նկատուի Սերեսը՝ կամ Ցերերան: Անիկա գաճաճ մոլորակ մըն է Արեգակնային համակարգի աստղակերպերու գօտիին մէջ՝ Երկիր մոլորակին ամենամօտ գտնուող գաճաճ մոլորակը: Անոր հեռաւորութիւնը Երկիր մոլորակէն կը կազմէ 263 միլիոն քիլօմեթր։
Սերեսը յայտնաբերած է իտալացի աստղագէտ Ճիւզեփփէ Պիացցի՝ 1801-ին՝ Փալերմոյի աստղադիտարանին մէջ։ Որոշ ժամանակ Սերեսը կը դիտարկուէր որպէս լիարժէք Արեգակնային համակարգի մոլորակ։ 1802 թուականին զայն դասակարգեցին աստղակերպերու շարքին: Մոլորակ հասկացութեան վերջին ճշդումներուն Միջազգային աստղագիտական միութեան կողմէ, 2006 թուականի օգոստոս 24-ին, ընդհանուր ժողովի նիստին ան վերջնականապէս անցաւ գաճաճ մոլորակներու կարգին։ Այս հսկայ աստղակերպը «Սերես» կոչած են հին հռոմէական պտղաբերութեան աստուածուհիի՝ Սերեսի պատուին։
Ունենալով մօտաւորապէս 950 քիլօմեթր տրամագիծ, Սերեսը ոչ միայն ամենամեծ, այլեւ ամենածանր մարմինը կը հանդիսանայ աստղակերպերու գօտիին մէջ, իր չափերով կը գերազանցէ հսկայ մոլորակներու բազմաթիւ արբանեակները, եւ իր մէջ կը ներգրաւէ աստղակերպերու գօտիին ընդհանուր զանգուածին գրեթէ մէկ երրորդ մասը:
Այսպէս, տիեզերքը խոհրդաւոր, երեւակայական եւ անվերջ ուսումնասիրութիւններու նիւթ է: Ամէն օր մենք աւելին կը գիտնանք անոր մասին, կը վերծանենք խորհուրդները եւ կը ստանանք նորանոր հարցումներ, որոնք տակաւին պատասխաններ չունին: Տիեզերքի հզօրութեան, յաւերժութեան եւ անվերջութեան առջեւ մարդը պզտիկ արարած մըն է, բայց միաժամանակ, ի պատիւ մարդուն, մարդկութիւնը ինք սկիզբ դրած է այն բարդ գիտութեան, որ կը վերաբերի տիեզերքին:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան