ԳԻՒՂԻ ՏԻԿԻՆԸ

Ասֆալտ չտեսած գիւղի մը մէջ կը բնակէր տիկինը՝ հանդերձ ընտանեօք: Ռազմիկի կին էր վերջինս. ամուսինը պատերազմի մասնակից ու լաւ կռուող, անունը Մարտիկ, ձեռքն ալ քիչ մը շոր՝ տեսածը գրպանը կը տանի:

Հակառակ երիտասարդ տարիքին՝ բաւական տարիքոտ տեսք ունէր՝ պատերազմ, վիրաւոր ամուսին, անհաղորդ օրեր ու ամիսներ, մութ ու ցուրտ, կիսակուշտ տարիներ...

Մեծ ու կլոր փուչիկի մը կը նմանէր տիկինը: Այնքան մեծ էր, որ երեք հոգիի տեղ կը զբաղեցնէր: Հաճելի էր հետեւիլ անոր քալուածքին: Ամէն նետած քայլի հետ, շորորուելով մարմնի ծանրութիւնը աջ կիսագունդէն կ՚անցնէր ձախ կիսագունդ: Քալուածքը քիչ մըն ալ կը նմանէր մեղմիկ հովի, որ կը սահէր ցորեանի արտերուն վրայէն, մեղմիկ օրօրելով անթիւ ու անհամար ցորենի հասկերը:

Ծանրութիւնը ամէնուր կը խանգարէր տիկինը: Ճեմած ատեն շուտ կը յոգնէր՝ շունչը կը կտրէր: Առհասարակ երկար չէր կրնար քալել: Հաւանաբար աւելորդ քիլօներն էին պատճառը, որ ոտքի երակները ամէն պահ պատրաստ էին պայթելու, իսկ ներբանները՝ ճկռած ծանրութեան տակ՝ ճաքած էին հայոց լեռներու պէս: Ճաքերուն արանքները մշտապէս կը կուտակուէր փոշի: Փոշիէն կը սեւնային: Երբեմն ալ կ՚արիւնոտէին ու սաստիկ կը ցաւէին: Ինչպէս բոլոր հարցերը, այս խնդիրը նոյնպէս ունէր լուծում՝ գուլպաները երբեք չհանել: Սակայն եկուր ու տես, որ տիկինը անհանգիստ կ՚ըլլար գուլպայ կրելէ: Միակ տարբերակը ցաւին դիմանալն էր: Չկարծէք փնթի մըն էր: Ամենեւին: Ամէն գիշեր ոտքերը կը լուար, վերջը անկողին կը մտնէր:

Գումարած ծուլութիւնը. ամէնուն գործին կը խառնուէր: Մասնաւորապէս տաք եղանակներուն ղեկը կը վերցնէր իր ձեռքը. «Դուն հանգչէ՛ տիկին»: Ախր տունը թափած է: Ճանճերն ու մեղուները հաւաքուած են գիշերուընէ անլուայ մնացած սպասքի շուրջ: Դէ իսկ ժրաջան մրջիւններն ալ կը փորձեն գետնին թափած փշրանքներով հոգալ իրենց ձմեռուան պաշարը:

Միջատներն ու մեղուները կուշտ փորով գործի լծուած միջոցին, տիկինի հինգ երեխաներուն փորիկները անօթի է: Շուտով ժամացոյցի սլաքները պիտի մօտենան տասնութ զերօ զերոյին՝ ամուսինը աշխատանքէն տուն պիտի վերադառնայ: Յոգնած տիկինն ալ անօթի է: Սակայն ոչ մէկ կերպ կրնայ բաժնուիլ բազմոցէն: Ինքզինքը տրամադրելուն պէս ծուլութիւնն ու ամրան տապը կը միջամտեն. «քիչ մին ալ հանգչէ, վերջը կ՚ընես գործերդ: Գործը չի վերջանար, դուն քու հանգստին նայէ»:

Մթնշաղին կովերը արօտավայրէն կը վերադառնան՝ գործ շատ կայ: Հազիւ բազմոցէն բաժնուեցաւ, թեթեւ ճաշ մը պատրաստեց, պնակները լուալու սկսաւ, մէյ մըն ալ.

«Մո՜ւ, մո՜ւ». լսուեցաւ կովերուն բառաչը:

Կաթը կթեց: Կովերուն ջուրը տուաւ: Գոմին դուռը գոցեց ու տասն լիթրնոց դոյլը ձեռքին սանդուխներով դանդաղ վեր ելաւ: Քիչ մը նստաւ դիմացի նստարանին: Դրացիին հետ երկու բերան խօսեցաւ ու անցաւ տուն:

Այլեւս մութը ինկած էր: Երեխաներու քունի ժամն էր: Անոնք միաբերան մայրիկ կը պոռային: Մէկը չարութիւն կ՚ընէր, միւսը կու լար, երրորդին կամակորութիւնը բռնած էր: Եկուր ու մի՛ խենթանար: Կաթն ալ հոն կը փճանար: Առաջնայինը կաթի հարցի լուծումն էր: Պէտք էր սառնարանի մէջ տեղաւորել:

Մինչեւ կը հասցնէր կաթը տեղաւորել՝ նեարդերը տեղի կու տային. երեխաները աղուոր մը կը ծեծէր, յետոյ կը գրկէր ու կը համբուրէր:

-Մայրիկ, մենք քեզ շատ կը սիրենք: Այլեւս պիտի չբարկացնենք:

Յաճախ կրկնուող արտայայտութիւնը յաջորդ օրն իսկ կը մատնուէր մոռացութեան: Երեխաները կը շարունակէին իրենց երեխայութիւնը ընել, վերջաւորութեան ծեծուելով կամ յանդիմանուելով ծնողքին կողմէ:

-Աստուած իմ, ինչո՞ւ ձեռքս չկոտրեցիր երեխան ապտակելուս ժամանակ: Երանի ձեռքս կոտրէր: Ա՜խ, ես ի՞նչ տեսակ մայր մըն եմ, որ չեմ կրնար ինքզինքիս տիրապետել: Ա՜խր, անոնք տակաւին շատ պզտիկ են: Վարդանս ինչպէս կու լար,- այս բառերուն հետ միասին աչքերուն մէջ լճացաճ արցունքները կաթիլ-կաթիլ գլորուեցան:

Առաջին անգամը չէ, որ երեխաներուն վրայ ձեռք բարձրացնելէ վերջ տիկինը չի կրնար քնանալ: Բազմազաւակ մայր ըլլալը, պատասխանատու, սակայն դիւրին գործ մը չէ:

Այսպէս տարիները գլորուեցան: Ծայրը ծայրին հասցնելով տիկինը երեխաները մեծցուց, հասցուց իրենց նպատակներուն:

Էապէս չէ փոխուած: Դէմքին կնճիռներ աւելցած են ու ուժերը հատած: Աւելորդ քիլօները մինչեւ այսօր տիկինին անբաժան ընկերները դարձած են: Զաւակները բարեյաջող ամուսնացուց: Առանձնատան աղմկողները այժմ թոռնիկներն են, որոնք պարբերաբար կ՚այցելեն իրենց մեծ հայրիկին ու մեծ մայրիկին: Տիկինի հոգը թեթեւցած է, նոյնիսկ անհոգ դարձած է: Դուստրերը հերթով կու գան տունը կը մաքրեն, ճաշը կը պատրաստեն, իրենց մօր հետ հաճելի ժամանակ կ՚անցընեն:

Տիկինը այլեւս հանգիստ կը վայելէ իր բազմոցը, երբ կ՚ուզէ կը նստի, երբ կ՚ուզէ կ՚ելլէ պտոյտ մը կը կատարէ իրենց թաղերուն մէջ: Դրացիներուն հետ կը շփուի ու կը վերադառնայ մշտալուռ իր տունը: Լռութիւնը խախտողները չարաճիճի թոռնիկներն են: Անոնց կարելի է: Անոնց վրայ չի բարկանար, ձեռք չի բարձրացներ: Ժպտադէմ ու առկայծող աչքերով կը հետեւի անոնց խաղին:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունիս 30, 2022