ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑՕՐԷՆ ՃՈԽ

Այս շաբաթավերջին Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կը սկսին Համահայկական 6-րդ ամառնային խաղերը, որոնք ըստ յայտարարութիւններու, աննախադէպ պիտի ըլլան ո՛չ միայն մասնակիցներու քանակով, այլեւ՝ քաղաքներու աշխարհագրութեամբ, ուր որ պիտի իրականացուին խաղերը: Համահայկական խաղերը տեղի պիտի ունենան Երեւանի, Ստեփանակերտի, Կիւմրիի, Վանաձորի եւ Արտաշատի մէջ: Տանսեօթ մարզաձեւերու մէջ տեղի ունենալիք խաղերուն մասնակցելու համար Հայաստան պիտի այցելեն աւելի քան հինգ հազար մարզիկներ:

 Այս շաբաթասկիզբին՝ 27 Յուլիսին, Համահայկական խաղերու ջահը ստացաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութիւնը: Համահայկական 6-րդ խաղերու ջահը վառուած է Արցախ-Սփիւռք-Հայաստան եռամիասնութիւնը խորհրդանշող երեք ջահերէ, որոնք խոր-հըրդանշօրէն շրջած են Հայաստանի եւ Սփիւռքի տարածքին: Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, օրհնութիւն ստացած ջահը իր գլխուն վերեւը պահած է 1988 թուականի Սէուլի ամառնային ողիմպիական խաղերու ախոյեան, ծանրորդ Օքսէն Միրզոյեան:

 Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Շուշի քաղաքի Սուրբ Ղազանչեցոց, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցիներու մէջ վառուած ջահերը տեղափոխող մարզիկները ներկայ գտնուած են գլխաւոր ջահի օրհնութեան կարգին: Հայ ժողովուրդի հոգեւոր կեդրոնին՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Վեհափառ Հայրապետի օրհնած ջահը 2 Օգոստոսին քաղաքամայր Երեւանի մէջ կ՚ազդարարէ Համահայկական ամառնային 6-րդ խաղերու մեկնարկը:

 ԽԱՂԵՐՈՒ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ

Ընդամէնը տասնվեց տարի անցած է այն օրէն, երբ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած են առաջին Համահայկական խաղերը:

1999-ի 28 Օգոստոս-5 Սեպտեմբեր թուականներուն միջեւ Գառնիի հեթանոսական տաճարէն առաջին Համահայկական խաղերուն կրակը փոխանցավազքով հասցուած է «Հրազդան» մարզադաշտը, ուր Ողիմպիական խաղերու երրեակի ախոյեան, մարմնամարզիկ Ալպէրթ Ազարեան բոցավառած է խաղերուն ջահը: Այդ ժամանակ մասնակիցներուն բարեմաղթութիւններ յղած է Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Խուան Անթոնիօ Սամարանչ:

Առաջին խաղերուն մասնակցած են քսանմէկ պետութեան երեսունութ քաղաքներու, նաեւ՝ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի քսանչորս քաղաքներու հազար հարիւր քառասունմէկ մարզիկներն ու մարզուհիները:

Թէեւ 1999 թուականին տեղի ունեցած են առաջին Համահայկական խաղերը, բայց համահայկական մարզական նման մեծածաւալ միջոցառում մը իրականացնելու գաղափարը ծագած էր տակաւին 1987-1988 թուականներուն, երբ Խորհրդային Միութենէն ներս կատարուող որոշակի բարեփոխումներ յոյս կը ներ-շընչէին, որ կարելի է Հայաստան հրաւիրել Սփիւռքի զանազան հայկական հասարակական, մարզական կազմակերպութիւններու, կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ: Այդ կազմակերպութիւնները ճիշդ է, որ կ՚իրականացնէին իրենց ներկուսակցական մարզական խաղերը, իսկ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) կը կազմակերպէր Նաւասարդեան խաղերը, սակայն ակնյայտ էր, որ Երեւանի մէջ բոլոր կուսակցութիւններու եւ միութիւններու մասնակցութեամբ մարզական խաղերու կազմակերպումը մեծապէս պիտի նպաստէր հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման, սփիւռքի երիտասարդութեան հայրենիքին աւելի մօտէն ծանօթանալուն եւ աւելի սերտօրէն ու ջերմօրէն կապուելուն՝ Մայր Հայրենիքին:

Նման միջոցառում կազմակերպելու եւ արտերկրէն մեծաթիւ հիւրեր հրաւիրելու համար անհրաժեշտ էր Մոսկուայի որոշումը: Հայաստանէն նամակ յղուեցաւ Համայնավարական կուսակցութեան կեդրոնական գրասենեակ եւ որպէսզի ակնյայտ չ՚ըլլար միջոցառման նպատակը եւ չի մերժուեր, խաղերու կազմակերպութիւնը ձեւակերպուեցաւ իբրեւ Հայաստանի բնակչութեան մօտ մարմնամարզը աւելի տարածելու, զանազան պետութիւններու հետ եղբայրական կապերը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւն: Բայց 1988 թուականի 7 Դեկտեմբերին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժը առժամանակ դադար տուաւ այս ուղղութեամբ տարուող ջանքերուն: Արդէն 1989 թուականի Փետրուարին, մեկնելով արցախեան շարժման արձագանգներէն, Հայաստանի մարզական իշխանութիւնները նոր բովանդակութեամբ նամակ մը ուղարկեցին։ Այս անգամ ո՛չ թէ Խորհրդային Միութեան, այլ՝ Հայաստանի Համայնավարական կուսակցութեան ղեկավարութեան: Նամակին մէջ կ՚առաջարկուէր 1989 թուականի Սեպտեմբերին Երեւանի մէջ իրականացնել Նաւասարդեան խաղեր՝ սփիւռքեան կազմակերպութիւններու մասնակցութեամբ: Ստանալով համաձայնութիւն՝ սկսան նախապատրաստական աշխատանքներու, սակայն միջոցառման ծաւալը, լրջութիւնը եւ այդ ժամանակ երկրին մէջ առկայ տնտեսական վիճակը նախապատրաստական եւ կազմակերպչական աշխատանքները երկարաձգեցին մինչեւ 1990 թուականը:

1990 թուականին Երեւանի մէջ, սփիւռքեան կազմակերպութիւններու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ժամանակ որոշուեցաւ Համահայկական Նաւասարդեան մարզական առաջին խաղերը կազմակերպել 1992-ի Յուլիսի 15-30 թուականներուն միջեւ, Երեւանի մէջ՝ ոտնագնդակ, պասքեթպոլ (տղաք, աղջիկներ), սեղանի թենիս եւ ճատրակ մարզաձեւերով:

1991 թուականի ղարաբաղեան շարժումը մտաւ ծանր ու դժուարին փուլ: Անոր յաջորդեցին երկրի ելեկտրականութեան ճգնաժամը, շրջափակումը: Խաղերու իրականացումը ժամանակաւորապէս յետաձգուեցաւ: Ապա 1994 թուականին հնարաւորութիւն ընձեռուեցաւ նորէն անդրադառնալու այս հարցին: Կրկին կազմուեցաւ նախաձեռնող խումբ մը: 1995 թուականին Փարիզի մէջ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան կողմէ կազմակերպուող Համաշխարհային խաղերու օրերուն Ալպէրթ Պոյաճեան, Հրանդ Պարտաքճեան եւ Աշոտ-Մելիք Շահնազարեան որոշեցին եւ հրապարակայնօրէն յայտարարեցին համահայկական մարզական խաղեր իրականացնելու մասին:

1997 թուականին հայկական մարմնամարզի կազմակերպութիւններու համաժողովի ժամանակ համաձայնութիւն ձեռք բերուեցաւ ստեղծել Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէն: Կոմիտէի կազմին մէջ ընդգրկուեցան պետական, հասարակական կազմակերպութիւններու, Սփիւռքի բոլոր կուսակցութիւններու եւ միութիւններու կարգ մը ներկայացուցիչներ: Խաղերու հիմնական հովանաւորներ դարձան Ալպէրթ Պոյաճեան՝ Լոս Անճելըսէն, Վարդ Ալեքսանեան՝ Գահիրէէն, Յակոբ Քըրմըզեան՝ Պուքրէշէն, Ժան Մաքսեան՝ Հոնկ Քոնկէն: Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ ընտրուեցաւ Աշոտ Մելիք-Շահնազարեան:

Փաստօրէն, այսօր, արդէն իրականութիւն դարձած Համահայկական խաղերը ի յայտ եկած են 1987-1999 թուականներուն կատարուած բազմակողմանի աշխատանքներու շնորհիւ:

1999 թուականին իրականացուած Առաջին Համահայկական խաղերու ծրագրին մէջ ընդգրկուած են եօթ մարզաձեւ:

2001 թուականին՝ Երկրորդ Համահայկական խաղերուն արդէն մարզաձեւերու թիւը բարձրացած էր իննի, իսկ մասնակիցներու թիւը կը հասնէր հազար չորս հարիւր տասնիննի:

2003 թուականին՝ Երրորդ Համահայկական խաղերուն տասը մարզաձեւերու մէջ մրցած են հազար հինգ հարիւր յիսունինն մարզիկ:

2007 թուականին տեղի ունեցած են Չորրորդ Համահայկական խաղերը, որոնց ժամանակ իննսունչորս մասնակից քաղաքներէ մրցած են հազար հինգ հարիւր եօթանասունվեց մարզիկ:

Համահայկական Ամառնային հինգերորդ խաղերը տեղի ունեցած են 2011-ի Օգոստոսի 13-21 թուականներուն միջեւ, Երեւանի մէջ: Կրկին տասը մարզաձեւերու մէջ մրցած են Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն համախմբուած երեք հազար երկու հարիւր քառասունչորս մարզիկ, մասնակիցներու թիւը այդ ժամանակ արդէն նկատելի աւելցած է:

Նկատի առնելով աշխարհի մէջ ամառնային եւ ձմեռնային խաղերու կազմակերպման աւանդոյթը՝ Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէն որոշած է Հայաստանի մէջ կազմակերպել նաեւ ձմեռնային խաղեր եւ Համահայկական ձմեռնային առաջին խաղերը տեղի ունեցած են 2014-ի Փետրուար 24-Մարտ 2 թուականներուն միջեւ՝ Ծաղկաձոր եւ Երեւան քաղաքներուն մէջ։ Այս խաղերուն տասնմէկ քաղաքի չորս հարիւրմէկ մարզիկներ մրցած են չորս մարզաձեւերու մէջ:

ԽԱՂԵՐՈՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՄԱՆ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Այս տարի, նախորդ տարիներու շուրջ տասը մարզաձեւերու փոխարէն՝ ոտնագնդակ (ֆութպոլ), կարճ ոտնագնդակ (մինի ֆութպոլ), կողովագնդակ (պասքեթպոլ), արկագնդախաղ (վոլէյպոլ), մարզախաղ (աթլեթիզմ), գնդախաղ (թենիս), սեղանի գնդախաղ (սեղանի թենիս), ճատրակ, փետրագնդախաղ (պետմինթըն), լող, աւելցած է եօթ մարզաձեւ եւս՝ լողափնեայ վոլէյպոլ, մարզական պարեր, կոլֆ, ձեռ-նագնդակ (հենտպոլ), բազկամարտ, հրա-ձըգութիւն եւ հեծանուամրցում: Իբրեւ հեծանուամրցումի մրցուղի ընտրուած է Երեւան-Էջմիածին մայրուղին:

2015 թուականի Համահայկական ա-մառնային վեցերորդ խաղերու գլխաւոր մրցավար նշանակուած է մարմնակրթութեան վաստակաւոր գործիչ, միջազգային կարգի մրցավար, Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի փոխ-նախագահ Դերենիկ Գաբրիելեան:

Համահայկական ամառնային վեցերորդ խաղերու գլխաւոր բեմադրիչն է Երեւանի փոխ-քաղաքապետ Արամ Սուքիասեան, որ մասնագիտութեամբ բեմադրիչ է, իսկ հեռատեսիլային բեմադրիչ ընտրուած է Հրաչ Քէշիշեան։ Համահայկական ամառ-նային վեցերորդ խաղերու բացման, փակման արարողութիւններու ուղիղ եթերով հեռարձակման իրաւունքը տրուած է «Արմենիա» հեռուստաընկերութեան:

Այս տարի ամերիկահայ բարերար Վահագն Յովնանեան ընտրուած է Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի պատուոյ անդամ:

Խաղերու հանդիսաւոր բացումը տեղի պիտի ունենայ Հանրապետական մարզադաշտին մէջ, իսկ փակումը՝ 13 Օգոստոսին, Թատերական հրապարակին վրայ:

Համահայկական խաղերուն կը պատրաստուի ամբողջ հայութիւնը: Նախապատրաստական աշխատանքները սկսած են տակաւին նախորդ խաղերու աւարտէն ետք, եւ այսօր, կրնանք ըսել, որ Հայաստան պատրաստ է պատշաճօրէն հիւրընկալելու հազարաւոր հիւրեր եւ մարզիկներ՝ աշխարհի ամէն ծայրէն: Այս տար-ւան խաղերը նուիրուած են 100-ամեակին: Կազմակերպման ուղղութեամբ Հայաստանի կառաւարութենէն եւ սփիւռքեան կազմակերպութիւններէն զատ ներդրում կատարած են նաեւ դրամատուներ, հայկական բարեսիրական հիմնադրամներ:

ՆԱԽԱՏԻՊԸ

Այսօր արդէն հռչակ վայելող Համահայկական խաղերը, ինչպէս ծանօթ է, իրենց գաղափարախօսութեամբ նման են հին Հայաստանի մէջ տարեմուտին՝ Նաւասարդի տօնակատարութեան ժամանակ կազմակերպուած մարզական մրցումներուն:

Նաւասարդը հին հայկական տոմարի առաջին ամիսն է եւ յաջորդած է տար-ւան վերջին՝ Աւելեաց կոչ-ւած տօնական հինգ օրերուն։ Նաւասարդի առաջին օրը համապատասխանած է 11 Օգոստոսին։ Նաւասարդի առաջին օրերուն կազմակերպուած են ամենէն բազմամարդ՝ «համաշխարհական» կոչուած տօնահանդէսներ։ Ուխտաւորները, ժողովուրդը, զօրքը, արքունիքը, իշխանական տուները, հոգեւորականութիւնը հանդիսաւոր երթերով խմբուած են Տարօն եւ Բագրեւանդ գաւառներու սահմանագլխուն՝ սրբազան նկատուած Արածանի գետի եւ Նպատ լերան շուրջը, ինչպէս նաեւ՝ վերջինիս ստորոտին գտնուող Բագաւան հեթանոսական տաճարին մէջ՝ տօնելու համար Նոյ նախահօր եւ Ջրհեղեղի, Արամազդ աստուածահօր, Անահիտ դիցամօր նուիրական յիշատակները։ Տօնահանդէսները ուղեկցուած են զոհաբերութիւններով, խրախճանքներով, որսորդական զուարճութիւններով։ Նոյն այդ օրերուն ալ կը կազմակերպուէին նաեւ Նաւասարդեան խաղերը, որոնք սովորաբար կը տեւէին ամբողջ շաբաթ մը: Մարզիկները կը մրցէին վազքի, հեռացատկի, սուսերամարտի, ըմբշամարտի, կռփամարտի, նիզականետումի, գնդակախաղի, ձիարշաւի եւ այլ մարզաձեւերու մէջ, որոնք նոյնպէս կ՚ուղեկցուէին երգերով ու պարերով։

ԿԱՐԳԱԽՕՍԸ՝ «ՄԻԱՍՆՈՒԹԻՒՆ ՄԱՐԶԱՆՔՈՎ»

Իբրեւ Համահայկական խաղերու կարգախօս ընտրուած է «Միասնութիւն մարզանքով» լոզունգը, ինչ որ կ՚ապացուցէ մարմնամարզի համախմբող ուժը, քանզի այս խաղերը կը մէկտեղեն ամբողջ հայութիւնը՝ Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք: Խաղերը, մարզական մրցակցութենէ եւ զանազան տարբեր մարզաձեւերէ ներս ուժերը չափելէ զատ, մասնակիցներուն կու տան նաեւ եզակի հնարաւորութիւն՝ նոր ընկերներ ունենալու եւ հայրենիքը ճանաչելու ուղղութեամբ:

2015 թուականը հայութեան համար, իսկապէս, բացառիկ տարի է: Համահայկական այս տարուան խաղերը հազարաւոր հայերու ընդգրկուն մասնակցութեամբ կու գան լրացնելու 2015-ի բացառիկ խորհուրդը:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Յուլիս 30, 2015