ԱՐԵՒԱԾԱԳԻ ՀՄԱՅՔՆԵՐ

Այս տարի Ճաբոնի մէջ կը նշեն Ճաբոնի պետութեան հիմնադրման 2680-ամեակը: Նախքան Քրիստոս 660 թուականին Ճաբոնի մէջ թագադրուեցաւ առաջին կայսրը եւ այդ տարին սեպուեցաւ պետութեան հիմնադրման սկիզբը: Ճաբոնը հնագոյն երկիր մը ըլլալով եւ պահպանելով իր դարաւոր աւանդութիւնները, միաժամանակ կ՚օգտուի քաղաքակրթութեան հնարաւոր բոլոր բարիքներէն: Արեւելքի միւս երկիրներուն պէս, հոս եւս երբեք չեն խախտած պատմութեան կանոնները: Հակառակ որ Ճաբոնի մէջ քիչ թիւով հայեր կան, սակայն հայերը Ճաբոնի հանդէպ միշտ ունեցած են հետաքրքրութիւն, հայ գրողներ գրած են ճամբորդական գիրքեր, երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններ կերտուած են:

Ինչպէս Ճաբոն այցելող միւս ժողովուրդները, հայերը նոյնպէս զարմացուցած է այդ երկրին աւանդոյթներուն չափէն աւելի շատ ըլլալը եւ այն հանգամանքը, որ ճաբոնցիները կառչած են իրենց պատմութեան եւ քաղաքակրթութեան՝ զարգացման այս շրջանին նոյնիսկ շատ հին եւ ժամանակավրէպ աւանդութիւններ կը պահպանեն: Բայց ատ է, որ կ՚աւելցնէ խորհրդաւոր հետաքրքրութիւնը այդ ժողովուրդին հանդէպ եւ առանձնայատուկ հմայք կը հաղորդէ ծագող արեւու երկրին: Արեւածագի երկիրը քորոնա համավարակի այս պայմաններուն ալ գրաւիչ է ու սիրաշահող:

Անդրադառնալով ճաբոնական քանի մը դարաւոր աւանդոյթներու, նախ յիշեցնենք, որ Ճաբոնի ապրանքանիշ դարձած հացի՝ մելըն փանի հեղինակը հայ է: Ամբողջ աշխարհէն մեկուսացած ըլլալուն պատճառով Ճաբոնի մէջ մինչեւ 19-րդ դարու կէսերը անծանօթ էր ցորենի մշակոյթը: Երբ ճաբոնցիները սկսան աւելի աշխոյժ կերպով շփուիլ աշխարհի հետ եւ ծանօթանալ զանազան մշակոյթներու, սերտեցին նաեւ բազմազան սնունդի մշակոյթը:

Առաջին աշխարհամարտէն ետք, Ճաբոնի ամենաազդեցիկ մարդոցմէ մին՝ Օքուրա Քիհաչիրօ, կը մեկնի Չինաստան՝ փնտռելու համար Ռուսաստանէն ժամանած հմուտ հացագործ մը, որուն համբաւը հասած էր Ճաբոն: Այդ մարդը Յովհաննէս (Իւան) Ղեւենրան Սագոյեանն էր, ծնած էր Կարին եւ կանուխ տարիքէն փոխադրուած Մոսկուա, ուր դարձած էր իշխանական Ռոմանովներու անձնական հացթուխը: Ընդունելով Ճաբոնի մէջ աշխատելու հրաւէրը՝ Սագոյեան բնակութիւն կը հաստատէ Թոքիոյի Մեկուրօ արուարձանը, աշխատանքի կ՚անցնի «Իմփերիալ» պանդոկը եւ կը հիմնէ «Միսիու Իւան» անունով հացամթերքի խանութ: Ճաբոնի մէջ Սագոյեան կը թխէ սեխի տեսք ունեցող խմորեղէն մը, որուն համար կը գործածէ երկու տեսակ խմոր եւ զայն կը կոչէ «մելըն փան»՝ սեխի հաց, կամ «սանրայզ փան»՝ արեւածագի հաց: Ճաբոնցիները շատ կը սիրեն հացը եւ անմիջապէս կ՚ընդունին այս նորութիւնը: Հացը շատ արագ կը տարածուի եւ կը դառնայ ազգային ապրանքանիշ: Այսօր գոյութիւն ունի նոյն խանութը, նոյն անունով, ուր հայը առաջին անգամ վաճառած է իր պատրաստած հացը, որ ոչ թէ սեխի համի, այլ սեխի տեսքի պատճառով կը կոչուի սեխի հաց: Աւելի ուշ շրջանին ճաբոնցիները սկսան պատրաստել նաեւ այս հացի սեխով տեսակը՝ սեխ աւելցնելով խմորին:

Ամրան շրջանին Ճաբոնը կը կրկնապատկէ իր աւանդոյթներուն հմայքը:

Ուքային կամ ձկնկուլներու ձկնորսութիւնը շուրջ 1300 տարի շարունակ ճաբոնցիներու ամառնային ժամանցի մէկ մասն է: Այս աւանդոյթին դարեր շարունակ հետեւած են բարձրաշխարհիկ մարդիկ եւ ճաբոնական մշակոյթի բազմաթիւ գործիչներ: Ձկնկուլները այս գործողութեան ժամանակ կը դառնան ձկնորսներու լաւագոյն բարեկամները: Արեւը մայր մտնելուն պէս ձկնորսները կը հաւաքուին գետի ափին եւ կը սպասեն, որ ձկնկուլները ձուկ որսան: Երբ ձուկերը ձկնկուլներուն բերնին մէջ ըլլան, որսորդները կը կապեն ձկնկուլները պարաններով, կը ձգեն, որ պզտիկ ձուկերը կլլեն, իսկ մեծերը կը հանեն անոնց կոկորդէն՝ պարաններով սեղմելով կոկորդը: Ձկնկուլները հաշտ են այս երեւոյթին հետ, կարծես անոնք առաջին շարժումէն իսկ կը հասկնան ձկնորսները եւ դուրս կը հանեն մեծ ձուկերը՝ յատուկ ամանի մէջ լեցնելով զանոնք:

Ճաբոնի մէջ ամառնային այլ խորհրդանիշ մըն է ֆուրինը: Հոն շատ տաք կ՚ըլլայ յուլիս-օգոստոս ամիսներուն, եւ հովին փոքր շարժումներն իսկ կը փնտռուին: Ճաբոնցիները ստեղծած են ֆուրինը, կը կախեն զայն պատուհաններուն քով կամ դուրսը եւ կը վայելեն ֆուրինին հանգստացնող հնչիւնները, որոնք յառաջ կու գան նոյնիսկ զեփիւռի հպումէն:

Հակառակ այս տարուան համավարակի պայմաններուն, ճաբոնցիները չխախտեցին տօներ նշելու ամսաթիւերը եւ այս տարի ամրան անոնք նոյնպէս նշեցին Թանապաթան, որ յայտնի է նաեւ որպէս «Աստղային փառատօն» անունով: Այս տօնը կը տօնուի 7-րդ լուսնային ամսուան 7-րդ օրը, որ յուլիս 7-ն է ժամանակակից օրացոյցին մէջ, բայց Ճաբոնի որոշ վայրերուն մէջ, չինական հին օրացոյցին համաձայն, փառատօնը տեղի կ՚ունենայ օգոստոս 7-ին, չինական ծագում ունեցող առասպելին հետեւելով: Այս տօնը կը նշուի ի յիշատակ երկու սիրահարներու երազային պատմութեան: Այդ սիրահարները կը մարմնաւորեն Վեկա եւ Ալթեր աստղերը։ Սիրահարներուն կ՚արտօնուի հանդիպիլ տարին միայն մէկ անգամ, երբ երկինքը պարզ է: Տօնին ժամանակ ընդունուած է փափաքներ գրել բազմերանգ, երկար, ուղղանկիւնաձեւ թուղթերու վրայ, ապա այդ թուղթերով զարդարել հնդկեղէգի տերեւները՝ յոյս ունենալով, որ ցանկութիւնները իրականութիւն կը դառնան:

Ճաբոնը բնապահպանական ուղղուածութիւն ունեցող երկիր մըն է եւ իր աւանդոյթները կը ծառայեցնէ նաեւ բնապահպանութեան: Թոքիոյի նշանաւոր Շիպույա խաչմերուկին վրայ կարելի է հանդիպիլ ժամանակակից սամուրայներու՝ ազնուական ծագում ունեցող հնագոյն զինուորներու հագուստով: Անոնք իրականութեան մէջ բնապահպանութեան շարժումին անդամագրուած մարդոց խումբ են, որ սուրերու փոխարէն կը բռնեն ունելիներ՝ երկթեւ մեծ գործիքներ, կը մօտենան եւ այդ ունելիով կը հանեն աղբը փողոցէն: Այդ ձեւով անոնք բնակիչներուն մէջ կը սերմանեն կարգապահութիւն եւ շրջապատի մաքրութիւն:

Մեր օրերուն բեմերուն վրայ մեծ տարածում ունի «սթենտ-ափ» ձեւը, երբ դերասան մը առանձին կը զբաղեցնէ ողջ դահլիճը: Իսկ Ճաբոնի մէջ «սթենտ-ափ»ի ձեւաւորման պատմութիւնը սերտօրէն կապուած է «ռաքուկօ» կոչուող աւանդական կատակերգական ձեւին հետ, որ բառացիօրէն կը նշանակէ «ինկող բառեր»: Անիկա մէկ դերասանով թատրոն է, ուր կը պատմուի կատակերգական աւարտով պատմութիւն մը: «Ռաքուկօ»ն մօտ 400 տարուայ պատմութիւն ունի. մինչ օրս Ճաբոնի մէջ պահպանուած են Եոսէ թատրոնները, ուր ամէն օր տեղի կ՚ունենան այսպիսի ցուցադրութիւններ:

Ճաբոնի մէջ եղած են նաեւ խամաճիկներու թատրոնները, որոնք հարիւաւոր տարիներու պատմութիւն ունին: Պունրակուն ճաբոնական աւանդական տիկնիկային թատրոնի տարատեսակ է, որ սկիզբ առած է Էտօ դարաշրջանին, որպէս տարածուած զուարճութիւն հասարակ մարդոց համար եւ սկսած է զարգացում ապրիլ 17-րդ դարու վերջաւորութեան։ Պունրակու ներկայացումներուն տիկնիկները կը պատրաստուին մարդու հասակին չափով եւ զանոնք կը ղեկավարեն երեք խամաճիկավարները՝ մէկ գլխաւորը եւ անոր երկու օգնականները։ Խամաճիկավարները տեսանելի են հանդիսատեսին, սակայն անոնք կը ներկայանան սեւ հագուստով, ցոյց տալու համար, որ անոնք պէտք է ընկալուին որպէս «անտեսանելի»: Պատմութիւնը մէկ անձ կը պատմէ, ան կը խօսի բոլոր տիկնիկներուն փոխարէն եւ, հետեւաբար, ան պէտք է ունենայ այնպիսի ձայնային հմտութիւններ, որպէսզի կարողանայ ներկայացնել ոեւէ սեռի եւ տարիքի հերոսները:

ՈՍԿԷ ԿԱՐԿՏԱՆ

Ճաբոնական շատ հետաքրքրական աւանդոյթ մըն է «ոսկէ կարկտան»ի աւանդութիւնը, որ աւանդոյթ ըլլալէն զատ դարձած է արուեստ ու փիլիսոփայութիւն:

Ժամանակակից աշխարհին մէջ, երբ ափսէն, թէյնիկը կամ ուրիշ իրի մաս մը կոտրի, մարդիկ կը նետեն զայն: Սակայն կայ ճաբոնական արուեստի տեսակ մը, որու ժամանակ կոտրած իրը վերականգնելով, ջարդուած մասերը իրարու կցելով, աւելի կ՚ընդգծուի այդ կոտրուած մասը, այսպէսով աւելի կ՚արժեւորուի այդ իրը: Այս աւանդական փորձառութիւնը կը կոչուի «քին-ցուկի» կամ «քինցուկուրոի», որ կը թարգմանուի՝ «ոսկիով նորոգել» կամ «ոսկէ կարկտան»: Ճաբոնական այս դարաւոր սովորոյթին ժամանակ կը գործածուի թանկարժէք մետաղ՝ հեղուկ ոսկի, հեղուկ արծաթ կամ ոսկիի փոշիին եւ ջնարակին խառնուրդը՝ միացնելու համար կոտրուած մասերը եւ միեւնոյն ժամանակ, բարձրացնելու իրին արժէքը: Որպէս փիլիսոփայութիւն, այս արուեստը կ՚ընդունի առարկայի մը կոտրիլը եւ ապա նորոգուիլը իբրեւ անոր պատմութեան մէկ մասը, այլ ոչ թէ բան մը, որ անհրաժեշտ է քօղարկել: Սակայն քին-ցուկին աւելին է, քան միայն հին եւ թանկարժէք իրի վերանորոգում: Այս փորձառութինը կը սորվեցնէ նոյն ձեւով վերաբերիլ ոչ միայն իրերուն, այլեւ առօրեայ կեանքի ընթացքին մարդոց ուղեկցող խնդիրներուն եւ կը սորվեցնէ, թէ ինչպէ՛ս թերութիւնները դարձնել արժանիքներ: Սովորաբար վերջնական արդիւնքը աւելի գեղեցիկ կ՚ըլլայ, քան՝ նախկին իրը, քանի որ նորոգողները, բացի թանկարժէք հեղուկներ գործածելէ, նաեւ վարպետութիւն եւ ոգի կը հաղորդեն գործին:

Ոսկէ կարկտան անունով այս աւանդոյթը մաս կը կազմէ ճաբոնական վապի-սապի փիլիսոփայութեան, որ գեղեցկութիւն կը փնտռէ աշխարհի անկատարութեան մէջ: Վապի-սապի իմաստասիրութիւնը միաժամանակ կը վարժեցնէ խուսափիլ աւելորդ թափօններու յառաջացումէն: Այս գաղափարը տարածուած է ամբողջ Ճաբոնի մէջ, ահա թէ ինչու հոն դժուար է գընել աւելցուք մը, որ վնաս կը հասցնէ բնութեան:

Քին-ցուկիի արուեստը ունի աւելի քան 500 տարուան պատմութիւն։ Ծագած է 15-րդ դարու վերջաւորութեան։ Աւանդութեան համաձայն, Ճաբոնի կառավարիչներէն՝ սիոկուններէն մէկը` Աշիքակա Եոշիմասան, կոտրած է իր սիրած թէյի բաժակը, վերանորոգման համար զայն ղրկած են Չինաստան։ Բաժակը կը վերանորոգեն մետաղեայ ամրակներու օգնութեամբ, եւ անիկա կը կորսնցնէ իր նախնական գեղեցկութիւնը։ Շոկունը գոհ չի մնար աշխատանքէն։ Ան իր քով կը կանչէ ճաբոնցի արհեստաւորներէն մէկը եւ կը հրամայէ բաժակին աւելի գեղագիտական լուծում մը տալ: Այսպէս կը ծնի քին-ցուկին։

Ճաբոնական բազմաթիւ արուեստներ, ներառեալ քին-ցուկին, կը փորձեն բացայայտել մեզ շրջապատող աշխարհի գեղեցկութիւնը եւ ցուցադրել անոր պարզութիւնը։

Ընդհանրացնելով ճաբոնցիներու գեղեցկութեան ընկալումը, անիկա կարելի է այսպէս ձեւակերպել. «Ոչինչ յաւերժ է, ոչինչ կատարեալ է եւ ոչինչ աւարտուն է...»:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

(Նիւթերը տրամադրած է Հայաստանի մօտ Ճաբոնի դեսպանատունը)

Հինգշաբթի, Յուլիս 30, 2020