ՏՈՒՆՍ Կ՚ՈՒԶԵՄ

Իմ հասցէն՝ Արցախ է,

Իմ անունը՝  հայ:

Ուրիշ տեղ ես պանդուխտ եմ, թափառական. լաւագոյն պարագային՝ զբօսաշրջիկ: Օտարի հողը իմը չէ: Ինչպէս մեծն բանաստեղծ Համօ Սահեանը կ՚ըսէ.

Ախր ես ինչպէ՛ս վեր կենամ գնամ,
Ախր ես ինչպէ՞ս ուրիշ տեղ մնամ...
Ախր ուրիշ տեղ
Սեփական բախտից խռովել չկայ...
Ախր ուրիշ տեղ
Ամէն մի քարից, առուից, ակօսից,
Իմ աչքերով իմ աչքերին նայող
Մանկութիւն չկայ...
Ախր ես ինչպէ՞ս վեր կենամ գնամ,
Ախր ես ինչպէ՞ս ուրիշ տեղ մնամ,
Ախր ես ինչպէ՞ս ապրեմ առանց ինձ:

Երկրորդ հայրենիք գոյութիւն չունի, իւրաքանչիւր մարդ ունի հայրենիք մը եւ տուն. անհայրենիք, անհասցէ ծնածներ չկան:

Այո՛, կրնաս շատ հարուստ ըլլալ եւ բազմաթիւ տուներ ունենալ, սակայն հոգիդ կը բնակի մէկ հատին մէջ: Օրինակ ես, այժմ կը բնակիմ Երեւան, սակայն հոգիս այնտեղ է՝ սարերէն անդին մեծ հօրս ձեռքերով կառուցած տան մէջ, ուր խնամքով պահուած են իմ յիշատակները: Այդ տան պատերէն կը հոտի իմ մանկութիւնը, այնտեղ ես Արեւիկն եմ, իսկ այստեղ... տակաւին չեմ պարզած:

Ակամայ կը թուի, թէ հայրենիքիս մէջ եմ, ինձմէ բախտաւորը պէտք չէ որ ըլլայ... Այսուհետ իմ հողի ու ջուրի մէջ պիտի անցնին տարիներս: Այստեղ ո՛չ մէկը կրնայ ինծի նայիլ խեթ աչքով, չէ՞ որ այստեղ ես եմ տէրը իմ երկրի:

Յիրաւի, Հայաստան իմ հայրենիքն է, սակայն այժմ ես իմ հայրենիքի մէջ իմ բնօրրանէն քանի մը հարիւր քիլօմեթր անդին կը բնակիմ. հոգիս Ստեփանակերտ, ես՝ Երեւան:

Որդեգրելով հայու ճակատագիրը, ի տարբերութիւն իմ միլիոնաւոր ազգակիցներու, ես ցիրուցան եղած եմ հայրենիքիս մէջ: Այլեւս սովորութեան վերածած եմ ապրիլ կարօտով: Ամէն վայրկեան կը կարօտնամ Արցախս: Թագաժահրի համավարակի արգելքներով սահմանները փակ ըլլալու պատճառաւ անկարող եմ կարօտս յագեցնելու:

Թէ ինչո՞ւ արհեստական արգելքներ կը ստեղծեմ ինքզինքիս համար, ես ալ չեմ գիտեր: Ախր ո՞վ կը բռնէ իմ ձեռքը, ինչո՞ւ չորս տարուայ տարագրութենէ վերջ հաստատուեցայ Երեւան, այլ ոչ Ստեփանակերտ: Չէ՞ որ ես միշտ այնտեղ եմ՝ մեր տանը, մեր պարտէզին մէջ: Ինչո՞ւ կը սիրեմ ապրիլ կիսկատար...

-Արեւի՛կ, վեր կաց ու գնայ:

-Չեմ կրնար, անցակէտը փակ է:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յուլիս 30, 2020