ԳՐԵԼ, ԹԷ ՉԳՐԵԼ...

Վերջերս, բարեկամներէս մէկը, անմեղօրէն ինծի հարցուցած էր, թէ «ի՞նչ կ՚ընէի» այս օրերուն:

-Գրել-կարդալով կը զբաղուիմ.- համեստօրէն պատասխանած էի:

-Ինչո՞ւ, յանկարծ ընդմիջած էր. արդեօք այնքան հայերէն կարդացողնե՞ր կային: Լաւ գիտես, որ հայերէն թերթ կամ գիրք ընթերցողներուն թիւը, մանաւանդ արեւմտահայերուս մօտ, զգալիօրէն նուազած է։

-Այո՛, ըսած էի արագ մը, գիտեմ այդ մէկը:

-Լաւ… ուրեմն ինչո՞ւ կը գրես:

-Գիտեմ, կրկնած էի վշտոտ ձայնով, հաստատ գիտեմ, որ հայերէն կարդացողներուն թիւը ո՛չ միայն նուազած է, այլ՝ նօսրացած: Բայց գիտեմ նաեւ, որ կայ մէկը, որ ամէն օր հայերէնով կ՚արթննայ, հայերէնով կ՚արտայայտուի, հայերէնով կ՚աղօթէ, հայերէնով կը սնանի ու կ՚ապրի, նոյնիսկ հայերէնով կը հայհոյէ, հայերէնով սիրած է եւ տակաւին կը սիրէ, ու աւելին՝ հայերէնով կը խնդայ եւ կը խօսի: Անոր համար է, որ իբրեւ սրտի մտքի ու հոգիի պարտք, կը գրեմ։

-Իսկ, ո՞վ է այդ խենթը,- հարցուցած էր խօսակիցս:

-Ե՛ս եմ. պատասխանած էի: Ե՛ս: Եթէ նոյնիսկ անձս դառնայ տողերուս կամ էջերուս միակ ընթերցողը, պիտի շարունակեմ գրել, ե՛ս ինծի համար, ի՛մ ընթերցող անհատիս համար, հայերէնով գրելու պապա՛կս գոհացնելու համար: Ու մի՛ զարմանար, յաճախ ես ինծի հարց կու տամ, թէ առանց այս գիրերուն եւ բառերուն, ես ինչպէ՞ս պիտի կարենայի ճանչնալ ինքզինքս, ինչպէ՞ս պիտի կարենայի արտայայտել լացերս, սէրերս, ուրախութիւնս։

Անկեղծօրէն, բան մը արդարացնելու ճիգ մը չէ՛ այս մէկը, ոչ ալ ինքնագովութիւն: Երբե՛ք:

Նաեւ ըսեմ, որ յստակ, պարզ եւ նոյնքան ալ ցաւալի իրողութիւն է, որ հայ մարդիկ դժուար եւ կամ քիչ կը կարդան եւ այս մէկուն յանցանքը համակարգիչին վրայ կը բեռցնեն: Վկայ, հայկական օրաթերթերու, շաբաթերթերու եւ կամ գրական պարբերաթերթերու տպագրական քանակը: Իսկ աւելին, այսօր ամէն տեղ, հայեր, աշակերտ կամ ծնողք, խմբապետ կամ ղեկավար, դժբախտաբար ո՛չ հայերէն կը խօսին, ո՛չ կը կարդան եւ ո՛չ ալ կը գրեն։ Այս ընթացքով, հայերէն իմացող սերունդը կամաց-կամաց պիտի սկսի նօսրանալ։ Անկասկած՝ գիտակցութեան հասունութիւն է պէտք, ուրիշ շատ մը «պէտք է»ներու կողքին: Եւ տակաւին՝ ամիսներ առաջ Արցախի վերջին պատերազմը, քորոնաժահրին ներկայութեան հետ եկաւ ու իր կարմիր գրիչը ձեռքին, մեր պատմութեան էջերը լեցուց, ամօթալի, մահացու, անվայել եւ վիրաւորական տողերով, որոնք պատճառ դարձան, որ մեր երազներն ալ խորտակուին: Քանդուին: Ամէն ինչ, խառնակ վիճակ: Մռայլ եւ յաճախ ալ ամեհի: Մենք ալ, ի տես այս բոլորին, ազգովին շուարած նայեցանք մեր ճակատագրի աչքերուն: Ու մինչեւ այսօր տակաւին չենք կրցած գտնել մեր գոյութեան ռիթմը: Ինչ որ կեանք կ՚ըսէինք եւ կ՚ապրէինք, խորքին մէջ հակասական է «եղեր» ու մենք «չէինք գիտցած»:

Թէեւ օրին, այս բոլորի մասին շատ «խօսուեց»..., բայց, ըսեմ, որ ասոնք ուրիշ հարցեր են: Ինծի համար հիմա էականը, այդ բարեկամիս հարցումն է.-

Գրե՛լ, թէ՛ չգրել...: Կարծիք տա՞լ, թէ ոչ՝ պահել...: «Խօսի՛լ»... թէ ոչ՝ «չխօսիլ»...:

-Լա՛ւ, շատ լաւ,- կ՚ըսեմ,- գրել...: Բայց, ի՞նչ գրել: Որո՞ւ համար գրել, երբ կարդացող չկայ եւ կամ չեն ուզեր կարդալ: Ի՞նչ կամ ինչերո՞ւ մասին արտայայտուիլ, երբ յանկարծ մարդիկ իրականութենէն կը խրտչին ու քեզի թշնամի կը դառնան: Անձնակա՞ն: Ընտանեկա՞ն: Ազգայի՞ն: Գաղութայի՞ն, ընկերայի՞ն հարցերու մասին...: Վրաս գրէ՛:

Երկար ատենէ ի վեր, եւ գրեթէ ամէն առիթներով, բոլոր հայ գրիչներու հետ եւ նման, ես ալ շատ արտայայտուած եւ անդրադարձած եմ սփիւռքեան եւ հայրենի մեր զանազան եւ տեսակաւոր ցաւերուն, ուրախութիւններուն, յաջողութիւններուն մասին: Բոլորին նման մատնանշումներով եւ օրինակներով համեմուած տողերով համեստօրէն, թելադրանքներ կատարած:

Այս առթիւ, իմ ջերմ ու անկեղծ եւ արդար գնահատանքը՝ բոլոր մեր «գրիչներուն»։ Ապրին:

Սակայն, ո՞վ կրնայ ըսել, թէ այդ բոլոր տողերը հասած են մեր ընթերցողներուն: Բացառութիւններու մասին չէ խօսքս: Անոնք, իբրեւ հաւատարիմ ընթերցողներ, իրենց արդար եւ գնահատելի տեղը ունին եւ միշտ ալ ունեցած են բոլոր հայ «գրիչներուն» կողմէ՝ անկասկած:

Որովհետեւ, կը հաւատանք, որ նման մտածումներ, պատգամներ, թելադրանքներ եւ ուղղութիւններ եթէ լոյսին չբերուին, եթէ չմտածուին զայն ընթերցողին յանձնելու մասին, ուրեմն անիմաստ պիտի ըլլայ մտածող միտքերու գրաւոր խոնջէնքը: Ժամանակի վատնում: Մսխում:

Նաեւ աւելցնեմ, որ իբրեւ հայ գրողներ, բոլորս ալ գիրէն, գիրքէն եւ գրականութենէն դուրս փնտռած ենք կեանքը, եւ մեր իսկ կեանքին մէջ՝ գիրն ու գիրքը։ Նոյնիսկ, ամէն «բան» փորձած ենք հայացնել: Անոր համար, հայացուցած ենք նաեւ կեանքի իմաստը:

Այլ խօսքով՝ հայկականութիւն ստեղծած: Իսկ մեր օրերուն, ամէն տեղ եւ առանց բացառութեան, զգացած ենք անմիջական պահանջքը ստեղծագործ միտքերու եւ մանաւանդ՝ կամքերու: Նաեւ էականութիւնը բոլոր այն ստեղծագործ բազուկներուն, որոնք յաւելեալ ճիգ, զոհողութիւն ու նուիրում կրնան ցուցաբերել, գործի կամ աշխատանքի յաջողութեան:

Ու այս բոլոր մտածումները մեր տողերով միշտ կը շեփորենք, որովհետեւ, համոզուած ենք, որ եթէ երբեք գրողին մօտ իր ստեղծագործութեան թափը կասի, այն ատեն կը սկսի հայ մեր մշակոյթի ճահճացումը: Ճիշդ է. կեանքը նիւթականացած է: Բայց նաեւ իրականութիւն է, որ դրամը ամէն ինչ չէ, եւ թէ մշակոյթ ըսուածը նիւթականէն վեր ուրիշ վեհ ու նոյնքան սրբազան բան մըն ալ է:

Եւ ի տես այս իրականութեան, յաճախ երկար կը մտածեմ մեր լեզուի ճակատագրին մասին, գիրին եւ գրականութեան մասին, ու ինչ մեղքս պահեմ, երակներէս վեր վախ մը կը սկսի սողալ: Սփիւռքի զաւակ ըլլալով, կը զգամ, որ սփիւռքը ամէն օր հոգեվարքի մէջ է: Այսօր ամէն բանէ աւելի հոգեկան կարիքը կայ սփիւռքի կեանքը ջերմացնելու: Որովհետեւ, ինչ որ ալ ընենք, չենք կրնար օտարացումի առաջքը առնել: Անոր համար մշակոյթի ճամբուն կը դիմնենք:

Կեանքին եւ նպատակին հանդէպ լաւատեսութիւն ունենալը, մեծ բարենիշ մըն է, ըսած ու կրկնած են մեր ուսուցիչներն ու դասատուները: Բոլորս ալ կը հաւատանք, որ մեր լեզուն մեր տունն է, մեր աղօթքն է, մեր հայրենիքն է, լոյսն է եւ յոյսն է։ Հաստատապէս, ձրի գովասանքի ցեխին մէջ մխրճուող մը չեմ, եւ չեմ ալ ուզեր ըլլալ։

Գրել, թէ ո՛չ չգրել...: Ես պիտի շարունակեմ: Համոզումի հարց է: Հաւատա՛ք, կամ ո՛չ, ես, ա՛յս եմ..., ինչպէս որ կա՛մ։

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

bedig43@aol.com

Ուրբաթ, Յուլիս 30, 2021