ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րեւմ­տեան Թե­մէն ներս կրթա­դաս­տիա­րակ­չա­կան ծրագ­րե­րը յա­ռաջ կը տա­րուին թա­փով։ Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Յով­նան Արք. Տէր­տէ­րեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ կրթա­կան մշակ­նե­րու հետ կը ծա­ւա­լուի բազ­մա­կող­մա­նի գոր­ծու­նէու­թիւն։ Պըր­պեն­քի Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ վեր­ջերս Ա­րեւմ­տեան Թե­մէն ներս տե­ղի ու­նե­ցան՝ ու­սու­ցիչ­նե­րու վե­րա­պատ­րաստ­ման տա­րե­կան հա­մա­ժո­ղո­վը եւ Քրիս­տո­նէա­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան խոր­հուր­դի կի­րակ­նօ­րեայ դպրո­ցի վե­րա­մու­տի աշ­խա­տա­նիս­տը։ Ըստ Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի դի­ւա­նի հա­ղոր­դագ­րու­թեան, Տ. Յով­նան Արք. Տէր­տէ­րեա­նի նա­խա­գա­հու­թեամբ եւ օրհ­նու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ Թե­մի շա­բա­թօ­րեայ վար­ժա­րան­նե­րու ու­սու­ցիչ­նե­րու վե­րա­պատ­րաստ­ման տա­րե­կան դա­սըն­թա­ցը:

Կազ­մա­կեր­պող յանձ­նա­խում­բի պա­տաս­խա­նա­տու՝ բա­զում տա­րի­նե­րու փոր­ձա­ռու­թիւն ու­նե­ցող մա­նակ­վարժ Տքթ. Էլ­լի Անդ­րէա­սեա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, այս տա­րուան դա­սա­խօ­սու­թիւն­նե­րուն նիւ­թը նուի­րուած էր «Հայ ինք­նու­թեա­ն» խնդիր­նե­րուն:

Բաց­ման եւ օրհ­նու­թեան խօս­քին մէջ Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զան Հայ­րը իր մտո­րոմ­նե­րը շա­ղա­խեց Ե­րա­նաշ­նորհ Տ. Տ. Վազ­գէն Ա. Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սի ազ­գա­յին ինք­նու­թեան դի­պուկ բնո­րո­շում­նե­րուն, ո­րոնք այ­սօր ալ կը շա­րու­նա­կուին ըլ­լալ իւ­րօ­րի­նակ ու­ղե­գի­ծը եւ լու­սա­ւոր փա­րո­սը մեր յա­րա­տեւ պայ­քա­րին:

Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զան Հայ­րը ման­րա­մաս­նու­թեամբ խօ­սե­ցաւ ինք­նու­թեան մա­սին: Ստո­րեւ ամ­բող­ջու­թեամբ կը ներ­կա­յաց­նենք Սրբա­զան Հօր սրտի խօս­քը այս կա­րե­ւոր նիւ­թի մա­սին:

ԻՆՔ­ՆՈՒ­ԹԻՒՆ

Ինք­նու­թիւ­նը չա­փա­զանց կա­րե­ւոր դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նի իւ­րա­քան­չիւ­րիս կեան­քին մէջ: Ինք­նու­թիւ­նը պայ­մա­նա­ւո­րուած է պատ­կա­նե­լիու­թեամ­բը մեր ազ­գա­յին ա­կունք­նե­րուն, պատ­մու­թեան, մշա­կոյ­թին, լե­զուին եւ ար­ժէք­նե­րուն: Նոր ժա­մա­նակ­նե­րու պայ­ման­նե­րուն մէջ կը թուէր, թէ աշ­խար­հը հետզ­հե­տէ կրնար կորսնց­նել գէթ զօ­րեղ կեր­պով ինք­նու­թեան ո­րո­շիչ դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը: Բայց ի­րա­կա­նու­թիւ­նը այլ է այ­սօր, մար­դը դժուար թէ կա­րո­ղա­նայ իր գո­յութ­ե­նա­կա­նու­թիւ­նը ա­պա­հո­վել ա­ռանց այն բաղ­կա­ցու­ցիչ­նե­րուն, ո­րոնք կը բա­ցատ­րեն իր պատ­կա­նե­լիու­թիւ­նը:

Ինք­նու­թիւ­նը ազ­գե­րու կեան­քին մէջ կը բե­րէ նաեւ զա­նա­զա­նու­թեան գե­ղեց­կու­թիւ­նը: Չէ՞ որ բնու­թիւնն ալ տե­սա­կէ­տով մը հրա­պու­րող է իր զա­նա­զա­նու­թեամբ:

Հայ ու­սուց­չին կամ դաս­տիա­րա­կին ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը մեր ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քին մէջ ա­ռաջ­նա­հեր­թա­յին նշա­նա­կու­թիւն ու­նի, ո­րով­հե­տեւ ա­նոնց վստա­հուած է ազ­գին նո­րա­հաս սե­րուն­դին դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը, որ­պէս­զի մա­նու­կին ու պա­տա­նիին հո­գեմ­տա­ւոր կեան­քին մէջ խմո­րուի ու մշա­կուի իր հա­յե­ցի ինք­նու­թիւ­նը՝ պայ­մա­նա­ւո­րուած այն բո­լոր ար­ժէք­նե­րու ձեռք­բե­րու­մո­վը, ո­րոնք անհ­րա­ժեշտ են պահ­պա­նե­լու հա­մար գո­յու­թե­նա­կա­նու­թիւ­նը մեր ազ­գին: Այս հան­գա­ման­քը կը վե­րա­բե­րի անխ­տիր բո­լո­րին, ի Հա­յաս­տան եւ ի մաս­նա­ւո­րի ար­տաշ­խարհ ապ­րող հա­յու­թեան հա­մար:

Ինչ­պէ՞ս կա­րե­լի է չկա­րե­ւո­րել ինք­նու­թեան հան­գա­ման­քը, ե­թէ կ­­՚ու­զենք ներ­կա­յա­նալ որ­պէս հայ: Հաս­տա­տա­պէս այս կա­րե­ւոր ա­ռա­քե­լու­թեան գլուխն է ան­ցած Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան մեր Մայր Սուրբ Ե­կե­ղե­ցին եւ Ե­կե­ղեց­ւոյ պատ­մու­թիւնն ալ կը պատ­գա­մէ մե­զի այն ճշմար­տու­թիւ­նը եւ պատ­մու­թեան ո­լորտ­նե­րը եւ ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րը ձեւ ու կեր­պա­րանք են ա­ռած ե­կե­ղեց­ւոյ կեան­քին մէջ եւ հա­ղոր­դուած մեր ազ­գի զա­ւա­կաց: Ա­հա­ւա­սիկ այդ իսկ պատ­ճա­ռով ալ մեր Սուրբ Ե­կե­ղե­ցին ար­դա­րօ­րէն իր ժո­ղո­վուր­դէն ստա­ցած է «Մայր դաս­տիա­րա­կ­»ի տիտ­ղո­սը:

Մեր խօս­քին շեշ­տը ուղ­ղա­կի ուղ­ղուած է ու­սուց­չին եւ դաս­տիա­րա­կին, ո­րուն ալ վստա­հուած է ինք­նու­թեան գի­տակ­ցու­թիւ­նը հա­ղոր­դե­լու պար­տա­կա­նու­թիւ­նը մա­նու­կին ու պա­տա­նիին: Ու­րեմն, այդ բա­րի ա­ռա­քե­լու­թեան ու նպա­տա­կին մէջ յա­ջո­ղու­թիւն ար­ձա­նագ­րե­լու հա­մար մենք մե­զի ա­ռի­թը պի­տի ըն­ծա­յենք ինք­նաքն­նու­թեան ու պատ­րաս­տու­թեան նոր շրջա­նի մը, ի նկա­տի ու­նե­նա­լով ժա­մա­նա­կին պա­հանջ­նե­րը:

Ինչ­քան աշ­խա­տու­թիւն­ներ ալ կան այս նպա­տա­կով հրա­պա­րա­կուած, ո­րոնք օգ­տա­շատ են մեր գա­ղա­փա­րա­կան կեան­քը ա­ռա­ւել ամ­րաց­նե­լու հա­մար ազ­գա­յին ու ե­կե­ղե­ցա­կան գի­տակ­ցու­թիւն ձեռք­բե­րե­լու տե­սան­կիւ­նէն դի­տուած:

Բո­լո­րիս հա­մար անխ­տիր, հո­գե­ւո­րա­կան թէ ու­սու­ցիչ եւ կեան­քի բո­լոր տե­սա­կի բնա­գա­ւառ­նե­րու մէջ գոր­ծող մարդ­կանց հա­մար եւս ան­կաս­կած, վե­րա­պատ­րաս­տու­թիւ­նը էա­կան է եւ վճռո­րոշ դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նի:

Յի­շենք Մեծ Վար­դա­պե­տին խօս­քը.

«Յա­մե­նայն ժամ ու­սա­նիմ եւ ի գի­տու­թիւն ճշմար­տու­թեան ո՛չ հա­սա­նի­մ»:

Հե­տե­ւա­բար ճշմա­րիտ ու­սու­ցիչ եւ դաս­տիա­րակ դառ­նա­լու հա­մար էա­կան է մշտա­պէս ա­շա­կեր­տի կեր­պա­րի մէջ մնալ: Ու­րեմն, կո­չուած ենք դառ­նա­լու ճար­տա­րա­պե­տը մա­տաղ սե­րուն­դի հո­գին մշա­կե­լու ու ա­նոր էու­թեա­նը մէջ հաս­տա­տե­լու ինք­նու­թիւն, որն աս­տուա­ծա­յին մե­ծա­գոյն պա­տիւ մըն է:

ՄԻՒՍ Ե­ԼՈՅԹ­ՆԵ­ՐԸ

Թե­մի Քրիս­տո­նէա­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու՝ Մաշ­տոց Չօ­պա­նեան անդ­րա­դար­ձաւ ազ­գա­յին ինք­նու­թեան հար­ցե­րուն՝ զա­նոնք հա­մադ­րե­լով կրօ­նա­կան, աս­տուա­ծա­բա­նա­կան եւ բա­րո­յա­կան չա­փա­նիշ­նե­րուն:

Նշա­նա­ւոր գիտ­նա­կան՝ Փրոֆ. Կա­րօ Մոմ­ճեա­նի դա­սա­խօ­սու­թեան նիւթն էր «Հա­յոց պատ­մու­թիւ­ն» ա­ռար­կա­յի դա­սա­ւանդ­ման դե­րը հա­յուն ինք­նու­թիւ­նը գոր­ծին մէջ: Բա­նա­խօ­սը ա­ռաջ­նոր­դուե­լով ա­րիս­տո­տէ­լեան յայտ­նի սկզբուն­քով, հա­ճե­լի երկ­խօ­սու­թիւն սկսաւ ներ­կա­նե­րուն հետ եւ զա­նոնք ա­ռաջ­նոր­դեց պատ­մա­կան ան­ցեա­լի եւ ներ­կա­յի ազ­գա­յին ինք­նու­թեան եւ լի­նե­լու­թեան հանգ­րուան­նե­րով՝ միա­ժա­մա­նակ կա­րե­ւո­րե­լով հա­մաշ­խար­հա­յին փոր­ձը եւ ար­դի մօ­տե­ցում­նե­րը:

Աշ­խա­տա­նիս­տի վեր­ջին բա­նա­խօսն էր Տքթ. Էլ­լի Անդ­րէա­սեան, որ ամ­փո­փեց օ­րուան նիւ­թը՝ զու­գա­հե­ռե­լով գործ­նա­կան, խմբա­յին աշ­խա­տան­քով, հարց ու պա­տաս­խան­նե­րով:

Հա­մա­ժո­ղո­վի վեր­ջա­ւո­րու­թեան, Թե­մի տար­բեր շրջան­նե­րէն ժա­մա­նած ա­ւե­լի քան յի­սուն ման­կա­վարժ­նե­րուն իր բա­րե­մաղ­թու­թիւն­նե­րը փո­խան­ցեց եւ հա­մա­ժո­ղո­վը ա­ղօթ­քով փա­կեց Ա­ռաջ­նոր­դա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ եւ Շա­բա­թօ­րեայ վար­ժա­րան­նե­րու հո­գա­բար­ձու­թեան վե­րա­տե­սուչ Տ. Բագ­րատ Ծ. Վրդ. Պեր­ճէ­քեան: Հայր Սուր­բը ներ­կա­նե­րուն փո­խան­ցեց նաեւ Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զան Հօր հե­ղի­նա­կած վեր­ջին հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րը:

Կը սկսի ու­սում­նա­կան նոր տա­րին: Ու­սու­ցիչ­նե­րը խան­դա­վա­ռու­թեամբ եւ հո­գե­ւոր ցնծու­թեամբ լե­ցուած կը սկսին ի­րենց ազ­գա­նուէր ծա­ռա­յու­թեան՝ մեր զա­ւակ­նե­րուն հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թեան, ազ­գա­յին ինք­նու­թեան պահ­պան­ման եւ Թոր­գո­մեան ազ­գի յա­րա­տե­ւու­թեան:

ՎԵ­ՐԱ­ՄՈՒ­ՏԻ ԱՇ­ԽԱ­ՏԱ­ՆԻՍՏ

Բաց աս­տի, Ա­րեւմ­տեան Թե­մի հո­գե­ւոր հո­վիւ­նե­րը, կի­րակ­նօ­րեայ դպրոց­նե­րու վե­րա­կա­ցու­ներ, ու­սու­ցիչ­ներ, ծնող­ներ, ծխա­կան խոր­հուր­դի ան­դամ­ներ եւ այլ գոր­ծիչ­ներ, ո­րոնք կ՚օ­ժան­դա­կեն եւ զօ­րա­վիգ կը կանգ­նին կի­րակ­նօ­րեայ դպրոց­նե­րու ծրա­գիր­նե­րուն, հա­ւա­քուեան Ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ Սրբոց Ղե­ւոն­դեանց Մայր տա­ճա­րի հո­վա­նիին տակ՝ վե­րա­մու­տի սե­մին մաս­նակ­ցե­լու հա­մար Քրիս­տո­նէա­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան խոր­հուր­դին կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած աշ­խա­տա­նիս­տին: Աշ­խա­տան­քը սկսաւ հե­տե­ւեալ բնա­բա­նի բա­ցատ­րու­թեամբ.

«ԲԱՐՁ­ՐԱ­ՑԻՐ ԲՈ­ԼՈՐ ԼԵՌ­ՆԵ­ՐԸ՝  ՆՈ­ՒԱ­ՃԵ­ԼՈՎ Ա­ՒԵ­ԼԻ ԲԱՐՁՐ ԼԵՌ­ՆԵ­Ր»

Որ­պէս քրիս­տո­նեա­ներ, իւ­րա­քան­չիւր օր մենք կը դի­մագ­րա­ւենք բարձ­րա­նա­լու լեռ­ներ: Յատ­կա­պէս մեր զա­ւակ­նե­րը կը դի­մագ­րա­ւեն «լեռ­նե­ր», ինչ­պէս թմրե­ցու­ցիչ­նե­րու, ալ­քո­­լա­մո­լու­թեան, վա­տա­բա­նու­թեան եւ ա­տե­լու­թեան:  Որ­պէս քրիս­տո­նեա­ներ, Աս­տու­ծոյ օգ­նու­թեամբ կը յաղ­թա­հա­րենք այս բո­լոր դժուա­րու­թիւն­նե­րը: Ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մեր փոք­րիկ­նե­րուն կ­­՚ու­սու­ցուի տագ­նա­պա­լի օ­րե­րուն դառ­նալ Աս­տու­ծոյ եւ յի­շել, թէ Քրիս­տոս ինչ կը սոր­վեց­նէր ա­նոնց դժուա­րին վայր­կեան­նե­րուն: Իւ­րա­քան­չիւր ան­գամ, որ մենք կը դառ­նանք Աս­տու­ծոյ, քիչ մը ա­ւե­լի վեր կը մագլ­ցինք լե­րան վրայ՝ Ի­րեն ա­ւե­լի մօտ հաս­նե­լու: Աս­տուած լեռ­նե­րը կը դնէ մեր առ­ջեւ յա­տուկ պատ­ճա­ռով, սա­կայն Ան նոյն ա­տեն մե­զի կը հայ­թայ­թէ մի­ջոց­նե­րը՝ որ­պէս­զի կա­րե­նանք յա­ջո­ղու­թեամբ մագլ­ցիլ: Այս մի­ջոց­նե­րը մե­զի կը հաս­նին Սուրբ Գիր­քով, հա­ւատ­քով եւ կի­րակ­նօ­րեայ դպրո­ցով: Մեր ե­կե­ղեց­ւոյ դպրո­ցին նպա­տակն է ու­սա­նող­նե­րուն տրան­մադ­րել հի­մե­րը քրիս­տո­նէա­կան բա­րո­յա­կան ար­ժէք­նե­րուն, ինչ որ ի­րենք պի­տի կրեն բարձ­րա­նա­լու հա­մար այս լեռ­նե­րուն վրայ՝ ի­րենց ամ­բողջ կեան­քի ըն­թաց­քին:

Բա­ցի լեռ­ներ մագլ­ցե­լէ, այս տա­րի մեր փոք­րիկ­նե­րը «պի­տի նուա­ճեն նոր եւ ա­ւե­լի բարձր լեռ­նե­ր»: Կա­րե­ւոր է, որ իւ­րա­քան­չիւր կի­րակ­նօ­րեայ դպրո­ցի ա­շա­կերտ զօ­րա­ւոր կեր­պով ըմբռ­նէ, թէ ի՞նչ է կը նշա­նա­կէ «հա­յ» ըլ­լալ: Մենք ի յայտ պի­տի բե­րենք ո­գե­ւո­րիչ մի­ջոց­ներ՝ տօ­նախմ­բե­լու հա­մար այս յա­տուկ մշա­կոյ­թը, որ ա­պա­գայ սե­րունդ­նե­րը հպար­տու­թեամբ պի­տի պահ­պա­նեն ա­նոր բա­ցա­ռիկ սո­վո­րու­թիւն­ներն ու ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը:

Ներ­կա­յա­ցու­ցաւ նաեւ Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ  Տ. Յով­նան Ար­ք. Տէր­տէ­րեա­նին պատ­գա­մը անգ­լե­րէն լե­զուով:

Աշ­խա­տա­նիս­տի խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րուն մաս կազ­մե­ցին դպրո­ցի դա­սա­գիր­քե­րը, բա­ժա­նու­մը այս տա­րուան դպրո­ցի օ­րա­ցոյ­ցի ծնող­նե­րուն եւ յատ­կա­պէս պատ­րաս­տուած շա­բա­թա­կան օ­րա­ցոյ­ցը ու­ցու­ցիչ­նե­րուն՝ գոր­ծա­ծե­լու հա­մար իւ­րա­քան­չիւր Կի­րա­կի, ինչ­պէս նաեւ շա­բա­թա­կան հա­ղոր­դագ­րու­թիւն  «ի-մէյ­լ­»ի մի­ջո­ցաւ պի­տի ա­ռա­քուին յա­ւե­լեալ դա­սա­րա­նա­յին դա­սեր կրօ­նի, մշա­կոյ­թի, ե­րաժշ­տու­թեան եւ Սուրբ Պա­տա­րա­գի մա­սին: Բո­լորս ան­համ­բեր կը սպսաենք մեր փոք­րիկ­նե­րը տես­նել կի­րակ­նօ­րեայ դպրո­ցի մէջ Սեպ­տեմ­բե­րի 11-ին: Այդ պի­տի ըլ­լայ դպրո­ցի միու­թեան տա­րի մը եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն՝ Թե­մի ամ­բողջ տա­րած­քին եւ մենք բո­լորս ո­գե­ւո­րու­թեամբ կը պատ­րաս­տուինք դի­մագ­րա­ւել եւ յաղ­թա­հա­րել ստեղ­ծուած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 30, 2016