ՃԱՄԲԱՐԱԿԱՆԸ
-Ես քիւրտ եմ. Քիւրտիստանէն եկած եմ:
Կ՚ըսէ երիտասարդութեան սեմին կանգնած տասնվեցամեայ պատանին:
Յանցա՞նք, որո՞ւն մեղադրել, որո՞ւն վրայ բարդել յանցանքը ինքնութեան աղաւաղումին: Ընտանիքին նահապետը առեւանգումէն փրկելու համար մինչեւ վերջին լուման ծախսող ծնողի՞ն, թէ՝ պատերազմին, որ դաժանօրէն խլեց կեանքեր ու տակաւին...: Ի՞նչ ընէր մանուկը, որ ինքզինք գտաւ Քիւրտիստանի մէջ, հոն տեսաւ ամէն ինչ, հոն բացաւ գոց աչքը՝ շրջապատուած քիւրտերով...:
-Այս երգը քիւրտերէն է:
Ըսաւ ան նորէն, երբ ուսուցիչը կը փորձէր ազգային պատկերներով, մեղեդիներով դրոշմներ յառաջացնել պատանիին մէջ, երբ կը ծանօթացնէր Կոմիտասը ու երգացանկին յաջորդականութեան մէջ կը հնչեցնէր անոր ստեղծած մեղեդիները՝ Ս. Պատարագէն հատուածներ, ժողովրդական երգերու հնչիւններ, ...ու Տլէեամանին կանգ կ՚առնէ պատանին, լսուած քրտերէն հնչիւնի մը հարազատութիւնը զգալով: Ո՞վ է մեղաւոր...:
Կ՚անցնին օրեր, պահեր, պատանին կը լսէ իրեն հետ եկող նոյն միջավայրի իր ընկերներուն թոթովանքը այբուբենին կցուած՝ այբ՝ ազգ, բեն՝ բանակ, գիմ՝ գոյութիւն, դա՝ դրօշակ, եչ՝ երկիր, զա՝ զինուոր..., ինի՝ ինքնութիւն, ծա՝ Ծաղկաձոր, հո՝ հայերէն, հայրենիք, Հայաստան, ճէ՝ ճամբար... ու շուրջը կը նայի պահ մը, դասարաններուն մէջ իրեն նման աշխարհի տարբեր երկիրներէն տարեկիցներ համախմբուած կը տեսնէ, բոլորը կը լսեն հայերէն երգեր, կը պարեն հայկական պարեր, կը հաղորդակցին հայերէ՛նով: Ինք, որ Տհոքի գիւղերէն մէկուն մէջ հասակ նետած, հոն սորված ու դաստիարակուած, քիւրտ մը ըլլալուն կոչումով համոզուած է, հոս՝ ուրիշ բան կը տեսնէ, արդեօք ընտանի՞քն էր, որ զայն հոս ղրկելով կը փորձէր վերադարձնել արմատներուն, քաւել իր տարիներ առաջ անզգալաբար գործուած մեղքը, այս ձեւով ցոյց տալ իրական ինքնութիւնը պատանիին, բան մը, թրթիռ մը յառաջացնել...:
-Ես պարտք կը համարեմ բոլոր արեւելեան երկիրներու բնակիչներէն ներողութիւն խնդրել. անոնցմէ, որոնք իմ երկրիս ղեկավարներուն որոշումով պատերազմ ապրած են:
Ըսաւ ամերիկահայ պատանի մը, որուն հետ սկսաւ դէմքի շարժումներով հաղորդակցիլ պատանին ու մի քանի բառ հայերէն սորվեցաւ, մի քանի անհրաժեշտ բառ հաղորդակցութեան համար, տհոքցիները օգնեցին իրեն ու բացատրեցին վերի պարբերութեան նշանակութիւնը. բացատրեցին անոնք, որոնց տուներէն ներս հայերէն կը հնչէ տակաւին, բայց մինչեւ ե՞րբ.... Իսկ դպրո՞ց, հայկակա՞ն դպրոց, ընդհանրապէս գոյութիւն չունի, մինչ սակաւաթիւ համայնքը կը գործէ միայն եկեղեցւոյ յարկին տակ, կը պահէ հայկական աւանդական ծէսերը, տօները. եկեղեցիէն ներս միայն արարողութիւնն է որ տեղի կ՚ունենայ հայերէնով, քահանայ հայրը քրտերէնով կը հաղորդակցի եկեղեցին այցելողներուն հետ, ուրիշ լեզուով կարելի չէ, ինչպէ՞ս մեղադրել...:
Պատանին կը տեսնէ տարբեր ազգերու դրոշմներ, տարբեր դրսեւորումներ, ու կ՚անդրադառնայ, որ ամէն տեղ արեւելք չէ, ամէն ինչ Քիւրտիստան չէ. կը տեսնէ պարմանուհիներ, վառվռուն աչքերով գեղուհիներ, համարձա՜կ, սիրտը թրթռացնող, ցնծացնող գեղեցկութիւններ. աչքը կը հպի կրակի մը, այնքան գեղեցիկ, այնքան թովիչ ձայն ունեցող, այնքա՜ն տարբեր քրտուհիներէն, որոնք երկրին կլիմայէն թխացած են, հասակները միջակէն ալ վար, մինչ ասոնք՝ Եւրոպայէն, Ռուսաստանէն, Ջաւախքէն եկողնե՜րը աչքի լոյս են, մէյ մէկ հրեշտակ, գեղուհի...
Կը պտըտի շուրջը մէկուն, կ՚ուզէ լսել զայն, հեռուէն, առանց անդրադարձնելու, կ՚ուզէ խօսիլ հետը, գրկել, բայց...:
Կ՚ափսոսայ անոնց լեզուն չգիտնալուն, կ՚ընդվզի ինքնիրեն, կը պրպտէ համացանցը, հայերէն նամակ մը կ՚ուզէ գրել պարմանուհիին, ի՛ր զգացումները արտայայտել, աչքերուն կրակը փոխանցել իրեն, բայց... ինչպէ՞ս:
Կը գրէ արաբերէն, գրութիւնը պարսաւանքով կը լեցուի, պարսաւանք որ ուղղուած է պարմանուհիին, բայց՝ ինքնիրե՛ն...: Կը յանձնէ նամակը ուսուցիչին թարգմանելու, ուսուցիչը կը կարդայ, պատանիին թաց աչքերուն կը նայի ու թարգմանութեան փոխարէն թուղթի մը կտորին վրայ կը գրէ մեծատառ՝ «Յաջողութիւն», իսկ յաջորդ տողին վրայ կը շարուին պատանիին համացանցային հասցէին տառերը, որ թերեւս հաղորդակցութիւն մը տեղի ունենայ գալիքին:
Այսպէս ճամբարային մի քանի օրը լուցկիի ցպիկին հուրին պէս արագ կ՚ընթանան, ածուխը ետին ձգած, որ կամ պիտի թափուի աղբամանին մէջ՝ պիտի մոռցուի, եւ կամ սպի մը պիտի թողու ու օր մը, տեղ մը մռմռայ...
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ