ՊԵՏՐՈՍ ԱԴԱՄԵԱՆԻ «ՎԵՐՋԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ»

1891 թուականին Պոլսոյ մէջ մահկանացուն կը կնքէ պոլսահայ անմահ մեծ դերասան, բանաստեղծ, գրող, նկարիչ եւ հասարակական գործիչ Պետրոս Ադամեան: Անոր մահը կը սգան Պոլսոյ մէջ, կը սգան Ռուսաստանի եւ Կովկասի մէջ եւ բոլոր այն տեղերը, ուր ան խաղացած էր տաղանդաւոր իր խաղը, ուր ճանչցուած էր իբրեւ արուեստագէտ: Հայ գրող, քննադատ, բանասէր, լրագրող եւ հանրային գործիչ Արշակ Չօպանեան Ադամեանի մահուան առթիւ, յուղարկաւորութեան իրիկունը գրութիւն մը կը գրէ, որ լաւագոյն կերպով կը բնորոշէ արուեստագէտը, նաեւ պատկերացում կու տայ այն մթնոլորտին մասին, որ կը տիրէր Ադամեանի մահուընէ առաջ, անոր հիւանդութեան օրերուն: Չօպանեան գրութիւնը խորագրած է «Վերջին ներկայացումը»՝ Չօպանեանի յուղարկաւորութիւնը նկատելով մեծ ներկայացում մը, որ նոյնքան տպաւորիչ էր, ինչպէս իր խաղը…

ՎԵՐՋԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ

(Յուղարկաւորութեան իրիկունը գրուած)

Ամէն անգամ, որ մէծ ողբերգուին ներկայացումներուն մէկէն կը դառնայինք, սրտերնիս ելէկտրական դողով մը բաբախուն, կ՚ըսէինք իրարու. «Ծայրէ ծայր հիանալի էր, բայց մահուան տեսարանին մէջ ինքզինքը գերազանցեց»: Եւ այսօր, որ կը դառնամ ահռելի ներկայացումէ մը, Շէյքսփիրի աննման թարգմանին թաղման հանդէսէն, այդ հոյակապօրէն ապրուած կեղծ մահերուն յիշատակը կու գայ զիս հալածել: Կը տեսնեմ զինքը «Օթէլլօ»ի Ե. արարին մէջ, երբ յանիրաւի սպաննուած Տէզտէմոնային վրայ ողբալէ յետոյ դաշոյնը վզին կը դնէր եւ կ՚իյնար հռնդալով իր մարդոցը գիրկը. կը տեսնեմ մանաւանդ «Քօրրատօ»ի վերջին քստմնելի արարը, ուր կնոջմէն ու միամօր դստրիկէն լքուած հայրը սթրիքնինին կը դիմէր՝ ազատելու համար իր հոգեկան ցաւերէն. օ՜հ, չարատանջ գալարումները, որոնցմով իր մարմինը կը պրկուէր ու կը կծկուէր, սանգանքները, որ իր անդամները կը ցնցէին ու ակռաները կափկափել կու տային, դժոխային հոգեվարքի մը այն բոլոր ցնորական շարժումները, ինչպիսի՜ ցուրտ մը կը հոսեցնէին սրտին մէջ եւ ի՜նչ սարսուռ մեր ոսկորներուն մէջ կը սահեցնէին:

Բայց ահա յուզումէն տկարացած ձեռքերը ծափեր կը տեղային, եւ վերաբացուած վարագոյրին ետեւ կը տեսնէինք Ադամեանը, որ ոտքի ելած, այդ վայրկենական մահէն գունաթափ դէմքը ժպիտով մը լուսաւորելով, մատներուն ծայրովը համբոյրներ կը բաշխէր իր հիացողներու ամբոխին:

Ողբերգութիւնը, որ այսօր կատարուեցաւ, եւ որուն հանդիսատես եղաւ այնչափ խառն բազմութիւն մը, որչափ մեծ արուեստագէտին ներկայացումներէն ոչ մէկը ունեցած էր, այդ ողբերգութիւնը որ աւելի վսեմ էր, քան Լիր թագաւորին անէծքը, աւելի տխուր, քան Տէզտէմոնայի ուռենւոյն երգը, աւելի խոր, քան Համլէթի մենախօսութիւնները, իրեն ոչ դերակատար, այլ նիւթ ունէր Ադամեանը, իրեն կրկնակ թատերաբեմ՝ եկեղեցի մը եւ գերեզմանատուն մը, եւ դերասան՝ այն «մահերգակ մարդիկը որ սեւ ունին ու խոժոռ դէմ». ու հեղինակը, այն խորախորհուրդ բանաստեղծը, որուն ոսկրեղէն գրչէն արհաւիրք ու աղջամուղջ կը կաթի, Մա՜հն էր:

Լոյսերու եւ պսակներու ճոխ փթթումի մը մէջ, սպիտակ ուրուանման մոմերով շրջապատուած՝ որ իրենց բոցեղէն ծխաշունչ գարգմանակը կը հակէին, թաւշապատ արծաթազարդ նուրբ ու փոքրիկ դագաղի մը կափարչին տակ,- ինչպէ՜ս նուրբ, Աստուա՜ծ իմ, եւ ինչքա՜ն փոքրիկ, ծաղկատի աղջկան մը դագաղ կարծես,- Ադամեանը, կ՚ըսէին, կը հանգչէր, ինչպէս իր մէկ ներկայացումէն յետոյ, եւ փակուած վարագոյրի մը տեղ սեւ պատանքն էր, որ զայն կը ծածկէր մեր աչքէն: Ու մինչ մահուան մռայլ երգերը խունկի կապոյտ գալարներուն հետ կը բարձրանային, մինչ կարմրած աչքերէ արցունքներ կը գլորէին, եւ խեղդուկ հառաչներ սգաւոր սրտերուն մորմոքը կը մատնէին, խօլ երազով մը համակուած՝ ես ակնկառոյց կը սպասէի այն վայրկեանին, ուր կարծեցեալ մեռելը, կափարիչն ու պատանքը մէկդի նետելով, դուրս պիտի հանէր իր հերարձակ գլուխը եւ անգամ մը եւս արուեստական մահէ մը գունաթափ իր դէմքը ժպիտով մը ոգեւորելով, մատներուն ծայրովը համբոյրներ պիտի բաշխէր մեզի…

Ա՜հ, տեսա՛նք, տեսա՛նք այն վեհաճաճանչ դէմքը, զոր կը լուսաւորէր գմբէթարդ ճակատը, որու վրայ զոյգ ծաղկանց պէս կը բացուէին երկնանոյշ խորահայեաց աչքերը, եւ որ կը շրջանակուէր առիւծի բաշի նման խրոխտ ու մետաքսի պէս փափուկ գանգրագեղ վարսերով, տեսանք այդ դէմքը՝ Մահուան երկաթէ ափին մէջ ճզմուած, դեղին մեղրամոմի գոյն առած, անյարդ ու կարծրաթել մօրուքով մը կզակն ու այտերն աղտոտած, շրթունքը՝ գոգցես յաւիտենական համբոյրի մը մէջ՝ սեղմուած անշարժ, եւ աչքերը՝ կիսաբաց՝ արձակելով տարտամ նշոյլ մը, որ դեռ երէկ նայուածք էր…

Եւ ահա յանկարծ, այդ դէմքն ու այդ մարմինը եւ այդ ուղեղը, ուր հանճարը բունած էր, եւ այդ ճակատը, որ խորհուրդի տաճարի մը գմբէթն էր, եւ այդ աչքերը, որոնց մէջ ոչ միայն իր, այլեւ ամբողջ մարդկութեան հոգւոյն խորագոյն զգացումներն ու հզօրագոյն

կիրքերը կը բռնկէին, եւ այդ շրթները, որ մեր լեզուին ամենէն կորովի ու ամենէն քաղցրահնչիւն բառերը իրենց գերագոյն ներուժութեամբ կ՚ապրեցնէին, այդ բոլորը, լաթի կտորի մը մէջ փաթթուած, մութ փոսի մը մէջ նետեցին, եւ ահա վարագոյրը, բոլոր վերջին արարներուն վերջնապէս վերջին վարագոյրը, իջաւ ծաւալեցաւ անոր վրայ, հողին սեւ, հողին խոնաւ, հողին որդնոտ վարագոյրը:

Խաղն աւարտած էր, եւ ինծի թուեցաւ յանկարծ թէ գոցուած փոսին վրայ Մահը, կանգնած յաղթական, չոր դէմքը հեգնական ծիծաղով մը վառած, դատարկ աչուըներուն խոռոչներն աւերման լեղի հեշտութեամբը լեցուն, իր կմախային մատներուն ծայրովը համբոյրներ կը բաշխէր մեզի…

***

Խե՜ղճ մեծ մարդ… դեռ երկու-երեք ամիս առաջ ինծի կը խօսէր Եւրոպա ընելիք ուղեւորութեանը վրայ. «Կոկորդիս ցաւերը անցան, կ՚ըսէր, երբ քիչ մըն ալ ուժ գայ վրաս, մտադիր եմ ամառը Եւրոպա պտոյտ մ՚ընել եւ ձմեռը երթալ Մատերա անցընել»: Ու կ՚աւելցնէր՝ «Բժիշկս խոստացաւ, եւ յոյս ունիմ, որ տարիէ մը ձայնս նորէն կը գտնեմ»: Զինքը սրտապնդելու համար կ՚ըսէի. «Ապահովապէս, պարո՛ն Ադամեան, երկու տարիէն ձեզ բեմի վրայ կը տեսնենք նորէն»: «Աստուծո՛վ», կը պատասխանէր՝ անպատում ժպիտով մը:

«Աստուծո՛վ». այդ բառին փարած էր իր վերջին օրերուն, ինչպէս մանուկ մը, որ մօրը ծիծին կը փարի (եւ հաւատացեալներու համար Աստուած գերագոյն Մայրը չէ՞): Պէտք էր զինքը լսել, երբ կը խօսէր անհուն էակին վրայ, որուն գոյութիւնը «կը զգար», որուն ներկայութիւնը մերթ կը տեսնէր իսկ կարծես: Ձայնի այն ստուերովը, որ իր բերնին մէջ մնացած էր երբեմնի որոտումէն, մեզի յաճախ կը խօսէր Ամենակալին վրայ, եւ այդ սքանչելի «խօսակցողը», րոպէ մը իր առողջութեան օրերուն ամբողջ խանդն ու փայլն առնելով վերստին, աստուածաշնչական շեշտերով կը գովաբանէր, կ՚երգէր Աստուծոյ մեծութիւնը, եւ ահա աչքերը կը բոցավառէին, տժգոյն այտերը վաղանցուկ ու չարագուշակ կարմրութեամբ մը կը գունաւորուէին, վեր կ՚ելլէր նստած տեղէն, թեւերը հետզհետէ լայն ու գեղեցիկ ձեւերով կը բացուէին, դէմքը եւս քան զեւս ներշնչեալի արտայայտութիւնը կը ստանար. տենդատրոփ կուրծքէն բարձրացած ու հազէն յաճախ խափանուող փսփսուք մը դողդոջուն շրթներէն հոսելով, կը խօսէր հիւանդը, Աստուծոյ վրայ կը խօսէր, որուն համար սիրտը լի էր գուրգուրանքով, եւ որմէ միայն կը յուսար իր բժշկութիւնն ու ապագան եւ երբ վերջին բառը կ՚արտասանէր, նայուածքի փայլակով մը զոր ժպիտ մը կը քաղցրացնէր, թիկնաթոռին մէջ կ՚իյնար, ուժաբեկ, շնչասպառ, հեւիհեւ, ճակատը պաղ քրտինքներով մարգրտուած, շրթունքը գունաթափ, ակռաները կափկափուն, եւ կուրծքը՝ իր բոլոր մոլեգնութեամբ պայթող հազէն պատառոտուած:

Իր «Առ Ֆանթազիօ» քերթուածին մէջ, զոր գրեց մահուընէն վեց-եօթը ամիս առաջ եւ ուր մեծ բանաստեղծի շունչ մը ի յայտ բերաւ, հանճարեղ դերասանը կը Լամարթինանար Աստուծոյ վրայ խօսած ատեն.

Այն ձեռք կըրկին սըփռէ համայն ի՚ տիեզեր՝
Ինչպէս աւազն յովկիանու ծովեզեր,
Նոյնպէս զաստեղս երկնից ի՚ծոց անթափանց,
Իբրեւ կաթիլք արարչագործ իւր քրտանց:
Նա՜ է որ տայ կեանք, մահ, արտօսր, ժպիտ, կարօտ,
Շանթն ի՚ մըրրիկ, ձիւնն ի՚ լերինս, ցօղն յ՚արօտ,
Վագրին ճիրան, առիւծին բաշ եւ երախ,
Արծուին մագիլ, այլ սոխակին՝ երգ ուրախ…

Նախախնամական բան մըն էր, որ բեմի կեանքէն, իր ճշմարիտ կեանքէն զրկուած, անողոք հիւանդութեամբ մը անկողնին գամուած այդ հրեղէն հոգին իր ցաւերուն մէջ Աստուծոյ գաղափարին կը կառչէր, անով կը մխիթարուէր ու կը զօրանար եւ իր չարչարանքները կը մեղմացնէր:

Անոնք, որ բեմին վրայ միայն տեսած էին Ադամեանը, ողբացին այսօր մեծ արուեստագէտին կորուստը, բայց անոնք, որ զինքն իր ներքին կեանքին մէջ ալ ճանչցած էին, լացին նաեւ մարդուն վրայ, որ այնչափ մեծ էր, որչափ արուեստագէտը: Ըսողներ եղած են, թէ դերասանը զուրկ է անձնական հոգեբանութենէ, թէ ան լոկ հայելի մըն է, ուր կը պատկերանան ուրիշներու դէմքերը, թէ ան իրեն յատուկ զգացում մը, ինքնուրոյն կեանք մը չունի, իր դերերուն կեանքն է որ կ՚ապրի. Ադամեան ունէր իր սեփհական անձնաւորութիւնը, իր որոշ հոգեբանութիւնը, ուր իր խաղացած դերերէն իւրաքանչիւրը նուրբ, հզօր կամ վեհ տարր մը թողած էր, վասնզի իր ընտրած դերերը ամէնեն բարձր պատկերացումներն էին մարդկային հոգւոյ ներքին առումներուն, բայց որ դերերէն դուրս ի յայտ կը բերէր ուրոյն նկարագիր մը, իրեն յատուկ կեանք մը, բարդ, այլ ինքնատիպ ու մաքուր: Եւ իր դերերուն գեղեցկագոյններէն մին արդէն այն էր, զոր իր կեանքին մէջ իսկ կը կատարէր, Գեղեցիկին ամբողջապէս նուիրուած իր զմայլելի կեանքին մէջ: Այդ հատընտիր էակը, որ վարպետ մըն էր այն արուեստին մէջ, զոր, ըստ իս, յանիրաւի, երբ մեծ դերասաններու վրայ է հարցը, «կեղծելու արուեստը» անուանած են, ամենէն անկեղծ մարդն էր իր սոսկական կեանքին մէջ, ինչպէս որ խորապէս անկեղծ էր բեմի վրայ կատարած իր իւրաքանչիւր դերին մէջ: Գոյնով ու արտայայտութեամբ վճիտ իր աչքերուն մէջէն՝ իր գեղեցիկ հոգին յստակօրէն կ՚երեւար:

Երբեք չեմ լսած իրմէ խօսք մը, զոր շրթներն արտասանէին, եւ սիրտը չստորագրէր: Անմիջապէս եւ ամբողջապէս կ՚ըսէր, ինչ որ կը խորհէր. դժգոհութիւնը երբեք չէր ծածկեր եւ գոհունակութիւնը յօժարակամ կը յայտնէր: Դժգոհ կ՚ըլլար ամէն անգամ, որ լսէր ամբարտաւան, ամբարիշտ կամ չարամիտ խօսք մը, կը պահանջէր, որ համեստ, կրօնասէր, բարի ըլլայինք: Դժգոհ կ՚ըլլար, երբ կը տեսնէր անիրաւութիւնը, վատութիւնը, փոքրոգութիւնը եւ այդ մոլութեանց դէմ չէր խնայեր ծաղրը, զոր քիչ անգամ տեսած եմ իր բերնին մէջ, բայց որ սուր էր եւ խայթող, երբ ուզէր: Դժգոհ կ՚ըլլար, երբ նիւթապաշտ փիլիսոփայութեան, յոռետես գրականութեան, բնապաշտ վիպասանութեան ձգտումներ կը տեսնէր մէր մէջ. «Ինչո՞ւ, կ՚ըսէր, այդ երկրաքարշ մարդոց ետեւէն կ՚երթաք, փոխանակ հետեւելու լուսափայլ հաւատացեալ մտքերու. ինչո՞ւ կեանքը կ՚ատէք եւ ձեր մանրադիտական աչքերով կը ջանաք սխալներ գտնել հսկայ արարչութեան մէջ. ինչո՞ւ մեր լեզուն, որ աւելի կորով ունի, քան փափկութիւն, որ աւելի ոսկոր ունի, քան ջիղ, կ՚ուզէք ճկել ֆրանսական արդի տեսակ մը անարիւն գրականութեան նրբութեանց. ինչո՞ւ Փարիզի մոլութեանց պատկերները կ՚ուզէք մեր մէջ տարածել. փոխանակ այդ Զոլաներուն, Մէնտէսներուն, Պուրժէներուն, Տանթէ, Կէօթէ կարդացէք, Հիւկօ, Լամարթին կարդացէք, Շէյքսփիր, մանաւանդ Շէյքսփիր կարդացէք»:

Բայց գոհ կ՚ըլլար եւ ինչքա՜ն ուրախութեամբ գոհունակութիւնը կը յայտնէր, քան դժգոհութիւնը, երբ կը տեսնէր իր շուրջ բարի զգացումներ, վեհ ձգտումներ, մեծութեան տենչ ու տաղանդ: Ի՜նչ հրճուանքով կը գնահատէր տաղանդի նոյն իսկ կաթիլ մը: Մեր արդի գրական շարժման կանոնաւորապէս կը հետեւէր. իրմէ շատ աւելի պզտիկ մարդոց քով տեսնուած անմիտ արհամարհանքը չունէր մեր նոր գրականութեան համար. յետին նորեկին մէջ իսկ երբ արժանիքի նշոյլ մը գտնէր, մատնանիշ կ՚ընէր ու կը գովէր: Իր կարծիքը երբէք չէր զլանար ոեւէ գրութեան մասին, որ իրեն ներկայացուէր. դիտողութիւններ կ՚ընէր երբեմն ու միշտ՝ քաջալերիչ խօսքեր:

Ադամեան համեստ էր. բայց իր համեստութիւնը, հեռու կեղծ ըլլալէ, այն էր, զոր ունին ճշմարիտ մեծ մարդիկը: «Գիտեմ, կ՚ըսէր, որ աննշան արուեստագէտ մը չեմ, բայց մեծ ու կատարեալ արուեստագէտ մը ըլլալու յաւակնութիւնը չունիմ. պէտք է միշտ աշխատիլ, միշտ սորվելու բան կայ»: Չէր թողուր երբեք, որ իր ձեռքը համբուրենք, հակառակ մեր բոլոր աղաչանքին. «Խնդրեմ, մի՛ ծերացնէք զիս», ըսաւ օր մը ինծի:

Ոխակալ չէր: Երբ հայ հրապարակագիր մը զինքը հրապարակաւ նախատեց՝ Հայոց մեծագոյն դերասանը «օյինճի» անուանելով, երբ ուրիշ արարած մը թերթի մէջ ելաւ գրեց, թէ կոկորդի հիւանդութիւնը, որմէ արդէն իսկ սկսած էր տառապիլ, կեղծուած էր ու պատրուակ մըն էր՝ Սիլլօղոսի բարենպատակ ցերեկոյթին իր խոստացած կտորը չարտասանելու համար, եւ թէ բուն պատճառը այն էր, որ իրմէ ձրի աջակցութիւն մը խնդրած էին, այդ զզուելի զրպարտութեան Ադամեան պատասխանեց՝ միմիայն իր բարեկամներուն կրկնելով սաղմոսերգուին խօսքը, «Արհամարհեմ զարհամարհանս», եւ այնուհետեւ իր խօսակցութեանց մէջ այդ մասին բառ մը չլսեցի:

Ադամեան հիւանդանալէ առաջ ջերմապէս կը փափաքէր Եւրոպա երթալ եւ իր դերերը ներկայացնել արեւմտեան մեծ ոստաններուն մէջ, մանաւանդ Փարիզ ու Լոնտոն, բայց դրամ չունէր՝ իրագործելու համար իր այդ ծրագիրը, որ այնքա՜ն պատուաբեր պիտի կարենար ըլլալ մեր ազգին: Հիւանդութիւնը յայտնուելէն յետոյ ամիսներով փակուեցաւ Պէօյիւքտէրէ իր փոքրիկ բնակարանին մէջ, նիւթական նեղութեան ենթարկուած: Իր քանի մը մտերիմներէն եւ ազգականներէն զատ, ոչ ոք հետաքրքրուեցաւ իրմով. մեր ընչեղ վաճառականներէն ոչ ոք մտքէն անցուց օգնել այդ մեծ հիւանդին, որուն կեանքը դեռ այնչափ հարկաւոր էր մեր ազգին:

Կովկասցի իր հայ բարեկամներէն ոմանք բան մը ըրին իրեն համար: Ռուսներն է որ, վերջ ի վերջոյ, իմանալով իրենց Ադամեանին ցաւագին վիճակը, փութացին իրենց հոգածութիւնը լրջօրէն ցոյց տալ անոր, եւ օր մըն ալ լսեցինք, որ Ադամեան փոխադրուեր է Բերայի ռուսաց հիւանդանոցը: Այս լուրը որոշ ցնցում մը յառաջ բերաւ Պոլսոյ հայութեան մէջ. առաջին օրերը գտնուեցան հայեր, որ գացին իրեն հիւանդտեսի. նորէն, սակայն, հարուստներէն ոչ ոք գնաց անոր անկողնոյն մօտ, ոչ ոք անոր տուաւ ճամբորդութեան համար հարկ եղած գումարը, որով կարենար երթալ Եւրոպա ու մեծ վարպետներու խնամքին տակ թերեւս իր կեանքը փրկել վերահաս վտանգէն. հետզհետէ նորէն իր ազգականներն ու քանի մը մտերիմ բարեկամները միայն մնացին իրեն այցելող: Այս բոլոր անտարբերութիւնը տեսնելէ յետոյ Ադամեան կ՚ըսէր ինծի, օր մը որ շատ կիրքով խօսած էի մեր եսամոլ մեծատանց դէմ. «Պէտք է անյիշաչար ըլլալ, բարեկա՛մս. պէտք է ներել այդ խեղճ մարդոց, որ չեն գիտեր ինչ որ կ՚ընեն. ինչպէ՞ս կ՚ուզես, որ անոնք ճաշակեն Շէյքսփիր, Կէօթէ, Շիլլէր ու գնահատեն նկարիչ մը, բանաստեղծ մը, դերասան մը, քանի որ իրենց մանկութիւնը Քալբաքճըլար Եօքուշի կամ Քույումճի Չարշըսին անցուցած են»:

Որչափ որ դիւրաւ կը մոռնար իրեն եղած նախատինք մը, այնչափ համակրութեան եւ սիրոյ ցոյց մը անմոռաց էր իրեն համար: Իր բարեկամներուն հանդէպ տածած գորովը պաշտումի կը հասնէր, Կովկասի մէջ իր թողած հայ մտերիմները յիշած ատեն աչքերը կը լեցուէին. դեռ իր մահուընէն քանի մը օր առաջ անոնց անունը տուեր եւ բարեւները, հուսկ հրաժեշտի ողջոյն, ղրկեր էր անոնց: Ռուս գործաւորներու կողմէ հանգանակութեամբ իրեն արուած պզտիկ նուէր մը խնամով կը պահէր ու կը գուրգուրար անոր վրայ. «Թանկագին բան է ինծի համար, կ՚ըսէր։ Տասնոցներով մասնակցած են հանգանակութեան»: Եւ նոյնիսկ տեսայ, որ իր հիւանդութեան միջոցին իրեն այցելող անձերուն անունները կ՚արձանագրէր՝ զանոնք յետոյ հրատարակելու համար ի նշան երախտագիտութեան: Խե՜ղճ բարի մարդ, ատոր կարելիութիւնը չունեցաւ:

«Ե՜ս, ե՜ս, թատրոնը թողո՜ւմ… ե՜ս: Ուրեմն չէ՞ք գիտեր՝ ինչ բան է այս Նեսոսի պատմուճանը, զոր ուսերէն նետելու համար մարդ պէտք է միսն ալ փրցնէ: Ես թատրոնը թողո՜ւմ, հրաժարի՜մ անոր յուզումներէն, անոր խանդավառութիւններէն, անոր վիշտերէն. ես տեղս Քէմպլին եւ Մաքրետիի՞ն ձգեմ, որպէսզի տարիէ մը, թերեւս վեց ամիսէն զիս մոռնա՞ն: Բայց չէք մտածեր, թէ դերասանը ոչինչ կը ձգէ իրմէ ետքը, թէ իր ողջ եղած ատենն է միայն, որ կ՚ապրի, թէ իր յիշատակը կը ջնջուի այն սերունդին հետ, որուն կը վերաբերի, եւ թէ ցերեկէն գիշերին մէջ կ՚իյնայ, փառքէն անշքութեան մէջ: Ո՜չ, ո՜չ, երբ անգամ մը մարդ ոտքը դրած է այս աղետաւոր ասպարէզին մէջ, պէտք է մինչեւ ծայրը երթալ, սպառել անոր ուրախութիւններն ու ցաւերը, պարպել անոր գաւաթն ու անոր բաժակը, ըմպել անոր մեղրն ու անոր մրուրը… պէտք է աւարտել, ինչպէս սկսած ես, մեռնիլ, ինչպէս որ ապրած ես, մեռնիլ, ինչպէս մեռաւ Մոլիէռ, ծափահարութեանց, սուլմանց եւ կեցցէներու ժխորին մէջ…»:

Ուսկի՞ց կու գայ այս ձայնը, եւ ո՞վ է, որ այս բառերը կ՚արտասանէ, Քի՞ն, թէ՞ Ադամեան: «Դերասան»ն է, որ այսպէս կը խօսի, յաւիտենական Դերասանը, որուն հոգին կը տառապի իր կրած դիմակներուն ետեւ, որուն հանճարն ու փառքը իր դիմագծերուն, իր շարժումներուն, իր շրթներուն մէջ են եւ անոնց հետ կը մեռնին, մեծ Դերասանն է, որ այսպէս կը խօսի, Քին կոչուի ան կամ Ադամեան: Իր ապերախտ արուեստին տուած վաղանցուկ համբաւը, վաղորդայնին մտահոգութիւնը, մոռցուելու վախը հայ ողբերգուին ալ սիրտը կը տանջէին, եւ այդ երկիւղներն ու լլկիչ նախազգացումները սքանչելապէս երգած է իր գեղեցկագոյն բանաստեղծութիւններէն միոյն՝ «Դերասան»ին մէջ.

Նըկարչին մնայ գէթ յիշատակն ի կըտաւ,
Փիդիասայն ի կըճի.
Կ՚անհետանայ քեզ հետ հանճարն, եւ զդիմակ
կ՚ուտէ հողոյն սեւ ճըճի.
Պատմութի՜ւն, նա գուցէ զքեզ օր մի յիշէ
Յապագայում՝ թէ հաճի:

Ո՜չ, ո՜չ, պիտի չմոռցուիս դուն, սիրելի ու յաւերժ ողբացեա՜լ Ադամեան: Մեր ազգին մէջ, ուր ցաւալի պատճառներ աղքատացուցած են մեր թատրոնը, որ այժմ գրեթէ գոյութիւն չունի, քու եզական հանճարիդ յիշատակը պիտի մնայ անխախտ եւ անկորուստ իր անհաւասարելի բարձրութեան մէջ: Հայ երիտասարդութիւնը, հայ ուսանողութիւնը, որ քեզ կը պաշտէր, եւ որուն այնչափ կը համակրէիր, պիտի չթողու, որ քու անունդ թառամի եւ փճանայ: Զգացի՞ր արդեօք ջերմագոյններն այն արցունքներուն, որ այսօր թափեցան քու պաղած մարմնոյդ վրայ. պատանիներու աչքերէ կը հոսէին:

Գիտէիր, թէ ո՜վ էին անոնք, որ իրենց ուսերուն, իրենց ձեռքերուն, իրենց գլխուն վրայ առած տարին դագաղդ, ինչպէս ատենով ներկայացումներէդ յետոյ յաղթական մարմինդ կը տանէին հիացողներդ. երիտասարդ էին, դերասան, արուեստագէտ եւ մանաւանդ ուսանող: Ո՜չ, մենք պիտի չմոռնանք քեզ եւ պիտի թոյլ չտանք, որ մոռնայ քեզ ապագան: Քու տաղերդ, որոնց մէջ հոգիդ կը թրթռայ, պիտի հրատարակուին ու պիտի միշտ կարդացուին իբր ազնիւ ու մեծ սրտի մը բաբախումները. քու այլեւայլ դերերու մէջ լուսանկարներդ պիտի անցնին գալիք սերունդներուն, որ պիտի ապշին անզուգական դէմքիդ հրաշալի կերպարանափոխութեանց եւ խորաթափանց արտայայտութեանց վրայ եւ պիտի զիրենք դժբախտ զգան քեզ վայելած չըլլալնուն: Եւ երբ այն հողի կտորին վրայ, ուր դրինք հէք հիւծեալ մարմնիկդ, կանգնենք գեղեցիկ եւ փառաւոր հանճարիդ արժանի շիրիմ մը, ո՜վ մեր մեծ բարեկամը, ո՜վ մեր երէց եղբայրը, ո՜վ մեր հայրը պաշտելի, մենք յաճախ պիտի գանք անոր առջեւ արտասուել եւ աղօթել. եւ ցոյց տալով մենէ աւելի երիտասարդներուն քու նուիրական ոսկրոտիքդ պարփակող յիշատակարանը, պիտի ըսենք անոնց՝ «Գլուխնիդ բացէք, հոս կը հանգչի Ադամեանը»:

Կ. Պոլիս, 5 յունիս 1891

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 30, 2022