ԿՈԹՈՂԱՅԻՆ ՅՈՒՇԱՄԱՏԵԱՆ

Արամեան սանուց միութեան մէջ անցեալ Ուրբաթ երեկոյեան տեղի ունեցած «Գատըգիւղի Յուշամատեանի» շնորհանդէսին ընթացքին ելոյթ մը ունեցաւ Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեան։ Ստորեւ կը ներկայացնենք իր խօսքը։

Գերաշնորհ, Հոգեշնորհ, Արժանապատիւ հայրեր եւ յարգելի ներկաներ,

Այսօր ուրախ ենք ձեզի հետ համախմբուած ըլլալով Արամեան սանուց միութեան երդիքին տակ՝ մեր Սուրբ Թագաւոր եկեղեցւոյ բազմավաստակ ու սիրեցեալ երէցին՝ Արժանապատիւ Տէր Գրիգոր Աւագ Քահանայ Տամատեանի կողմէ հեղինակուած Գատըգիւղի յուշամատեանի շնորհանդէսին առթիւ։ Այն հատորները, որոնք այսօր մեզի կը ներկայացուին, մեծ աշխատանքի մը պտուղը կը հանդիսանան։ Գատըգիւղցիներս երջանիկ ու բախտաւոր կը զգանք մենք զմեզ՝ մեր սիրելի Սուրբ Թագաւոր եկեղեցւոյ համար Արժանապատիւ Տէր Գրիգոր Աւագ Քահանայ Տամատեանի նման հոգեւոր հովիւ մը ունենալով։ Մեր բոլոր թաղեցիները համամիտ են, որ ան տիպար հոգեւորական մըն է, իր կոչումին հաւատարիմ է, հոգեւոր ծառայութիւն կը մատուցէ անսակարկ ու անշահախնդիր, մեր բոլորին սիրտը գրաւած է իր համեստ ու հաղորդական բնաւորութեամբ, յանձառութեամբ, մարդկային առաքինութիւններով եւ աշխատասիրութեամբ։ Այս բոլորը մենք կը տեսնենք անզէն աչքով՝ սիրելի տէր հօր հայրական գուրգուրանքին առարկայ դառնալու ժամանակ։ Այս բոլորը մենք կը գնահատենք եւ գնահատելու համար մեր վրայ համարձակութիւն կրնանք զգալ՝ իր հետ շփուելու ժամանակ որպէս իր հօտին անդամները։

Սիրելի՛ ներկաներ,

Եթէ վերոյիշեալները գնահատելու տեսակէտէ մենք մեզ կը վերապահենք բարոյական իրաւունք, ապա այս վիթխարի գիրքերուն առջեւ տէր հօր նկատմամբ մեր ունեցած գնահատանքն ու յարգանքը արդէն դուրս կու գայ մեր արժեւորման հնարաւորութիւններուն եւ համապատասխան բարոյական իրաւունքի սահմաններէն։ Մենք այսօր կը մեծարենք մտաւորական բարձր կարողութիւնով հոգեւորական մը։ Ան որքան որ ալ հարազատ ու մօտիկ ըլլայ մեզի, որքան որ ալ անմիջական զգացումներ տածենք իրեն նկատմամբ, ի վերջոյ իր տարած այս ուսումնասիրական մեծ աշխատանքին պտուղը մեզ հաղորդ կը դարձնէ մեր սիրելի տէր հօր մարմնաւորած կերպարի տարբեր մէկ երեսակին։ Այդ հարթութեան վրայ Արժանապատիւ Տէր Գրիգոր Աւագ Քահանայ Տամատեանը մեր աչքին պահ մը կ՚երեւի հոգեւորականէ աւելի որպէս մտաւորական ու գիտնական։ Ճիշդ է, որ տիպար հոգեւորականի, խղճմտանքով հովիւի մը մղումով ան ձեռնարկած է իր ուսումնասիրական աշխատանքին, սակայն այդ աշխատանքին արդիւնքը կը բնորոշէ գիտական մեծ ձեռքբերում մը։ Գատըգիւղի ընտանիքը ուրախ է, որ իր բազմամեայ հոգեւոր հովիւը մեր թաղեցիներուն հոգեւոր սնունդը մատակարարելու ճանապարհին այնպիսի ներշնչանք մը ունեցած է, որ չէ վարանած այս ուսումնասիրութիւնը յանձն առնելու։ Գատըգիւղի յուշամատեանը մեծ նշանակութիւն ունի ո՛չ միայն մեր թաղի եւ թաղեցիներու յիշողութեան, այլեւ մեր ամբողջ համայնքի պատմութեան տեսակէտէ։ Մենք շատ ուրախ ենք, որ մեր սիրելի տէր հայրը կեանքի կոչած է այսպիսի մեծ ծրագիր մը։ Մենք շատ հպարտ ենք, որովհետեւ այս աշխատանքը մեր առջեւ կը դնէ ուրիշ ճշմարտութիւն մը։ Այս հատորները ապացոյց մըն են, թէ մեր սիրելի տէր հայրը որքա՜ն խորաթափանց ընկալումներով մեր Սուրբ Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ կը տանի իր երախտաշատ սպասաւորումները։

Սիրելի՛ տէր հայր,

Ձեր գործին գնահատական տալը մեր կարողութիւններէն դուրս ու վեր է։ Մենք վստահ ենք, որ Գատըգիւղի յուշամատեանի արժէքն ու իմաստը պիտի բիւրեղանայ պատմութեան հոլովոյթին մէջ։ Մենք վստահ ենք նաեւ ուրիշ բանի մը համար։ Եթէ մենք այսօր ձեզի կը դիմենք շնորհակալ զգացումներով, ապա վստահաբար ապագայ սերունդները ձեր գործէն օգտը-ւելու ժամանակ բազմապատկուած երախտագիտութիւնով մը պիտի վերյիշեն ձեզ։ Վարձքերնիդ կատար։ Մեր թաղային խորհուրդը ուրախ է, որ նման կոթողային յուշամատեանի մը պատրաստութեան եւ հրատարակութեան համար ունեցած է իր ներդրումը։

Սիրելի՛ բարեկամներ,

Եթէ մենք կ՚ուզենք անկեղծ շնորհակալութիւն յայտնել մեր սիրելի տէր հօր, ապա մենք ալ մեր հերթին լաւ ուսումնասիրենք իր գործը, իր գործին միջոցաւ բացայայտենք մեր ժառանգութեան ինչ-ինչ երեսակները եւ այդպէսով առիթ ունենանք մեր սուրբ եկեղեցին եւ թաղը ընկալելու շատ աւելի լիարժէք, կատարեալ եւ իր ամբողջ ճոխութեան մէջ։

Յարգանք ու սէր ձեր բոլորին։ 

*

ԹԱՂԻ ՄԸ ՊԱՐԶ ՅՈՒՇԱՄԱՏԵԱՆԷՆ ԱՒԵԼԻՆ

«Գատըգիւղի Յուշամատեանի» շնորհանդէսին ընթացքին սրտի խօսքով մը հանդէս եկաւ թաղի քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Ստորեւ կը ներկայացնենք իր ելոյթը։

Սիրեցեալ ներկաներ,

Աստուծոյ գոհութիւն յայտնելով, սրտի անհուն ուրախութեամբ ու որդիական ջերմ զգացումներով կ՚ողջունեմ «Գատըգիւղի Յուշամատեանը»։ Փառք քեզ՝ Տէր Աստուած մեր…

Այսօր, այս հսկայ աշխատութեան շնորհանդէսին համար երբ Գատըգիւղի մէջ ի մի համախմբուած ենք, ձեւով մը ինքզինքս շատ բախտաւոր կը զգամ, քանի այս աշխատութեան ծնունդին, զարգացման եւ ի վերջոյ յաջողութեամբ աւարտման, իւրաքանչիւր փուլին մօտէն ականատեսը եղած եմ՝ եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Գրիգոր Ա. Քահանայ Տամատեանի տքնաջան աշխատութեանց։  Ուստի վստահ եղէ՛ք, որ այս տողերը ի խորոց սրտի կ՚արտասանուին։

Երբ Գատըգիւղի անցեալի մասին գիրքի մը գաղափարը ծնունդ առաւ, շատեր չհաւատացին, թէ հոգեւորական մը նման աշխատութիւն կրնայ կատարել։ Ոմանք մտածեցին, թէ աշխատութիւնը կիսատ պիտի մնայ, քանի շատ դժուար էր Գատըգիւղի նման՝ պատմական հիմքերու տէր թաղի մը մասին մանրամասնօրէն պրպտել, գիտութիւնները համախմբել, զանոնք մշակել ու որպէս գիրք ապագայ սերունդին փոխանցել։ «Կամք, աշխատանք եւ կորով, երեք ձիրքեր են, որոնք մարդ հողի վրայ թէ ջուրի, անպայման կը յաջողի»: Հոգեւորականի պատասխանատուութեամբ՝ տէր հայրը ճամբայ ելաւ ու փորձեց իր թաղին արժէքները ապագայ սերունդին փոխանցել, առանց խեղաթիւրելու պատմական տուեալները։ Իւրաքանչիւր դէմք ու դէպք, իր արժանիքը գտաւ այս գծով։ Իր հայեցակէտն է, գրի ճամբով օրէնքներու եւ աւանդութիւններու հիման վրայ, ճշմարտութիւնները փոխանցել ապագայ սերունդներուն՝ այլ խօսքով մտերմօրէն ու ճշմարտախօսութեամբ ապագայ սերունդին մտքին խօսիլ ու հրաւիրել զանոնք հաւատարիմ մնալու հայ քրիստոնեայի անխախտելի հիմքերուն։

Արդեօք ի՞նչ կրնայ ըլլալ Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւորականին մեծագոյն երջանկութիւնը։ Ի նպաստ Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին անթառամ պտուղներ արտադրել, ընդ հովանեաւ Սրբոյ Եկեղեցւոյ։ Մեծ հիացումով ու գոհունակութեամբ կը հաստատուի, թէ համայնքին եւ եկեղեցւոյ ծառայելու գիտակցութիւնը միշտ վառ է տէր հօր մէջ առհասարակ։ Ան նախ Աստուծոյ եւ ընտանիքին, ապա՝ գիրքերուն եւ իր վարժապետներուն կը պարտի ամէն ինչ՝ մասնաւորապէս գիտութեան մէջ հմտութիւնը։ Կարդալով ու կարդացածը իւրացնելով կենդանի գրադարան մը դարձած է։ Այդ գրադարանէն ահա լոյս ընծայուած է «Գատըգիւղի յուշամատեանը»։

Այս գիրքը, թաղի մը պատկանող պարզ յուշամատեան մը ըլլալէ աւելին է։ Իր մէջ կը խտանան թէ՛ եկեղեցական եւ թէ մշակութային գետնի վրայ համահայկական զանազան գիտելիքներ։ Ա՛լ աւելին՝ յուշամատեանը իր մէջ կը պարունակէ Գատըգիւղէն ընդհանուր գիտութիւններ՝ սկսեալ Քաղկեդոնէն մինչեւ մերօրեայ ժամանակները։ Իր մէջ Սուրբ Եւփիմէ կոյսն ալ տեղ ունի՝ Շահան Սրբազանն ալ, Արամեան-Ունճեան վարժարանն ալ տեղ ունի՝ Սեն Ժոզէֆ ֆրանսական վարժարանն ալ։ Վստահաբար, ո՛չ միայն հայկական շրջականի մէջ, այլ տեղական եւ օտար շրջանակներու մէջ եւս գնահատանքի պիտի արժանանայ այս մանրակրկիտ ուսումնասիրութիւնը։

Այս բոլորը աւելի շատ կը ներկայացնեն ընդհանուր գաղափար մը տէր հօր աշխատութեան մասին։ Իսկ հետեւալ տողերով պիտի յայտնեմ տէր հօր ձեռնարկած աշխատութեան ծածկեալ խորհուրդը։ Վստահաբար, եթէ իր գաղափարը շօշափէի, այս տողերուն համար պիտի ըսէր, թէ պէտքը չկայ։ Բայց պէտք է յիշել ասացուածքը. «Հարկս՝ հարկաւորաց, պատիւս՝ արժանաւորաց»։

Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեան, ծանօթ՝ «Ազգապատում»ով, Եղիշէ Պատրիարք Դուրեան, ծանօթ՝ «Ազգային պատմութիւն»ով, Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեան, ծանօթ՝ «Տարօնաշունչ»ով… Հայ Եկեղեցւոյ մեծանուն երեք պատրիարքներ, որոնք անցեալին եղած են Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ քարոզիչներ։ Ճիշդ է, թէ տակաւին բազում հոգեւորականներ եկան ու անցան Գատըգիւղի շաւիղէն։ Ճիշդ է, թէ իրենց կարելիութեանց սահմաններուն մէջ ծառայեցին ու հետք թողուցին, բայց մասնաւորապէս կը նշեմ այս անունները, քանի անոնք եղած են տիտան դէմքեր ու Հայ Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս ունին իրենց վեհաշնորհ ներկայութիւնը։ Ուստի, կրնամ ըսել, թէ ներկայ դարուս, տէր հօր ծառայութեան գծին մէջ ես կը տեսնեմ Մաղաքիա Պատրիարքի, Եղիշէ Պատրիարքի եւ կամ Գարեգին Պատրիարքի եկեղեցանուէր ծառայութեան մարմնացումը։ Այս խօսքին կը միանայ հանգստեան կոչուած Տ. Մեսրոպ Պատրիարքի սրտէն բխած եզակի գնահատութիւնը. «Տէր Գրիգորը ինծի համար եպիսկոպոսի համազօր քահանաներէն է»։ Տէր հայրը վարպետօրէն իր գործով պատասխան տուաւ այս գնահատանքին եւ ամօթով չթողուց իրեն հասցէագրուած այս տողերը։ Իսկ, անցեալ տարի, տէր հօր համար առաւել մեծ երջանկութիւն էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին անձամբ նուիրել այս հսկայ աշխատութիւնը եւ ստանալ Վեհափառ Հայրապետին գնահատանքն ու օրհնութիւնը։ Ահա, Գրիգոր Ա. Քահանան, եթէ ո՛չ միւս հոգեւոր ու մշակութային աշխատութիւններով, գոնէ «Յուշապատում»ով եւ «Գատըգիւղի յուշամատեան»ով ցոյց կու տայ, թէ իրեն վերագրուած նման գնահատութիւններ չափազանցութիւն չեն երբեք։

Տէր հայրը իր գիտութեամբ ու օրինակելի եկեղեցականի տիպարով միշտ տէր եղած է իր պատկառանքին։ Բայց, հակառակ իր շուքին, ամէն բանէ առաջ իր գնահատելի համեստութիւնը միշտ պահած է։ Համեստութիւնը բացառիկ առաքելութիւն մը չէ ինքնին, բայց անմիջապէս ուշադրութիւն կը գրաւէ ան երբ ուրիշներ պուտ մը արժանիքի համար կը հեռանան քրիստոնէական մեծագոյն առաքինութենէն։ Մեծ մարդիկը համեստ եղած են, որովհետեւ կարիքը չեն ունեցած ո՛չ հպարտութեան եւ ոչ ալ ինքնգովութեան՝ պարտադրելու համար իրենք զիրենք։ Ահա, քիչ առաջ այս պատճառաւ ըսի, թէ տէր հայրը վսհաբար պիտի չուզէր, որ յատենի բազմութեան նմանօրէն արտայայտուէի, քանի ինք միշտ կ՚ըսէ ու պիտի ըսէ. «Մենք անպիտան ծառաներ ենք, քանզի ինչ որ պարտական էինք ընելու՝ ըրինք» (Ղուկ. 17.10)։

Ձեր բազմակողմանի աշխատութեան առջեւ կը խոնարհինք սիրեցեալ տէր հայր։ Յանուն գատըգիւղահայութեան մեր երախտիքը կը յայտնենք ձեզի։ Իսկ, հուսկ յեր հիացած հոգեւորականներէն՝ Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի խօսքը կ՚ուզեմ յիշել. «Կը պարծենա՞ք դուք ձեր հայութեամբ եւ քրիստոնէութեամբ։ Նորոգեցէ՛ք ուրեմն ձեր նախնիներուն յիշատակը»։ Դուք, ձեր աշխատութեամբ նորոգեցիք մեր նախնիկներու թողած՝ Գատըգիւղը, հանդերձ իրենց յիշատակներով, բան մը որ ապացոյցն է, թէ դուք հաւատարիմ զաւակն էք Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ եւ բանիմաց սպասաւորը՝ Հայ մշակոյթին։

Օրհնեալ ըլլայ ձեր աշխատութիւնը։ 

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 30, 2017