ԺԱՄԱՆԱԿ ՕՐԱԹԵՐԹԻ ՓՈՔՐԻԿ ԵՐԿՐՊԱԳՈՒՆ
Նորէն տոտիկ-տոտիկ ան մօտեցաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը։ Աչուկները, ինչպէս միշտ, սկսան խնդալու, իսկ դէմքին արեւ ծագեցաւ։ Կարճլիկ սանդուխները բարձրանալէ վերջ, ան փոքրիկ թաթիկները պարզեց ինծի, մանկան թոթովանքով խնդրելով վայրկեան առաջ դուրս բերել զինքը մանկասայլակէն։
Ափ մը տոտիկներով վազեց դէպի վերելակ.
-Մա մա, տի՛, տի,- մանկան թոթովանքով կ՚ըսէ իմ անհամբեր փոքրիկը, որ կը նշանակէ՝ մայրիկ եկուր նստինք։
-Նայէ հրեշտակս, վերելակը տակաւին չորրորդ յարկն է, քիչ ետք պիտի նստինք,- կը բացատրեմ ես։
-Մա մա, տի՛, տի,- քանի մը անգամ կը պնդէ ան։
Վերելակի ժամանումէն վերջ, դռները բացուելուն պէս ան աճապարանքով կը յառաջանայ ու կը տեղաւորուի ձախ անկիւնը։ Ամէն անգամ իր ուշադրութիւնը սեւեռելով խորանարդաձեւ վերելակի ճակատային մասին զետեղուած կոտրած հայելիի վարի հատուածին, երկիւղած ու խօսուն հայեացքով, փոքրիկ ցուցամատիկը տնկելով կոտրած հատուածի ուղղութեամբ՝ կը զգուշացնէ.
-Ուֆ, ո՛ւֆ,- շուրթերը առաջ բերելով կ՚ըսէ ան։
-Այո հրեշտակս, ճիշդ կ՚ըսես, եթէ սխալութեամբ ձեռք տանք կոտրած հատուածին, ուֆիկ կ՚ըլլանք։
Ահաւասիկ բացուեցան վերելակի դռները, եւ լայնաժպիտ ու գրկաբաց մեզ կը դիմաւորեն Պիանքան կամ Գարոլինը.
-Բարի եկար Զաւէնիկ, քեզ շատ կարօտցանք։
Իր սիրելիներէն մէկը տեսնելուն պէս, Զաւէնիկ կը վազէ դէպի անոր գիրկը։ Երկուստեք մոռնալով իմ ներկայութիւնը, անոնք ժպիտներ ու պաչիկներ փոխանակելով կը բարձրանան երկրորդ յարկ, ուր ԺԱՄԱՆԱԿ-ի աշխատակիցները մէկ կողմ դրած բան ու գործ, սանդուխներէն վեր կը դիմաւորեն Զաւէնիկը։ Գործ միշտ կայ, ան երբեւէ չի վերջանար, այդ իսկ պատճառով խմբագրատան անդամները կը նախընտրեն վայելել իրենց յոյժ սիրեցեալի ներկայութիւնը։ Բառերով կարելի չէ նկարագրել այդ գեղեցիկ տեսարանը, ինչպէս նաեւ Զաւէնիկի ուրախութիւնը…
Բաց աստի, ամէն անգամ, երբ Զաւէնիկ կը հատէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատան շեմը, ժամանակը կը կենայ երջանկութեան կէտին վրայ, կարծես երկրագունդը կը դառնայ Զաւէնիկի շուրջ։ Բոլորը կը մանկանան, կը հաւասարին իմ փոքրիկ հրեշտակի տարիքին եւ շատ յաճախ շփացնելով վերջինս կը սկսին խաղալու իրեն հետ։
Գիրկէ գիրկ պտտելէ ետք, ան մանկանց յատուկ լեզուով բաներ մը կ՚ըսէ ու կը պատմէ, այնուհետեւ կարգով կը սկսի կատարել ինքզինքին համար սովորութիւն դարձուցած որոշ վարժութիւններ։ Նախապէս կը խաղայ Պիանքայի ուսապարկէն կախած փոքրիկ ու փափուկ փանտայի հետ։ Այնուհետեւ հանգստեան սենեակին մէջ տեղադրուած ջուրի մեքենայէն ներկաներուն կը հրամցնէ գաւաթ մը ջուր։
Եւ այսպէս՝ ջուրի մեքենային կից սարքէն՝ վրայ վրայի դիզուած տասնեակ թուղթէ գաւաթները խնամքով, մէկիկ-մէկիկ հանելով, իր փխրուն ցուցամատիկով անսխալութեամբ կը կոխէ պաղ ջուրի կոճակին։ Այդ ընթացքին բոլորը մագնիսացած ու հիացական հայեացքներով կը հետեւին փոքրիկ մարդուկի իւրաքանչիւր քայլին, վերջինիս շռայլելով խրախուսանքի խօսքեր ու ծափողջիւններ։ Զաւէնիկն ալ ոգեւորուած երբեմն ամէննուս համար կը լեցնէ երկրորդ, նոյնիսկ երրորդ գաւաթը…
Ամէննուս ծարաւը յագեցնելէ վերջ, ան կը բռնէ Գարոլինին ձեռքը եւ կ՚ուղուի դէպի գլխաւոր սենեակ։ Այստեղ ամէն օր՝ խմբակային քրտնաջան աշխատանքի շնորհիւ լոյս կը տեսնէ դարաւոր օրաթերթը։ Քանզի Զաւէնիկ քաջատեղեակ է խմբագրատան ամէն մէկ անկիւնին, ան առանց վարանելու, ուղիղ կը մօտենայ տիկին Նատիայի աթոռին ու կը պահանջէ իրեն յանձնել դեղին գլխիկով, կլորածայր մկրատը եւ թուղթ։ Զարգացնելով իր թաթիկներուն փոքր մկաները, ան թուղթը մկրատի օգնութեամբ կը բաժնէ տասնեակ մասերու։ Վերջաւորութեան ալ, ինչպէս միշտ, կ՚ակնկալէ ծափահարութիւններ։
Ահաւասիկ կարգը հասաւ Աննայի պէս-պէս, գոյնզգոյն, անթիւ անհամար գրիչները խառնելուն, աւելի հակիրճ՝ հասաւ ժամը գծագրութեան։ Ամէն անգամ այդ խայտա-բըղէտ գրիչները տեսնելուն, իմ փոքրիկ հրեշտակը կ՚արձակէ ուրախութախառն բացագանչութեան ճիչեր։
Քիչ մը վազվզելէ, պատշգամէն ճայերը դիտելէ վերջ, ան հանգիստ կը տեղաւորուի տիկին Նատիայի գիրկը ու կը հետեւի անոր ամէն մէկ շարժումին։ Տիկին Նատիան Զաւէնիկին գլուխը շոյելով ստեղնաշարի վրայ կը ցուցունէ իր անուան տառերը։
Ուժասպառ ըլլալէ ետք Զաւէնիկ կը նախընտրէ դիտել իր սիրելի «Մաշան եւ հսկայ արջը» գծանկարը։
Հուսկ ամէն մարդ կը զբաղի իր պարտականութիւններով։ Նատիա Գօչունեանը կը պատրաստէ յաջորդ օրուայ թերթին ներքին էջերը, Գարոլինը նամակատուն յանձնելիք թերթերը կը պատրաստէ, Պիանքան հանգստեան սենեակին մէջ նիւթեր կը պրպտէ՝ մանկական էջին համար։ Իսկ Զաւէնիկը՝ զբաղեցնելով Աննային աթոռը կը դիտէ գծանկար։ Այդ ընթացքին Աննան, որ ոտքի կը կենայ Զաւէնին գլուխը, կը զուարճախօսէ. «Տիկին Նատիա, կը տեսնէք, սա «անօթի կատուն» կրկին զբաղեցուց իմ աթոռը»։
*
Հոգ չէ, որ կը մօտենայ երեկոն, իսկ խմբագրատան անյետաձգելի աշխատանքները կը կենան։ Զաւէնիկի պարգեւած եռանդը, խինդն ու ծիծաղը, ուրախութեան ու բերկրանքի զգացումները կ՚օգնեն քիչ մը ուշացումով, սակայն բարձր տրամադրութեամբ հասնիլ վերջակէտին։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան