ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՊԱԳԱՆ ՄԻՇՏ ՀԱՐՑԱԿԱՆԻ ՏԱԿ՝ ՄԻՆՉ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐԸ ԿԸ ԽԼԵՆ ԶՈՀԵՐ

Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի դէմ շղթայազերծուած թէժ պատերազմը կը շարունակուի՝ սեպտեմբերի 23-էն ի վեր։ Զոհերուն թիւը գերազանցած է երկու հազար հինգ հարիւրը, կան աւելի քան տասն հազար վիրաւորեալներ եւ շուրջ մէկ միլիոն լիբանանցիներ գաղթական դարձած են՝ իրենց իսկ երկրին մէջ։ Այս պատերազմը ինչպէ՞ս պիտի հանգուցալուծուի, տակաւին յստակ չէ. արդեօք Իսրայէլ պիտի յաջողի՞ «Հիզպուլլահ»ը արմատախիլ ընել, դժուար է պատասխանել։ Անշուշտ, ամենակարեւոր հարցումը այն է, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ Լիբանանի ընդհանուր վիճակը եւ ի՞նչ ապագայ նախատեսուած է այդ փոքրիկ երկրին համար, որուն համայնքներէն ամէն մին ունի իր կախեալութիւնները եւ նախասիրութիւնները։

Միւս կողմէ, այս բոլորէն անդին, մեզի համար կարեւորագոյնը կը շարունակէ մնալ լիբանանահայութեան վիճակը, որու մասին հեռավար հարցազրոյց մը կատարեցինք գաղութի գործիչներէն՝ Համբիկ Թորոսեանին հետ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք հարցազրոյցին սղագրութիւնը։

*

-Պատերազմական այս օրերուն ինչպիսի՞ն է վիճակը Պէյրութի՝ յատկապէս հայաշատ թաղամասերուն մէջ։

-Պէյրութի թաղամասերը պատերազմական իրավիճակին մէջ իրենց սովորական կեանքը կը շարունակեն, բայց, մտահոգութեամբ եւ սպասումով, անշուշտ, մտահոգութիւն կայ վաղուայ իմաստով։ Մէկ խօսքով՝ վաղը ի՞նչ պիտի ըլլայ հարցումը, բոլորիս մտքերուն մէջ է։

-Ինչպէ՞ս են տրամադրութիւնները ժողովուրդին՝ յատկապէս հայկական շրջանակներուն. իսկ կա՞ն մտավախութիւններ, թէ պատերազմը կրնայ երկար շարունակուիլ:

-Մտավախութիւն կայ, որ այս պատերազմը պիտի շարունակուի, որովհետեւ երկու կողմէն ալ զիջում չկայ եւ հաւասարակշռութիւնը կորսնցուցած են։ Խելամիտ մարդիկ, պատասխանատուներ չկան եւ ծայրայեղութեան կը դիմեն, մանաւանդ երկու կողմերն ալ ակռայի դէմ ակռայ, աչքի դէմ աչք սկզբունքին վրայ կը գործեն: Ինչպէս վերը նշեցի, բոլորը մտահոգ են եւ հարցումը, որ յաճախ լսելի կը դառնայ, արդեօք վաղը մեր ալ կարգը պիտի գա՞յ, որովհետեւ 24 ժամ անօթաչու թռչող սարքերու ձայնը մեր ականջներուն դրացի եղած է այսօր երկու շաբաթէ ի վեր, զայն ազդած է մարդոց հոգեբանութեան եւ տրամադրութեան վրայ: Մեր երկինքի վրայ անընդհատ անօթաչու թռչող սարքերու ներկայութիւնը վախի եւ սարսափի մէջ կը պահէ մեզ, որովհետեւ յանկարծ ատոնցմէ մէկը իր հրթիռները կրնայ արձակել որոշ թիրախի մը վրայ։ Անշուշտ, մինչեւ հիմա յատուկ թիրախներ ընտրուած, հետապնդուած ու անոնք ռմբակոծուած են։ Իբր այդ, ժողովուրդն ալ մի քիչ հանգիստ է, որ լիբանանահայ թաղամասերը կրնան թիրախ չդառնալ, բայց, այդ վախը եւ սոսկումը միշտ կայ մեր սրտին եւ մտքին մէջ:

-Արդեօք կա՞ն մարդիկ, որոնք կ՚ուզեն հեռանալ Լիբանանէն եւ հայկական միութիւնները օժանդակութիւն կը ցուցաբերե՞ն այդ գաղթականներուն:

-Ինչպէս ամբողջ Լիբանանը իր համայնքներով եւ շրջաններով ձեռք մեկնած են հարաւային Լիբանանէն եւ հարաւային Պէյրութի արուարձաններէն եկող գաղթականներուն, նոյնպէս ալ Լիբանանի թաղամասերը՝ Պուրճ Համուտը, Նոր Հաճընը, Նապաան, Արագածը, Սիսը, գոնէ իրենց ուժերուն ներած չափով, կ՚ուզեն իրենց մասնակցութիւնը բերել եւ օգնել այդ գաղթականներուն։ Բարեգործական միութիւններ, կուսակցութիւններ ձեռք-ձեռքի տուած իրենց միջոցներով օգնութեան կը հասնին այդ գաղթականներուն։ Այս առումով ալ կարեւորագոյն գործ կը կատարեն ՀԿԲՄ դարմանատունը՝ Նոր Հաճըն շրջանին մէջ, ինչպէս նաեւ ԼՕԽ-ի «Պուլղուրճեան» կեդրոնը՝ Արագած եւ «Հաուըրտ Գարակէօզեան» կեդրոնը՝ Պուրճ Համուտի մէջ: Այս դարմանատուները իրենց դռները բացած են նաեւ անպատսպառ ժողովուրդին համար, որոնք բժշկական եւ դեղօրայքի կարիքն ունին: Այս ծառայութիւնները կը մատուցեն, ինչու չէ, եթէ հայկական թաղամասերուն մէջ դեռ կան տեղեր, որոնք կրնան յատկացուիլ այս գաղթականներուն, բացուած են դռները, բայց զգուշաւոր են, որովհետեւ այս բոլորին վտանգ կը սպառնայ:

-Ընդհանրապէս հայկական շրջաններէն ներս ի՞նչ է տրամադրութիւնը, բազմաթիւներ կ՚ուզե՞ն հեռանալ Լիբանանէն։

-Վստահաբար, կան մարդիկ, որոնք պատրաստ են մեկնելու։ Շատեր դժգոհ են իրավիճակէն, որովհետեւ այս իրավիճակը՝ մօտաւորապէս գոնէ իմ տարեկիցներուս հետ բաղդատելով, յիսուն տարիէ ի վեր տարբեր ձեւի տակ կը շարունակուի պատերազմի այս մթնոլորտը։ Տակաւին այսօր երիտասարդուհի մը, ընտանիքի մայր մը կ՚ըսէր, թէ եթէ այս պատերազմը չմաքրէ ներքին վիճակները եւ նորէն գտնուինք ժամանակաւորապէս զինադուլի մը առջեւ, ես կը մտածեմ մեկնիլ այս երկրէն։ Մարդիկ օրէ օր կը կորսնցնեն իրենց յոյսը։ Ներկայիս յոյս մը կայ, որ այս պատերազմը կրնայ դրական դուռ մը բանալ լիբանանցիներուն դիմաց ու նախագահի ընտրութեամբ նոր ժամանակաշրջան մը սկսի։ Այս յոյսը փայփայողներ ալ կան, միեւնոյն ատեն գաղթել ուզողներ ալ։ Շատեր կը փափաքին Հայաստան մեկնիլ, բայց նիւթական կարողութիւնը չունին իրենց տեղէն շարժելու, որովհետեւ տնտեսապէս ուժասպառ եղած են, արիւնաքամ եղած են։ Շատեր այլեւս կարողութիւնը չունին նոյնիսկ իրենց դեղերը հոգալու, այս մարդիկը ինչպէս կրնան մեկնիլ։ Վերջին տարիներու իրերայաջորդ փոթորիկներուն դիմաց պայքարած են, գոյատեւած եւ մնացած են այս հայրենիքին մէջ, միշտ յուսալով, որ վաղը աւելի լաւ պիտի ըլլայ, միւս օր աւելի լաւ պիտի ըլլայ, բայց հիմա արդէն յուսահատութեան մէջ են։

-Միութենական մարմինները ընդհանրապէս դէմ են հայութեան Լիբանանէն հեռանալուն։ Ի՞նչ կը մտածէք այս կապակցութեամբ:

-Երկու երեսակ ունի այս հարցը. առաջին՝ մտահոգութիւնը այն է, որ Լիբանան եղած է հայութեան սիրտը, շէնութեան կեդրոնը, հայապահպանութեան ովասիսը եւ Ամերիկան կամ Արեւմուտքը հայրենիքէն դուրս ճերմակ ջարդին դուռը կը բանան։ Երկրորդ՝ միութիւնները ունին իրենց սեփական մտավախութիւնը, թէ մարդկային թարմ ներուժի տեսակէտէ կը տկարանան, բայց ասիկա ընդհանրացած բան մը չէ, այլ խօսքով՝ ժողովուրդին բերնին մէջ չկայ: Ընդհանրապէս մենք լսած ենք բացասական կեցուածքը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին, որ չ՚ուզեր հայութիւնը Լիբանանէն հեռանայ։ Անշուշտ, հասկնալի պատճառներով, բայց արդէն ինչ որ ալ մտածենք, ինչ որ ալ ըսենք, բաւական ուշացած ենք լիբանանահայ համայնքը կանգուն պահելու աշխատանքին մէջ: Այսօր բաւական տկարացած է Լիբանանի հայ համայնքը, որ երէկ սփիւռքահայութեան առաջնորդող, մտածող, նախաձեռնող գաղութը եղած էր։ Բայց եւ այնպէս, դժբախտաբար, ներկայիս արիւնաքամ է ու տատանումներու մէջ։ Այսօր մեր գաղութը անկարող է, նոյնիսկ իր հարցերը լուծելու։ Այս մէկը իրականութիւն է, ո՛չ թէ յուսահատութիւն, յոռետեսութիւն, այլ իրականութիւն։ Եւ որքան ատեն, որ Լիբանանը այս քաոսային վիճակին մէջ է, այնքան ատեն աւելի վտանգաւոր կը դառնայ հայութեան վիճակը այս երկրէն ներս։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 30, 2024